ՄԱՆՈՒԷԼ ԵՊՍ. ՊԱԹԱԳԵԱՆ
Առաջնորդ
Կաթողիկէ Հայոց Հիւսիսային Ամերիկայի
Սիրելի հաւատացեալներ,
Քրիստոսի մահը խաչին վրայ ամօթալի պարտութիւն էր, ըստ անոր թշնամիներուն անոր յաւակնութեան մարդկութիւնը փրկելու իր նոր վարդապետութեամբ: Ինչպէ՞ս կրնար ուրիշները փրկել երբ ինքզինքը չէր կրցած փրկել:
Խաչէն կախուած Քրիստոսի արիւնաքամ մարմինը բնական էր, որ սարսափի եւ յուսահատութեան մատնէր աշակերտները: Երեւութապէս, հրեաներուն ատելութիւնը վերջին խօսքը կÿունենար, հերքելով Վարդապետին սիրոյ քարոզչութիւնը:
Յարութիւնը եկաւ վերիվայր ընելու մարդոց հաշիւները: Փաստեց թէ Քրիստոս չէր խաբած իր հետեւորդները կեղծ խոստումներով, ոչ ալ սուտ մարգարէութիւն ըրած յայտարարելով թէ մահէն երեք օր ետք գերեզմանէն ողջ պիտի ելլէր:
Որքա¯ն ամօթալի ու ստոռնացուցիչ էր մահը, այնքա°ն փառաւոր ու գօտեպնդիչ եղաւ յարութիւնը:
Բայց Քրիստոսի նպատակը, մահուան յաղթելով, ուժի ցուցադրութիւն ընել չէր, ոչ ալ թշնամիները տապալել եւ աշխարհին տիրել: Կամաւորապէս իր կեանքը տալով, եկած էր սիրոյ յաղթանակը հռչակելու եւ փրկութիւն աւետելու:
Աստուած կարող էր այլապէս կարգադրել իր Որդւոյն յարութիւնը, այնպէս որ ոչ ոք կարողանար կասկածի տակ դնել անոր իրականութիւնը: Ան նախընտրեց մի քանի աննշան անձեր ընտրել իբր յարութեան վկայ, որպէսզի անոր ճանաչումը հաւատքի նիւթ դառնար եւ ոչ թէ պարտադրուած ճշմարտութիւն:
Յարութիւնը սիրոյ եւ հաշտութեան հրաւէր է: Քրիստոսի սիրտը կը համադրէ Աստուծոյ եւ մարդոց սէրը: Ան կÿըսէ թէ մարդիկը սիրելու եւ անոնց հետ հաշտ ապրելու համար, պէտք է նախ Աստուծոյ հետ հաշտուիլ եւ անոր սիրով լեցուիլ:
Սիրոյ եւ հաշտութեան պտուղը խաղաղութիւն է: Այն խաղաղութեան զոր ի զուր կÿակնկալենք մարդոցմէ: Այս օրերուս մանաւանդ, ուր պատերազմի մղձաւանջը արար աշխարհի հանգիստը կը խռուէ, որովհետեւ երկու ճակատներ զիրար ոչնչացնելու ելած են Աստուծոյ անունով, ատենն է որ մարդիկ իրականացնեն թէ Աստուած չի վաւերացներ անոնց ծրագիրները մահ ու աւեր սփռելու:
Յարութիւնը պատգամ է կեանքի, ո°չ մահուան: Քրիստոս գիտակցօրէն դիմագրաւեց եւ ընդունեց Գողգոթայի ողբերգութիւնը, որովհետեւ ան նախատեսած էր որ մահէն ետք յարութիւնը պիտի պսակէր իր չարչարանքն ու մահը:
Քրիստոսի յարութիւնը նպատակ չէր ինքն իր մէջ, որովհետեւ Քրիստոս պէտք չունէր հրաշքի իր աստուածութիւնը փաստելու համար: Բայց կարեւոր էր որպէսզի մարդիկ իմանան ու համոզուին թէ որքան մեծ է Աստուծոյ սէրը իրենց հանդէպ:
Յարութիւնը մարդկութեան կÿընծայէ նոր կեանք մը ընտրելու պատեհութիւնը: Կեանք մը որ կարող է հիմնովին փոխել աշխարհի դիմագիծը, պարտութեան մատնելով եսասիրութիւնը, շահախնդրութիւնը, բռնութեամբ տիրելու մոլուցքը:
Յարութիւնը ուրախութեան հրաւէր է: Ո°չ թէ մակերեսային ու խաբուսիկ այն ուրախութեան որու անցողակի վայելքը սիրտը դատարկ ու յուսախաբ կը թողու, այլ ուրախութեան մը որ կը լիացնէ մարդուն հիմնական իղձերն ու կարիքները:
Մենք կանչուած ենք վկաներն ըլլալու յարութեան վրայ հիմնուած հաւատքի մը որ կեանք, սէր եւ ուրախութիւն կը պատգամէ: Կÿարդարացնե՞նք այդ տիտղոսը:
»Ճշմարտապէս յարեաւ Քրիստոս«
ՄԱՆՈՒԷԼ ԵՊՍ. ՊԱԹԱԳԵԱՆ
Առաջնորդ
Կաթողիկէ Հայոց Հիւսիսային Ամերիկայի