Արցախը Ընդունեց Լիբանանէն Ժամանած Երկու Ընտանիքներ

0 0
Read Time:36 Second


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Արցախի նախագահի գլխաւոր խորհրդական եւ յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Ռուտիկ Հիւսնունց կը տեղեկացնէ, թէ Լիբանանէն Արցախ ժամանած են առաջին երկու հայրենադարձ ընտանիքները, որոնց կացութեան համար ստեղծուած են բոլոր պայմանները:
Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Օգոստոս 25-ին, հրաւիրած էր աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ նուիրուած լիբանանահայութեան ցուցաբերուող աջակցութեան ծրագրերուն։ Նախագահը շեշտած է, որ չափազանց կարեւոր է պահպանել Լիբանանի հայկական համայնքը` իբրեւ կայացած գաղութի ամբողջականութիւն, որուն իր ուժերուն ներածին չափով կը նպաստէ նաեւ Արցախի կառավարութիւնը:
Նշենք թէ, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինը եւ «Երկիր» հիմնադրամը նախաձեռնած են «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» աջակցութեան ծրագիրին, որուն շնորհիւ շուտով կարելի պիտի ըլլայ սննդեղէնի տուփերով բեռնուած օդանաւը ուղարկել Լիբանան: Այս ծրագիրին, 4.800.000 դրամի նուիրատուութիւն կատարած է «Հայրենիք» հիմնադրամը: Իսկ «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամը՝ տաս հազար տոլար։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles