Արուեստ Եւ Մշակոյթ
«ՄՈՍԿՈՒԱ» ԲԱՑՕԹԵԱՅ ԴԱՀԼԻՃԸ ԿՐՆԱՅ ՔԱՆԴՈՒԻԼ
ՀՀ կառավարութիւնը, վերջերս յատուկ որոշում մը առած էր, Աբովեան թաղի մօտ գտնուող, Երեւանի միակ բացօթեայ «Մոսկուա» սրահը քանդել:

Յատկապէս արուեստագէտ անձնաւորութիւններ եւ մշակոյթի սիրահարներ, գործի լծուած են կանխելու համար, նման որոշում: 
Քանի մը օր մնացած է պայմանաժամէն եւ արդէն իսկ աւելի քան 13 հազար բողոքի ստորագրութիւններ հաւաքուած են:
Համանուն «Մոսկուա» սրահին քով կառուցուած է այս բացօթեայ սրահը 1960ի սկիզբները, շնորհիւ հանրածանօթ ճարտարապետներ Սպարտակ Կնտեղցեանի եւ Թելման Գէորգեանի:



