Հ.Օ.Մ.-ի Ամանորեան Թալիշի Եւ Մատաղիսի Փոքրիկներուն

0 0
Read Time:1 Minute, 26 Second

 Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորի անդամները Դեկտեմբեր 25-ին այցելեցին Արցախի սահմանամերձ Մատաղիս եւ Թալիշ համայնքները եւ ամանորեայ նուէրներ յանձնեցին տեղւոյն աշակերտներուն ու մանկապարտէզներու սաներուն:

Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու եւ անհատ բարերարներու հովանաւորութեամբ՝ գրենական պիտոյքներ, խաղալիքներ, անձնական մաքրութեան միջոցներ, քաղցրեղէն ու հագուստի զանազան պարագաներ պարունակող տուփերը փոխանցուեցան յիշեալ երկու համայնքներու փոքրիկ բնակիչներուն:

Թալիշի նորակառոյց միջնակարգ դպրոցի ուսումնական տարին մեկնարկեց այս տարուան Նոյեմբեր 4-ին. ներկայիս այնտեղ ուսում կը ստանան 26 աշակերտներ:

Հ.Օ.Մ.-ի Արցախի միաւորի վարչութեան եւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամները մասնակցեցան Մատաղիսի եւ Թալիշի դպրոցներու ամանորեայ գեղեցիկ հանդէսներուն, որոնց ընթացքին նուէրներ բաժնեցին բոլորին։

Հ.Օ.Մ.-ի Արցախի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան նշեց, որ վերջին անգամ Հ.Օ.Մ.-ը Մատաղիս եւ Թալիշ այցելեց Դեկտեմբեր 2015-ին, ապրիլեան պատերազմէն քանի մը ամիս առաջ, եւ ներկայիս մեծապէս ուրախ են՝ դարձեալ տեսնելու աշակերտներուն աշխուժութիւնը եւ եռուզեռը դպրոցներուն մէջ: «Դուք մեր հիւսիսային սահմանի պատուարն էք, մենք ձեր շնորհիւ ենք հանգիստ ապրում, որովհետեւ գիտենք, որ մեր հիւսիսային սահմանն անառիկ է: Ապրելով այս սահմանային գիւղում դուք ուժ էք տալիս մեզ բոլորիս», շեշտեց Արմինէ Յարութիւնեան:

Մատաղիսի միջնակարգ դպրոցը ներկայիս ունի 106 աշակերտներ: Ըստ Դպրոցի տնօրէն Գեղամ Աղաջանեանի՝ վերջին տարիներուն, գիւղին դպրոցականներուն թիւը գրեթէ չէ փոխուած: Ըստ անոր՝ Հ.Օ.Մ.-ը մնայուն կերպով կապի մէջ է դպրոցին հետ եւ կ՛աջակցի անոր։

«Երեխաները շատ են ոգեւորւում, երբ զգում են, որ սահմանին մենակ չեն: Իսկ 2016-ի Ապրիլից յետոյ բոլորը շատ կարճ ժամանակում վերադարձել, լծուել են իրենց առօրեայ հոգսերին: 2007թ. շահագործման յանձնուած դպրոցը ապրիլեան պատերազմի ժամանակ բաւականին վնասուել էր: Կանադահայութեան միջոցներով շատ կարճ ժամանակում այն վերանորոգուեց, եւ Սեպտեմբերից ամբողջովին հիմնանորոգուած դպրոցում էինք դասեր անում: Եւ աշակերտները դպրոցի «վէրքերը» չտեսան», յայտնեց Գեղամ Աղաջանեան՝ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով գանատահայ Մկրտիչ Մկրտչեանին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles