ՍԼԱՔՆԵՐ.-…«ԵՍ ԿԸ ԽՆԴԱՄ, ՍԻՐՏՍ ԿՈՒ ԼԱՅ»

0 0
Read Time:4 Minute, 11 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

27 Օգոստոս 2020

Այս առտու, 27 Օգոստոսին, Հայաստանի պատկերասփիւռի Հ 1 կայանի (կիսապաշտօնական) «Լուրեր» հաղորդումէն տեսայ-լսեցի լուր մը, որուն վրաս թողած ազդեցութիւնը բացատրելու համար, կը յանձնարարեմ ընթերցողս, որ Ջիւանիի հետեւեալ երգը մտիկ ընէ (https://youtu.be/lbdDMcqB0kk, բառերը տեսնել վարը, առանձին) եւ կեդրոնանայ անոր խորագիրին ահազանգող՝ «Ես կը խնդամ, սիրտս կու լայ» հակասութեան վրայ: Խօսքս՝ երգին աւելի քան 100 տարի առաջ ծնունդ տուած շարժառիթին չի վերաբերիր, այլ մէկ կողմէ ուրախութիւն ու միւս կողմէ լաց պատճառող՝ «հայավարի նորագոյն արարչագործութեան» մը: Լուրը կ’ըսէ. Հայաստանի նախագահին ստորագրութիւնը կրող հրամանագիրով մը, բժիշկ մը՝ Յակոբ Եագուպեան անուն, հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն առ ի գնահատանք՝ արժանի եղած է պարգեւատրումի: Սա ուրախացնող բաժինն է եւ երկար մեկնաբանութեան չի կարօտիր: Իսկ լացնող երեսը այն է, որ պաստառին տակը, պարգեւատրեալին անունը արձանագրուած էր… Հագուպ Հովագուիմիան (արդեօք պատուոյ գիրին մէ՞ջ ալ այսպէս գրուած է ու նախագահն ալ անոր տակ՝ ստորագրած): Հայաստանի մէջ կայ տառադարձութեան (ներեցէք բիրտ արտայայտութեանս համար) ՏԽՄԱՐ օրէնք մը, որ ահա, պատիւի արժանացող հայու մը անունն ու մականունը կը յօշոտէ, կը պղծէ, հայութենէ անջրպետներով կը հեռացնէ (միակը չէ), որովհետեւ օտար լեզուով մը անիկա գրուած ըլլալու է Hagop Hovaguimian: Հարցը միայն դասական ուղղագրութեան մերժումը չէ, այլ հայութիւն կնքող «եան» վերջաւորութեան նորատեսակ աղաւաղումը, այլանդակումը: Մեծն Մաշտոցին հանդէպ մեղանչումը ո՞ւր պիտի հասնի, որքա՞ն պիտի շարունակուի, իսկ Հայաստանի պատկան իշխանութիւնները պիտի շարունակե՞ն յամառօրէն իրենց ականջները փակ պահել Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն հնչող՝ իմաստնանալու կոչերուն դիմաց (տակաւին վերջերս, Պէյրութէն՝ սրտցաւ բարեկամ մը տառադարձութեան անցեալի եւ ժամանակակից ձեւերուն մասին երկար ու համբերատար բացատրական մը տուած էր մամուլին…)

***

Խնդացնող-լացնող իրողութիւնները կլանած են նաեւ աշխարհը…

Արդեօք Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Մայքըլ Փենս յիշեալ լո՞ւրը կարդացեր է եւ դարձեր է միականի կամ շիլ: Փաստօրէն, Հանրապետական կուսակցութեան համագումարին առջեւ նախորդ գիշեր իր արտասանած ճառին մէջ, ան երկրին կացութեան եւ նախագահ Թրամփի մասին ունեցաւ այնպիսի՜ արտայայտութիւններ, որ ընդհանրապէս ժխտումն են իրականութիւններուն: Հարցում. ամերիկացի ժողովուրդը պէ՞տք է սպասէ Ճօ Պայտընի ընտրութեան, որպէսզի երկիրը քաոսի վերածուի, հակադրութիւնները անդունդէ անդունդ իյնան, զանգուածին բազմապիսի տագնապները աւելի՛ եւս ծանրանան (մարդ կը մտածէ, թէ միշտ ալ կայ վատէն անդին բան մը, որ կը կոչուի յոռեգոյն, թէեւ ոմանք արդարօրէն հարց կու տան, թէ Թրամփի «պարգեւներէն» աւելի յոռին կրնա՞յ ըլլալ…):

***

Միացեալ Նահանգներու հարաւային ծովեզերեայ նահանգներ անգամ մը եւս աղէտի մատնուած են. ըստ օդերեւութաբաններու՝ վերջին 100 տարիներու ամէնէն ահաւոր մրրիկը, «Լաուրա» կոչեցեալ, ահաւոր ողողումներ կը պատճառէ, տուներ կը քանդէ, զոհերուն թիւն ու վնասներուն տարողութիւնը կը մնան անորոշ: Նոյն մասնագէտները կ’ըսեն, որ սա տարեսկիզբէն ի վեր եօթներորդ աղէտալի մրրիկն է, որ կը հարուածէ ամերիկեան այս կամ այն շրջանը: 15 տարի առաջ՝ Նիւ Օրլինզը պատուհասած մրրիկին հետքերը տակաւին չեն դարմանուած: Եթէ մեր տեսողութեան դաշտը նեղցնող ակնոցը հանենք, պիտի տեսնենք, որ նման աղէտներ վերջին տարիներուն արձանագրուած են նաեւ Ճափոնի ու Հնդկաստանի շրջակայ գօրիին մէջ եւ այլուր: Նոյն օրերուն, Քալիֆորնիոյ մէջ դարձեալ մահ ու աւեր կը տարածուին անտառային աւելի քան 500 հրդեհներու հետեւանքով: Աւստրալիան ամիսներ շարունակ ահաբեկած ահաւոր հրդեհները կարծէք թէ մոռցուած են… աշխարհին կողմէ: Բնութիւնը այսպիսի «պատգամներով» ահազանգ  ահազանգի ետեւէ կը հնչեցնէ,  յուշելու մարդուն, որ բաւ է «նստած ճիւղդ սղոցելու» եւ կենսոլորտը վտանգաւոր այլափոխումներու ենթարկելու շահադիտական ընթացքդ: Նման ահազանգերու դիմաց, Թրամփներ կը մնան խուլ եւ կոյր, կ’աշխատին պատասխանատութիւնը բեռցնել այլոց վրայ, ձեւացնել, թէ ամէն բան լաւ է, կարգին է: Մրրիկին հետեւանքով, շրջանի քարիւղի հորերը պահ մը դադրած են աշխատելէ. քարիւղի ընկերութեանց «հացին իւղ քսուած է». լրատու աղբիւրներ «կ’աւետեն», որ վառելանիւթի սակերը սկսած են բարձրանալ: Այս մասին, բնականաբար ոչինչ կը լսենք ընտրապայքարի ելած այս կամ այն կողմէն…

***

Նոր Զելանտայի մէջ, դատարան մը ցմահ բանտարկութեան դատապարտեց աւստրալիացի երիտասարդ մը, որ շուրջ մէկ ու կէս տարի առաջ, Մարտ 2019-ին, կրակած էր իսլամ աղօթողներու վրայ եւ սպաննած՝ աւելի քան 50 հոգի: Վճիռը բոլորին կողմէ ընդունուեցաւ իբրեւ արդար որոշում: Ասդին, Ուիսքանսընի մէջ, 25 Օգոստոսին սեւամորթ մը ոսպնեակներու դիմաց սպաննած ոստիկան մը տակաւին յանցապարտ չէ հռչակուած, կէս-կատար տնօրինումներ եղած են անոր նկատմամբ, քննութիւններ կը կատարուին, անդին, այդ սպանութեան դէմ բողոքող ցուցարարներ սպաննող զինեալ պատանի մը հազար «նազ-ճիլվէ»ով բերման ենթարկուած է, նմանօրինակ այլ ոճրագործներ կը պտտին ազատ-արձակ, իսկ նախագահը ներման կ’արժանացնէ գող աւազակ զեղծարար մը…: Արդարութեան աստուածները արձակուրդի մէջ են կամ… շուարումի մատնուած: Հաւանաբար կ’արժէ մտածել, որ ոճիրներ ու ցեղասպանութիւն գործողներուն դատերը պէտք է վստահուին նոր-զելանտական ատեաններու…

 

 

ԵՍ ԿԸ ԽՆԴԱՄ, ՍԻՐՏՍ ԿՈՒ ԼԱՅ

Ուզում եմ ինձ ուրախ ցոյց տալ,

Ես կը խնդամ, սի՛րտս կու լայ,

Աշխատում եմ զուարթ ման գալ,

Ես կը խնդամ, սի՛րտս կու լայ։

 

Գոնէ մի օր չի գալ միտս,

Չը տխրեմ, չը ծռեմ ճիտս,

Համարյա կեղծ է ժպիտս,

Ես կը խնդամ, սի՛րտս կու լայ:

 

Կ’ուզեմ բանի տեղ չդնել,

Հին ցաւերս չքննել,

Մօրիցս այսպէս եմ ծնուել,

Ես կը խնդամ, սի՛րտս կու լայ:

 

Սեւ բախտս ծռել է սիւնս,

Պղտորել է պարզ արիւնս,

Շինծու է իմ ցնծութիւնս,

Ես կը խնդամ, սի՛րտս կու լայ:

 

Բերանս երգում է հրճուանք,

Հոգիս՝ նեղութիւն, տառապանք,

Այնպէս ժամանակի հասանք,

Ես կը խնդամ, սի՛րտս կու լայ:

 

Արտաքուստ ուրախ, զուարթ եմ,

Ներքուստ՝ հոգս ու ցաւ կը բարդեմ,

Այլ կերպ, ուրիշ տեսակ մարդ եմ,

Ես կը խնդամ, սի՛րտս կու լայ:

 

Ջիւա՛ն, ո՛չ ոք խեղճ չը մնայ,

Նրան կարեկցող մարդ չկայ.

Աշխարհքի ընթացքի վրայ

Ես կը խնդամ, սի՛րտս կու լայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՍԼԱՔՆԵՐ.-…«ԵՍ ԿԸ ԽՆԴԱՄ, ՍԻՐՏՍ ԿՈՒ ԼԱՅ»

  1. Մեծն Մաշտոցին հանդէպ մեղանչումը ո՞ւր պիտի հասնի, որքա՞ն պիտի շարունակուի
    հայու մը անունն ու մականունը կը յօշոտէ, կը պղծէ – տո դե լավ է․․․․

    Արեվմտահայերենից ավելի անուն հոշոտող լեզու չկա, թուրքերեն մտածող իմ բարեկամ, ահավասիկ թարմ օրինակ ձեր իսկ “քերթվածքից” ներքևում, շատ հայեցի և Մաշտոցավարի է․

    հազար «նազ-ճիլվէ»ով

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles