ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ…ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ԶԱՆԱԶԱՆ ԳԱՂԹՕՃԱԽՆԵՐԷ ՆԵՐՍ

Աւելի քան երկու ժամ տեւողութիւն ունեցող այս ձեռնարկին, խօսք առին ձեռնարկը կազմակերպող միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մարդկանց իրաւունքներու համար պայքար մղող ոչկառավարական հիմնարկներու ներկայացուցիչներ: Խօսք առնողներու շարքին էին շրջանէն ներկայացուցիչներ՝ Չաք Շումըր եւ Կէյլըն Տ. Քըրքլէնտ, Քըրթիս Սլիուա եւայլն: Նաեւ խօսք առաւ փաստաբան Մարք Կիրակոս, որ նշեց թէ Ապրիլ 24ը 21րդ դարուն կը մերժէ հայ ժողովուրդի նահանջը ու անոր թափած արցունքը: Ան աւելցուց թէ պատահած ահաւոր դէպքերուն լուսանկարներն ու անոր պատմութիւնները 21րդ դարու պէտք է միջոց ըլլան, որպէսզի հայ ժողովուրդը վերստին զարթօնք մը ապրի, վերանորոգելու իր ուխտը՝ պայքար եւ յաղթանակ:
Օրուան բանախօսն էր Յարութ Սասունեան, որ կարեւորեց հայութեան սրբազան դատը: Ան յայտնեց թէ պիտի գա°յ այդ օրը, ուր պիտի ողջունուի Սփիւռքի հայուն յաղթական ու հպարտ հայրենի հող վերադարձը, իրականացնելով դարերու երազը՝ «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»ը: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ պատարագ եւ հոգեհանգիստ, ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն:
Նշենք թէ, Շաբաթ Ապրիլ 24ի երեկոյեան, Նիւ Եորքի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցած էր այլ ձեռնարկ մը: Օրուան բանախօսն էր փրոֆ. Փիթըր Պալագեան, որ յայտնեց թէ հայերն ու թուրքերը պատմաքաղաքական առումով, մինչեւ այսօր պատրաստ չեն մերձեցման եւ յարաբերութիւններու սերտացման: Ան յայտնեց թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մէկ օրով ոգեկոչելու խնդիր չէ, այլ ամէն օր պէտք է ոգեկոչել:
ԹՐՈՅի մէջ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը: Օրուան բանախօսն էր տոքթ. Հրանդ Մարգարեան, որ շեշտեց թէ պէտք է շարունակուի, հայ ժողովուրդին ու արդար դատին ծառայող պայքարը: Նշենք թէ, այս առթիւ, Թրոյի քաղաքապետ Հէրի Թիւթիւնճեան նամակ մը յղած էր նախագահ Օպամային, պաշտօնապէս ճանչնալու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆի մէջ, Ապրիլ 16էն 25, կատարուեցան քանի մը ձեռնարկներ: Առաջին հերթին, Ապրիլ 16ին, կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.ին, «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ հոգեճաշ: Ապա, Կիրակի Ապրիլ 18ին, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հաւաքձեռնարկ, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, Շաբաթօրեայ «Համաստեղ» վարժարանին եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան: Ներկայ էին Ցեղասպանութեան վերապրողներ՝ Երէցկին Սիրարփի Խոյեան, Ռոզ Պապոյեան եւ Լուսածին Թաթարեան:
Օրուան բանախօսներն էին տոքթ. Ալին Պաղտասարեան (հայերէն) եւ Արամ Սարաֆեան (անգլերէն): Այս վերջինը, իր խօսքին մէջ ըսաւ թէ հայ ըլլալը հպարտութիւն չէ միայն սխրագործութեամբ լի պատմութեամբ, շքեղ մշակոյթով, անմահ հերոսներով, կամ ազգային մարմիններու անդամ ըլլալով, նաեւ օգնութեան ձեռք երկարելով կարօտեալին:
«Հայ ըլլալը հպարտութիւն է Դատի մը պաշտպանման յանձնառութիւնը վերցնելով, յանուն այդ Դատին քարոզչութիւն կատարելով…» եզրակացուց Սարաֆեան:
Տոքթ. Ալին Պաղտասարեան, իր խօսքին մէջ արծարծեց պահանջատիրութեան առաջնահերթութիւնն ու կարեւորութիւնը: Հայրենի բանաստեղծ Պարոյր Սեւակէն տողեր արտասանելով, տոքթ. Պաղտասարեան յայտնեց. «Մենք կը պահանջենք միջազգային ատեաններէն, ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կը պահանջենք նաեւ թուրք երիտասարդներէն, մտաւորականներէն իրապաշտօրէն սերտել եւ ճանչնալ դաժան անցեալը:…Այս պահանջներու իրականացումը կը կարօտի երկարաշունչ եւ ծրագրուած աշխատանքի:…Մեր պարտաւորութիւնն է արուեստն ու գրականութիւնը անմահ պահել եւ հրամցնե°լ աշխարհին՝ հայ թէ օտար», ըսաւ ան:
Ապրիլ 23ին, տեղի ունեցաւ հաւաք Սպիտակ Տան մօտ, ուր խաղաղ ցոյցով պահանջուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատշաճ ճանաչում: Յաջորդ օրը, կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հ.Ե.Դ. «Անի» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ ցոյց՝ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ: Ապա կատարուեցաւ հաւաք՝ Ուաշինկթընի Հայաստանի դեսպանատան մօտ, որմէ ետք ներկաները փոխադրուեցան Սուրբ Խաչ եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ պատարագ եւ հոգեճաշ:
ՊՈՍԹԸՆի մէջ, Ապրիլ 23ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ հսկում եւ մոմավառութիւն, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մուտքին: Հ.Ե.Դ.ի անդամներ փոխանցեցին իրենց խօսքը եւ ներկայացուցին արտասանութիւններ: Յաջորդ օրը, Ապրիլ 24ի երեկոյեան ժամը 7:00ին, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Ուաթըրթաունի Հայ Առաքելական Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք, ներկաները կատարեցին քայլարշաւ մը դէպի Հայ Կեդրոն: Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտարենուշներ առաջնորդեցին այս քայլարշաւը: Օրուան բանախօսն էր Մուրատ Թոփալեան, որ մղեց ներկաները շարունակ պայքարելու ի գին հայութեան շահերուն, հողերու պահանջին, վերակառուցման պահանջին, արեան գինի պահանջին եւ …արդարութեան պահանջին:
«Պայքար եւ շարունակ պայքար: Ճամբան երկար է», ըսաւ Թոփալեան, որ նշեց թէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման այդ փաստաթուղթն անգամ անկարեւոր է, մանաւանդ որ այդ ահաւոր Ցեղասպանութիւնը կատարուած դէպք մըն է, որ ցայսօր խնդրոյ առարկայ ըլլալու այդ սին եւ սնոտին մոռացութեան տակ ծածկուած կը մնայ:
«Կը պահանջենք արդարութիւն…Կը պահանջենք արդարութիւն» բացականչեց Թոփալեան հրահրելով եւ խանդավառելով ներկաները: Նախապէս խօսք առած էին նաեւ Ուաթըրթունի ներկայացուցիչ Ճոնըթըն Հէքթ, Ուալթհամի Ներկայացուցիչ Փիթըր Գութուճեան, քոնկրէսական ներկայացուցիչ Էտուըրտ Մարքի, Պոսթընի հայոց յուշարձանի հիմնարկի պատասխանատուներէն՝ Ճէյմս Գալուստեան եւ շրջանի Հ.Ե.Դ.ի կողմէ Սօսէ Պէօճէքեան:
Հինգշաբթի, Ապրիլ 22, 2010ին, Պոսթոն նահանգի Փիպըտի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութիւն:
Հանդիսութեան ներկայ էին,Փիպըտիի նահանգապետ Միքայէլ Պոնֆըթի, այլ ներկայացուցիչներ, Արժ.Տէր Գարեգին Քահանայ Պետուրեան, տեսաերիզ պատրաստող Աբրահամ Թորոսեան եւ հոծ բազմութիւն:
Ապրիլ 24, 2010ին, Լօուըլ Քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ, ապա բազմութիւնը հաւաքուեցաւ քաղաքապետարանին առջեւ, ուրտեղի ունեցաւ ոգեկոչման հանդիսութիւնը: Ներկայ էին Քաղաքապետն ու այլ պետական դէմքեր ու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Արժ. Տէր Գարեգին Քհնյ Պետուրեան, Արժ. Տէր Խաչատուր Քհնյ. Քեսապլեան, Պատուելի Արա Հեղինեան, Դրաստամատ Կանայեանի թոռը՝ Դրաստամատ Կանայեան եւ բազմաթիւ հայորդիներ:
Հանդիսութեան սկիզբը տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Քահանայ հայրերուն կողմէ, ապա »Մեր Հայրենիք« քայլերգով, խումբ մը մանուկներ բարձրացուցին եռագոյն դրօշակը: Ապա երգուեցաւ Ամերիկայի ազգային Քայլերգը:
Բացման խօսքը կատարեց Թոմ Վարդապետեանը, ուր շեշտեց մէկ ազգ գաղափարն ու միասնական ուժի կարեւորութիւնը:
ՓՐՈՎԻՏԸՆՍի մէջ, Ապրիլ 24ին տեղի ունեցաւ հաւաք, Ռոտ Այլընտի համալսարանի «Ֆայնսթայն» կեդրոնին մօտ: Խօսք առին ընկերներ Պերճ Զօպեան եւ Լեւոն Աթթարեան, որոնք յայտնեցին թէ ամերիկահայերը լաւապէս կը գիտակցին, որ հայութեան իրաւունքներուն միակ ժառանգորդը հայ ժողովուրդն է:
«Մենք է որ բարձրացուցինք պահանջատիրութեան դրօշը եւ ստանձնեցինք բազմատեսակ աշխատանքներ, որոնք կը նպաստեն Հայ Դատի արդար լուծման», ըսաւ ընկ. Աթթարեան:
Անդրադառնալով ՍփիւռքՀայաստան յարաբերութիւններուն մէջ ճեղքեր յառաջացնելու թրքական փորձերուն, ընկ. Զօպեան ըսաւ թէ այդ փորձերը ապարդիւն կը մնան, եզրակացնելով թէ «Սփիւռքահայուն համար Հայաստանն ու Արարատը ամէն բանէ վեր են ու ամէն բանէ աւելի թանկագին»: Հայ Դատի յանձնախումբի անունով, խօսք առաւ Փօլին Կեցոյեան: Գեղարուեստական յայտագիրը մեծ տպաւորութիւն ձգեց յանձին հանրածանօթ դերասան Արմէն Կարոյի:
Աւելի քան չորս հարիւր ներկաներ ժամանած էին Ապրիլ 25ի ձեռնարկին, որ աննպաստ օդին պատճառով, տեղի ունեցաւ Սուրբ Սահակ եւ Մեսրոպ եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Ներկայ էին շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղը, Հ.Ե.Դ.ի «Վարանդեան» մասնաճիւղը, Հ.Օ.Մ.ի «Արաքս» մասնաճիւղն ու տեղւոյն «Քրիստափոր» միութեան անդամները: Օրուան բանախօսն էր Տիգրան Խալիկեան, որ շեշտեց թէ ամերիկահայութիւնը 95 տարի ետք, կը մնայ հաւատաւոր զինուորը Հայ Դատի ուխտին, Հայ Դատի պահանջատիրութեան պայքարին, մինչեւ որ հայութիւնը վերատիրանայ իր արդար եւ անժամանցելի իրաւունքներուն:
ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ մէջ, տեղի ունեցաւ քայլարշաւ տեղւոյն Արուեստի Թանգարանին մօտ, ուր կատարուեցաւ օրուան ձեռնարկը: Օրուան դասախօսն էր Փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեան, որ ըսաւ թէ գլխաւոր մարտահրաւէրը, որ հայութիւնը կը դիմագրաւէ այսօր, միայն անցեալին նայելով արդարութեան հետապնդումը չէ, այլեւ ապագային նայելով նոր միջոցներ որոնելն է Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքը տանելու Թուրքիոյ մէջ: Ան աւելցուց թէ ներկայիս պէտք չէ բաւարարուիլ «թուղթէ շերէփ»ներով, այլ պէտք է որոնել միջոցներ Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական հասարակութեան հետ գործակցելու: Ան աւարտեց իր խօսքը մէջբերելով ռուսական ասացուածք մը, որ կ’ըսէ «Եթէ անցեալին վրայ կեդրոնանաս կը կորսնցնես մէկ աչք իսկ եթէ մոռնաս անցեալը կը կորսնցնես երկու աչքերդ»: Ապա, ներկաները հաւաքուեցան, տեղւոյն Սուրբ Սահակ եւ Մեսրոպ եկեղեցին, ուր կատարուեցաւ պատարագ:
ՇԻՔԱԿՈՅի (Իլինոյ) մէջ, Ուրբաթ Ապրիլ 23ին տեղի ունեցաւ ցոյց՝ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին մօտ: Աւելի քան 150 ցուցարարներ բերին իրենց մասնակցութիւնը: Ապա, յաջորդ օրը, կազմակերպութեամբ, տեղւոյն Հայ Դատի գրասենեակին: Կլենվիուի Հայ Կեդրոնին մէջ կատարուած այս ձեռնարկին, խօսք առաւ փաստաբանիրաւաբան Մարք Կիրակոս, որ դատապարտեց Ցեղասպանութիւնը ուրացող կամ անոր ճանաչման իմաստով զգուշաւոր մօտեցում ցուցաբերող ամէն անձ, պետութիւն կամ կազմակերպութիւն: Ան անդրադարձաւ ՀայաստանԹուրքիա արձանագրութիւններուն, որոնք մերժելի են իրենց բովանդակած նախապայմաններուն պատճառով՝ աւելցնելով, որ յիշատակելի է Հայաստանի նախագահին կողմէ անոնց սառեցումը՝ փակուղի հասնելէ ետք: Ան նշեց թէ Հայ դատը սակարկութեան կամ առուծախի առարկայ չի կրնար դառնալ:
Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը կատարեց Հրակ Առաքելեան, որ անգամ մը եւս հաստատեց թէ «ճանապարհային քարտէս»ը կը մնայ անհիմն գաղափար, այնքան ատեն որ Ցեղասպանութեան ճանաչում չէ կատարուած: Ապա Ալին ԱլեքսանեանՊարսումեան կարդաց Իլինոյի կառավարիչ Փէթ Քուինի մէկ նամակը, որ խոր ցաւով կը նշէր Ցեղասպանութեան 95ամեակը: Ապա, շրջանի Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արի Քիլեան փոխանցեց նախագահ Օպամայի օրուան յայտարարութիւնը, որուն մէջ, անգամ մը եւս ան խուսափած էր «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելէ: Ան նշեց, որ հայ նոր սերունդը պայքարի ջահը վառ պիտի պահէ, մինչեւ պահանջներու եւ արդարութեան ամբողջական իրականացում:
Ապա Իլինոյի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Նայիրի Յակոբեան խօսք առնելով, անդրադարձաւ հայասպանութեան փաստին ու Թուրքիոյ պատասխանատուութեան եւ յայտնեց, որ ժամանակը չի տկարացներ հայութեան պայքարը եւ ուշ կամ կանուխ հայ ժողովուրդը պիտի վերատիրանայ իր ամբողջական իրաւունքներուն: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հրաշքով ու պայքարով հայութեան գոյատեւումը երաշխաւորածներուն,հաստատելով, որ երիտասարդութիւնը պիտի շարունակէ երթը՝ առանց թիզ մը հող իսկ զիջելու:
Ապրիլ 25ին, աւելի քան երեք հարիւր ներկաներ ժամանեցին Կլենվիուի Ամէնայն Սրբոց եկեղեցին, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ապա «Շահնազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Խօսք առաւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներէն Մարալ ՎարդանեանԱբրահամեան, որ իր կարգին յայտնեց թէ հայ ժողովուրդը իր ազատ ու անկախ Հայաստանով, ազատագրուած Արցախով, գիտակից Սփիւռքով եւ իրաւունքի տէր յանձնառու երիտասարդութեամբ կոչ կþուղղէ թրքական պետականութեան եւ թուրք ժողովուրդին ճանչնալու եւ ընդունելու իր նախահայրերուն գործած աններելի եւ ահաւոր ոճիրը: Այս առթիւ խօսք առաւ, նաեւ շրջանի քոնկրէսական ներկայացուցիչ Պոպ Տոլտ (Հանրապետական) եւ յայտնեց թէ ինք լաւապէս կը հասկնայ 1915ի Ցեղասպանութիւնն ու անոր ստեղծած սարսափելի կացութիւնը: Ապա խօսք առաւ, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Կեդրոնական Կոմիտէի նախկին ներկայացուցիչ ընկ. Վազգէն Այվազեան, որ նշեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն 95 տարիներ ետք հայութիւնը այսօր տարագիր չէ, այլ՝ միակամ կը վերանորոգէ իր ուխտը՝ յանուն ազգային սրբազան պահանջատիրութեան: Ան աւելցուց թէ, հայութիւնը համոզուած է Հայ Դատի անժամանցելիութեան, վճռած է շարունակել պայքարը, եւ այս շրջագիծին մէջ հայութեան միասնականութիւնը աւելի քան երբեք խիստ հրամայական է: Գեղարուեստական յայտագրով հարուստ, այս ձեռնարկին մասնակցեցան «Դանիէլ Վարուժան» շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները: Նշենք թէ շրջանի Հ.Օ.Մ.ի «Զապէլ» մասնաճիւղը այս առթիւ կատարեց արիւնարշաւ:
ՏԻԹՐՈՅԹի մէջ, Շաբաթ, Ապրիլ 24, 2010ին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, Սուրբ Սարգիս Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, Մեծ Եղեռնի նահատակներուն հոգւոց խաղաղութեան համար, մասնակցութեամբ՝ Սուրբ Վարդան Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն եւ իրենց համայնքի զաւակներուն: Պատարագը մատոյց Արժպ. Տ. Տարօն Քհնյ. Ստեփանեան, իսկ հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց Տ. Անտոն Ծ. Վրդ. Ադամեան:
Յընթացս Ս. Պատարագին անգլերէն լեզուով իր պատգամը տուաւ, Պատուելի Մակարիոս ՏաՌաուի: Ան ըսաւ .- »Այս շաբաթավերջը աշխարհի տարածքին հայերս, կ’ոգեկոչենք Ցեղասպանութեան 95րդ ամեակը: Մօտ մէկ դար հայ նահատակներու աճիւնները հանգիստ չունեցան այս աղաղակող անարդարութեան դիմաց: Բազմաթիւ ազգեր եւ պետութիւններ կը շարունակեն չճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, երբ մենք կը յիշենք հայ նահատակներու ցաւն ու տառապանքը: Այդ պետութիւններէն մէկն է Միացեալ Նահանգները, ուր մենք կ’ապրինք ու մեր քաղաքացիական պարտաւորութիւնները լի ու լի կը կատարենք: Նախագահական թեկնածուները ընտրապայքարի ընթացքին հրապարակաւ կը յայտարարեն թէ, երբ նախագահ ընտրուին պիտի ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն, ընտրուելէ ետք կը դրժեն իրենց խոստումը, որոնցմէ մէկն է նախագահ Օպաման:…Աստուած կ’ուզէ որ հաւատանք ու իրեն վստահինք, ան է որ յարութիւն կու տայ մեռելներուն: Սիրելի բարեկամներ յիշենք մեր սիրելիները որոնք տանջուեցան, եւ մենք ալ անոնց տանջանքով է որ կը տանջուինք: Եկէք միասնաբար աղօթենք Աստուծոյ հաւատանք ու վստահինք, որպէսզի մեզ մխիթարէ այս ցաւէն:
Հայերէն լեզուով իր պատգամը փոխանցեց Տ. Անտոն Ծ.Վրդ. Ադամեան, որ ըսաւ. »95րդ Ապրիլ ամիսն ու կանաչազարդ գարունն է մեր պատմութեան Սեւ թուականէն: Տակաւին մեր վէրքերը կը կոտտան երբ կը մտաբերենք գառնուկներու նման դէպի անապատ ու սպանդ քշուող մեր հայրերն ու մայրերը, քոյրերն ու եղբայրները : Աղէտ մը որ ամէն օր կը կրծէ ու կը քալարէ հայու յիշողութիւնը:
Սուրբ Պատարագի եւ մատաղօրհներգի արարողութենէն անմիջապէս ետք Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Եղեռնի նուիրուած քաղաքական հանդիսութիւնը, որ կազմակերպուած էր գլխաւորութեամբ Տիթրոյթի Հ.Յ.Դ. »Ազատամարտ« կոմիտէութեան, եւ մասնակցութեամբ Սուրբ Սարգիս Հայոց Առաքելական, Ս. Վարդան կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու, Հայ Դատի գրասենեակի, քոյր եւ հայրենակցական միութիւններու:
Օրուայ գլխաւոր պատգամախօսն էր Լոս Անճելոսաբնակ, Եղեռնէն վերապրողներու յուշերու հեղինակ Լօրնա Դուրեան եւ արուեստագէտ՝ Պր. Արա Օշական : Հանդիսավարն էր »Ազատամարտ« կոմիտէութեան հերթապահ՝ ընկհ. ՃօրճիԱնն Օշական : Տիկին Դուրեան իր շնորհակալութեան խօսքէն ետք ըսաւ.»Այսօր 95րդ տարեդարձն է 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան, դարձեալ միասին հաւաքուած ենք ոգեկոչելու մէկ ու կէս միլիոն հայերու յիշատակը որոնք նահատակուեցան 19151923ին: Ձեզմէ որոնք ներկայ եղած են Հայաստան, վստահ եմ որ ականատես եղած են քայլարշաւին, ուր հարիւր հազարաւոր հայորդիներ քալելով կը բարձրանան Ծիծեռնակաբերդ Ցեղասպանութեան նուիրուած համալիրը ու յարգանքով իրենց ծաղիկները կը զետեղեն յաւերժական կրակին շուրջ: Այսօր նաեւ յարգանքի օր մըն է վերապրողներուն, հանդէպ, որոնցմէ շատեր այլեւս մեր հետ չեն: Անոնք եւս կորսնցուցած էին իրենց սիրելիները, տուները, քաղաքները, գիւղերը եւ երկիրը : Անոնք տառապեցան, յետոյ դժուարութեամբ վերակերտեցին իրենց կեանքը, բայց այս կեանքէն հեռացան առանց ներողութիւն մը լսելու: Ո՞ւր ենք այսօր անցեալի նկատմամբ մեր վերաբերմունքին մէջ, իբրեւ անհատ եւ իբրեւ ազգ, երբ Թուրքիան կը շարունակէ ուրանալ իր կատարած ցեղասպանութիւնը«:Ապա ներկայացուեցան լուսանկարիչ-արուեստագէտ Արա Օշականի 17 սեւճերմակ լուսանկարները՝ վերապրողներու որոնք առ յաւէտ մեկնած են այս աշխարհէն:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Սփիւռքի բոլոր գաղթօճախներէն ներս, մեծ շուքով նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակը: Հայաստանի պետութիւնն ու Սփիւռքահայութիւնը կազմակերպուած ցոյցերով, քայլարշաւներով, պատարագներով, հոգեհանգստեան արարողութիւններով, ժողովրդային հաւաքներով եւ մշակութային բնոյթ ունեցող ձեռնարկներով, փաստեցին իրենց ներկայութիւնն ու պահանջատիրութիւնը:
Յստակ է թէ յատուկ տարողութիւն ցուցաբերուած էր այս տարուան ոգեկոչական բնոյթի ձեռնարկներուն եւ անոնց արձագանգումներուն: Այսպէս, 95ամեակը արժանավայել ոգեկոչուեցաւ ամէնուրէք: Էջ 3ին մէջ անդրադարձած էինք , Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի շրջաններէն ներս կատարուած ձեռնարկներուն մասին: Ստորեւ, մնացեալ ձեռնարկները Սփիւռքի այլ գաղթօճախներէ ներս.
ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ
Հայահոծ Լոս Անճելըսի մէջ, կազմուած էր յատուկ յանձնախումբ մը: Այս միացեալ մարմինը գործի լծուած էր Ապրիլ 24ի ոգեկոչման արարողութիւններու միասնական համակարգման համար: Առաջին հերթին, կազմակերպուած էր քայլարշաւբողոքի ցոյց մը՝ Լոս Անճելըսի մէջ: Այս բողոքի ցոյցին մասնակցեցան աւելի քան հարիւր հազար հայորդիներ: Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իրենց աղօթքով երթի բացումը յայտարարեցին: Հոլիվուտի փոքրիկ Հայաստան կոչուող տարածքին մէջ ելոյթ ունեցան օրուան գլխաւոր բանախօսները՝ Լոս Անճելըսի խորհրդական Փոլ Գրիգորեան, Միացեալ հայ երիտասարդներ կազմակերպութեան այժմու նախագահ Արթին Յարութիւնեան, »Ասպարէզ« օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պողիկեան, Միացեալ հայ երիտասարդներու պատուոյ անդամ Յովիկ Գաբիկեան եւ այլ երիտասարդներ: Բազմահազար հայորդիներ ցոյցի ընթացքին տեղեկացան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի յայտարարութեան մասին, որ յուսախաբութեան ալիք մը յառաջացուցած էր: Երթը աւարտելէ անմիջապէս ետք մասնակիցները մեկնեցան դէպի Մոնթեպելլօ քաղաքին մէջ տեղադրուած »Անմեղ զոհերու յուշարձան«՝ մասնակցելու Միացեալ մարմինի կազմակերպած ոգեկոչման արարողութեան, որուն ներկայ էին աւելի քան 7000 հայորդիներ, հոգեւորականներ եւ քաղաքական գործիչներ: Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցան պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին նահանգապետի աշխատակազմի փոխտնօրէն Լիզա Գալստեան: Այս վերջինը փոխանցեց Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցենեկըրի ուղերձը:Նոյն օրը Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կազմակերպութեամբ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ թրքական դեսպանատան շէնքին առջեւ:
ԳԱՆԱՏԱ
Ապրիլ 24, 2010ին, Թորոնթոյէն, Գէմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Գաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին 2500 հայորդիներ, ոգեկոչելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակը:
Գանատայի տարածքին գործող Հայկական կազմակերպութիւնները, բաղկացած՝ Հայկական աւանդական երեք կուսակցութիւններէն, իրաւապաշտպան խումբերէ, միջազգային եւ շրջանային բարեսիրական կազմակերպութիւններէ, մշակութային, կրթական, մարզական, հայրենակցական միութիւններէ եւ գաղութի կրօնական երեք յարանուանութիւններու հովանիին ներքոյ համախմբուած, Գանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը:
Օրուան հանդիսավարներն էին Թալին Ապրաքեան եւ Շահէ Թանաշեան, որոնց բացման խօսքէն ետք, խորհրդարանի գլխաւոր շրջափակ ժամանեցին, օրեր առաջ Մոնթրէալէն դէպի Օթթաուա ճամբայ ելած 130 երիտասարդներու խումբը: Արդարեւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, (Գ.Ե.Մ.) Ապրիլ 21ին, Հ.Յ.Դ. Գ.Ե.Մ.ի անդամներ եւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Պատանեկան միութեան երէց անդամներ, եռօրեայ քայլարշաւով մը իրագործեցին »Տէր Զօրէն՝ Օթթաուա« խորագրեալ իրենց ուխտագնացութիւնարշաւը, որուն ընթացքին անոնք հետիոտն կտրեցին 165 քլմ. ճանապարհ, քնապարկերով գիշերելով Դպրոցներու եւ եկեղեցիներու սրահներուն մէջ: 130 հայ երիտասարդներու այս քայլարշաւին անդրադարձաւ հեռատեսիլի CBC կայանը: Եռօրեայ քայլարշաւի մասին յատուկ տեղեկութիւններ եւ լուսանկարներ տեղադրուեցան http://genocidemarch.wordpress.com կայքէջին վրայ:
Խաժակ Արք. Յակոբեանի առաջնորդութեամբ, ներկայ բազմութիւնը կատարեց Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք, Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան Ս. Աստուածաշունչէն ընթերցեց հատուած մը:
Բեմ հրաւիրուեցան »Պլոք Քեպէքուա« կուսակցութեան եւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ռիշար Նատօ, Ազատական կուսակցութեան խորհրդարանի անդամ Ճիմ Քարիճիանիս եւ իշխող Պահպանողական կուսակցութեան խորհրդարանի անդամ Ռոյալ Կալիփօ, որոնք յաջորդաբար իրենց խօսքին մէջ յայտնեցին թէ աշխարհի մէջ այսօր ցեղասպանական արարքներ կը կրկնուին պարզ այն պատճառով, որ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անպատիժ մնացած է:
Ներկաներուն իր խօսքը փոխանցեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը վաւերագրական լուսանկարներով արխիւագրած գերմանացի սպայ Արմին Վեկնէրի որդին՝ Միքէլ Վեկնէր, որ կոչ ուղղեց հայութեան, որ չնային միայն անցեալին, այլ՝ վերանորոգ կամքով նային նաեւ պայծառ ապագային:
95ամեակի Միացեալ յանձնախումբի անունով, անգլերէնով խօսք առաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մոնթրէալի մասնաճիւղի ատենապետ՝ Արմէն Պչաքճեան: Ան յայտնեց, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու եւ զոյգ պետութեանց միջեւ երկխօսութիւնը կրնայ բնականոն հունի մէջ մտնել միայն այն ատեն, երբ Անգարա պաշտօնապէս ընդունի Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
95ամեակի Միացեալ յանձնախումբի անունով, ֆրանսերէնով խօսք առաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Ռուբէն Գույումճեան, որ յայտնեց, թէ հակառակ թրքական երկարամեայ ուրացման քաղաքականութեան եւ ատոր ընկերացող ակադեմականներուն, աշխարհի տարածքին գործող բազմաթիւ ակադեմական եւ պատմագիտական հաստատութիւններ՝ ընդունած են Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Հայ ժողովուրդի նոր սերունդը վճռած է շարունակել պահանջատիրական իր պայքարը, մինչեւ որ Անգարա իսկական իրաւատիրոջ վերադարձնէ հայութենէն խլուած իրաւունքներն ու պատմական ժառանգը:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Բագրատ եպս. Գալստնեան, որ կոչ ուղղեց Գանատայի խորհրդարանին եւ կառավարութեան, որպէսզի ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը, որմէ ետք աղօթքով վերջ գտաւ խորհրդարանի ժողովրդային հաւաքը: գանատահայութեան անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ խորհրդարանի շրջափակին մէջ գտնուող »Յաւերժութեան կրակ«ի յուշարձանին:
Ապա, 2500 հայորդիներ ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց: Բողոքի ցոյցի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մհեր Գարագաշեան, որ ներկաներուն յայտնեց, թէ Մեծ Եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակները ոգեղէն ներկայութեամբ կանգնած են ցուցարարներու կողքին եւ ոճրագործի իրաւայաջորդէն կը պահանջեն արդարութիւն: Ան ըսաւ, որ Անգարայի նենգածոխութեանց եւ հակահայ քարոզչական պայքարին պատասխանը՝ հայ նոր սերունդի պայքարը շարունակելու վճռակամութիւնն է, վկայ՝ ՀՅԴ ԳԵՄի քայլարշաւին մասնակից 130 երիտասարդներն ու պատանիները: Ան կոչ ուղղեց, որ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին սեմին, Ծիծեռնակաբերդէն մինչեւ Օթթաուա եւ Տէր Զօր, հայութիւնը միասնակամութեամբ թափ տայ պահանջատիրութեան արշաւին: Խաժակ Արք. Յակոբեանի գօտեպնդիչ պատգամով վերջ գտաւ բողոքի ցոյցը:
ՖՐԱՆՍԱ
Ֆրանսայի երեք գլխաւոր քաղաքներուն՝ Փարիզի, Մարսէյի եւ Լիոնի մէջ հայութիւնը հանդէս եկաւ միասնական, կուռ եւ մեծաթիւ շարքերով, շարունակ արտայայտելով պահանջատիրական իր համոզումները: Մայրաքաղաք Փարիզի մէջ աւանդական ցոյցքայլարշաւը եղաւ մեծաթիւ շարքերով: Տասը հազար հայորդիներ ողողեցին հանրածանօթ »ՇանզþԷլիզէ« պողոտան՝ իրենց երթը սկսելով Կոմիտասի յուշարձանէն, Սենի ափէն, առաջնորդութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի փողերախումբին եւ սկաուտներուն: Ցոյցին մասնակցեցան Հայաստանի դեսպանը եւ Շարլ Ազնաւուր, շրջապատուած՝ քաղաքական աւելի քան տասնեակ մը ծանօթ ղեկավարներով եւ գաղութի հոգեւոր թէ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներով: Բազմաթիւ խօսքեր եւ ճառեր արտասանուեցան գաղութի ներկայացուցիչներուն թէ ֆրանսացի քաղաքական անձնաւորութիւններու կողմէ:
Ֆրանսահայ թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանի հոգեհանգստեան արարողութեամբ բացուած քայլարշաւին յաջորդաբար խօսք առին՝ ֆրանսահայ երիտասարդութեան անունով՝ Եղիշէ Կորիզեան, Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Հրաչ Վարժապետեան, Հ.Յ.Դ.ի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան, Ալֆորվիլի քաղաքապետ, երեսփոխան Ռընէ Ռուքէ՝ Ընկերվարական կուսակցութեան անունով, իշխող կուսակցութեան՝ Իւ.Էմ.Փէ.ի անունով՝ ՏիւփոնԷնիան, »Քալիֆորնիա Քուրիր«ի խմբագիր Յարութ Սասունեան, Ֆրանսայի Համայնավար կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ժաք Ֆաթ, Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետ, երեսփոխան Անտրէ Սանթինի եւ »Նուվել տþԱրմէնի«ի խմբագիր Արա Թորանեան: Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համադրող խորհուրդի կազմակերպութեամբ ցոյցը աւարտեցաւ Յաղթանակի կամարին (Arc de Triomphe) ներքեւ՝ ներկայութեամբ աւելի քան 25 երեսփոխաններու, քաղաքապետներու, ծերակուտականներու եւ զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, որոնք ծաղկեպսակներ զետեղեցին անծանօթ զինուորի յուշարձանին առջեւ եւ Ազնաւուրի մասնակցութեամբ վառեցին անմար կրակը: Տեղւոյն կիպրական, քրտական, յունական, ասորի եւ հրեայ համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ մասնակցեցան այս ձեռնարկներուն:
Սթրազպուրկի հրապարակին վրայ գտնուող »Զոհերու յուշարձան«ին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակի ոգեկոչում եւ ծաղկեպսակներու զետեղում: Ոգեկոչման ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Զօհրապ Մնացականեան, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի դատաւոր Ալվինա Կիւլիւմեան, Սթրազպուրկի քաղաքապետի ներկայացուցիչը եւ Աւետարանական, Կաթողիկէ, Անկլիքան եւ այլ եկեղեցիներու առաջնորդներ, հրէական եւ քրտական համայնքներու ղեկավարներ եւ այլ համայնքներու ներկայացուցիչներ: Ոգեկոչման ձեռնարկին յաջորդեց միջեկեղեցական Սուրբ պատարագի մատուցում՝ տեղւոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ:
Լիոնի հայահոծ արուարձան Տեսինի մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հաւաք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ, ներկայութեամբ մեծաթիւ հայորդիներու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու: Յաջորդաբար խօսք առին Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Հրաչ Վարժապետեան, քաղաքապետ Փիեռ Քրետոզ եւ երեսփոխան Ֆիլիփ Մէօնիէ: Լիոնի գլխաւոր հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հսկայական ցոյց, կազմակերպութեամբ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համադրող խորհուրդին, ներկայութեամբ մեծաթիւ քաղաքական անձնաւորութիւններու, գաղութի հոգեւոր եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու՝ մասնակցութեամբ հինգ հազար հայորդիներու:
Մարսէյի մէջ շուրջ հինգ հազար հայորդիներ թրքական դեսպանատան առջեւ կատարեցին մեծ ցոյց մը, ուր ներկայ էին մեծ թիւով ֆրանսացի քաղաքական անձնաւորութիւններ: Հայկական կազմակերպութիւններու անունով խօսք առաւ Մարսէյի քաղաքապետութեան խորհրդական Էլիան Գազանճեան: Մարսէյի քաղաքապետութեան անունով խօսք առաւ երեսփոխան Ռոլան Պլում, իսկ հարաւային Ֆրանսայի Շրջանային խորհուրդին անունով խօսք առաւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ Կարօ Յովսէփեան:
ԻՐԱՆ
Մեծ թիւով թեհրանահայեր համախմբուեցան Թեհրանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց Մեծ Եղեռնի յուշարձանին շուրջ՝ ծաղիկներով յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու համար, մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, նախագահութեամբ՝ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի: Կրօնական արարողութենէն ետք, տեղի ունեցաւ ծաղիկներու տեղադրման աւանդական արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Իրանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը եւ դեսպանատան անձնակազմը, համայնքի ազգային մարմիններն ու միութիւններու ներկայացուցիչները եւ թեհրանահայութիւնը: Ապա տեղի ունեցաւ երիտասարդական հաւաք: Ժողովուրդը կարգապահ եւ համախմբուած շարքերով ուղղուելով Ծիծեռնակաբերդը խորհրդանշող արձանին մօտ, կատարեց մոմավառութիւն:
Այդ համահաւաքին ընթացքին կիրարկուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. խօսք առին Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան եւ Առաջնորդ սրբազանը:
Դեսպան Առաքելեան ըսաւ. »Հայաստանի պետութիւնը հայ ժողովուրդը պաշտպան վահանն է: Վստահ եմ, որ Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր ժողովուրդը պիտի յաջողի զարմացնել բոլորը՝ Հայաստանի նուաճումները տեսնելով ամէնուրեք«:
Լեւոն Մկրտչեան ըսաւ. »Մենք կը հաւատանք եւ պիտի շարունակենք հաւատալ, որ անկախ Հայաստանը, առարենիքը եւ պետութիւնը: Երկրորդ, պէտք է կարենայ կռթնիլ համահայկական ներուժին եւ այդ մէկին հիման վրայ իր տեղը ապահովէ աշխարհի պետութիւններուն շարքին: Հայրենի պետութիւնը պէտք է հաւատարիմ մնայ ամբողջական Հայաստանի ունեցած երազին եւ այդ մէկը իբրեւ նշանաբան ունենալով պէտք է, որ քայլ առ քայլ մօտենայ մէկ ազգ, մէկ միասնական հայրենիք եւ մէկ միասնական կամք կարգախօսին…«: Ապա ներկաներուն, իր եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Սեպուհ արք. Սարգիսեան.. »Մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները երախտապարտ են ձեզի, որովհետեւ ձեր շնորհիւ է, որ ամբողջ աշխարհը ուզէ կամ չուզէ, օրին մէկը պիտի խոնարհի մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն դիմաց«:
Թաւրիզի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հաւաք: Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Նշան եպս. Թօփուզեան իր քարոզին ընդմէջէն պատգամ փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին: Եկեղեցական արարողութենէն ետք, բոլոր ներկաները համախմբուեցան Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Նահատակաց յուշարձանին շուրջ, ուր տեղի ունեցաւ ծաղիկներու մատուցում:
Նոր Ջուղայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, մեծ թիւով հայորդիներ, համախմբուելով յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին մեր նահատակներու յիշատակին: Հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի: Այդ արարողութենէն ետք, ժողովուրդը մոմերով ուղղուեցաւ Սուրբ Ամենափրկիչ վանք, ուր հայոց Մեծ Եղեռնի բիւրաւոր նահատակներու յուշարձանին մօտ տեղադրեց մոմերը: Կիրարկուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Իրանի խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Փեքլարեան այդ համահաւաքին ընթացքին իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, կարդացուեցաւ Մեծ եղեռնի 95րդ տարելիցը նշող յանձնախումբին խօսքը, որմէ ետք եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Բաբգէն եպս. Չարեան: Երեկոյեան «Արարատ« միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսական գեղարուեստական յայտագիր: Օրուան բանախօսն էր՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Ազգային ժողովի տնտեսական յանձնաժողովի եւ Հ.Յ.Դ.ի անդամ՝ Արա Նռանեան:
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ Ապրիլ 24ին, տեղի ունեցաւ բողոքի պահանջատիրական երթը դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն, Նէա Զմիռնիի Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանի մօտ հոգեհանգիստէն անմիջապէս ետք: Բողոքի պահանջատիրական երթը դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն ճամբայ ելաւ Սինտակմայի հրապարակէն, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան տեղադրած նկարներու ցուցադրութեան տաղաւարին առջեւէն: Հայ երիտասարդներու եւ պատանիներու առաջնորդութեամբ, երկար եռագոյն մը իրենց ձեռքին եւ բազմաթիւ հայկական եռագոյն եւ յունական ազգային փոքր դրօշակներով ու մեծադիր պաստառներով եռանդուն ցոյցը առաջնորդուեցաւ կեդրոնական պողոտայէն, անցնելով հելլէն խորհրդարանի առջեւէն:
Փոքրաթիւ պատուիրակութեան մը միայն արտօնութիւն տրուեցաւ, որ յառաջանայ մինչեւ դեսպանատան անկիւնը, ուր անգամ մը եւս արգիլուեցաւ, որ յուշագիրը յանձնուի թրքական դեսպանութեան: Ցուցարարներու անդրդուելի կեցուածքին դիմադրեցին ոստիկանութեան յատուկ ջոկատները: Պատուիրակութեան անդամները թրքական դեսպանութեան դէմ կանգնելով՝ բարձրաձայն կարդացին յուշագիրը:
Նշենք թէ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ երգահանդէս կատարուեցաւ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ ուտահար Հայկ Եազըճեան՝ իր նուագախումբով, ժողովրդային հայկական երգերու մեկնաբանութեամբ: Երեկոն հարստացուցին Համազգայինի պարախումբերու երիտասարդ անդամներուն պարերը, հայ եւ յոյն հարիւրաւոր հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Տիրա Ցուքալա նշեց, որ ամէն տարի Ապրիլ 24ին կ’ոգեկոչուի Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը՝ վառ պահելով այդ ոճրագործութեան զոհերուն յուշը: Այդ ծանր հետեւանքները մինչեւ այսօր իրենց զգացնել կու տան թէ° հայրենաբնակ, թէ° սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը միայն Հայաստանին վերաբերող խնդիր չէ. այլ ունի միջազգային բնոյթ:
ԿԻՊՐՈՍ
Քայլարշաւով ու հսկումով, կիպրահայութիւնը միասնականութեամբ ու պահանջատիրական բարձր տրամադրութեամբ նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակը: Երիտասարդներու եւ պատանիներու մասնակցութեամբ քայլարշաւը սկսաւ Նիկոսիոյ կեդրոնի հրապարակէն: Ժողովուրդը, ու բոլորը միասին տպաւորիչ շքերթով հասան Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի՝ նահատակաց յուշարձանին առջեւ: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք խօսք առաւ Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան՝ ըսելով, որ մէկուկէս միլիոն հայերու նահատակութենէն ահա անցած են 95 տարիներ, երեք անգամ փոխուած են սերունդները, բաւական ճամբայ կտրած ենք, սակայն »Ճամբան դեռ երկար է«, եւ այդ ճամբան դժուար է եւ ականուած տեսանելի թէ աներեւոյթ բազմաթիւ եւ բազմապիսի վտանգներով: Վտանգներ, որոնք տարուէ տարի եւ նոյնիսկ օրէ օր կը բազմանան՝ լուրջ պատասխանատուութեան տակ դնելով հայրենի պետութիւնները, հայաստանեայց եկեղեցին, սփիւռքը իր բազմատեսակ կազմակերպութիւններով եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները անխտիր: Սրբազանը յորդորեց ժողովուրդին՝ կառչած մնալու միասնականութեան եւ Պահանջատիրութեան, նախապայմաններ, որոնք երաշխիքն ու բանալին կը հանդիսանան մեր յաջողութեան ու վերջնական յաղթանակին՝ նահատակներո°ւ յաղթանակին:
Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 24ին Նիկոսիոյ »Փասիտի« սրահին մէջ: Հանդիսութիւնը կը վայելէր բարձր հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեանի: Ներկայ էին նաեւ երեք նախարարներ (Արտաքին Գործոց, Պաշտպանութեան, Հաղորդակցութեան եւ Շինարարութեան):
Օրուան բանախօսն էր Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, երեսփոխան Եոաննիս Քասուլիտիս, որ հայութեան ներկայացաւ բովանդակալից խօսքերով:
Անդրադառնալէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր ճանաչման 95ամեայ պայքարի պատմականին, ան ըսաւ. »Նկարագրելը, թէ հայու մը համար ինչ կը նշանակէ 191518ի Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն դժուար է, այլ՝ անկարելի: Նոյնիսկ կիպրացի յոյնի մը համար, որուն կեանքը ձերինին նման է եւ հայ համայնքին հետ շփման փորձառութիւնն ու գիտակցութիւնը ունի:
Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմումին, ու ըսաւ. »Իրականութիւն է, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ անդամակցութեան դիմաց իբրեւ իրաւական պայման դրուած չէ: Ասոր պատճառած յուսախաբութենէն անկախ սակայն, ես համոզուած եմ, որ հայկական հարցը կրնայ եւ պէտք է իրեն արժանի առաջնահերթութեան դերը ունենայ անդամակցութեան բանակցութիւններուն մէջ: Ատիկա ապահովելը կախեալ է՝ մեր բոլորէն՝ հայկական համայնքներէն, եւրոպայի քաղաքացիներէն, քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդներէ: Չմոռնանք, թէ Թուրքիոյ անդամակցութեան վերջնական վաւերացումը միայն 27 կառավարութիւններէն եւ Եւրոպական խորհրդարանէն չէ որ կþանցնի, այլ նաեւ՝ 27 ազգային խորհրդարաններէն: Պարագայ մը, որ իւրաքանչիւր երկրի քաղաքացիներուն յաւելեալ ճնշումի միջոց մը կու տայ եւ առիթ՝ այս կարեւոր հարցին նկատմամբ կարծիք յայտնելու«:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեանի խօսքով, որ մէկդի ձգելով իր պատրաստուած խօսքը, իբրեւ հայ եւ իբրեւ կիպրացի, հայրենասիրական խոր ապրումով դրուատեց հայկական ու կիպրական միացեալ պայքարը, զոր պիտի շարունակենք անդուլ ու անվհատ՝ մինչեւ յաղթանակէ արդարութիւնը եւ հատուցուին զոհերը:
Կիպրոսի քաղաքական կուսակցութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակին առիթով կատարած են յայտարարութիւններ, որոնց մէջ կը դատապարտեն 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ իրենց համերաշխութիւնը կը յայտնեն հայ ժողովուրդին:
ԻՏԱԼԻԱ
Հռոմի հայ կաթողիկէ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակը, Ապրիլ 24ին: Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին նախագահութեամբ Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Յովսէփ Ծ. վրդ. Քելեքեան: Պատարագի աւարտին ժառանգաւորներու կողմէ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին երգուեցան »Կիլիկիա«, »Տըլէ եաման«, »Տէր կեցո դու զհայս« եւ »Բարի արագիլ« երգերը եւ ջութակի ընկերակցութեամբ նուագուեցաւ »Կռունկ« երգը: Օրուան պատգամը փոխանցեց հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ պէտք չէ մոռնանք յարգել մեր նահատակները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին հայ եւ քրիստոնեայ մնալու համար: Ան շարունակեց ըսելով, որ կարելի չէ Հայոց ցեղասպանութիւնը նմանցնել ուրիշ դէպքերու եւ պէտք է զայն ամենայն կարեւորութեամբ նշել: Ձեռնարկին յաջորդեց հոգեհանգստեան պաշտօն՝ եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակին զետեղուած խաչքարին շուրջ, ուր խօսք առաւ Էմմանուէլ Ալիպրանտի՝ իտալերէնով բացատրելով օրուան պատգամը: Նաեւ իտալերէնով ընթերցուեցան, Ցեղասպանութեան մասին քաղաքական անձնաւորութիւններու վկայութիւնները: Խօսք առաւ նաեւ Ռուանտայի համայնքի ներկայացուցիչը, որ յուզումով գնահատեց հայութեան տարած աշխատանքները եւ քաջալերեց պայքարի շարունակումը՝ մինչեւ իրաւունքներու հատուցման օրը: Խօսք առին նաեւ Հռոմի քաղաքապետարանի ընդհանուր ներկայացուցիչը՝ Ֆետերիքօ Ռոքա եւ Հռոմի առաջին քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ Քարլօ Իմփերի, որոնք հաստատեցին, որ հաստատ պիտի մնան իրենց դիրքերուն վրայ եւ պիտի աջակցին Հայ Դատին ու պահանջատիրութեան:
Հռոմի քահանայապետական վարժարանի մուտքին զետեղուած խաչքարին շուրջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետին եւ անոր ընկերակցող շքախումբին, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեանի ներկայութեամբ:
Հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Գառնիկ վրդ. Մխիթարեան. ներկայ էր նաեւ Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր հայր Յովսէփ Ծ. վրդ. Քելիքեան: Հայր Մխիթարեան խօսք առնելով նշեց, որ Ցեղասպանութիւնը մոռացութեան պէտք չէ մատնել: »Թուրքն ու ամբողջ աշխարհը չարաչար կը սխալին, եթէ կը կարծեն, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ձգձգելով պիտի կարենան մոռացութեան մատնել զայն«: Ան ըսաւ, որ սփիւռք եւ Հայաստան միասնաբար պիտի շարունակեն պայքարիլ Հայ Դատի օգտին: Ան իր խօսքը եզրափակեց նշելով, որ Մեծ Եղեռնը մեզի յարութեան դասեր կու տայ, եւ փաստօրէն մենք այսօր կանք եւ կը խոնարհինք Ցեղասպանութեան զոհերուն անմառ յիշատակին առջեւ: Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ ձեռնարկը վերջ գտաւ պահպանիչով:
ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ
Աւստրալիոյ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, Ապրիլ 18ին, բողոքի ցոյց մը կազմակերպեց՝ ընդդէմ թրքական կառավարութեան որդեգրած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու քաղաքականութեան: Շուրջ հինգ հարիւր հայորդիներու մասնակցութեամբ կայացած ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ասորիներ եւ յոյներ: Միւս կողմէ Ցուցարարներ բարձրացուցած էին լոզունգներ. »1915, այլեւս երբեք«, »Թուրքիան մեղաւոր է, Թուրքիան պէտք է պատասխան տայ«, »Մենք արդարութիւն կը պահանջենք«, »Ցեղասպանութիւնը փաստ է« եւ այլ կարգախօսներ կրող պաստառներ: Տեղական լրատուամիջոցները լայնօրէն անդրադարձան այս ցոյցին, մանաւանդ որ հարիւր թուրքեր եւ ազերիներ փորձած էին խանգարել ցոյցը, սակայն Սիտնիի ոստիկանները արգիլած են բախումի մը արձանագրութիւնը:
ԱՐԺԱՆԹԻՆ
Արժանթինի Խտրականութեան, օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ ազգային հիմնարկին հովանաւորութեամբ, Հինգշաբթի, 22 Ապրիլի երեկոյեան, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մեծ շուքով յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակը, Արժանթինի Ծերակոյտի »Մանուէլ Պելկրանօ« սրահին մէջ:
Հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, նախ խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Արժանթինի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ տոքթ. Յակոբ Թապագեան, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութիւնը՝ շեշտելով արժանթինեան իշխանութիւններուն շարունակ աջակցութիւնը այս ուղղութեամբ:
Ապա ցուցադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած ծերունիի մը վկայութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ մը, որմէ ետք իրենց պատգամը ուղղեցին դատախազ Տանիէլ Ռաֆեքաս, 1976 թուականի բռնատիրական կառավարութեան ժամանակ առեւանգուած մանուկները վերագտնելու պայքար մղող »Ապուելաս տէ Փլասա տէ Մաժօ« (Փլասա տէ Մայոյի մեծ մայրեր) մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան նախագահ Էսթելա Քարլոթօ, Խտրականութեան, օտարատեացութեան եւ ցեղասպաշտութեան դէմ ազգային հիմնարկի փոխնախագահ Փետրօ Մուրատեան, Արժանթինի նախկին նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսինի զաւակ եւ Հայ Դատի բարեկամ, երեսփոխան Ռիքարտօ Ալֆոնսին, եւ ծերակուտական Տանիէլ Ֆիլմուս: Երկրի նախագահ Քրիստինա ՖերնանտեսՔիրչների պատգամը փոխանցեց Կիյերմօ Օլիվէրի:
Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան, Հայաստանի Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեան, նախկին դատախազ տոքթ. Լէոն Քարլոս Արսլանեան, տոքթ. Լէանտրօ Տեսփուի, Խտրականութեան, օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ ազգային հիմնարկի նախագահ Քլաուտիօ Մորկատօ, երեսփոխան Միկել Պառիոս եւ մեծ թիւով դիւանագիտական, քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային անձնաւորութիւններ:
ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ
Ապրիլ 24ին, Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիքա, եւ կրթութեան ու մշակոյթի նախարար Ռիքարտօ Էհրլիչ, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններ ու հոծ բազմութիւն մը, ներկայ գտնուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակի յիշատակումին, որ տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի »Արմենիա« հրապարակին մէջ: Նախագահը բացումը կատարեց 19151923ին Թուրքիոյ կողմէ զոհ գացած աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայ նահատակները յիշատակող յուշարձանին՝ Հայաստանէն բերուած խաչքարին: Այս առթիւ, տեղւոյն համայնքը ծաղկեպսակ մը զետեղած էր Անկախութեան հրապարակը գտնուող ազատարար Խոսէ Խերվասիօ Փոսատասի յուշարձանին առջեւ:
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ
Ապրիլ 24ի առաւօտեան, Կալկաթայի Սուրբ Նազարէթ Մայր եկեղեցւոյ բակը գտնուող յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակին նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն աբղյ. Յովհաննէսեանի, Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արա Յակոբեանի, եկեղեցւոյ վարչութեան, ճեմարանականներու եւ հնդկահայերու մասնակցութեամբ: Արարողութեան յաջորդեց ծաղկեպսակներու եւ ծաղիկներու զետեղում: Երեկոյեան տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը՝ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի սաներուն մասնակցութեամբ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց հնդկահայ յայտնի երգիչ Շէյն Հայրապետ: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Կալկաթայի կաթողիկէ արքեպիսկոպոսը:
Խօսք առին Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանը եւ հայր Խորէն: Վերջինս իր խօսքին մէջ ըսաւ. »Ամբողջ ազգ մը խաչուեցաւ հայ մնալու համար: Թուրքերուն ժխտողական կեցուածքը թոյլ չի տար, որ մեր վէրքերը սպիանան. տակաւին կ’արիւնի այդ վէրքը…«: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն, մասնաւորապէս ճեմարանականներուն, ուխտելու յարատեւ պայքարիլ՝ խորտակելու համար թրքական ժխտողականութիւնը:
ԻՐԱՔ
Հայաբնակ քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ Ցեղասպանութեան զոհ գացած նահատակներուն նուիրուած հանդիսութիւններ տեղի ունեցան:
Պաղտատի մէջ երկար տարիներէ ի վեր Ապրիլ 24ի ոգեկոչումը տեղի կ’ունենայ մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր կը համախմբուին պաղտատահայ բոլոր կազմակերպութիւններն ու ժողովուրդը եւ միասնաբար ոգեկոչումը կը կատարեն: Հակառակ տիրող ապահովական աննպաստ պայմաններուն, խուռներամ ժողովուրդը եկած էր Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդարանիստ Մայր եկեղեցիներ յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակին. նախ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ, պատարագիչն էր Իրաքահայոց առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան: Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ մէջ գործադրուեցաւ օրուան պատշաճ յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ դպրաց դասի երգչախումբին, Ազգային վարժարանի աշակերտութեան եւ համայնքին մէջ գործող բոլոր միութիւններուն:
Օրուան պատգամախօսն էր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ ըսաւ. »Յիշենք արիւնոտ այն տարիները, երբ օր ցերեկով հայ ժողովուրդի ոխերիմ թշնամին մորթոտեց աշխարհի առաջին Քրիստոնեայ պետութիւն հանդիսացող մերազն զաւակները՝ կործանելով Արեւմտեան Հայաստանի շէն ու շէնշող գիւղերն ու քաղաքները, հիմնայատակ աւերելով մեր ճարտարապետական կոթողները, ամէն քայլափոխին տարածելով կոտորած ու արիւն, թշուառութիւն ու մահ«:
Եկեղեցիին մէջ գործադրուած յայտագիրէն ետք թափօր կազմուեցաւ դէպի Ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքարկոթողը, որ եկեղեցւոյ կից տարածքին մէջն է: Բոլոր կազմակերպութիւններէն բերուած ծաղկեպսակներուն զետեղումէն ետք յուշակոթողին մօտ »Մեր հայրենիք«ով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:
Ցեղասպանութեան այս հաւաքին, հանդիսութեան եւ պատարագին ներկայ էին մօտաւորապէս հազար անձ մեր ժողովուրդէն, ազգային միութիւններու ներկայացուցիչները եւ պետական անձնաւորութիւնները:
ՌՈՒՍԻԱ
Ապրիլ 23ին, կազմակերպութեամբ Սոչիի Ռուսիոյ հայերու միութեան, Լազարեւսքիի Վոլքոնքա գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ջահերով քայլարշաւ:
Այս քայլարշաւի նպատակն էր ռուս հասարակութիւնը եւ Սոչի բնակող տարբեր ազգերը իրազեկ դարձնել Ցեղասպանութեան վերաբերեալ պատմական իրականութեան: Սոչիի մէջ հրապարակուող »Հայկական Լրաբեր« թերթի գլխաւոր խմբագիր Անահիտ Անտոնեան յայտնեց թէ, նախապէս ծրագրուած այս երթը սկիզբ առաւ Ատլերի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակէն, ուրկէ հայազգի երիտասարդները, համախմբուած մեկնեցան դէպի Սոչի: Հոն, անոնց միացան այլ հայորդիներ, որոնք միասնաբար շարունակեցին իրենց քայլարշաւը դէպի Լուօ:Ապա անոնք հասնելով Վոլքոնքա իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին 1915ին Մեծ Եղեռնին նահատակուած զոհերու յիշատակին կառուցուած յուշարձանին դիմաց: Ապա ներկաները, »Երկրամաս« թերթի գլխաւոր խմբագիր Տիգրան Թաւադեանի կողմէ պատրաստուած յատուկ վիտէօերիզը դիտեցին մեծ յուզումով: Սոչիի անուանի մէկ պատկերասփիւռի կայանէն ցուցադրուեցաւ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան մասին քսան վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական ժապաւէն մը:
ՈՒՔՐԱՅԻՆԱ
Ուքրայինայի Չերքասքի շրջանի քաղաքային խորհուրդը դիմած է Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի եւ երկրին խորհրդարանին՝ Օսմանեան Թուրքիոյ նախորդ դարասկիզբին իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը օրէնսդրութեամբ ճանչնալու եւ դատապարտելու համար: Խորհուրդը հերթական նիստին ընթացքին այս որոշումը կայացած է՝ հիմնուելով քաղաքային խորհուրդի հայազգի անդամ Արայիկ Մկրտիչեանի, »Արարատ« հայկական միաւորման եւ հայկական առաքելական եկեղեցւոյ Չերքասքի հոգեւոր առաջնորդին դիմումներուն վրայ: Երկրին ղեկավարութեան ուղղուած դիմումին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, թէ այս տարի կþամբողջանայ 95րդ տարելիցը Հայոց Մեծ Եղեռնին, որուն 19151923 տարիներուն զոհ գացած են շուրջ 1.5 միլիոն հայեր: »Հայերու Ցեղասպանութիւնը 20րդ դարասկիզբի առաջին ոճրագործութիւնն էր մարդկութեան նկատմամբ՝ ուղղուած ամբողջ ժողովուրդի մը ցեղային բնաջնջման: Շատ երկիրներ այդ ջարդը որակած են Ցեղասպանութիւն: Ուքրանական պետութիւնը, իբրեւ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան ջատագով, ցաւօք, մինչեւ այսօր պաշտօնապէս չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը«, նշուած է դիմումին մէջ:
ՔՈՒԷՅԹ
Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր Սուրբ պատարագ մատուցեց, Կորիւն Արք. Պապեան, որ յաւուր պատշաճի քարոզեց: Ան անդրադարձաւ հայժողովուրդի կրած տառապանքներուն, դժբախտութիւններու ու ողբերգական Մեծ Եղեռնին:
Քանի մը հարիւր հայորդիներ միասնաբար հաւաքուած էին, ոգեկոչելու մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը: Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Քուէյթի Ազգային վարժարանի շրջափակին մէջ համախմբուած Քուէյթի հայ երիտասարդութիւնը իր մեծաթիւ ներկայութեամբ հաւաքաբար շեշտեց, որ ինք Հայ Դատի ջահակիրն է ու պիտի պայքարի յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման ու միասնաբար յայտարարեց անմար պայքար: Երիտասարդները սոյն հաւաքով իրենց բողոքը կþարտայայտէին ընդդէմ վայրագ թուրքին, որ մինչեւ օրս կը մերժէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կը դիմէ ամէն անարգ միջոցի՝ ձախողութեան մատնելու Հայ Դատի յանձնախումբերուն տարած աշխատանքը:
Երիտասարդութեան կողքին բազմութիւն մը հաւաքուած էր՝ ոգեկոչելու Մեծ Եղեռնի զոհերու անմեռ յիշատակը: Հսկումին, բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ միութեան վարչութեան ատենապետ՝ Գէորգ Յովակիմեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ թէ Հ.Յ.Դ. կը մերժէ ամէն տեսակի իրաւունքներու զիջում եւ պիտի շարունակէ պայքարիլ իր լայն շարքերով՝ ամէն անարդարութեան դէմ: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց՝ ըսելով. »Եկէ°ք միասնաբար բարձրացնենք մեր պահանջատիրական աղաղակները, թող համայն աշխարհը գիտնայ, որ հայը կայ ու կը մնայ եւ կը պահանջէ իր դարաւոր իրաւունքը, կրկին նորոգենք մեր ուխտը, վերամրապնդենք մեր շարքերը ու հաւատացէ°ք, որ կը հասնինք, մենք կը հասնինք սրբազան Արարատի կատարին«:
Խօսք առաւ Պօղոս Մարտիրոսեան, որ փոխանցեց Հայ Դատի յանձնախումբի խօսքը: Ան ըսաւ, թէ ապրիլեան իրողութիւնը սովորական բառերով նկարագրելու փորձերը պիտի չյաջողին երբեք. վաղուց անցած է այն պահը, երբ ապրիլեան յիշատակի ոգեկոչումը լաց ու կոծի շրջագիծէն դուրս եկած՝ նոր գոյն եւ նոր մարմին հագած է: Անդրադառնալով Հայ Դատի աշխատանքներուն՝ ան համառօտ կերպով ներկայացուց Հայ Դատի աշխատանքներու բնոյթը եւ ծաւալած իրագործումները: Աւարտին բեմ բարձրացաւ Կորիւն Արք. Պապեան՝ փոխանցելու օրուան խորհուրդը: Ան բարձր գնահատեց հսկման երեկոն կազմակերպող կեդրոնական յանձնախումբի տարած աշխատանքը նաեւ երիտասարդները, որոնք տքնաջան աշխատանքով իրականացուցած էին սոյն երեկոն: Ան նաեւ յիշեց, որ ժողովուրդը պէտք է շարունակէ յարատեւ պայքարիլ ու միակամ շարքերով պահանջել իր իրաւունքները: