ԽՈՀԵՐ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- ՃԱՆԱՊԱՐՀ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԵԱՆՔ

0 0
Read Time:4 Minute, 52 Second

ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ

Աւետարանէն քաղուած այս վկայութիւնը հաստատում մըն է Քրիստոսի ինքնութեան ու կը հանդիսանայ այն իրողութիւնը, որ կը կազմէ սիրտը քրիստոնէական կրօնքին:
Մարդ արարածի կեանքը ճանապարհորդութիւն մըն է, որ ճանապարհի մը մէջէն ընթանալով կÿիրագործուի: Զանազան ու բազմապիսի են ճանապարհները այս կեանքին, ոմանք հեշտ իսկ ոմանք ալ դժուար կամ փշոտ: Սակայն պարտաւոր է իւրաքանչիւր անձ քալելու ճամբով մը, զոր կամ ինք կÿընտրէ եւ կամ այլոց ընտրութեան արդիւնքով կը համաձայնի ու կը հաշտուի քալել այդ ուղիէն:
Շատեր ինքնագլուխ կը քալեն իրենց կեանքի ճանապարհը, իրենց ուզած եւ կամեցած ձեւով, ղեկը յանձնելով իրենց կամքին, մտքին, խիղճին եւ զգացումներուն: Ոչ ամէն մարդ կրնայ յաջողութեամբ աւարտին հասցնել այդ ճանապարհորդութիւնը, շատ յաճախ կը պատահին սայթաքումներ, թեքումներ, անդունդի դէմ յանդիման ըլլալու իրավիճակներ եւ կամ յաւերժական անկումներ:
Ոմանք կրնան յաջողիլ իրենց ճամբուն մէջ, բայց իրենց հասկցած յաջողութեան չափանիշով: Հպարտութիւնը շատ յաճախ թոյլ չի տար մարդկանց ընդունելու իրենց կեանքի ձախող ճանապարհորդութիւնը: Կեանքի ճանապարհորդութիւնը առանց ցուցմունքներ ստանալու կամ առաջնորդող ունենալու չի կրնար կատարելագործուիլ եւ կամ իր էական իմաստին յանգիլ:
Քրիստոնեաներուս համար կեանքը ճանապարհորդութիւն մըն է Աստուծոյ հետ, Աստուծոյ ներկայութեամբ ու առաջնորդութեամբ: Աստուծոյ Կենարար Խօսքը՝ Քրիստոս, կը հանդիսանայ մեր կեանքի միակ ու ամէնէն ապահով առաջնորդը, որ իր ընտրեալ հօտը վայրկեան մը իսկ չի լքեր, մինակ չի ձգեր, չþուռանար եւ չի կորսնցներ, որովհետեւ Քրիստոս քաջ Առաջնորդ ու Հովիւ է, ինչպէս ինք ըսաւ. »Ե’ս եմ իրաւ հովիւը: Իրաւ հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար« (Յհ 10.11):
Ճանապարհորդութիւն մը առանց կեանքի եւ ճշմարտութեան անիմաստ ու անհիմն է: Կեանքը ի վերջոյ կը բաղկանայ եւ կը կազմուի ճշմարտութիւններէ ու այդ ճշմարտութեանց գլուխը կը հանդիսանայ Աստուծոյ գոյութեան ու Քրիստոսի Աստուածութեան ճշմարտութիւնը: Քրիստոս կեանք տուող, կեանքը քաղցրացնող, կեանքը յաւերժացնող ու զայն փրկող Ճշմարտութիւնն է:
Յովհաննու Աւետարանին մէջ հաստատուն կերպով դրոշմուած կը գտնենք այս էական իրականութիւնը եւ թանկագին սրբութիւնը, երբ Քրիստոս գիտնալով իր Աստուածորդի ըլլալն ու մարդոց համար աշխարհ գալը, իր առաքեալներուն պատուիրեց նախ զիրար սիրել, ի նշան իր աշակերտները ըլլալու իրենց կոչման: Անոնց ոտքերը լուալէն ետք, վերջնականապէս անոնց յայտնեց թէ ինք այլեւս պիտի մեկնէր այս աշխարհէն, քանի որ իր փառաւորումի ժամանակը հասած էր:
