Տարիներու վրայ երկարող առիթներով եւ զանազան ձեռնարկներով, Հայ Օգնութեան Միութեան յոբելինականները դարձած են արժէքաւոր եւ իմաստալից:
Պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ գաղութներէն՝ գաղութներուն, հաւաքականութենէն՝ հաւաքականութեան…ժողովուրդէն՝ ժողովուրդին ծառայող այս միութիւնը նիւթաբարոյական եւ ենթագիտակցական էութիւն մըն է: Կառոյց մը, որ կրցած է ըմբռնել հայութեան հոգեկան ու մտաւորական պահանջները, եւ ըստ այնմ, ի գործ դնել անսակարկ ու անվերապահ աշխատանքային բնագաւառ, անսահման հեղինակութիւն, անվերապահ նպաստամատոյց եւ օժանդակութիւն…շարունակ օգնութիւն:
Տարիներ շարունակ, ոչ թէ միայն պետական հովանիէ զուրկ, այլ բոլորովին կառչած հայկական արտասահմանին՝ Սփիւռքին, Հ.Օ.Մ.ը գործեց, իրագործելով զանազան աշխատանքներ, յայտագրեր ու ծրագիրներ:
Աւելի քան 15 հազար անդամներով, Հ.Օ.Մ. ուժ մըն է…բարեսիրական բանակ…թուական զօրութիւն մը, որուն շօշափելի քանակին հետ զուգընթաց կ’ընթանայ նաեւ բարձրագագաթ որակը:
Քսաներորդ դարաշրջանի սկիզբները, առաջին տասնամեակի աւարտին՝ 1910ին, Նիւ Եորքի մէջ հիմնուած Հ.Օ.Մ.ը, իր իւրայատուկ գաղափարաբանութեամբ աշխարհ լոյս տեսած, առաջին օրէն իսկ գործեց ամենայն բծախնդրութեամբ եւ գուրգուրանքով, յաչս ազգին, հայրենիքին, մշակոյթին եւ քաղաքակրթութեան:
Դժուար էին առաջին տարիները: Հիմնադրութիւնէն ետք 1915ի Հայոց Եղեռնը, տարագրութիւնը, հայրենիքէն ու իր անմիջական բնագաւառէն հեռու, հալածանքի ենթակայ, հայորդին ցնցուած էր: Հաւանաբար այս ահաւոր ու սարսափազդու կացութիւնը աւելի մղեց հայ փափուկ սիրտը, որպէսզի անաչառօրէն գործի լծուի, մուտք գործէ ծառայութեան ասպարէզ, շինէ’ եւ վերաշինէ’ փուլ եկածը, կանգնէ’ եւ վերականգնէ’ քայքայուածն ու քանդուածը:
Ահաւասիկ, կանացի կուռ կազմակերպութեան մը հիանալի գործը՝ գործունէութեան դաշտը, լի՝ պայքարելու բերկրանքով, տոկալու կենսունակութեամբ, պայքարելու եւ յաղթանակելու կամքով:
Հուսկ բանք, իր հազարաւոր անդամներուն եւ համակիրներուն ամբողջական եւ հետեւողական նուիրումով կը գործէ ու կը ծրագրէ Հ.Օ.Մ.ը, միշտ ալ ի մտի ունենալով հզօր հայրենիքի եւ հայութեան տեսլականը:…Այո’, պատնէշի վրայ է Ակնունիի հիմնած այս միութիւնը…շարունակ մնալով իր հարիւրամեայ յոբելինականի կոչումին:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Մարտ 11, 2010