Անցեալ շաբաթավերջին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողան յայտարարած էր թէ, հարկ եղած պարագային ապօրինի բնակող հայերը Թուրքիայէն պիտի արտաքսուին:
Այս արտայայտութիւնը մեծ դժգոհութեան ալիք բարձրացուցած էր, թէ’ Եւրոպայի եւ թէ’ Թուրքիոյ մէջ: Վարչապետին սպառնալիքներուն դէմ, Պոլսոյ մէջ
տեղի ունեցաւ հաւաքցոյց մը, ուր ցուցարարները. «Մինակ Չէք» լոզունգով եւ հայերէն, թրքերէն ու անգլերէն լեզուներով, պաստառներ բարձրացուցին:
Այս գծով, Եւրոպական ՄիութիւնԹուրքիա խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Էլըն Ֆլորտըն բռնօրէն քննադատեց պատահածը եւ յայտնեց թէ, ապօրինի բնակող հայերը Թուրքիայէն արտաքսելու մասին վարչապետին կատարած արտայայտութիւնները մտահոգիչ եւ անընդունելի են: Ընդգծելով« որ Թուրքիոյ մէջ ապօրինի կերպով աշխատող հայերը զուրկ են ամէն տեսակի իրաւունքներէն եւ կþենթարկուին ոստիկանութեան ճնշումներուն« Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարը քննադատեց նաեւ Էրտողանի սպառնալիքները՝ զանոնք նկատելով «ՀայաստանԹուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ այդ մարդիկը իբրեւ ճնշումի լծակ գործածելու» փորձ:
Read Time:36 Second