- Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան
Երեւան 2019Ծառէն ժանեակ ծառէն մանեակ ծառէն սոխակ կախեցէք
Ծառէն թելեր ծառէն ծամեր ծառէն լոյսեր կախեցէք
Ծառէն ծաղիկ ու խաղալիք
Ծառէն պերճանք ու զարդարանք
Ծառէն խաբկանք ծառէն պատրանք ու երազանք կախեցէք…
ԶահրատՊզտիկ ու առժամեայ տօնածառը կը փոխարինենք մեծով ու լոյսերն ու խաղալիքները շարած ատեն, կը յիշենք մեր հին ծառը, որ ի՜նչպիսի մեծ հրճուանքով կը յարդարէինք եւ գրեթէ ամիս մը առաջ կը պատրաստուէինք տարուան վերջին օրուան մեծ ընդունելութեան։ Սեղաններ կը կցուէին, սենեակը ժամանկաւորապէս կը ձեւափոխուէր, չէ՞ որ շատուոր էին եկող հիւրերը, հարազատները. ու առաստաղը լոյսերով ու փուչիկներով կը գունազարդուէին եւ տօնական ջերմութիւնը արդէն ապահովուած կ՚ըլլար։ Հիմա կը ջանանք պզտիկները չզրկել այդ հրճուանքէն ու կը փորձենք փոխանցել հաճոյքը Կաղանդին, թէեւ ինչպէ՞ս փոխանցել, երբ շուրջդ ամայութիւն է եւ հարազատներդ ցրիւ։
-Էլի դրական կողմը կայ,- ըսաւ տանտէրս, երբ դուռը ծեծելով եկած էր տան ամսական վարձքը ստանալու։
– Ի՞նչն է լաւը. մինակութի՞ւնը։
– Դու ամուսնուդ ու երեխէքիդ հետ չե՞ս։
– Այո՛։
– Դե՛հ, ուրեմն, դրական կողմը դա է։ Դու քո ընտանիքը ունես. վե՛րջ։
Ինք հաստատակամ վերջակէտը «խփեց», զիս բազմակէտեան մտածումներու մէջ թողլով. չէի մտածած ըսածին մասին։ Ինծի համար ըսածը սովորական առօրեայ վիճակ մըն էր, բայց չէ՞ որ Կաղանդը առօրեայէն տարբեր վիճակ մը կը թուի ըլլալ։ Խաբկա՞նք էին այդ բոլորը. իրականը ա՞յս է…։
Այսուամենայնիւ, տանտէրիս խօսքին մէջ իմաստութիւն կը գտնեմ. խօսք, որ իր կեանքի փորձառութենէն կու գայ. «Մենք տարիներով, ես ու տիկինս, էս համակարգչին դէմ Սքայփով ենք անցկացրել Նոր Տարին. երեխէքս՝ Գանատա, մենք՝ էստեղ… հիմի է, որ գնում ենք թոռներուն խաթեր, թէ չէ մենք չենք գնա. էստեղ է լաւ մեզ համար»։
Խրատական խօսքերն ու բարեմաղթանքները ընելէ ետք, հեռացաւ ան ու մնացին մտքիս մէջ շրջան ընող իր խօսքերը։ Ուրեմն դրական կողմն է այդ, որ կը նշանակէ, թէ տակաւին այս շռայլութիւնն ալ կրնայ չըլլալ։ Ուրեմն, համակերպիլ պէտք է։ Բայց ինչո՞ւ ներսս չի հաշտուիր, ինչո՞ւ խռովեալ է հոգիս տակաւին ու նախկին հրճուանքը կ՚ուզէ։ Սրտիս խորունկ տեղերը ինչո՞ւ կը մխան ու զուարթ ու շէնող հոգիս կը կոտտայ… կրկին կը սուզուիմ իմ խորքերուս մէջ մինչեւ յատակ ու կ՚ուզեմ դուրս գալ անկէ պայծառացած, դրականացած տրամադրութեամբ. չէ՞ որ «Էլի դրական կողմն է դա…»։
Այնպիսի զգացում է, որ մարդ կը զգայ պարպուած, թափուր եւ միակ լեցնող բանը յիշողութիւնը կ՚ըլլայ, որ որքան ժպիտ կը գծէ դէմքիս, նոյնքան եւ անձկութեամբ կը լեցնէ հոգիս, որ կ՚ուզէ ընդելուզուիլ աշխարհի աղմուկին ու ուրախ աղաղակներուն։ Ու ծառէս մէյ մէկ յիշողութիւն կը կախեմ, զարդէն, մանեակէն զատ։
Մտածել, որ այսպիսի օրեր ալ կրնան ըլլալ կեանքի մէջ, ուրեմն ի՞նչ պէտք կայ անոր ընդդէմ երթալու, ծովուն ալիքները երկար կոծումներէ ետք ի՞նչ կ՚ըլլան. ոչի՛նչ։ Ներքին ալեխառնութիւն է, որ իր հանգստութիւնը կը գտնէ միայ՛ն իր իսկ խաղաղութեան մէջ, որ ձեւով մը յանձնուիլ մըն է իրողութեան, բաւարարում մը, գոհունակութիւն մը, այլ նայուածք մը կեանքի։
«Դա դրական կողմն ունի» խօսքին վրայ կեդրոնանալով, կը ջանամ ետ դառնալ խոկումի բաւիղէն, խաղաղեցնել ծովս ու նաւարկել դէպի ափ, լոյսը վառելով ներսի տօնածառիս ու պատրանք կախելով անոր իւրաքանչիւր ճիւղէն։
Read Time:2 Minute, 24 Second