Առաքեալները հարց տուին թէ ո՞ւր պիտի մեկնէր, հակառակ անոր, որ բազմիցս խօսած էր թէ ո՞վ է ինք ու ինչո՞ւ համար աշխարհ եկած էր: Քրիստոս սորվեցուցած էր առաքեալներուն թէ ո՞րն է ճամբան իր Հօր մօտ երթալու, սակայն այս անգամ կը բացայայտէ ամենամեծ իրականութիւնը հաստատելով թէ. »Ե’ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը: Միայն ինձմով կարելի է Հօրս երթալ« (Յհ 14.6):
Այսօր մեր շուրջ շատ են այսպէս կոչուած ճշմարիտ ճամբան ուսուցանողները եւ դէպի այդ ճանապարհը առաջնորդողները, որոնցմէ անպայմանօրէն պէտք է խուսափիլ: Այդ անձերը կամ խմբակները ըստ Քրիստոսի բնորոշումին վարձկաններ են, որոնք հովիւ չեն ու իրենց չեն պատկանիր ոչխարները եւ երբ դժուար ժամանակները գան շուտով կը լքեն իրենց հօտը երբեք չմտահոգուելով անոնց մասին:
Անոնք կը ցրուեն հօտը քան թէ հաւաքեն: Այո, կÿօգտագործեն Քրիստոսի անունը նոյնիսկ, սակայն չեն քարոզեր ու վկայեր Քրիստոսի ճշմարիտ Աստուածութեան մասին, այլ որքան որ կրնան կը փորձեն աղաւաղել ու արժեզրկել Քրիստոսի մեծութիւնն ու վեհութիւնը, զայն հաւասար նկատելով հասարակ մահկանացուներուս: Դժբախտաբար այսօր շրջապատուած ենք նման խաբկանքներով, սակայն Քրիստոսի անունը կը յաղթէ ամէն ստախօսութեանց, ու մեր եկեղեցւոյ աննկուն կեցուածքը դիւրաւ կրնայ վտարել նմանօրինակ աղանդներ մեր սքանչելի աւանդ եղող հաւատքէն:
Մեծ Պահոց ոսկեայ շրջանը արդէն իսկ իր աւարտին մօտեցաւ, համայն Քրիստոնէութեան համար առիթ հանդիսանալով ինքնաճանաչման, ինքնասրբագրման ու ապաշխարութեան:
Գալիք Շաբաթ օրը յիշատակութիւնն է Ղազարոսի յարութեան որ իրեն շնորհուեցաւ Քրիստոսի կողմէ (Յհ 11.2846):
Եկող շաբաթ Հայ Եկեղեցին մուտք կը գործէ Աւագ եւ Սուրբ Շաբթուան մէջ, որ ըստ մեր քրիստոնէական ըմբռնումին, կը բովանդակէ լիութիւնը մեր հաւատքին ուր կը յայտնուին Քրիստոսի կարեւորագոյն տնօրինութիւնները, խօսքերը եւ գործերը:
Երուսաղէմը եղաւ այն քաղաքը, որու մէջ Քրիստոս անցուց իր երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուանը, չարչարանքի, անարգանքի, խաչելութեան ու թաղման վայրը, որոնց յաջորդեց իր հրաշափառ Յարութիւնը, մահուան ու մեղքին պարտութիւնը եւ արդարութեան յաղթանակը:
Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր օր ունի իր յատուկ խորհուրդը եւ խորհրդանշական իմաստը, որոնք հիմնուած են Աւետարաններու մէջ արձանագրուած հանգրուանային դէպքերուն, որոնք կեդրոնը կազմեցին Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջնակէտին:
Կիրակի օրը նուիրուած է Քրիստոսի Երուսաղէմ փառաւոր մուտքի իրողութեան ու յաղթանակին, որ կը կոչուի Ծաղկազարդ (Մտ 21.111), (Մր 11.111), (Ղկ 19.2940), (Յհ 12.1219), ուր զինք կը դիմաւորեն հաւատացեալները աղաղակելով. »Օրհնութի¯ւն Դաւիթի Որդիին, օրհնեալ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով: Օրհնութի¯ւն Բարձրեալին« (Մտ 21.9բ), իսկ երեկոյեան կը կատարուի Դռնբացէքի խորհրդանշական արարողութիւնը:
Աւագ Երկուշաբթի օրուան գլխաւոր յիշատակութիւնը Չորցած Թզենիին պատմուածքն է (Մտ 21.1822), (Մր 11.1214, 2024), ուր Յիսուս տեսնելով թզենին որ առանց պտուղի էր, զայն կÿանիծէ ու անմիջապէս թզենին կը չորնայ:
Աւագ Երեքշաբթի, յիշատակումն է Տասը կոյսերուն, որոնցմէ Հինգը իմաստուններ էին ու Հինգը յիմարներ (Մտ 25.113): Այս մէկը Քրիստոսի կողմէ միշտ արթուն ու պատրաստ ըլլալու կոչ մըն է իւրաքանչիւր մարդ անհատի:
Աւագ Չորեքշաբթին յիշատակումն է Բեթանիոյ մէջ Քրիստոսի օծման (Մտ 26.613), (Մր 14.39), (Յհ 12.18) եւ Յուդա Իսկարիովտացի Յիսուսի Առաքեալին զինք մատնելու համաձայնութեան (Մտ 26.1416), (Մր 14.1011), (Ղկ 22.36):
Աւագ Հինգշաբթի՝ Վերջին ընթրիք եւ Սուրբ Հաղորդութեան հաստատում (Մտ 26.1730), (Մր 14.1226), (Ղկ 22.723), (Յհ 13.2130), Ոտքերու լուացում ի նշան խոնարհութեան ու ծառայութեան (Յհ 13.120):
Աւագ Ուրբաթ՝ Քրիստոսի մատնութեան, չարչարանքներուն, դատապարտութեան, խաչելութեան, մահուան ու թաղման յիշատակութեանց օրն է (Մտ 26.36 27.61), (Մր 14.32 15.47), (Ղկ 22.39 23.56), (Յհ 18.1 19.42):
Աւագ Ուրբաթին յաջորդող օրը Շաբաթ երեկոյեան, որ եկեղեցական հասկացողութեամբ Կիրակի օրուան սկիզբն է, կը յիշատակուի Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութիւնը, տօներուն Տօնը, յաղթանակներու Յաղթանակը (Մտ 28.115), (Մր 16.18), (Ղկ 24.112), (Յհ 20.118):
Աւագ Շաբթուայ եկեղեցական արարողութեանց ընթացքին կատարուած աղօթքները, երգուելիք շարականներն ու ընդհանուր արարողական մթնոլորտը լաւագոյնս կÿիմաստաւորեն ու կը պանծացնեն իւրաքանչիւր օրուան խորհուրդը:
Ուստի այս Մեծ Շաբթուան ընթացքին, բոլոր քրիստոնեաներս ճանապարհորդակից պիտի ըլլանք Քրիստոսի եւ կարելի եղածին չափով պիտի գիտակցինք թէ ինք ինչ հանգրուաններէ անցաւ այդ օրերուն, հասկնանք իր կրած չարչարանքներուն, եւ անարգանքներուն եւ խաչելութեանիմաստն ու նպատակը, որ միայն ու միայն մեզի համար էին, մեր փրկութեան ու արդարացման համար էին:
Հետեւելով Ճանապարհին, Ճշմարտութեան եւ Կեանքին, իմաստաւորենք քրիստոնէական մեր կոչումը, ապրինք մեր սքանչելի հաւատքի կեանքը եւ զայն միշտ վառ պահենք յաջորդող սերունդներու մտքերուն ու հոգիներուն մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles