Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«…Ու կնքողս Նա ինքն եղաւ, որ սահմանեց ինձ պոէտ»:
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
Աւելի քան 80 տարի առաջ հայ գրականութեան պարտէզին մէջ ծլարձակուեցաւ բանաստեղծ մը, որ 2019-ի նոյեմբերի առաջին օրերուն կնքեց աւելի քան մէկդարեան իր կեանքը եւ թեւակոխեց դարերու անմահութեան փուլը: Անունն էր Ժագ Ս. Յակոբեան, որ աւելի քան 40 հատորներու գրական վաստակով մը կերտեց վիթխարի կոթող մը եւ իր պատուանդանը հաստատեց սփիւռքահայ յետեղեռնեան մեր գրականութեան պատմութեան մէջ:
Ի վերուստ բանաստեղծական շնորհներով օժտուած գրող էր Ժագ Ս. Յակոբեան, կը մարմնաւորէր Յովհաննէս Թումանեանի այն արտայայտութիւնը, թէ ԱՆ եղած էր զինք բանաստեղծ կնքողը:
Իր իսկ խոստովանութեամբ, գրական առաջին փորձերը կատարած է աշակերտական տարիներուն, սակայն իբրեւ բանաստեղծ` անոր անունը հանրածանօթ դարձաւ 1938-ին, երբ լոյս ընծայեց իր անդրանիկ` «Գաղտնի ճամբան» խորագրեալ բանաստեղծութիւններու ժողովածուն: Հազիւ 90 էջերու վրայ տարածուող երգերը առաջին իսկ օրէն աւետեցին, որ մեր բանաստեղծութեան երկնակամարին վրայ ծնած է նոր աստղ մը, որ անշէջ մնաց աւելի քան 80 տարի, անշէջ ալ պիտի մնայ դարեր շարունակ, այնքան ատեն որ կ՛ապրին հայ գրաւոր մշակոյթն ու անոր հաղորդակից դարձող ընթերցողները:
«Գաղտնի ճամբան» հատորի վերջին բանաստեղծութեան տակ ընթերցողը կը տեսնէ 1936-1937 թուականները. սա գրողին կողմէ հաստատում մըն է, որ «տաֆթար»-ին մէջ մէկտեղուած բանաստեղծութիւնները երկնուած են այդ տարիներուն, այսինքն` այն օրերուն, երբ Ժագ. Ս. Յակոբեան 20 տարիքը չէր բոլորած (1917-ի ծնունդ է): Առաջին իսկ բանաստեղծութիւնը` «Անցորդին» խորագրեալ, ինքնավկայութիւն մը կը բերէ բանաստեղծի մը ծնունդին.
Ողջո՛յն քեզ, անցորդ.- իբրեւ ընծայ թանկագին
Քեզ կը բերեմ խունկ ու վարդ.
Քումայթ ցայգուն` այս ազնիւ, լիճի պէս նարմ րոպէին`
Ինծի եկո՛ւր, բարի՛ մարդ:
Նուրբ զգացումներով ու անպարագիծ տեսիլնքերով օժտուած բանաստեղծի մը ծնունդը չէր կրնար աննկատ անցնիլ արժէքներ որոնող ու յայտնաբերող մեծ քննադատէն, որ կը կոչուէր Նիկոլ Աղբալեան: Սա այն «հանքագործ»-ն է, որ յայտնաբերած էր ու ընթերցողին ծանօթացուցած` Իսահակեանի, Չարենցի, Լեւոն Շանթի նման ադամանդներ, վերստին կեանքի կոչած էր Սայաթ Նովան: Քանի մը տարի ետք Ն. Աղբալեան պիտի չերկմտէր յառաջաբան մը գրելու նորափթիթ բանաստեղծին երկրորդ երգարանին` «Մեղրալուսին»-ին համար, եւ պիտի հաստատէր, որ` «Ժագ Յակոբեան մի նոր բողբողջ է մեր մշակոյթի բազմադարեան ծառի վրայ եւ ունի մեծարժէք կարողութիւններ այդ մշակոյթը գունազարդելու եւ նոր տարրերով հարստացնելու»: Եթէ Աղբալեան հրաշքով մը իր աչքերը վերստին բանար տասնամեակներ ետք, պիտի տեսնէր, որ իր նախատեսութիւնը մարմնաւորուած է Յակոբեանի բազում հատորներուն մէջ:
Սերունդը
Ժագ Ս. Յակոբեան մէկ անդամն է բանաստեղծներու այն սերունդին, որ հասակ առաւ Ցեղասպանութեան յաջորդող տասնամեակներուն: Նոյն սերունդին կը պատկանէին` Մուշեղ Իշխան, Վահէ Վահեան, Արմէն Անուշ, Անդրանիկ Ծառուկեան եւ ուրիշներ, որոնք ո՛չ միայն հաղորդ էին զիրենք կանխող տիտաններուն` Մեծարենցի, Տէրեանի, Վարուժանի, Զարդարեանի, Թէքէեանի, Չօպանեանի եւ նմաններու արուեստին, այլ հրապարակ եկած էին անոնց արուեստի գիծը շարունակելու, զայն դէպի նոր բարձունքներ տանելու ճիգով: Յակոբեան բախտը ունեցած է իր ծննդավայրին` Գահիրէի մէջ վայելելու Թէքէեանի մտերմութիւնը, որպէսզի իր գրիչով յետոյ դառնայ ուղղակի կամուրջ մը` թէքէեանական սերունդին ու աւանդապահներուն միջեւ: Ան ընդհանրապէս հաւատարիմ մնաց մեր դասականներուն արուեստին ու արտայայտչաձեւերուն, իւրացուց եւ զարգացուց իրեն ժառանգ ու աւանդ հասած արուեստը` դառնալով իր անդաստանին մէջ նորարար մը, առանց յարելու արդի գրականութեան մէջ ծնունդ առնող ու զարգացող նորարարութեանց:
Զինք կանխած եւ իր միտքն ու բանաստեղծական արուեստը լուսաւորած սերունդին հետ անոր մտերմութեան մէկ արտայայտութիւնն ալ հայերէն գեղեցիկ բառերուն յարատեւ տողանցքն է իր էջերուն: Անոր վաստակը ուսումնասիրող բանասէրին ուշադրութենէն պիտի չվրիպի այս յատկանիշը, եւ եթէ օր մը անոր գործերուն հաւաքածոն կազմուի գիտական հրատարակութեան մը ճամբով, վստահաբար անոր մէջ տեղ պիտի գտնէ բառարան մը, ուր տեղ պիտի գտնեն լոյսէ հեռու մնացած, սակայն իր եւ նմաններու կողմէ լոյսին բերուած` մայրենիի գանձարանին գոհարները: Ընթերցողը վստահաբար նկատեց, որ վերի չորս տողերուն մէջ կան գոնէ երկու գեղեցիկ եւ «մոռցուած» բառեր` քումայթ (շէկ, կարմրաւուն) եւ նարմ (խաղաղ, հանդարտ): Ահա թէ Մեծարենցի ու Վարուժանի նման բանաստեղծներէ ինչպիսի՛ արձագանգներ կարելի է գտնել այս բանաստեղծին տաֆթարին մէջ…
Լարերը
Ժագ Ս. Յակոբեանի քնարը բազմալար է ու անմիջական արձագանգ կը գտնէ կարդացողի սիրտին, միտքին ու հոգիին մէջ, ո՛ր տարիքի ալ ըլլայ ան: Ու պատահական չէ, որ բանաստեղծութիւններու հաւաքածոներ կազմողներ բազմագոյն փունջեր կը քաղեն ժագեան անդաստաններէն, ասմունքողներ ու արտասանութեան մրցումի մասնակցողներ անոր էջերէն կը վերցնեն բազմաթիւ կտորներ, կը խլեն ծափահարութիւններ:
Բանաստեղծին քնարին առաջին տարրերը կազմուած են սիրոյ, զգացումներու եւ անձնական ապրումներու լարերով: Անոնց կողքին, կը հնչեն հայրենիքի, ազգի, մայրենիին հանդէպ պաշտամունքի հասնող սէրերը, Հայ Գիրքին ու Մաշտոցեան աւանդներուն հաւատարմութիւնը, անոնց պահպանման պատգամները, մեր Դատին հանդէպ յանձնառութիւնն ու տիրութեան յորդոր եւ պատգամ: Յակոբեան ամէնէն վաւերական մէկ երգիչն է հայուն, ու մասնաւորաբար` անոր սփիւռքեան թեւին տխուր եւ ուրախ ապրումներուն. մէկ կողմէ կ՛ողբայ հայուն պարտադրուած օտարացումի եւ հայալքումի ողբերգութիւնը, սական նաեւ կը հանդիսանայ ցեղասպանին դէմ կուրծք տուող եւ ազգային ժառանգութեանց տիրութիւն ընող սերունդները մարմնաւորողն ու կամքին արտայայտիչը:
Կարեւոր այլ լար մըն է քրիստոնէական հաւատքն ու անոր պատգամներուն տարածումը, որ 1948-էն ետք, յիշեալներուն չափ ու անոնց կողքին վերածուած է մշտահոս գետի եւ ոռոգած` իր աշակերտներուն ու լսարաններուն հետեւողներուն հոգիներուն դաշտերը: Ժագ. Ս. Յակոբեան կրօնաւոր մը չէր, սակայն հմուտ էր Աւետարանին, մեկնաբան մը` անոր մարդկային ու բարոյական թելադրանքներուն. այս լարին ունկնդիրը պիտի անդրադառնայ, որ ան քրիստոնէութիւնը չէր ընդունած իբրեւ սոսկական կրօնական հաւատալիք, այլ նոյնինքն Կրօն հասկացողութեան վսեմագոյն մէկ արտայայտութիւնն ու կիրարկումը: Փաստօրէն անոր բոլոր գրաւոր արտայայտութիւնները ուղղակի կամ անուղղակի ինքնակենսագրութիւն են, բառին նեղ ու ամէնէն ընդարձակ իմաստներով:
Ժագեան բանաստեղծութիւններու լարերը վարակիչ են ու համակող, ներգրաւող, ինչպէս որ կոչուած է ըլլալու իրա՛ւ բանաստեղծութիւնը: Առաջին ընթերցումն իսկ ընթերցողը կը դնէ գրողին հետ համահունչ գիծի վրայ: Ընթերցողը կը զգայ, որ բանաստեղծին բառերն ու տողերը ի՛ր ալ զգացումներուն արտայայտիչն են: Չէ՞ որ ունինք երգեր, որոնց հեղինակները չեն յիշուիր, այդ երգերը կը դասուին ժողովրդականներու շարքին, այսինքն ժողովուրդը կ՛որդեգրէ զանոնք ու կը շահի հեղինակի իրաւունք: Այսուամենայնիւ, Ժ. Յակոբեանի բանաստեղծութիւնները, մուտք գործելով հանդերձ ժողովրդայինի կալուածին մէջ, չեն լուսանցքայնացներ բանաստեղծին անունը: Ընթերցողը չի մոռնար, որ սա ժագեա՛ն սիրոյ արտայայտութիւն մըն է, ժագեա՛ն հայրենասիրութիւն կը բուրէ, ժագեա՛ն պահանջատիրութիւն, մայրենիին ու գիրքին հաւատարութեան արտայայտութիւն է, յակոբեանական քրիստոնէաշունչ թռիչք է: Այլ խօսքով, բանաստեղծին պէս կը դառնայ սիրահար, հայրենասէր, լեզուի ու մշակոյթի հանդէպ պաշտամունքով լեցուն, քրիստոնէութեան` մարդացնո՛ղ ազդեցութեան ենթակայ:
Կարելի չէ յակոբեանական բանաստեղծութեան մասին խօսիլ` առանց նշելու, որ ան վարպետ է բազմաթիւ արտայայտչաձեւերու: Քառեակներու, հնչեակներու եւ տաղաչափութեան այլ ձեւերուն կողքին, կարելի է գտնել դիւցազներգական արտայայտութիւններ, երկարաշունչ` պոէմանման էջեր: Տողէ տող կամ տունէ տուն անցումի վարպետ մըն է, ինչպէս` զինք ներշնչող մեծերը: Անոր գրիչը ինքզինք չէ սահմանափակած լոկ չափածոյով, այլ անկէ նոյն հաղորդականութեամբ ծորած են արձակն ու նամակագրութիւնը, գրական ուսումնասիրական աշխատանքներ ու յուշագրութիւն եւ մասամբ նորին:
Չափածոյ թէ արձակ` անոր էջերուն մէջ մնայուն յատկանիշ է երաժշտականութիւնը, որ դասական բանաստեղծութեան մէկ հիմնական իւրայատկութիւնն է ու` ընթերցողը համակելու եւ ներգրաւելու ոչ բռնազբօսիկ գործիք մը: Անհատական մտածումները եթէ համակող են, նոյնքան վարակիչ են հայութեան, մայրենիին ու մեր մշակոյթին յաւերժականութեան անոր ձգտումը, եւ արդէն, սա կարմիր թելի նման կ՛անցնի իր գրեթէ բոլոր հատորներուն մէջէն, կը կազմէ անոր բազմերանգ գորգին հենքը կազմող տիրական գոյնը: Ահա թէ ինչո՛ւ անոր իւրաքանչիւր գրաւոր արտայայտութիւնը բան մը կ՛աւելցնէ իր վաստակի արժէքին վրայ, զինք կը դարձնէ բոլոր ժամանակներուն հասնող բանաստեղծ:
Դէպի Անմահութիւն
Ժագ Ս. Յակոբեան ինքնագիտակից, նաեւ իր արժէքին գիտակից գրող էր ու այդպէս ալ պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ: Սայաթ Նովայէն սկսեալ, մինչեւ մեր օրերը մենք հարուստ ենք նման գրողներով (նախընթաց դարերուն համեստութիւնն ու ինքնագովութենէ խուսափումն էին տիրականը): Խօսքը սին ինքնագովութեան մասին չէ բնականաբար: Անոր կեանքն ու գրականութիւնը ընդելուզուած են մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին հետ ու այդպէս ալ պիտի մնան ընդմիշտ: Ամէնէն պերճախօս օրինակներէն մէկն ալ այն էր, որ վերջին շուրջ 20 տարիներուն ան հատորներ ու բանաստեղծութիւններ նուիրեց հայութեան կեանքի պատմական հանգրուաններուն: Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման տարեդարձը, Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ իրերայաջորդ տարիներ որոշ արժէքի մը կամ սրբութեան մը նուիրելու նախաձեռնութիւնը, նոյնինքն Ցեղասպանութեան 100-ամեակն ու այլ հանգրուաններ անմիջական արձագանգ գտան անոր գրիչէն, հազուադէպ երեւոյթ` մեր ապրող գրականութեան մէջ. Նարեկի, Հայ Գիրքի, Հայ Դպրոցի ու այլ «Տարի»-ներուն նուիրեց գողտրիկ կամ ընդարձակ հատորներ: Իսկ քանի մը տարի առաջ իր լոյս ընծայած մէկ հատորը, որ կը կրէր «Գոյնզգոյն» խորագիրը, կարծէք թէ մէկ բնութագրումը ըլլար իր գրական վաստակին եւ հեռակայ արձագանգ մը` Ն. Աղբալեանի այն նախատեսութեան, որ Յակոբեան «մի նոր բողբողջ է մեր մշակոյթի բազմադարեան ծառի վրայ եւ ունի մեծարժէք կարողութիւններ այդ մշակոյթը գունազարդելու»:
Եղաւ բախտաւոր, այն իմաստով, որ հակառակ ֆիզիքականին վերջին տարիներու որոշ նահանջին` մինչեւ վերջ ալ պահպանեց միտքի պայծառութիւնը եւ յաղթականօրէն տօնեց իր դարադարձը, արժանացաւ մրցանակներու եւ մաշտոցանուն շքանշանի: 100-ամեակին առիթով իր գրած մէկ բանաստեղծութիւնը այլապէս կը հանդիսանայ իր ինքնագիտակցութեան մէկ արտայայտութիւնը.
Կամքովն Աստուծոյ
Եւ իր շնորհքով,
Գլխո՛ւս տակաւին
Կեանքի թա՛գ
Փալփլուն,
Ես կը մտնեմ
Հարիւրէն ներս
Արքայի պէս,
(…..)
Ա՛լ վրայէս
Թօթափելով
Ցնցոտին հին
Տարիներուս,
Ես` հողէն ժայթքած
Ծիլի հանգոյն
Վերանորոգ,
Գարունո՛վ
Պիտի քալեմ
Արքայօրէն
Եւ ընթանամ
Դէպի երկրորդ
Հարիւրի նոր,
Նո՛ր արշալոյս…
Իրաւունք ունի Ժագ Ս. Յակոբեան, որովհետեւ իր երկրաւոր մէկդարեան կեանքին ընթացքին կերտած վաստակը զինք իրաւա՛մբ կը դասէ անմահներու փաղանգին, անոնց, որոնք կ՛ապրին դարեր, ժառանգորդներն ու զանգահարող պատգամաբերներն են` Մաշտոցներու, Շնորհալիներու, Նարեկացիներու, Կոմիտասներու եւ մեր հին ու նոր բոլոր անմահներուն: Այսօրուան ու վաղուան սերունդներուն կը մնայ ուղղակի հաղորդակից մնալ անոր գրաւոր ժառանգութեան, թոյլ չտալ, որ ան բանտարկուած մնայ գրադարաններու դարակներուն վրայ: Քանզի այս տողերը բաւարար չեն անոր վիթխարի ժառանգութեան ու աւանդներուն հետ հաղորդակից դառնալու, այլ կրնան միայն նշոյլել անոր գրական վաստակին հետ լիարժէք հաղորդակցութիւն մը:
Մե՛նք…
Մե՛նք…-Մենք` բո՛ւռ մը հող աշխարհի վրան`
Ժայռի պէս հաստա՛տ, դաշտի պէս յուռթի՛,
Մենք` դարաւոր թի՛ւ բազկի արութեան,
Մենք` սիրտի անդո՛ւնդ եւ բարձո՛ւնք միտքի.
Մենք` մասիսաձիգ Հայկի՛ սէգ ճակատ
Եւ անխախտ կամքի անյա՛ղթ Արարատ…
Մենք` գի՜ւտ Մեսրոպի… Մենք` քնա՜ր լեզու,
Ուր կը վիպերգէ Հոգի՛ն Հայկական.
Սայաթ-Նովայի մենք սա՛զ սիրածու.
Մենք` խորախորհուրդ Նարեկի՛ խորան.
Դարերէն հոսող մենք երգի՛ Արաքս,
Ուր կը գլգլայ գինին Կոմիտաս…
Մենք` վարդանայա՛ղթ Աւարայրամարտ,
Մեր ձեռքին մէջ զէ՛նք եւ խա՛չ` մեր հոգւոյն.
Մենք` Էջմիածնի հաւա՛տք ժայռարմատ,
Ուր փուլ կը փշրի ծովը դարերուն.
Մենք` աշխարհասփիւռ Ա՛ստղ Լուսաւորչի,
Որուն դէմ խաւարն ի զո՜ւր կը բախի:
Մենք` սրախողխող Ապրիլ Քսանչո՛րս,
Մենք` միլիո՜ն շիրիմ, հողմացրի՜ւ տերեւ.
Ապրիլեան սուգին եւ մոխրին վրայ գօս,
Մենք` Քսանեւութ Մայիսի՜ արեւ.
Մենք` պանդուխտի՛ թուղթ, մենք` անբո՜յն կռունկ,
Մենք` հայրենապիշ կարօտի՜ արցունք…
Այս ամբո՜ղջն ենք մենք…Ու դե՜ռ` հերոսի
Եւ մարտիրոսի անմա՛շ Պատմութիւն,
Շուշա՜ն Սրբութիւն, Մշակո՛յթ ոսկի,
Որոնց էջերն են փորուած ժայռերուն
Եւ արեա՛մբ գրուած… Մենք լոյսի՛ ժառանգ
Եւ մութ դարերուն յոյսի՛ հրիտակ…
Օ՜, մենք` ոսոխի աչքին փո՛ւշ երկաթ…
Օ՜, մենք` աշխարհի անարդար ու խուլ
Խիղճը խարանող արդարութեա՛ն խայթ.
Կեղծ դաշինքներու թաւիշ ու խարխուլ
Սեղանը ռումբի պէս սարսող, թակող,
Արդար պահանջի բըռո՛ւնցք վրիժադող:
Եւ մենք, վա՛ղը, մենք` յաղթութեա՛ն բոմբիւն,
Յաղթ ու բամբ կոփի՛ւն կուռ հողին վրայ մեր,
Մենք` Նաւասարդի առաւօ՛տ ծիծղուն,
Մենք` ռմբեղ հեռով հըրաբխա՛ծ Մհեր
Եւ շղթայազեղծ ծարա՜ւ Արտաւազդ.
Մենք` պատեանէն դուրս սրածո՛ղ Եփրատ,
Մենք` աշխարհակալ անկա՛խ Արարատ…
ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Յառաջաբան` «Մեղրալուսին»-ի
Չորս տարի առաջ լոյս տեսաւ Ժագ Յակոբեանի «Գաղտնի ճամբան», եւ որքան գիտեմ, մամուլի մէջ անդրադարձում չունեցաւ: Չգիտեմ` արդեօք շատե՞րն ընդունեցին քերթողի հրաւէրը եւ թողնելով իրենց «հին սիրտը»` «մանուկի պէս ժպտուն»` նրա հետ «երկար խոկացին
… մեծ սէրեր, ոսկի տարփանք, յոյսեր նոր,
վաղորդայններ լուսաւոր»
Չեմ զարմանայ, եթէ քչերն ընդունած լինեն այդ հրաւէրը, որովհետեւ այս նոր քերթողը հոգեկան արտասովոր կառոյց ունի եւ անսովոր ստեղծագործութիւն:
Իր «Երանգապնակս» քերթուածի մէջ ինքն իսկ լաւապէս ցուցադրած է իր դաւանանքը բանաստեծութեան մասին եւ իր հոգեկան կառոյցի բնորոշ կողմը: Ես չեմ տեսնում ցայգն, ասում է նա, եւ ոչ լսում սրինգի ձայնը, ես «կը զգամ»: Իր ըմբռնումով`
Բնութիւնն զգայութիւն է համբուն
Եւ բանաստեղծն զգայութեանց նկարիչ…
Ուրեմն ո՛չ թէ զօրաւոր զգացումներ կամ բուռն կրքեր ունի Ժ. Յակոբեան, այլ լո՛կ զգայութիւններ, որ սակայն չափազանց նուրբ են եւ այդ նրբութեամբն իսկ` անսովոր:
Մեր նկուն օրերի ծնունդն է Ժ. Յակոբեան, երբ խամրած են համազգայինի իտէալները, երբ թմրած է լայն խոյանքներ ստեղծելու կարողութիւնը, երբ հայ զանգուածներն ապրում են այլազան միջավայրում` հետապնդելով անձնական կամ տեղական շահեր եւ ստեղծելով ինքնամփոփ խմբակներ: Նա պատկանում է մեր նոր սերունդին, բայց` ոչ այն խաւին, որ ճանկռտուքով հաց է վաստակում եւ ոչ այն խաւին, որ ապրում է մեր մարտական յուշերով, այլ` այն սակաւաթիւ անձերի շարքին, որ ապրում են ոգեկան կեանքով եւ ձգտում են յարատեւել հայ մշակոյթը: Տխուր է այս խաւի ներկան եւ անստոյգ` ապագան: Իր ոտքի տակ նա հայրենի հող չունի եւ իր շուրջը` հայրենի միջավայր: Իր ապրումները լայն արձագանգ չեն գտնում. նա ապրում է հանրօրէն մեկուսի: Այս հանգամանքը ծանրանում է նրա ներքին աշխարհի վրայ: Նա չի ապրում իր հանրութեան համընթաց. դա կը լինէր ոգու մահացում եւ գռեհկացում: Նա ապրում է տարաշխարհիկ գրականութեան ոլորտում, որ սակայն մտերմօրէն չի խօսում իր սրտին: Իր ոգին թռիչքներ ունի եւ սիրտը` յոյզեր, որ խորթ են իր ցեղակից միջավայրի համար: Այդ ցեղակիցը հաց է վաստակում եւ մեղմակի օտարանում է, նա հազիւ հասկանում է լրագրի լեզուն. նա հազիւ կարող է ընթացիկ գաղափարներ ըմբռնել եւ ընթացիկ զգացումներ ներապրել: Միայն փոքրիկ եւ մտերիմ խմբակներ կամ թէ այս ու այն կողմ ցրիւ անհատներ հասկանում ու համազգում են իրար, բայց այդ ջերմին մտերմութիւնը եւ հեռաւոր արձագանգները բաւական չեն խթանելու նոր սերունդի ստեղծական կարողութիւնը եւ ցնցելու սիրտ ու միտք: Եւ այսպէս է, որ գուլանում է ամէն կարողութիւն եւ թուլանում ամէն ճիգ: Ինքնամփոփ խմբակների մէջ մշակւում են խմբակային եւ մինչեւ իսկ անհատական լեզուներ. ստեղծագործութիւնը դառնում է ջերմանոցային. հոգիները փշակալում են կամ չափազանց նրբանում. գրականութիւնը դադարում է հանապազորդ հաց լինել եւ դառնում է մեկուսի խմբակների եւ ինքամփոփ անհատների վայելք: Նոր սերունդի զանգուածը ոգու սով չունի, իսկ սակաւաթիւ անձերը, որ այդ սովն ունին, ապրում եմ զանգուածներից դուրս, վեր ու մեկուսի:
Բայց այդ մեկուսի ոգիներն են, որ արժէք ունին եւ ստեղծում են հանրային արժէքներ: Նրանց ներքին աշխարհի մէջ է ազգն իր վերելքն ապրում եւ իր կարողութիւնները ցուցադրում: Նրանք են, որ ստեղծում են մշակոյթ եւ յարատեւում ազգի ոգեկան կերպարանքը: Դժնդակ պայմանների բերումով ազգի բազմութիւնն ու իր մեծարժէք ծիլերն ապրում են տարանջատ, եւ ծիլերը յաճախ խամրում են` բաւարար սնունդ չառնելով ցեղակից հողից: Բայց այդ ծիլերն են, որոնք եւ` վտիտ, մեր յաւերժութեան յոյսն ու ապաւէնը:
Դրանցից մէկն է Ժագ Յակոբեան, որ մի նոր բողբոջ է մեր մշակոյթի բազմադարեան ծառի վրայ եւ ունի մեծարժէք կարողութիւններ այդ մշակոյթը գունազարդելու եւ նոր տարրերով հարստացնելու: Նա մի նոր հայ աչք է աշխարհի դիմաց եւ մի նոր հայ սիրտ, որ ներապրում է բնութիւնը: Նա շարունակում է Մ. Մեծարենցի գիծը. նո՛յն կարգի ոգի, բայց` ո՛չ նոյն:
Կը նոյնանամ այն ատեն բնութեան հետ միասին,
Երանգներով կը լեցուիմ, համակ բոյրեր կը ցոլամ,
Եւ թրթռուն իմ սրտէն` թել¬թել ձայներ կը հոսին:
Այսպէս է նա իր «Գաղտնի ճամբան» հատորի մէջ: Նո՛յն ոգին է նաեւ այս նոր հատորի մէջ, բայց` մէկ տարբերութեամբ. այնտեղ իր սիրտը բացուած է բնութեան մէջ եւ բնութեան հանդէպ. նորաստեղծ Անդամն է դրախտի մէջ: Այստեղ, չորս տարի յետոյ, նրա սիրտը զարթած է սէր ապրելու համար. նա զգում է Եւայի ներկայութիւնը: Նա դեռ չի ճանաչում Եւային, բայց արդէն որոնում է շարունակ: Մի վաղանցուկ համբոյր եւ մի թեթեւ շոյանք բոցավառում են նրա երեւակայութիւնը: Հատորը դառնում է մի հարսներգութիւն, մի գունագեղ ու նրբին հեքիաթ, որ վերջանում է «երեք խնձորով»: Մենք տեսնում ենք սիրոյ երազանքներ ու տենչեր, հուր բնազդի մանուկ թոթովանքներ, անհամարձակ վայելքների գեղազարդ յուշեր, սպասումներ, կարօտներ, պաղատանքներ եւ անէծքներ, ողոքներ ու քմայքներ որ ծագում են նրա ներքին հորիզոնի վրայ եւ դառնում են նուրբ եւ այլազան պատկերներ, որ խուժում են հոծ:
Իր նուրբ զգայնութիւնները նկարելու համար Ժագ Յակոբեան օգտագործում է մեր լեզուի հարուստ բառամթերքը պեղում ու հանում է անլուր բառեր, ստեղծում է նոր բարդութիւններ, զատում է արմատները եւ իբր անջատ բառեր կիրարկում: Նա զգում է բառերի նկարչական եւ հնչական արժէքը եւ գիտակ է այն լոյս եւ ստուերին, որ բառերն ունին իբր դրկից: Իր պատկերները խուռն են, յարաբարդ եւ վրձինի հետքն աւելի ծիլ է քան գիծ: Պարզ ընթերցումը բառերի ժխոր է թւում, պէտք է հատ¬հատ կարդալ տողերը եւ բառերի հետքով պատկերներ գծել:
«Զգայնութեանց նկարիչ» է նա եւ ուրեմն` յոյզերի: Մարդկային գաղափարները յոյզի թալկացում են եւ գունազրկում: Իր զգայութիւնները, սակայն, չափազանց թարմ են, նուրբ ու գունագեղ, ուստի նա գաղափարներ չունի: Նա զգում է, ո՛չ թէ մտածում, ուստի իր պատկերները ծագում են խուռն ու ձոյլ, եւ ընթերցողին է մնում լուծել եւ զատորոշել: Ամէնից նուազ դասականն է մեր քերթողների մէջ: Իր բնոյթը մեղմ է եւ նրբին. ուստի նշմարում, ներապրում եւ նկարում է մեղմ տեսարաններ եւ նուրբ առնչութիւններ` պայծառ գիշերներ, մեղմ հովեր, նրբին ծաղիկներ, շշուկներ ու բոյրեր, տրտում յուշեր, մեկուսի երազանքներ ու մտորումներ: Իր երազկոտ խառնուածքին զուգահեռ, իր տողերը երկար են եւ կշռոյթը` լուրջ, թէեւ պատահում են նաեւ աշխուժ ու կայտառ տողեր: Լինելով շատ աւելի նկարիչ, քան երաժիշտ, իր քերթուածների մէջ յաճախ պատահում են կշռոյթի եւ շեշտի թերացումներ: Նա լայնօրէն տիրացած է հայոց լեզուի բառագանձին, բայց իր կազմած խօսքերը յաճախ տարտամ են: Մեծատաղանդ նկարիչ է նա, բայց հետամուտ է մանր մասերին: Նա դեռ չգիտէ հեռանալ իր նկարից` մասերի զօդուածքը դիտելու իբր ամբողջութիւն: Նկատելի է կառուցումի բնազդը, բայց առայժմ նա նկարիչ է եւ ոչ` կառուցող: Որմաքանդակի փարթամութեան մէջ կորչում է շէնքի յատակագիծը:
Ժագ Յակոբեան ունի ինքնատիպ զգայնութիւն եւ պատկերելու մեծ կարողութիւն. կարծում եմ նաեւ փայլուն ապագայ` իբրեւ արուեստագէտ: Իր ոգեկան կառոյցի եւ նուրբ արուեստի պատճառներով նա կը մնայ մեկուսի, բայց` շատերին սիրելի: Զանգուածներին պէտք են յորդառատ գետեր եւ արգաւանդ դաշտեր. վճիտ օդն ու ջուրը բարձունքներին են յատուկ: Բայց միշտ կան ու կը լինեն նուրբ ու ծարաւ ոգիներ, որ սիրով յանձն կ՛առնեն բարձունքները մագլցել` այդ օդին ու ջուրին հասնելու համար…
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ, 1942
Յորդոր
Քեզ շա՞տ է ծանր ու շա՞տ դժուար,
Ո՛վ հայր, ո՛վ մայր,
Առնել մանուկըդ քովդ ի վար`
Իբրեւ պանդուխտ կամ նահատակ
Հայու զաւակ մը, թա՛նկ զաւակ,
Եւ աչքերուն առջեւ անոր`
Ծրարի պէս կաղանդչէքի
Լայն լայն բանալ
Այբբենարանը հնածալ
Այլ մշտափայլ
– Եւ հայերէն սորվեցնել…
Եւ հայերէն քնարել
Քնարին վրայ Մաշտոցի,
Եւ հայերէն նկարել
Հայկակիդ կոյս բիբին վրան:
Ի՞նչ խոչընդոտ կամ ի՞նչ արգել
Ունիս պարտքիդ այս սրբազան
Եւ հայկազեան,
Երբ յարկիդ տակ հանգստալիր`
Աթոռ, սեղան, լամբ, չեն պակսիր
Եւ ձեռքիդ տակ`
Կայ թուղթ առատ, գրիչ, մելան:
Եւ աւելի՜ն,
Զոր չունէին
Մեր հայրերը ժրաջան:
Քի՞չ կը կարծես կամ ոչի՞նչ`
Ըլլալ զաւկիդ Այբ-Բեն-Գիմի
Ուսուցիչը առաջին:
Այս գինիէն արբեցուցիչ,
Հա՛յր, մի՛ զրկերք ու հոգին:
Եւ մանուկիդ շրթներուն
Դուն երկարէ՛
Նեկտար բաժակը Մեսրոպի,
Դուն կարկառէ՛
Նշխար սկիհը Սահակի
Մեր ճոխութեան եւ ճարպութեան
Մէջ չե՞նք կրնար գոնէ ըլլալ
Այն մօրը չափ աքսորական,
Որ իր քաղցած, անհաց որդւոյն,
Եւ հայկակի՜ն մահադող
Կ՛ուսուցանէր հայ լեզուն,
Ո՛չ հաց արժող,
Ո՛չ ջուր եղող հայ լեզուն.
Եւ
Տէր-Զօրի կորստական
Թուղթին վըրայ աւազամած
Կը գրէր Ա, Բ, Գ, Դ,
Մատիտի պէս բարակցած
Իր մատովը մահամերձ,
Իր ուժովը ոգեվար,
Բայց եւ հայու
Իր սէրովը մշտականաչ,
Իր կամքովը աննահանջ,
Դահիճներու եւ դաշոյնի
Աչք ու ճանկին տակ արիւնռուշտ…
Ի՜նչ փոյթ իր,
Որ աւազը մեսրոպագիր
Կոխկռտուէր ու պատռուէր
Ամէնաւեր
Պայտերուն տակ նժոյգներու
Եւ թուրքերու:
Մոյկերուն տակ`
Այբ-Բեն-Գիմը չկորսուէ՛ր
Պիտի երբեք.-
Ինք քաջ գիտէր:
Որովհետեւ իր ժառանգի
Սրտիկին վրա՛յ էր գրեր,
Երկաթագրեր անջնջելին`
Իր Մայրենի՜ն…
Այսպէս, հայ մայր մը ապրիլեան,
Կրակի մէջ ու դանակի,
Կու տար միակ հարազատին
Իբրեւ տեսիլք ու հաւատամք,
Իբր յիշատակ ու հրիտակ,
Իբր հաց ու գանձ,
Ինչ որ իրն էր, հայրերունն էր,
Կ՛աւանդէր հուսկ շունչին մէջէն,
Ի՛նչ որ ունէր, ի՛նչ որ չունէր,
Ի՛նչ որ իրեն
Մնացեր էր չոր մորթին հետ –
Այբուբե՛նը պապենական,
Զոր
ո՛չ Տէր-Զօր եւ ո՛չ Եփրատ,
Զոր
ո՛չ կրակ եւ ո՛չ պողպատ,
Ո՛չ ձեռք, ո՛չ պայտ,
Այս աշխարհի մեծ մատեանէն
Չէին կրնար երբեք ջնջել
Իբր առասպել…