ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՕՏԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔԸ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԵՐԳԻԾԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ԵՐՐԵԱԿԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 56 Second

Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը նախապատրաստական աշխատանքի լծուած է ,Գրական Գոհարներ» երեկոյ մը նուիրելու երեք հայ մեծագոյն երգիծաբաններուն՝ Յակոբ Պարոնեան, Երուանդ Օտեան եւ Լեռ Կամսար, նախատեսուած Մայիս 7ին համար: Այս առնչութեամբ, Նիւ Եորքի մասնաճիւղը այս տարուան բեղուն գործունէութեան զարկ տուաւ Յունուարի վերջերուն, Երուանդ Օտեանի մասին դասախօսութեամբ Զարմինէ Պօղոսեանի, տնօրէնուհի Սրբոց Նահատակաց հայկական վարժարանի: Երեք երգիծաբաններու նուիրուած երեկոյին նախընթաց քայլը տուած էր տարի մը առաջ ընկերուհի Լիզա Եսայեան, որ կեդրոնացաւ Յակոբ Պարոնեանի կեանքին ու գործին վրայ իբր գլխաւոր դէմքերէն մեր գրականութեան Իրապաշտ Սերունդին: Շարքը շարունակեց ընկեր Ռուբէն Պարսումեան, Հոկտեմբեր 2009ին: Ընկ Ռ. Պարսումեան, գրական եւ անձնական աղբիւրներու օգտագործութեամբ, ներկայացուց Լեռ Կամսարի առաջին եւ ամբողջական կենսագրականը, (Արամ Թովմասի Թովմաղայեան, Տէր Թովմաղեան, 18881965):
Ընկհ. Եսայեանի եւ Ընկ. Պարսումեանի ներկայացումը ներկաներուն եւ Համազգայինի անդամներուն մէջ արթնցուց հետաքրքրութիւն Պարոնեան-Օտեան-Լեռ Կամսար երրեակին շուրջ, այսպէսով ծառայելով իբրեւ առաջին ձեռնարկը ,Գրական Գոհարներու Մայիսի ծրագրին:
Օտեան (1869, Պոլիս1926, Գահիրէ) կու գար համբաւաւոր եւ ուսեալ ընտանիքէ մը: Բազմակողմանի ուսում առած է, ըսաւ Տիկ. Պօղոսեան Յունուար 22ի իր ներկայացումին: Տասը տարեկանին հօրեղբօր հետ Փարիզ գացած է: Օտեանի բեղուն գրիչի շրջանը Եղեռնի տարիներուն զուգադիպած է, որը ողբերգութիւն մըն է, ,Ծիծաղի համար ծնած մեծագոյն հայ երգիծաբանին համար», ինչպէս զինք բնորոշած է Շիրվանզատէն:
1915 Օգոստոս 25ին, Օտեան կÿայցելէ Պոլսոյ իր ազգականներուն: Յաջորդ օրը կը ձերբակալուի: Կը սկսին Օտեանի ,անիծեալ տարիները»: Աքսորի երկար ոդիսականը զինք կը տանի Պոլիս, Գոնիա, Էրէյլի, Պոզանթի, Գավաքլը, Քիւլէկ, Սթասիոն, ԹարսուսՏարսոն, Օսմանիէ, Հասան Պէյլի, Իսլահիէ, Հալէպ, Սէպիլ, Դամասկոս, Հալէպ, Համա, Հալէպ, Մեսքենէ, Համմամ, Զիպնէ, Ճիպնէ, Տէր Զօր, Շմաթիա, Թիպնէ, Մատէն, Սապքա, Համմամ, Ապու Հաճէ, Տարսոն, Գոնիա, Եարմա, Սուլթանիէ, Գոնիա, Իզմիթ, եւ դարձեալ Պոլիս:
Մազերս ածիլած, պեխերս կարճ կտրած, գլուխս գդակ, ,Արդարեւ կը նմանէի յիմարանոցէն փախած մէկու մը», գրած է Տէր Զօրի արհաւիրքի այդ տարիներուն: Հալէպի հիւսիսային շրջանի Սէպիլի արեւելեան ծայրամասը ընդարձակ դաշտ մըն էր, ոտքով մէկ ժամ հեռաւորութեամբ: Տէր Զօր երթալիք տարագիրները հոն կը ղրկուէին: ,Սէպիլ դժոխքի կայարան էր հայերուն համար…»:
Համայի մէջ իր կեանքի ամենատխուր գլուխներէն մէկը կÿարձանագրուի, երբ կÿիսլամանայ եւ անունը կը ստիպուի փոխել Ազիզ Նուրի, ըսաւ Տիկ. Պօղոսեան: Սասնոյ մէջ ականատես կÿըլլայ հայուհիներու բռնի իսլամացումի փորձերուն, զոր կիները մինչեւ իսկ մահ մերժեցին: Երբեմն ծնողներ իրենց զաւակները քանի մը մէճիտիէի կը ծախէին: ,Համայի մէջ ճանչցայ 1112 տարեկան հանած վառած տղայ մը, որ իր փոքրիկ քոյրը այսպէս Արաբներուն կը ծախէր եւ յետոյ կը գողնար զայն ուրիշներուն կը ծախէր», ըսաւ Տիկ. Պօղոսեան յուզուած շշմած ունկնդիրներուն, որ շատ անգամ դասախօսութեան ընթացքին այս սրտաճմլիկ դրուագներու վարպետ երգիծաբանին նկարագրութիւնը լսելով՝ չէին գիտէր եթէ պատմուած դէպքը ժպիտի՞ արժանի էր թէ արցունքի:
Օտեան կը նկարագրէ պարագան այն հայ երիտասարդին, որ ինքզինք մեռեալ կը ձեւացնէ եւ տասը ժամ կը տուժէ, որ թուրք ժանտարմներ իրեն կիցեր տան: Երբ կը դադրեցնեն, համոզուած որ ալ մեռած էր, երիտասարդը կÿելլէ կը փախչի: Ժանտարմներէն մէկը կÿուզէ հալածել զայն, սպաննելու համար: Միւսն ալ իրեն կÿըսէ՝ ,Ձգէ թող երթայ, հոգինիս հանեց»:
Մեր թերեւս երկրորդ մեծագոյն երգիծաբանին կեանքի ոլորտապտոյտ ընթացքը՝ հարազատ արտացոլումն է հայ կեանքի 20րդ դարու սկիզբի վերիվայրումներուն: Տիկ. Զարմինէ ամփոփեց Անդրանիկ Ծառուկեանի յիշած մէկ դրուագը իր ,Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ» յուշագրական վէպին մէջ, երբ Օտեան կÿայցելէ որբերուն Հալէպ: Օտեան կը փորձէ խօսիլ ըսելով ,Սիրելի փոքրիկներ» եւ կը սկսի լալ: Այսպէս քանի մը անգամ կը փորձէ բայց հազիւ կÿարտասանէր առաջին խօսքերը՝ ,Սիրելի փոքրիկներ», նորէն կը սկսէր լալ: ,Այս մարդը մեզի պիտի խնդացնէր, ինքը կու լայ կոր», մտածեցին բոլոր որբերը:
Օտեան իր անունը անմահացուցած է ,Ընկեր Փանջունի» երգիծական վէպով, թէեւ Տիկ. Պօղոսեան յիշեցուց ներկաներուն, որ ըստ գրական քննադատներուն, վէպին երկու յաջորդական հատորները սկզբնական խանդավառութիւնը չպատճառեցին, այսուհանդերձ ,Ընկեր Փանջունին», այնքան հարազատ եւ սրամիտ կերպով ըմբռնած է մեծ թիւով հայերու ոգին, որով եւ բնականօրէն ծնունդ տուած է ,փանջունիական ածականին, որ տակաւին եւ արդարօրէն ի զօրու է մեր ազգային կեանքէն ներս, որքան իր հնարողի՝ Օտեանի յիշատակը:

Թղթակից

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles