ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Մայիս 31, 1989-ին Ղարաբաղ Կոմիտէի անդամներու ազատ արձակումը Խորհրդային կարգերու միակ արարքը չէր, որ արժանացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ողջոյնին: Նոյն օրը, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Խորհրդային Միութեան Ժողովրդական Դեպուտատների ժողովին, Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղարը իր ելոյթին մէջ ձայն բարձրացուցած էր ի նպաստ Արցախի դատի արդար լուծման: Աւելին, առաջին քարտուղարը Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ Խորհրդային Միութեան ժողովրդական դեպուտատներու համագումարէն պահանջած էր ճանչնալ 1915-ի Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտել Թուրքիոյ՝ իբրեւ ցեղասպան: Խորհրդային Հայաստանի օրուան ղեկավարը նաեւ նշած էր, թէ ազերիներու կողմէ գործուած Սումկայթի եղեռնը ցարդ իր քաղաքական գնահատականը չէ ստացած:
Առաջին քարտուղար Սուրէն Յարութիւնեանի վերոնշեալ ելոյթին մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Խորհրդային Հայաստանի կոմունիստ ղեկավարութեան մօտ ինքնասրբագրման ճիգ մը կը տեսնէր: Մինչ այդ, Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ առնուած շարք մը քայլեր արժանացած էին Հ.Յ.Դ. բուռն դատապարտումի: Մասնաւորաբար Ղարաբաղ Կոմիտէի անդամներու բանտարկութիւնը Հ.Յ.Դ.-ի կողմէ ընկալուեցաւ, իբրեւ Արցախեան ամբողջ պահանջատիրական շարժումը ամբաստանեալի աթոռին նստեցնելու քայլ, իսկ 26 Մարտ 1989-ին, Խորհրդային Միութեան նոր խորհրդարանական ընտրութիւններուն Ղարաբաղեան Շարժման արժանաւոր ներկայացուցիչներ դուրս մղելու մօտեցումով՝ խեղաթիւրուած կը նկատէր հայրենի հայութեան քաղաքական կամքի հարազատ արտայայտութիւնը:
Սուրէն Յարութիւնեանի վերոնշեալ ելոյթէն կարելի է որոշ բաժիններ առանձնացնել, որոնք իսկապէս այդ օրերու ընդհանուր մթնոլորտին մէջ ընկալելու պարագային, արդարօրէն կրնային արժանանալ Հ.Յ.Դ.-ի նման ազգային քաղաքական կուսակցութեան մը դրական գնահատանքին: Ան, ի լուր Խորհրդային Միութեան ժողովրդական դեպուտատներու համագումարին, կը յայտարարէր, թէ «Հակառակ ընկ. Ալիեւի անհիմն յայտարարութիւնների, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզում տասնամեակներ շարունակ ճնշուել են հայ բնակչութեան ազգային արժանապատուութիւնը, սոցիալական ու հոգեւոր պահանջմունքները: Ոտնահարուել են անգամ այն չնչին իրաւունքները, որ ինքնավար մարզին տալիս է սահմանադրութիւնը»: «Իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի իր ցաւոտ կէտերը: Եւ ոչ միայն այսօրուայ, այլեւ պատմական: Հայ ժողովրդի համար այդպիսի ցաւոտ կէտ է Արեւմտեան Հայաստանի ցեղասպանութեան անամոք վէրքը: … Մենք դիմում ենք ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհրդին՝ հաստատակամօրէն խնդրելով արձագանգել մեր առաջարկութեանը: Ցեղասպանութիւնը որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած հրէշաւոր յանցագործութիւն, չի կարող մնալ առանց դատապարտման»:
Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան այս քայլերը դրական գնահատելէն քանի մը օր առաջ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի յատուկ յայտարարութիւնը ուշադրութիւն կը հրաւիրէր այդ իշխանութեան կողմէ առնուած այլ քայլի մը վրայ: Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութիւնը Մայիս 28-ը կը ճանչնայ հայկական պետականութեան օր, իսկ Եռագոյն (կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն) դրօշը կը համարէ ազգային խորհրդանիշ: Առ այդ, «Հ.Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոն կ’ողջունէ Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան 27 Մայիս, 1989-ին հրապարակած այն որոշումը, որմով այս վերջինը 1918 թուականի Մայիս 28ը պաշտօնապէս կը ճանչնայ որպէս հայոց պետականութեան վերականգնումի օր»: Դաշնակցութիւնը սոյն որոշումը կը նկատէ «Պատմական ճշմարտութիւններու վերականգնումի ճամբուն վրայ» առնուած քայլ եւ կը սպասէ, որ 19-20րդ դարու մեր պատմութեան մէջ «վերարժեւորուին հայ ազատագրական պայքարի թէ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանի բոլոր երեւոյթները, դրուագներն ու դէմքերը, սրբագրուին՝ ստալինեան օրերուն կատարուած նենգափոխումները»:
Դաշնակցութեան համար կասկածէ վեր էր այն, որ ընդունուած որոշման կողքին, համայնավար եւ այլ շրջանակներ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէին, որպէսզի Մայիս 28ի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եռագոյնի վրայէն հանեն Հ.Յ.Դ. անջնջելի դրոշմը: Սակայն, գիտակցելով, որ այդ որոշումը կայացած է իբրեւ արդիւնք հայրենի ժողովուրդի վճռական կեցուածքին, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը այդ որոշումով փակուած կը տեսնէր տասնամեակներու վրայ երկարող կոմունիստական ուրացումի տխուր էջը: «Եւ ինչպէ՞ս կրնայ չալեկոծիլ հայ կեանքը, երբ Արցախեան Պահանջատիրութեան զարթօնքէն աւելի քան տարի մը ետք հայրենի հայութիւնը պետականօրէն կը վերականգնէ ազգային-քաղաքական իր յիշողութիւնը…»,- կ’ըսուի Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի խմբագրականով:
Ուշագրաւ է, որ Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան որոշումին Հ.Յ.Դաշնակցութեան պաշտօնական գնահատականներուն մէջ շեշտը դրուած է «Պատմական ճշմարտութիւններու վերականգնում»ի, «հայոց պատմութեան ճերմակ բիծերու սրբագրման» եւ «ուրացումներու երկարամեայ փոշիի մաքրման» վրայ: Այստեղ խօսք չկայ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան մասին: Ինչպէս շարժման սկիզբը, այնպէս ալ մէկ տարի ետք, Դաշնակցութիւնը իր ուշադրութիւնը սեւեռած կը պահէր Արցախը Հայաստանին միացնելու գերնպատակին վրայ եւ նոյնն ալ կը պահանջէր թէ’ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններէն, թէ’ հայրենի ժողովրդային շարժման ներկայացուցիչներէն եւ թէ’ մեր ժողովուրդին կամքը դրսեւորող արի մտաւորականութենէն, որովհետեւ երբ «հայրենի պաշտօնական ղեկավարութիւնը կ’անդրադառնայ երէկի իր կարծրացման սխալ հետեւանքներուն եւ ընդդիմադիր ձայները խեղդելու իր վարքագիծին ձախողութեան», «ահա հնչած է ժամը, որպէսզի հայրենի մեր ժողովուրդը ամուր հիմերու վրայ դնէ իր կամքը արտայայտող ուժերուն եռակողմանի հաւասարակշռութիւնը»:
Անկախութեան հարցը վաղաժամ նկատելու, եւ առաւելաբար Արցախեան խնդրին վրայ կեդրոնանալու Հ.Յ.Դաշնակցութեան մօտեցումը անտեղի քննադատութեան առիթ կը դառնար ոմանց համար, մասնաւորաբար՝ ժողովրդային շարժման շրջանակներէն: Բնականաբար, Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի գերնպատակին համար պայքարող Հ.Յ.Դաշնակցութեան նման քաղաքական ուժի մը մեղադրել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան դէմ է՝ պարզապէս միամտութիւն կամ միտումնաւոր ցեխարձակելու փորձ էր, որովհետեւ Դաշնակցութեան ողջ պատմութիւնը, գաղափարական ու քաղաքական պայքարը, ըստ էութեան, ամբողջական անկախ պետականութիւն ստեղծելու համար մղուած ուղի է: Արցախեան Շարժման կապակցութեամբ, Դաշնակցութեան բանաձեւը շատ յստակ էր՝ ազգի բոլոր հնարաւորութիւնները պէտք էր միախմբել՝ Արցախը Հայաստանին միացնելու եւ Հայաստանն ու Արցախը այդ պայքարը նուազագոյն վնասներով յաղթելու համար: Շարժման սկիզբէն մէկ ու կէս տարի ետք Դաշնակցութեան պաշտօնական խօսքը նոյն շեշտադրումով կը կրկնէր. «Ամբողջ ժողովուրդ մը այսօր մեծ յոյսերով կը նայի իր վստահութեան արժանացած գործիչներուն, սպասելով որ անոնք քայլ մը աւելի յառաջ մղեն Արցախեան Պահանջատիրութեան եւ Հայաստանի վերակառուցման պատմական երթը»: