Արմենակ Եղիայեան
Հայոց լեզուի մեր նոր դասագիրքը Բենիամին Թաշեանի «Հայկարան»-ն էր, որ այդ նոյն տարին մուտք գործած էր Լիբանան ու յատկապէս Ազգային վարժարանները` փոխարինելով մինչ այդ օգտագործուող «Արագած»-ի հոյակապ շարքը, որուն հեղինակներն էին Օննիկ Սարգիսեանը եւ Սիմոն Սիմոնեանը:
Մեր լաւ օրերն էին, եւ Հայոց լեզուի դասագիրքերը կը վխտային. գրեթէ ամէն համայնք ու գաղութ ունէր իր դասագիրքը: Ընթերցարանին կողքին սովորաբար քերականութեան գիրք մըն ալ կ’ունենայինք, բայց ահա նոր դասագիրքին հետ չունեցանք զայն:
– Պարո՛ն, քերականութեան ի՞նչ գիրք պիտի առնենք,– հարցուց օր մը Դանիէլ Մածունեան, որուն հոգերուն վերջինն էր քերականութիւնը:
– Պարապ բաներու ժամանակ չունիմ,– յայտարարեց նոր տնօրէնը:
Ի՜նչ լաւ, մեր ուզածն ալ ճիշդ ա՛յդ էր, որ քերականութիւն չընէինք: Եւ այդպէս ալ Աբգարեանը աւարտեցինք…առանց քերականութեան գիրքի եւ կանոնները սորվելու պարտաւորութեան: Ինչպէ՜ս չես սիրեր այդպիսի ուսուցիչ մը:
Միւս կողմէ՝
Ծառուկեան թէեւ չէր կտրուած ընթերցարանէն, սակայն անկէ դուրս հատուածներ եւս սովորաբար կը մտնէին դասարան: Կը յիշեմ, որ երբեմն չկազմուած պրակներ հետը կը բերէր՝ տպարանի մելանին թարմ հոտը վրան ու անոնցմէ էջեր կը կարդար մեզի. ասոնք պէտք է ըլլային «Նայիրի»-ի հերթական թիւերէն մէկը կամ հատուած մը «Թուղթ առ Երեւան»-էն, որ շարունակ կը վերահրատարակուէր, բայց նաեւ այլ գիրքերէ, ինչպէս «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ն էր, որ հեղինակը ճամբուն վրայ տպարանէն առած ու հետը բերած կ’ըլլար: Այնքան լաւ կը կարդար ու կը վերլուծէր այդ հատուածները, որ մենք դժուար կը սպասէինք ամբողջական բնագրերու լոյսընծայումը, որպէսզի լման կարդայինք զանոնք:
Յատուկ թովչանք մը ունեցաւ մեզի համար մասնաւորաբար «Թուղթ առ Երեւան»-ը, ոչ այնքան իր ազգային-գաղափարական բովանդակութեան թռիչքներով ու թելադրանքներով,– որոնք տակաւին անմատչելի էին մեզի,– որքան իր գրողական առինքնող ու կախարդիչ ոճով ու հնարքներով, եւ այս՝ իր առաջին տողերէն.
«Այս ուշ գիշերին,
«Աշնան տխրամած հողմերի միջով
«Ու բարակ մաղուող անձրեւների տակ
«Գնում է ահա մի մտամոլար
«Ու հիւանդ տղայ…»:
եւ անոր մինչեւ վերջին տողերը՝
«Հէ՜յ ջան Երեւան,
«Մշուշներու մէջ կորսուած իմ եար»…
Ուղղակի ելետրականացած էինք: Կարծես մոգական գաւազան մը մեր էութեան ծալքերուն վրայ տառ առ տառ դրոշմած էր այս տողերը, եւ կը կրէինք զանոնք իբրեւ երկրորդ բնութիւն: Այդ մտամոլար ու հիւանդ տղան, տղանե՛րը՝ մե՛նք էինք կամ մանաւանդ յամառ ջանադրութեամբ կը փորձէինք…ըլլա՛լ: Կաղութեան հմայքը ի՛ր կարգին, հիմա ալ կը փորձէինք… մոլորիլ ու հիւանդանալ, որպէսզի ուշ գիշերներուն անցնէինք «աշնան տխրամած հողմերուն» մէջէն՝ արհամարհելով «բարակ մաղուող անձրեւները», հասնելու համար «մշուշներուն մէջ կորսուած մեր եարին…», որուն ո՛վ ըլլալը եւ ո՛ւր գտնուիլը առեղծուած մըն էր տակաւին:
Բայց ահա մեր չար բախտէն չէինք հիւանդանար, եւ այնպէս ալ այդ խոստմնալից հողմերն ու մշուշները կը մնային մեզմէ հեռու՝ անհասանելի երազ մը:
Պատանի էինք:
* * *
«Թուղթ առ Երեւան»-ը շուտով դարձաւ բարձի գիրքս, ճշմարիտ դասագիրք մը, որմէ երկար հատուածներ կրնայի գոց արտասանել, ինչպէս կ’արտասանեմ մինչեւ հիմա ալ: Այս սէրով վարակուեցաւ հայրս ալ, որ միշտ ընթերցասէր եղած է եւ որուն համար յայտնութիւն մը եղաւ այդ գրքոյկը, եւ յափշտակութեամբ կը կարդար ու կը վերակարդար զայն: Ինք եւս կարգ մը հատուածներ գոց սորված էր անկէ:
Առաւօտները մեր տան մէջ առաջին արթնցողը միշտ հայրս էր, որ կ’ածիլուէր, կը լուացուէր եւ նախաճաշ կը պատրաստէր: Եւ մինչեւ թեյին ջուրը եռար, կը սիրէր երգել, իսկ ես, որ ընդհանրապէս երկրորդ արթնցողը կ’ըլլայի, անկողինիս ջերմութեան մէջ յուլօրէն ծուարած ու աչքերս փակ, հեշտանքով մտիկ կ’ընէի, կը վերլուծէի, այլեւ կ’ըմբոշխնէի անոր երգերուն իւրաքանչիւր բառը: Քանի՜-քանի՜ երգեր սորված եմ այս ճամբով ու մանաւանդ սորված եմ սիրել երգը:
Խորհրդապահաբար խոստովանիմ նաեւ,– ու մեր մէջ մնայ,– որ մինչեւ հիմա ալ կ’երգեմ…երբ հաստատեմ, որ ինքնամեկուսացած եմ եւ զիս մտիկ ընող չկայ:
Հօրս բազմաթիւ երգերէն ամէնէն աւելի տպաւորած է զիս «Անուշ»-ի վիրաւոր Սարոյի վերջին հատուածը, որուն աւարտին՝ ան անմտօրէն զոհ պիտի երթար անխոհեմ Մոսիի վրիժառու գնդակին.
«Ա՜խ, կը մեռնեմ, աման, ա՜հ,
«Վա՜յ թէ յանկարծ իմանայ»…
Հասնելով այս կէտին՝ հօրս ձայնը կ’երկարէր, կը ստանար զարմանալի թրթիռ մը ու բոլորովին նոր երանգ մը, որ խորապէս վարակիչ էր. կը զգայի, թէ որքա՜ն կը յուզուէր ան ու կը յուզէր զիս եւս: Եւ անկէ ետք այլեւս չէի կրնար մնալ անկողինիս մէջ, որ նեղ կու գար ինծի, ու կը թուէր, թէ պիտի խեղդուէի: Մեքենաբար կ’ուղղուէի խոհանոց, ուր կ’ուզէի յականէ ստուգել հօրս ներկայութիւնը եւ անկէ ետք էր միայն, որ կը հանգստանայի:
* * *
Եւ ահա օր մըն ալ նկատեցի, որ հայրս ա՛լ չէր երգեր, այլ բարձրաձայն ու արտայայտիչ կ’արտասանէր «Թուղթ առ Երեւան»-էն հատուածներ: Եւ միայն չէր արտասաներ, այլեւ տեղին համեմատ «կը սրբագրէր» կամ «կը վերաշարադրէր» չհաւնած տողերը. կը յիշեմ ասոնցմէ մէկը, որ հետեւեալն էր.
«Օ՜, Գէո՛րգ Աբով, ամէն բան չափով»…
Բնագիրին մէջ բազմիցս կրկնուած էր «Օ՜, Գէորգ Աբով» կոչականը, այդ մէկը լա՛ւ գիտէի, սակայն «ամէն բան չափով» չկա՜ր, բայց հայրենի բանաստեղծը իր յարձակումներուն մէջ այնքան առաջ գածած էր, որ հայրս,– կուսակցական մասնաւոր հակում չունենալով հանդերձ,– անտեղի չափազանցութիւններ կը գտնէր Գէորգ Աբովի քերթուածին մէջ եւ հարկ կը տեսնէր սաստելու զայն, որ քիչ մը զսպէր իր լեզուն, չափ ու սահման մը դնէր իր մտքի ու երեւակայութեան թռիչքներուն, բայց նաեւ՝ ճնշիչ ամբաստանութիւններուն:
Այլ խօսքով՝ «ամէն բան չափով…»:
Հապա՞…
Յ. Գ.
1980-ի ամառը ս. Ղազար այցելեցի:
Հիւրերը քարափին վրայ ընդունեց օրուան աբբահայրը՝ հոյակապ մխիթարեան մը, որ հայր Ներսէս տէր Ներսէսեանն էր:
Երբ բաւական մտերմացանք, ան յայտնեց, թէ քանի մը օր առաջ իրենց մէջ կը գտնուէր Գէորգ Աբովը.
–Երեք օր առաջ գայիք՝ կը տեսնէիք զինք,– ըսաւ ազնիւ ափսոսանքով մը:
Անշուշտ ես անձամբ մասնաւոր հետաքրքրուած չէի Աբովով, այսուհանդերձ շահեկան պիտի ըլլար տեսնել այն մարդը, որուն մէկ բանաստեղծութիւնը գրգիռ հանդիսացած էր, որ Ծառուկեան գրէր «Թուղթ առ Երեւան»-ը:
Հայր Ներսէս պատմեց ուրիշ բան մըն ալ:
Ուրեմն իր կեցութեան երկրորդ օրը՝ «կէս գիշերին»,– ինչպէս շեշտեց հայր սուրբը,– Աբով կը ծեծէ իր դուռը եւ կը խնդրէ «Թուղթ առ Երեւանը»:
–Տարաւ եւ առտուան լոյսը չբացուած վերադարձուց զայն:
Ինչո՞ւ կէսգիշերին եւ ինչո՞ւ լոյսը չբացուած…
Ինչո՞ւ այս աստիճան գաղտնապահութիւն ու թաքնամտութիւն ցուցաբերած է Աբով,– անըմբռնելի մնաց օրին ու կը մնայ այսօր ալ:
Արդեօք կարելի՞ է մտածել, թէ ամէն խորհրդային քաղաքացի իր մէջ ունեցած է անբաժան հալածախտ մը, որ հիւանդագին զգուշութիւն կը թելադրէր իրեն:
* * *
Հիմա թոյլ տուէք, որ քիչ մը խախտելով գրողական արուեստի կանոնները, քիչ մըն ալ չարաշահելով ձեր համբերութիւնը, երկու խօսք ըսեմ հայր Ներսէսի մասին՝ չդիմանալով նման հաճոյքի մը փորձութեան, մանաւանդ որ ան «արժանի է գրոց յիշատակութեան»:
Ուրեմն ես զինքը ճանչցած եմ լեզուական այն երկար բանավէճերուն ընդմէջէն, որ ան մղեց 1960-ական թուականներուն «Յուսաբեր»-ի խմբագիր եւ «Թիւրն ու թերին»-ի հեղինակ Բենիամին Թաշեանի հետ: Անոնք բզկտեցին զիրար: Բայց եւ այնպէս իրենց ետին ձգեցին գերազանցապէս յանձնարարելի ու փայլուն էջեր:
Ուրեմն ս, Ղազարի մեր էջքին՝ դիմաւորելով մեզ, ան առաջնորդեց դէպի գլխաւոր շէնքը: Մինչ այդ յայտնեց, որ կղզին ներկայիս չորս անգամ աւելի ընդարձակ է, քան 1717-ին, երբ Մխիթար աբբահայրը ստանձնած էր զայն:
Ապա հասանք վեց-եօթը աստիճան ունեցող սանդուղի մը.
–Կը նկատէ՞ք որքան հանգստաւէտ է այս սանդուղը՝ իր համաչափ ու ներդաշնակ հատուածներով ,– դիտել տուաւ ան,– Մխիթար աբբահօր յղացումն է: Քանի-քանի օտար հիւրեր, երբեմն ճարտարապետներ, հիացումով արտայայտուած են անոր մասին:
Այս բոլորէն ետք մենք ալ անդրադարձանք, որ իրապէս շատ հանգիստ ու թեթեւոտն կը բարձրանայինք անոր աստիճանները:
Յետոյ պտտցուց թանգարանը, ուր դրուած էր եգիպտական մոմիա մը,– որմէ մեծ ճիգերով շեղեցի անչափահաս զաւակներուս ուշադրութիւնը,– ցոյց տուաւ մատենադարան մը կամ թերեւս անոր մէկ փոքրիկ թեւը միայն, ուր բոլորովին նոր կառուցուած ըլլալու տպաւորութիւն կը ձգէին տախտակեայ դարանները: Ապակիին ետեւէն կը տեսնուէր Լորտ Պայրընի մէկ հայերէն ձեռագիրը՝ ստորագրութեամբ հանդերձ: Ի դէպ, Պայրըն աւելի քան տարի մը հայերէն սորված է ս. Ղազարի մէջ:
–Երկու տարի առաջ հրդեհ ծագեցաւ այստեղ,– բացատրեց,– բարեբախտաբար ձեռագրերը կարելի եղաւ փրկել թեթեւ մշակումով մը: Այս նոր դարանները հակահրդեհային են եւ նուէրն են ազգայինի մը:
Ապա ուղղուեցանք այն սրահակը, ուր միաբանները ճաշէն ետք կը հաւաքուէին, սուրճ կը խմէին ու կը զրուցէին: Եւ այսպէս կը շարունակէր…
Չեմ գիտեր ինչի՞ մասին կը խօսէր, երբ յանկարծ ընդհատեց խօսքը, նաեւ՝ քայլերը եւ աջ ձեռքին բաց ափը գլխէն վեր ճօճելով՝ ի խորոց սրտի ըսաւ.
–Ա՜՜՜խ այս կաթոլիկները…
Ես քիթիս տակէն կը ծիծաղէի. «Ասի ըսողը կաթոլիկ վարդապետ մը չէ՞ր…»:
* * *
1990-ականներու սկիզբն էր, անկախութեան առաջին տարիները, երբ հայ կաթողիկէները կ’որոշեն հովուել հիւսիսային Հայաստանի կամ հարաւային Կովկասի հայ կաթողիկէները, որոնք բաւական շօշափելի թիւ մը ունէին:
Առ այս՝ Յովհաննէս Զ. պապը երեք հայ միաբաններու անուանացանկ մը կը ներկայացնէ Վազգէն Ա.-ին՝ խնդրելով, որ ընտրէ անոնցմէ մէկը՝ իբրեւ առաջնորդ:
Եւ Վազգէն վեհափառին ընտրութիւնը կը կեդրոնանայ հայր Ներսէս տէր Ներսէսեանի վրայ, որ այն օրերուն արդէն արքութեան աստիճան ունէր:
Այսպէս է, որ ան կը ձգէ ս. Ղազարը ու կը հաստատուի Հայաստան՝ Գիւմրի, ուր եւ մահացաւ 2006-ին: