Համացանց եւ Ընկերային Ցանցեր՝ Դէպի Ո՞ւր

0 0
Read Time:5 Minute, 45 Second

Տէր Թորգոմ Քահանայ Չորպաճեան

Ուստըր, Մասաչուսէց

Կար ժամանակ, երբ մարդկային յարաբերութիւնները այնքան պարզ էին եւ այնքան անմիջական, որ հարցը երբեք անոնց տեսակին կամ որակին հետ առնչութիւն չունէր, որքան բովանդակութեան, խօսուած նիւթերուն եւ առհասարակ ընդհանուր ոգիին: Հիմա այնպիսի ժամանակի մը մէջ ենք, ուր մարդկային յարաբերութիւնները՝ իրենց տեսական իմաստով ու մանաւանդ ներկայացուցած պատկերով, ո՛չ միայն յեղաշրջում ապրած են, այլ իսկական յեղափոխութիւն, որ անպայման պիտ ազդէ ո՛չ միայն առհասարակ մարդկային յարաբերութիւններու հասկացողութեան, այլ նոյնիսկ մեր գոյութեան ինչութեան եւ իմաստին:
Նորութիւն մը չէ պատահածը: Մարդկային հաղորդակցութեան միջոցները միշտ նոյնը չէ որ մնացած են: Հազար տարի առաջ մարդկային հաղորդակցութիւնը տարբեր էր բաղդատմամբ ո՛չ միայն այսօրուան իրականութեան, այլ նոյնիսկ քանի մը հարիւր տարի առաջ եղածին: Այնքան ատեն որ մարդկային միտքը կը բանի եւ ամէն մակարդակներու վրայ նոր իրագործումներու պատճառ կ՚ըլլայ, անոր հետ նաեւ պիտի փոխուի ամէն բան, որ կ՚առնչուի մարդ-աշխարհ ու մարդ-մարդ յարաբերութիւններուն: Ինչո՞ւ համար, սակայն, մտահոգութիւնը, որ շատ մը մարդիկ կ՚ունենան ի տես ընկերային ցանցերու եւ համացանցի միջոցաւ մարդկային յարաբերութիւններուն եւ հաղորդակցութեան նորութեան: Միթէ այս մէկը մարդկային յառաջդիմութեան ու նորութեան հետամուտ ըլլալու տուրքերէն մին չէ՞:
Հարցը քիչ մը տարբեր է այս պարագային: Նախապէս հաղորդակցութիւնը, որքան ալ տարբեր ըլլար եւ անցեալին բաղդատելով՝ նոր, իր մէջ տակաւին ունէր յատկութիւն մը, որ բնաւ չէր փոխուէր: Անիկա ըլլար լրաբեր աղաւնի, սուրհանդակ թէ նամակ՝ միեւնոյն է, միջոց մըն էր միայն: Նոյնիսկ երբ տան ու յետագային բջիջային հեռաձայնները հաղորդակցութեան գլխաւոր միջոց եղան, տակաւին չէին զիջեր բունին, այսինքն՝ մարդկային բնական կապին: Համացանցի գալուստով, որ անշուշտ բարիք մըն է ու միաժամանակ երկսայրի սուր, կ՚ակնկալուէր արագութիւնը հաղորդակցութեան միջոցներուն: Եւ այդ է որ պատահեցաւ: Յետագային ծնունդ առին ընկերային տարբեր ցանցեր, որոնք նոյն ուղիին է որ կը հետեւէին ու կը խոստանային նոր բարիքներ: Ի՞նչ պատահեցաւ:
Ճի՛շդ է, խոստացուածը կատարուեցաւ: Մարդիկ վերագտան իրենց նախկին ընկերները, բարեկամներն ու դրացիները՝ օգտագործելով ընկերային ցանցերուն առաւելութիւնները: Ճի՛շդ է, շատ մը հաստատութիւններ եւ կառոյցներ կ՚օգտագործեն նոյն ցանցերը, իրենց խօսքն ու պատգամը ուղղելու երիտասարդութեան ու քիչ մըն ալ բոլոր տարիքի մարդոց: Սակայն այս ընթացքին բան մը տեղի ունեցաւ. հաղորդակցութեան այս միջոցը սկսաւ դառնալ նպատակ ու ամէն բանի հանդիսավայր:
Այսօր ընկերային ցանցերը վերածուած են իրենց օրէնքներով եւ մշակոյթով կառավարուող աշխարհի: Մարդիկ իրենց ամբողջ կեանքը կը տեսնեն անոնց մէջ: Մարդիկ այնքան կապուած են անոնց, իբրեւ թէ անոնք ինքնութիւն մատակարարող եւ սնուցանող աղբիւրներ ըլլային: Բայց կը թուի թէ այդ հանգրուանը արդէն գլած-անցած ենք: Ինչ որ ստեղծուած էր իբրեւ բարիք՝ մարդիկ իրարու մօտեցնելու եւ արագութեան դարէն օգտուելու, սկսած է վերածուիլ չարիքի, որ իր մէջ կը կլանէ մարդկային բոլո՛ր ընկերութիւնները, առանց որեւէ խտրութեան: Երբ բան մը, որ կոչուած է ըլլալու պարզ միջոց, կը դառնայ այնպիսի նպատակ, որմէ կախեալ կ՚ըլլայ մեր ուրախութիւնը, որուն կապուած կ՚ըլլայ մեր տրամադրութիւնը եւ որուն վրայ կը հիմնուի մեր յոյսը, կը նշանակէ թէ սխալը վար գլորած է ու հսկայ ձիւնագնդակի վերածուած:
Այս չարիքներէն մէկը անգլերէն կը կոչուի «վախ՝ մոռցուելու վտանգէ», եւ անիկա կ՚առնչուի բազմամիլիոն մարդոց այն մտայնութեան, ըստ որուն եթէ ուրիշներ նկար, տեղեկութիւն կամ յատուկ գրութիւններ կը տեղադրեն ընկերային ցանցերու մէջ, ուրեմն կարեւոր բան մը կը պակսի դիտորդներու կեանքին մէջ: Սա կը նշանակէ, թէ իրենց կեանքը դատարկ է եւ ո՛չ մէկ արժէքաւոր ու մնայուն բաներով լեցուն: Այս տագնապը ունեցողները կը կարծեն թէ իմաստալից եւ ուրախ կեանք ունենալու համար, պէտք է որ ուրիշներուն նման միշտ ու մնայուն ներկայութիւն ըլլան ընկերային ցանցերուն մէջ: Եւ հետեւանքը կ՚ըլլայ մեր անձնական կեանքերը փոխադրել ընկերային ցանցերու աշխարհ, բան մը որ մեզ տակաւ առ տակաւ կը հեռացնէ մարդկային, բնական եւ կենդանի հաղորդակցութենէն, առանց որուն կարեւոր բան մը պակսած կ՚ըլլայ մեր կեանքերուն եւ ինքնութեան մէջ:
Վերեւ յիշուած մտածումին դիմաց ոմանք կրնան հարց տալ եւ ըսել. «մեզի ի՞նչ»: Այո՛, մեզի ինչ, եթէ հարցը չ՚ունենար իր անախորժ եւ վտանգաւոր հետեւանքները: Երբ վերջին ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան թէ երիտասարդներու մէջ անձնասպանութեան եւ իր սեփական անձը վտանգի ենթարկելու համեմատութիւնը աճած է, երբ այս բոլորին մէջ կը յիշուին ընկերային ցանցերու դերն ու տեղը՝ իբրեւ ուղղակի ազդեցութիւն, ալ կարելի չէ ձեռնածալ մնալ կամ լաւագոյն պարագային «ամէն մարդ ազատ է» արտայայտութիւնը ունենալ: Եթէ ընկերային ցանցերու լայն գործածութիւնը սկսաւ արհեստագիտական նորարարական շարժումներու եւ յատուկ մշակոյթի իբրեւ պտուղ, ուրեմն պէտք է հաւաքական գիտակցութիւնը արթնցնել եւ անոր դիմաց ստեղծել այնպիսի մշակոյթ եւ մտայնութիւն, յայտարարելով թէ կեանքը ընկերային ցանցերէն դուրս աւելի երջանիկ է, մարդկային կենդանի յարաբերութիւնները՝ դրական, եւ մարդուս անմիջական միջավայրն ալ արժանի մեր ուշադրութեան:
Անոնք որոնք կը կարծեն, թէ ընկերային ցանցերը մարդոց կ՚օգնեն աւելի ընկերային դառնալու եւ հաւաքականութեան շահերն ու արժէքները հետապնդելու՝ չարաչար կը սխալին: Ընկերային ցանցերը այնպիսի մթնոլորտ կը ստեղծեն, ուր մարդիկ դիւրաւ զանազան դիմակներու ետին կանգնած՝ շինծու եւ ինքնահնար աշխարհներ եւ ինքնութիւններ կը յերիւրեն եւ իրենց բարեկամներուն եւ «ընկերներուն» այդ բոլորով կը հրապուրեն: Այս պատճառով, շատեր կան որոնք մեծ յուսախաբութիւն կ՚ապրին, երբ ընկերային ցանցերու ընդմէջէն իրենց ճանչցած անձը ամբողջութեամբ տարբեր կը թուի՝ ե՛ւ իբրեւ արտաքին պատկեր, ե՛ւ իբրեւ նկարագիր:
Ընկերային ցանցերու մէկ այլ ժխտական երեսը մարդս «հռչակաւոր» դարձնելու եւ այդ սին յոյսերով ու խաբուսիկ պատկերով հրճուելու յայտկութիւն տալն է: Մարդիկ անձնական եւ խմբային նկարներ կը տեղադրեն, յատկապէս սէլֆիներ, որ վերջին հոգեբանական ուսումնասիրութիւններու համաձայն, այս դարու եսապաշտութեան գերագոյն արտայայտութիւնն է: Այս ձեւով մարդիկ կը կարծեն որ իրենք դարձած են նշանաւոր, ճանչցուած՝ հազարաւոր «բարեկամներու» եւ «ընկերներու» կողմէ: Նախապէս, կարելի էր ենթադրել, թէ հռչակ ունենալն ու մարդոց կողմէ ճանչցուիլը կախեալ էր անձի մը իսկական որակէն եւ ունեցած ներդրումէն: Հիմա, սակայն, անիկա կը թուի կախեալ ըլլալ անձին ունեցած «բարեկամներու» եւ «ընկերներու» թիւէն, հրապարակ նետած անձնական կեանքի ամէնէն անհեթեթ եղելութիւններէն ու նկարներէն, ինչպէս նաեւ աջէն-ձախէն քաղուած եւ տեղադրուած հազար ու մէկ մտածումներէն-մէջբերումներէն, շատ անգամ տեղադրող անձին կողմէ իսկ ոչ լրիւ կարդացուած եւ հասկցուած:
Ընկերային ցանցներու եւ համացանցի գործունէութեան, եթէ կարելի է այս բառը գործածել, ամէնէն ախտաժէտ երեւոյթը մարդուն իբրեւ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած արարածի արժէքի անկումն է: Համացանցի եւ ընկերային ցանցերու մարդը՝ յատուկ եզրերով եւ սահմաններով մարդն է, գեղեցիկ նկարի մը պէս, որ սակայն ոչինչ կ՚ըսէ այդ անձին ներաշխարին եւ ինքնութեան տարբեր գաղտնիքներուն մասին: Այս առիթով, Ճան Կորքի իր «Facebook and the End of Civilization» յօդուածին մէջ կը գրէ. «Դիմատետրը, մարդիկը ուրուագիծ-նկարի (profile) մէջ պարփակելով, կարելի դարձուցած է ընել այն, ինչ որ անկարելի էր որեւէ դար, բացի մերինէն: Հիմա կարելի է ուրիշին մասին մտածել իբրեւ առարկայ, գեղեցիկ պատկեր կամ պարզապէս գործիք»: Երբ «ընկերներու» քանակը կ՚աճի, բայց ճիգ չէ թափուիր որակին ու մտերմութեան առջեւ կանգ առնելու՝ ալ ի՛նչ ընկերութիւն եւ բարեկամութիւն: Երբ «ընկեր» ունենալու ամբողջ նպատակը մնայուն կերպով իմ մտածումներս եւ նկարներս սիրելն է, եթէ բարեկամութեան կորիզը կը կազմէ իմ մուտքիս ու ելքիս դրական արտայայտութիւններ՝ ուրեմն երեւակայեցէք այս յարաբերութեան տափակութիւնն ու մակերեսայնութիւնը:
Արհեստագիտութիւնը մարդկութեան ձեռքը սքանչելի գործիք մըն է: Անով կարելի է հնարել ու մարդկային բարիքին համար երեւան բերել այնպիսի բաներ, որ հարիւրաւոր տարիներ առաջ մարդիկ զայն ունենալու նախանձէն կրնային մատ խածնել: Սակայն, ինչպէս բառը գործածուեցաւ, անիկա գործիք մըն է: Գործիքը եղած է, որպէսզի մենք տիրենք անոր վրայ եւ ո՛չ թէ անոր տիրութիւնը ընդունինք, որքան ալ գիշեր ու ցերեկ ուրանանք զայն: Կեանքը աւելի երջանիկ ու բնական պիտի ըլլայ, աւելի հանգիստ ու լաւ բաներով լեցուն, երբ կ՚առնենք զայն ու կը վայելենք այնպէս, ինչպէս որ է: Արհեստագիտութիւնն ու շինծու բաները մեր չորս դին են, ամէն օր: Ինչո՞ւ բարեկամութիւնն ալ վերածենք անիրականի, խաբէականի ու խաբուսիկի….:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles