ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ԴՐԱԽՏԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 50 Second

ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՉՕԼՈՅԵԱՆ
Առաքելական Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան
Թեմի Առաջնորդ

»Քրիստոսի յարութեամբ մենք ալ արժանի ըլլանք
եկեղեցւոյ դրախտը մտնելու«:
(Շարական)

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:
Տօնն է եկեղեցւոյ, տօնն է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի, որ յարութեան աւետիսով, եւ մանաւանդ Մեծ Պահքի իր ինքնաքննութենէն ետք, կը հասկնայ կեանքը արժանաւորապէս ապրելու եղանակը եւ կեանքին ճշմարիտ իմաստը: Քրիստոսի յարութիւնը կը բերէ քրիստոնեայի հոգիին երջանկութիւն, անիկա կը զգայ յաւիտենական սիրոյ ներկայութիւնը իր մէջ՝ հանդէպ իր Արարիչ Աստուծոյն եւ հանդէպ արարածներուն, իրեն նման ստեղծուած մարդկութեան:
Հոգի է Աստուած, ինչպէս կը յայտարարէ Յովհաննէս Աւետարանիչ (4.24): Աստուած իր շունչէն տուաւ մարդուն՝ ստեղծագործութեան ժամանակ, եւ մարդը եղաւ ապրող էակ, Աստուծոյ հոգին ունեցող էակ, ճակատագրուած՝ Աստուծոյ նման ըլլալու իր անմահ հոգիով: Այդ անմահութիւնը պայմանաւորուած է մեր կեանքով, այդ անմահութիւնը կը գնենք աշխարհի վրայ ապրած մեր կեանքով եւ այդ կեանքը իմաստաւորելով, միշտ հնազանդ մնալով Քրիստոսի կամքին, եւ գործադրողները ըլլալով Քրիստոսի պատուիրաններուն: Միայն Աւետարանի ճշմարտութիւնը ապրողն է որ կþունենայ անմահ եւ մաքուր հոգի, զուրկ դատաստանէ, եւ այդ հոգիին կը պատկանին յաւիտենականութեան մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը, ողորմութիւնը եւ վարձատրութիւնը:
Եթէ Աստուած հոգի է, որ անմահ է, եթէ այդ անմահութիւնը մեզի տրուած շնորհք ու պարգեւ է, կը նշանակէ թէ Քրիստոսի յարութեան հաւատացողին հաւատքն ալ անմահ է եւ յաւիտենական ճշմարտութիւն: Այդ ճշմարտութիւնը չի խափանուիր ոեւէ չար ոյժէ, չի գերեզմանուիր, այնպէս ինչպէս չգերեզմանուեցաւ աշխարհի լոյսը, յաւիտենական ճշմարտութիւնը, Քրիստոսի Տէրը: Այս է քրիստոնեային հաւատքը եւ այդ հաւատքը պիտի փրկէ զինք:
Հաւատքին օրրանը եւ բեմը եկեղեցին է: Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը շեփորողը եկեղեցին է, ուրկէ՝ Քրիստոսի խորհրդական մարմինէն կը բխի հաւատքի աղբիւրը: Եկեղեցին իր հաստատումէն մինչեւ այսօր ու յաւիտեան պիտի յագեցնէ անոր հաւատացողին ծարաւը, նման Քրիստոսէն ստացած կենսատու ջուրին: «Ով որ իմ տալիք ջուրէն խմէ՝ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ» (Յհ. 4.14): Քրիստոս մեզի հետ է միշտ, իր հաստատած եւ մեզի ժառանգ տուած եկեղեցիով, որ Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եղաւ մեր պաշտպանութեան միջնաբերդը, գորովալից մայրը, հոգիի սնուցիչը, կեանքի ապաւէնը եւ, շարականագրին հաստատումով, դրախտը: Ինչե¯ր չտուաւ մեզի մեր մայր եկեղեցին – մեր ինքնութիւնը, մշակոյթը եւ կամք ու հաւատք՝ մեր գոյութեան պայքարին մէջ: Ճիշդ է որ յաճախ Գողգոթայի ճամբայ եղաւ մեր կեանքը, Քրիստոսի հետ խաչելութիւն, սակայն չմնացինք հոն. քալեցինք Յիսուսի հետ, խաչուեցանք Յիսուսի հետ եւ մեր անսասան եւ կենսատու հաւատքով յարութիւն առինք Յիսուսի հետ: Աստուծոյ մեզի վերապահած դրախտն է եկեղեցին, ուր գացողը ինքզինք կը գտնէ Աստուծոյ ներկայութեան, ուր գացողը պարտաւոր է անմեղութեամբ ու սիրով ապրելու՝ ժառանգելու համար դրախտը եւ ապրելու անոր մէջ: Ճշմարիտ հաւատացեալը այդ դրախտին մէջ է, որ կը գտնէ վայելքը եւ երանական հաճելի կեանքը Քրիստոսի հետ:
Ո՞ւր է դրախտը, պիտի հարցնեն շատեր: Հաւատացեալ քրիստոնեային համար այդ դրախտը եկեղեցին է, ուր իր մասնակցութեամբ, իր աղօթքով եւ վերացումով կը գտնէ իր Տէրը, մեր Փրկիչը Քրիստոս եւ կը վայելէ անոր ներկայութիւնը եւ անոր տուած խաղաղութիւնը: Դրախտը այս աշխարհին մէջ մարդուս ներսիդին աճող իրականութիւն է: Միայն մեր ապրած ու ապրելիք մաքուր ու բարի կեանքով արժանի կþըլլանք կերտելու զայն, որուն գոյառման համար Քրիստոս ինքզինք զոհեց, մնալով հնազանդ իր երկնաւոր Հօր: Այդ հնազանդութեան վարձատրութիւնը եղաւ իր յարութիւնը, որ քրիստոնեան կը վայելէ որպէս ձրի պարգեւ եւ օրհնութիւն, այնքան ատեն որ կը մնայ Քրիստոսի հանդէպ հնազանդ ու հաւատարիմ, քարոզիչ յարութեան եւ պահապան ճշմարտութեան ու արդարութեան:
Սուրբ Զատիկի տօնին առիթով, յարութեան պարգեւած ցնծութիւնն է որ կը տարածուի քրիստոնեայ աշխարհին մէջ: Կþուրախանանք Աստուծոյ մեզի տուած շունչով, մեր հոգիով, մեր կեանքով: Կþուրախանանք որովհետեւ մեր հաւատքին եւ յոյսին վարձատրութիւնը պիտի ըլլայ մեր ալ յարութիւնը, յաւէտ միացած մնալով մեր կենարար Աստուծոյ:
Երանելի է այն անձը որ արժանի կþըլլայ այդ վարձքին: Երանելի է ան որ իր երջանկութիւնը կը գտնէ Քրիստոսի մարմնին՝ եկեղեցիին մէջ, դրախտին մէջ:
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

Սուրբ Յարութիւն, 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles