ՌՈՏ ԱՅԼԸՆՏԻ ՄԷՋ.- ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95ԱՄԵԱԿԻՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 43 Second

»Հայկական Ցեղասպանութիւնը 95 Տարիներ ԵտքՄեր Յիշողութեան Մէջ« խորագրով ցուցահանդէսի վերջնական պատրաստութիւնները արդէն աւարտելու վրայ են : Թէ պատմական եւ թէ արուեստի գետնի վրայ շատ յատկանշական այս ցուցահանդէսը , որ կը նշէ Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակը, կազմակերպուած է Փրովիտէնսի գաղութին քաջածանօթ եւ յարգուած »Gallery Z«ի տէր եւ տնօրէն՝ Պերճ Զօպեանի կողմէ:
Տիար Զօպեան այս ցուցադրութիւնը կազմակերպած է Ռոտ Այլընտ նահանգի համալսարանի մշակութային յանձնախումբի (Urban Arts and Culture) համագործակցութեամբ: Այս ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ Ապրիլ 1էն մինչեւ Ապրիլ 30 համալսարանի Փրովիտէնս քաղաքին մէջ գտնուող Ֆայնսթայն շէնքի արուեստի ցուցադրասրահին մէջ, որ շրջան այցելող արուեստասէր ազգայիններու ուշագրաւ կեդրոնն է:
Պիտի ցուցադրուին հարիւրէ աւելի ինքնատիպ արուեստի գործեր Ամերիկայի մէջ ճանչցուած նշանաւոր արուեստագէտներու կողմէ , ինչպէս նաեւ 133 կտորներ գծուած 616 տարեկան պատանիներու կողմէ: Նոր սերունդի մասնակցութիւնը շեշտուած է արուեստի այս ցուցադրութեան մէջ, քանի որ անոնք են ազգին ապագայի յոյսը: Մասաչուսէցի Ուաթըրթաուն քաղաքի Սուրբ Ստեփանոս դպրոցէն, Փրովիտէնսի Շաբաթօրեայ Մուրատ Ազգային Վարժարանէն, եւ Փրովիտէնսի Սուրբ Սահակ Սուրբ Մեսրոպ Կիրակնօրեայ վարժարանէն մեծ խումբ մը աշակերտներ պիտի մասնակցին այս ցուցահանդէսին իրենց գծագրութիւններով : Պատանիները պիտի փորձեն գծագրութեամբ պատասխանել հետեւեալ հարցումին. »Ինծի համար ի՞նչ կը նշանակէ Հայ ըլլալ«:
Քանի մը այլ կազմակերպութիւններ եւս պիտի գործակցին այս արուեստի հանդէսին Երեւանի հայկական Ցեղասպանութեան Թանգարանը , Ուաթըրթաունի մէջ գտնուող ԱԼՄԱն (Ամերիկայի հայկական գրադարանն ու թանգարանը), որ պիտի ցուցադրէ ցեղասպանութեան նուիրուած իր շրջուն հաւաքածոն: Նարեկացի Արուեստի Հիմնարկը պիտի հայթայթէ զանազան ժապաւէններ եւ ցեղասպանութեան վերաբերող բացատրողական տեղեկութիւններ: Իսկ Հայոց Պատմութեան Ռոտ Այլընտի կազմակերպութիւնը պիտի մասնակցի ցուցադրելով պատմական եւ հայ արուեստի հաւաքածոն իր մանրամասն տեղեկութիւններով:
Երկու պաշտօնական հանդիպումներ արդէն ծրագրուած են Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակի յիշատակին նուիրուած այս ցուցահանդէսի ամսուան մէջ: Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, կէսօրէ ետք ժամը 5էն 9, »Gallery Z«ի երեկոյեան բացման հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ:
Իսկ Շաբաթ, Ապրիլ 17ին կէսօրէ ետք ժամը 3էն 5, ծրագրուած է հետաքրքրական գեղարուեստական յայտագիր մը : Ռոտ Այլընտի »Յիշելով Մեր Անցեալը, Դաստիարակելով Մեր Ապագան« (Remembering Our Past, Educating Our Future) ծրագրի պատասխանատուներէն՝ Տիկին Եսթեր Գալայճեան եւ Տիկ. Փօլին Կեցոյեան պիտի ներկայացնեն Ռոտ Այլընտի դպրոցներուն մէջ ցեղասպանութեան նիւթի ուսուցման լաւագոյն ուսուցիչի մրցանակը: Անոնք Րոտ Այլընտի կրթական նախարարութեան միջոցաւ կարգադրած են որ այդ օրուայ յայտագրին ներկայ եղող ուսուցիչները ստանան երկու վարկանիշ (credit), այսպիսով ծանօթացնելով զիրենք հայ պատմութեան եւ գեղարուեստին:
Օրուայ հանդիսավարը պիտի ըլլայ Կրէկ Չօփուրեան,որ 2002 թուին »Արարատ« շարժանկարի դերասան եւ պատմական խորհրդատուն էր : Արփի Տատոյեան պիտի մասնակցի յայտագրին իր նոր հաւաքածոյէն (Sandplay) երգելով մի քանի երգեր: Քամանչիստ՝ Դաւիթ Այրիյեան պիտի նուագէ ընկերակցութեամբ՝ երաժշտագէտ դաշնակահար Մայէսթրօ Կոստանդին Պետրոսեանի:
Ռոտ Այլընտի ազգայիններէն եւ ճանչցուած դերասան Արմէն Կարօ պիտի ներկայացնէ Փրովիտէնսի Ճանսըն էնտ Ուեյլզ համալսարանի դասախօս եւ թատերագիր Տօրօթի Ապրամի գրած թատրոնը ցեղասպանութեան մասին : Հարց ու պատասխանի առիթ եւս պիտի տրուի ներկայացումէն ետք:
Այս յիշատակելի ձեռնարկին ծրագրող մարմինը հաստատած է յատուկ կայք մը www. armeniangenocide95years.com անուան տակ, ուր կարելի է տեսնել բոլոր մանրամասնութիւնները յաջորդող շաբաթներու ընթացքին: Facebookի վրայ եւս էջ մը բացուած է Armeniangenocide Ninetyfiveyears խորագրով, ուր կարելի է կապ պահել ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն հետ: Իսկ եթէ կը փափաքիք գրաւոր հաղորդակցիլ, կրնաք գործածել հետեւեալ հասցէն armeniangenocide95years@gmail.com. Իսկ անոնք որ կը փափաքին նիւթապէս օգտակար ըլլալ այս լայնածաւալ եւ ծախսալից ցուցահանդէսին, կրնան իրենց նուիրատուութիւնը ղրկել հետեւեալ հասցէինZobian,17 Amherst St. Providence, RI,02909.Memo:Genocide Exhibition.
Այս ցուցահանդէսը որ պիտի ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան անուրանալի իրականութիւնը, միաժամանակ պիտի հաստատէ վերապրող եւ վերածաղկող հայ ժողովուրդին մշակոյթը ներկայիս եւ իր ապագայով: Անհամբեր կը սպասենք որ բոլորին համագործակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած այս ընտիր ցուցահանդէսը պսակուի յաջողութեամբ ի նպաստ հայ պատմութեան եւ մշակոյթի յաւերժացման:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles