Խմբագրական
Զաւեշտային ողբերգութի՞ւն, թէ՞ ողբերգական կատակերգութիւն:
Միացեալ Նահանգներու քաղաքական բնագաւառը հիւանդ վիճակի մէջ է: Հաւանաբար «հիւանդ» բառն ալ չի ցոլացներ իսկական «քաղցկեղ»-ը:
Այսպէս, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16-ին, Ուաշինկթընի մէջ տարբեր տեսակի մարաթոն օր մը նշուեցաւ, ուր երկրի երկու կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները լեզուամարզանքի «վազք» մը կատարելով, ժամեր շարունակ քննեցին նախագահ Տոնըլտ Թրամփը ամբաստանելու եւ պաշտօնազուրկ ընելու թղթածրարը: Մերթ հետաքրքրական, մերթ քնաբեր, երբեմն իւրայատուկ, մասամբ ալ տարօրինակ, այսպէս՝ մէկ առ մէկ բեմահարթակ բարձրացան Ներկայացուցիչներու Տան անդամները:
Նիստի մեկնարկի պահէն իսկ, ժողովը շեղած էր նիւթէն եւ փոխանակ նախագահ մը դատելու, երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները իրենց կառքն է որ կ՛ուզէին առաջ քշել: Այսպէս է ճակատագիրը երկրի մը ղեկավարութեան, երբ քաղաքական մեքենան երկու կուսակցութիւններու վրայ հիմնուած է:
Թրամփի դատավարութեան պարագային, շատ աւելի դժուար էր Հանրապետականներու դիրքորոշումը՝ երկու պատճառներով։ Առաջին՝ Ներկայացուցիչներու Տան մէջ, անոնք փոքրամասնութիւն են եւ երկրորդ՝ դատի կանչուած խնդրոյ առարկայ անձը, իրենց կուսակցութեան անդամ մըն է: Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար իրենց կուսակցութեան ընտրած նախագահը պաշտպանել՝ առանց աղաւաղելու «հայրենիքին շահերը ամէն բանէ վեր են» հասկացողութեան:
Այս կացութեան դիմաց, զարմանալի չէր, որ նոյնիսկ Հանրապետական ներկայացուցիչ մը նախընտրէր դիւրին ճամբան՝ մեկնելով հեռաւոր անցեալ ու Թրամփը բաղդատելով… Յիսուսին, որ ո՛չ թէ կրցած էր անկարելին կարելի դարձնել եւ ջուրին վրայ քալել, այլ կ՛ամբաստանուէր իր կատարած բարիքներուն համար: Այս բաղդատականի ոգին յաւելեալ մշակելով, Պիղատոսը կարծեցեալ «Յիսուս»-ը ազատ պիտի արձակէր՝ փոխանակ Բարաբբայի։ Ահաւասիկ պարարտ նիւթ մը նորելուկ բեմադրիչներուն, պատրաստելու համար պատմա-երեւակայական «աներեւակայելի» ժապաւէն մը:
Մինչդեռ դեմոկրատականներու պարագան դիւրին էր, ջինջ ու վճիտ: Առաջին հերթին, անոնք մեծամասնութիւն են Ներկայացուցիչներու Տան մէջ եւ ապա իրենք են, որ դատի կը կանչեն մրցակից կուսակցութեան մը պատկանող նախագահը, որուն յանցանքներու շարքին մասին եթէ Յիսուսը իմանար…դժուար թէ ներում շնորհէր:
Սակայն, մօտ ատենէն այլ լեզուամարզանքի մարաթոն մը տեղի պիտի ունենայ, կրկին Ուաշինկթընի մէջ, ուր Ծերակոյտը այս հարցը պիտի քննէ:
Այս անգամ, սակայն, տարբեր պիտի ըլլայ պատկերը: Հոս հանրապետականներն են մեծամասնութիւնը եւ նկատի ունենալով, որ «հայրենիքին շահերը ամէն բանէ վեր են» հասկացողութիւնը փոխարինուած է «կուսակցութեան շահերը ամէն բանէ վեր են» նշանաբանով, յստակ է այդ օրուան մրցումին արդիւնքը՝ ՅԱՆՑԱՊԱՐՏԸ ԱՆՊԱՐՏ պիտի արձակուի եւ այսպէս էջ մըն ալ պիտի փակուի:
Հետաքրքրականը պիտի ըլլայ տեսնել, թէ արդեօք այս ԱՆՊԱՐՏ ՅԱՆՑԱՊԱՐՏԸ պիտի կարենա՞յ դիւրութեամբ պահել իր բնակած Սպիտակ Տան հասցէն, չորս տարի եւս երկարաձգելով իր պայմանագրութիւնը:
Գրեր էք որ «Այսպէս է ճակատագիրը երկրի մը ղեկավարութեան, երբ քաղաքական մեքենան երկու կուսակցութիւններու վրայ հիմնուած է:» Ասորմէ աւելի գէշն ալ կայ, երբոր միայն մէկ կուսակցութիւն ըլլայ ղեկին վրայ: Ատ պատիւը մեր Հայաստանի տրուած է, Նիկոլը իր խմբակով եւ շինծու կուսակցութիւններով գրաւած է երկիրը եւ չես գիտեր որ գալ տարի ուր պիտի հասցնէ: