ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
»Դպրոցի մէջ մեր փոքրիկներուն պէտք է սորվեցնել, թէ դուք հայրենիք ունիք… Անոնց ամէն բան պէտք է սորվեցնել՝ գիտութիւն, լեզու, նկարչութիւն, բայց պէտք է ամէնէն առաջ եւ ամէնէն վեր մէկ բան սորվեցնել՝ հայութիւն…«
Նիկոլ Աղբալեան
Սփիւռքի հայկական համայնքներու ազգային մթնոլորտը պահպանող հիմնական գործօններէն մէկը եղած է հայ դպրոցը, ազգային կրթօճախներ, որոնց գերագոյն նպատակը եղած է օտար միջավայրի մէջ ապրող հայ երեխաները հայ պահել, փրկել ուծացումէն, տալ անոնց հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն, զինել՝ դժուարութիւնները դիմակայելու, պայքարելու, ուժ եւ նոր արժէքներ ստեղծելու վճռակամութեամբ:
Սփիւռքի հայկական կրթօճախներէն ներս գործած են եւ կը շարունակեն գործել նուիրեալ ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ, որոնց շնորհիւ է որ հայրենիք չտեսած սփիւռքահայ սերունդներու շրթներէն կը հնչէ մեր ոսկեղնիկ մայրենի լեզուն, անոնք իրենց աշակերտներուն մէջ կը սերմանեն ազգային ինքնագիտակցութեան ոգին, հաղորդակից կը դարձնեն ազգային եւ համամարդկային արժէքներուն, կը նպաստեն գաղութներու զարգացման ու հայապահպանման գործին՝ իրականացնելով կրթադաստիարակչական, կրթամշակութային, հայապահպան, համապարփակ գործունէութիւն:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը կարեւորելով հայկական դպրոցներու դերը Սփիւռքահայ սերունդներու մէջ ազգային ոգի եւ ինքնագիտակցութիւն, հայրենասիրական շունչ սերմանելու գործին մէջ՝ համագործակցելով համաշխարհային հայկական քոնկրէսի հետ, յայտարարած է Սփիւռքի լաւագոյն հայկական կրթօճախի մրցում, հայապահպանութեան գործի մէջ իրենց ունեցած նշանակալից աւանդի համար, նպատակ:
Մրցումին կրնան մասնակցիլ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կրթօճախները՝ ամէնօրեայ, մէկօրեայ (կիրակնօրեայ) այն դպրոցները, որոնք կը բաւարարեն հետեւեալ չափանիշները՝
Գրանցուած է իբրեւ դպրոց կամ կը գործէ իբրեւ մասնագիտացուած կրթական հաստատութիւն՝ տեղի հայկական կազմակերպութեան կամ եկեղեցական կառոյցին կից:
Կը գործէ առնուազն հինգ տարի:
Կրթօճախէն ներս կը դասաւանդուին նուազագոյնը հետեւեալ առարկաները՝ Հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն կամ եկեղեցւոյ եւ մշակոյթի պատմութիւն:
Մասնակիցները մինչեւ 2010 թուականի Մարտ 30ին մրցումի յանձնաժողովին պէտք է ուղարկեն դիմումնագիրն ու անհրաժեշտ նիւթերը:
Մրցումին մասնակցելու պայմանները տեղադրուած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կայքէջին՝ www.mindiaspora.am, ինչպէս նաեւ »Հայերն այսօր« ելեկդրոնային պարբերականի մէջ՝ www.hayernaysor.am:
Տեղեկութիւններու համար դիմեցէք հետեւեալ հասցէներուն.
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն
ՀՀ 0010, Երեւան, Վ. Սարգսեան 26/1
Էլ. փոստ՝ info@mindiaspora.am
Հեռ.՝ +(374 10) 58 56 01109 կամ (1 818) 480 67 40