ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Հ.Օ.Մ.Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 39 Second

Նիւ Եորքի Հայ Օգնութեան Միութեան տարեկան քայլարշաւը տեղի ունեցաւ, Ապրիլ 18, 2010ին կ.ե. ժամը 1:00ին: Կազմակերպութեամբ Նիւ Եորքի Հայ Օգնութեան Միութեան »Մայր« եւ »Էրեբունի« մասնաճիւղերու վարչութիւններուն:
Այս գեղեցիկ ու ընկերային ձեռնարկը, բարի նպատակի կը ծառայէ: Ամէն տարի նիւթական հասոյթը կը տրամադրուի հաստատութեան մը, Հայաստանի կամ Ա.Մ.Ն.ի մէջ: Այս տարի զոյգ մասնաճիւղերու որոշումով, հաւաքուած գումարը պիտի յատկացուի Հայաստան Ճամբարին (Camp Haiastan), Ֆրանքլին Մասաչուսէց, ուր ամէն ամառ Հայ մանուկներ ու պատանիներ իրենց ամառնային արձակուրդը կ’անցնեն, հաճելիին միացնելով օգտակարը եւ կը սորվին հայերէն երգեր, ազգասիրութիւն եւ ինքնավստահութիւն:
Կէսօրուայ մօտ արդէն հոծ բազմութիւն մը կար Տակլստընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դրան մուտքին, ուր զանազան տարիքի անձեր խանդավառուած կ’արձանագրուէին եւ պատրաստ էին քալելու: Նշենք որ չորս անուշիկ նորածին մանուկներ իրենց կառքերուն մէջ, իրենց ծնողներուն հետ մաս կազմեցին քայլարշաւին: Շատ գեղեցիկ երեւոյթ մըն էր այս, յատկապէս որ իրենք ալ կը կրէին Հ.Օ.Մ.ի կապտաւուն փողկապներէն:
Արձանագրուողներուն թիւը յիսունէ աւելի էր: Խմբական լուսանկարէն եւ Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Դանիէլեանի տէրունական աղօթքով եւ պահպանիչով խումբը ուղղուեցաւ դէպի Լիդըլ Նէքի Իրանահայ Միութեան Կեդրոնը: Երթ ու դարձը չորս մղոն էր եւ շատ հաճելի էր ընկերուհիներուն հետ քալել այդ գարնանային պայծառ օդին:
Երբ խումբը հասաւ Իրանահայ Միութեան Կեդրոնը զովացուցիչներ հրամցուեցաւ ներկաներուն: Ապա խօսք առաւ »Մայր« մասնաճիւղի ատենապետուհին ընկհ. Սոնիա Պզտիկեան: Շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանահայ Միութեան, քայլարշաւի պատասխանատուներ՝ ընկհ. Յասմիկ Իսրայէլեանին եւ ընկհ. Սանտրա Վարդանեանին եւ ամենէն մեծ շնորհակալութիւնը յայտնեց քայլարշաւին մասնակցողներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք նիւթապէս քաջալերեցին Հ.Օ.Մ.ը: Ընկհ. Սոնիան դարձեալ շեշտեց որ այս տարուայ նիւթական հասոյթը պիտի յատկացուի Հայաստան Ճամբարին:
Կարճ դադարէ մը ետք խումբը վերադարձաւ Ս. Սարգիս եկեղեցի ուր ընկերուհիները գոհ եւ ուրախ հրաժեշտ առին իրարմէ:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը հայ ժողովուրդին ծառայելու համար հիմնուած կազմակերպութիւն մըն է: Հ.Օ.Մ.ուհիները անսակարկ զոհաբերած ու միշտ նուիրուած են ազգօգուտ բոլոր աշխատանքներուն: Հ.Օ.Մ.ը ազգանուէր գործունէութիւն տարած է իր ծնունդէն մինչեւ այսօր, այսինքն հարիւր տարիէ ի վեր: Հ.Օ.Մ.ի, Նիւ Եորքի »Մայր« եւ »Էրեբունի«, քոյր մասնաճիւղերու համագործակցութիւնը՝ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Նորանոր յաջողութիւններ Հայ Օգնութեան Միութեան: Բոլորին վարձքը կատար:
ՄԱՐԻԱ ՇԱՄԼԵԱՆ ԵՓՐԵՄԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles