Նայիրի Մկրտիչեան Տաղլեան
«Հայաստանը եւ Սփիւռքը սնւում են ընդհանուր պատմամշակութային արմատից եւ հզօր են մէկը միւսով, փոխլրացնում են միմիանց: Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները Սփիւռքինն են, իսկ Սփիւռքի հիմնախնդիրները՝ Հայաստանինը: Հայաստանի հզօրութիւնը բոլոր հայերի հաւաքական, միասնական հզօրութիւնն է, իսկ հայապահպանութիւնը՝ իւրաքանչիւր հայի սրբազան առաքելութիւնը»:
ՀՀ Սփիւռքի նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեան
Վեց ամիս առաջ ձեւաւորուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը: Երեք ամիս անց, երբ առաջին հարցազրոյցը ունեցայ նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ, համոզուեցայ, որ նախարարութիւնը ապահով ձեռքերու մէջ է: Մէկ ամիսէ ի վեր, ՄԱԿի TOKTEN վեցամսեայ ծրագրի ծիրէն ներս, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կամաւոր աշխատող եմ, հիմա առաւել քան վստահ եմ, որ նախարարութիւնը վստահուած է ամենաճիշդ անձնաւորութեան: Ի՞նչ հիմնաւորումներ ունիմ այս վկայութիւնը տալու համար, աւելի ուշ կը յայտնեմ, պարզապէս նախ կ°ուզեմ ընթերցողի ուշադրութեան յանձել, որ վերը շեշտուած երկու բառերը պէտք է վստահեցնեն ձեզ, որ վկայութիւնս նախարարին հաճոյանալու կամ այլ դիրքեր գրաւելու միտում բոլորովին չունի, պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ տարած աշխատանքս ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէ եւ կամաւոր է, իսկ քիչ թէ շատ զիս ճանչցողները գիտեն, որ հաճոյանալը բոլորովին հեռու է իմ խառնուածքէս:
Մարտ 9ին աշխատանքային առաջին օրս էր, առաջին հաճելի երեւոյթը՝ աշխատակազմի բարեհամբոյր ընդունելութիւնն էր: Ի տարբերութիւն պետական այլ կառոյցներու, այստեղ աշխատողներու մեծ մասի դէմքերու վրայ քարացած դժգոհութիւնները փոխարինուած են ժպիտով, կոպտութիւնը՝ վայելուչ խօսքով, հանդուրժողականութեամբ, համբերութեամբ ու յարգանքով:
Մէկ ամսուան շփումէն ետք հասկցայ, որ այստեղ աշխատողներու մէջ զգալի տոկոս կը կազմեն նուիրեալները, որոնք հայրենասիրութեան զգացումներէն մղուած եկած են այս հիմնարկին մէջ աշխատելու: Նուիրեալներու այս տոկոսը նոյնպէս կը վճարուի պետական չնչին ամսականներով, բայց կ°աշխատի առաւել ժրաջան, նոյնիսկ աշխատանքային ժամերէն եւ օրերէն դուրս: Ոչ աշխատանքային Շաբաթ օրուան այցս նախարարութիւն, անակնկալի բերաւ զիս՝ տեսնելով աշխատակազմի 25% ի ներկայութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Սփիւռքի նախարարին:
Ծանօթանալով՝ ըստ տարածաշրջաններու (Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելք, ԱՄՆ, Եորոպա, ԱՊՀ երկիրներ) բաժնուած` եւ այլ վարչութիւններու ծրագրերուն ու աշխատելաձեւին, հասայ այն եզրակացութեան, որ իւրաքանչիւր վարչութիւն հնարաւոր բոլոր միջոցները կ°օգտագործէ՝ Սփիւռքին ու անոր հիմնախնդիրներուն ծանօթանալու համար, բացի գրաւոր աղբիւրներէն ու ներցանցէն, նախարարի յանձնարարութեամբ` աշխատողները պարտաւոր են ծանօթանալ երկու ուղղագրութիւններու տարբերութիւններուն` իրենց ձեռքի տակ ունենալով Հ Պօղոս Գոճանեանի «Ուղեցոյց Դասական Ուղղագրութեան» գրքոյկը: Անոր նախաձեռնութեամբ, իւրաքանչիւր սփիւռքահայ, որ լաւատեղեակ է իր գաղութի պատմութեան, գործունէութեան եւ խնդիրներուն, երբ կ°այցելէ Սփիւռքի նախարարութիւն, անպայման հանդիպում կ°ունենայ նաեւ նախարարութեան ողջ աշխատակազմի հետ՝ այդ բոլորը անոնց սեփականութիւնը դարձնելու համար:
Սփիւռքը լաւապէս ճանչնալու եւ ՀայրենիքՍփիւռք կապը առաւել ամրապնդելու գործին, մեծապէս կը նպաստէ նաեւ նախարարի այցը տարբեր գաղթօճախներ: Ինչքան ալ Հայաստանի որոշ թերթերու մէջ գրող գրչակները (որոնք պարզ չէ, թէ ի՞նչ իրաւունքով հանդէս կու գան ողջ սփիւռքահայութեան անունով) չարախօսեն, այդ այցերու մեծ նշանակութենէն ոչինչ չի պակսիր: Գաղթօճախներու հրաւէրները ընդունիլը՝ նախարարի կողմէն յարգալից վերաբերում մըն է, որ կը սերտացնէ փոխադարձ յարաբերութիւնները, իսկ այցերը, որոնք յագեցած են տարբեր մակարդակի հանդիպումներով, մեծ ոգեւորութիւն կը ստեղծեն գաղութներէն ներս: Ի վերջոյ՝ հնարաւոր չէ սեղանի ետեւ նստելով միայն ճանչնալ Սփիւռքը եւ դառնալ այն կամուրջը, որ զայն կը կապէ հայրենիքին:
Շաբաթական հերթականութեամբ՝ նախարարի աշխատասենեակէն ներս տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն ներկայ ըլլալով, հասկցայ, որ գործ ունինք՝ շատ բծախնդիր, պահանջկոտ, խելացի, աշխատասէր ու զօրաւոր անհատականութեան հետ, այդ մէկը կը վկայէր՝ այն նախապատրաստական աշխատանքներըը, որ կը տանէին՝ ըստ տարածաշրջաններու բաշխուած վարչութիւններու պետերը, նախարարի հետ հանդիպման պատրաստ ըլլալու համար: Այդ ընթացքին, իբրեւ սփիւռքահայի ինծի համար հաճելի էր լսել՝ մասնակիցներուն եւ անոնց միջոցով հարիւր հոգինոց աշխատակազմին ուղղուած նախարարի խօսքերը, «Սփիւռքում տեղի ունեցող իւրաքանչիւր մանրուք պէտք է ձեզ հետաքրքրի» կամ «Ոչ մի այցելու չպէտք է այստեղից դժգոհ դուրս գայ»
Սփիւռքի նախարարութեան կից գործող ատեանը տպաւորիչ էր իր բանիմաց ու բազմաբնոյթ մասնագիտութիւններու տէր անձնակազմով: 28 անդամներէն բաղկացած ատեանի՝ Հայաստանի անդամներէն 20-էն չորսը նախկին սփիւռքահայեր են, առաւել, մէկ ներկայացուցիչ կը մասնակցի նաեւ սփիւռքահայ ուսանողներու անունով, մնացեալ ութ անդամները ընդգրկուած են՝ 3-հոգի ԱՄՆ-էն, երկու՝ Ռուսաստանէն, մէկ՝ Մերձաւոր Արեւելքէն, մէկ Փորթուկալէն, մէկ՝ Վրաստանէն: Այլ խօսքով, ատեանի անձնակազմի 11 անդամները սփիւռքահայեր են, 15-ը՝ ՀՀ քաղաքացիներ, երկուքը՝ սփիւռքահայ եւ միաժամանակ ՀՀ քաղաքացիներ: Այս մէկը, հաւանաբար, կը լրացնէ այն բացը, որ նախարարութենէն ներս աշխատող սփիւռքահայերու թիւը շատ է, որովհետեւ ՀՀ օրԷնսդրութեան համաձայն, պետական կառոյցներու մէջ աշխատողները պէտք է ըլլան ՀՀ քաղաքացիներ, սակայն աշխատակազմի մէջ սփիւռքահայերու անհրաժեշտութիւնը զգալով, նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ջանքերով, Սփիւռքի նախարարութիւնՄԱԿ համագործակցութեամբ իրականացուող TOKTEN վեցամսեայ ծրագրով, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն գործուղուած են վեց գիտաշխատող, որոնցմէ չորսը (ԱՄՆէն, Մերձաւոր Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Ռուսաստանէն) արդէն լծուած են աշխատանքի:
Աշխատակազմի 65 % կանայք են 35% տղամարդիկ, անոնցմէ 18ն ունին PHD աստիճանի կրթութիւն, 9ն այդ աստիճանը ստանալու ընթացքի մէջ են:
Այս բոլորը չի նշանակեր, որ նախարարութիւնը կը գործէ անթերի, սակայն, մեր կարծիքով տեղին չէ խիստ քննադատութիւններու ենթարկել նորաստեղծ այս նախարարութիւնը, որ տակաւին սաղմնային շրջանի մէջ է: Փաստ է, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատողներու մեծ մասը ունին համապատասխան կրթութիւն ու փորձ, կարճ ժամանակի ընթացքին տարած են մեծածաւալ աշխատանք, մշակած, գործադրման հանգրուանին հասցուցած եւ իրականացուցած՝ բազմաթիւ ծրագրեր, որոնք մեծապէս կը նպաստեն ՍփիւռքՀայաստան կապի զարգացման ու ամրապնդման, նոյն նպատակին կը ծառայեն նաեւ նախարարութեան կայացուցած բազմաթիւ որոշումներ:
Այս նախարարութեան ստեղծումն ու անոր նեցուկ կանգնելը պէտք է կարեւորեն ե°ւ Հայաստանի, ե°ւ սփիւռքի հայերը, որովհետեւ անոր նպատակն է «Համախմբել, միաւորել, մեկտեղել համայն հայութեան, կազմակերպութիւններու, անհատներու ուժերը, հնարաւորութիւնները, փորձառութիւնը, կարողութիւնները, հայոց պետականութեան շուրջ, ազատ անկախ հայրենիքի կայացման ու զարգացման շուրջ, սերտացնել ՀայրենիքՍփիւռք կապերը եւ հաստատել նոր կամուրջներ», իսկ այս նպատակը միայն թուղթի վրայ գրուած խօսքեր չեն, նախարարութեան տարած իւրաքանչիւր շարժում, ծրագիր, աշխատանք միտուած է այդ նպատակը իրականացնելու գործին: