Աշխարհի ամէնէն աւելի տարօրինակ եւ համակրելի արուեստագէտներէն մէկն է սերպ-պոսնիացի բեմադրիչ, դերասան եւ երաժիշտ Էմիր Քուսթուրիցա, որ վերջերս այցելեց Հայաստան եւ Մարտ 5-ին ելոյթ ունեցաւ իր «գեր-առողջապահական» խումբին՝ No Smoking Orchestra-ին հետ, Երեւանի մէջ, ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն: Սարայեւօ ծնած, Քուսթուրիցա, նաեւ կը դասախօսէ Քոլումպիա համալսարանէն ներս:
«Արուեստի կարիքն ունին միայն փոքր ազգերը: Մենք պարտաւոր ենք պահպանել մեր մշակոյթն ու հաւատքը: Իսկական արուեստի պահանջը, ժամանակից աշխարհէն ներս սկսած է պակսիլ…» յայտնեց Քուսթուրիցա, մամլոյ ասուլիսի մը ըն-թացքին:
Անոր հռչակաւոր ժապաւէններն են՝ «Արիզոնա Տրիմ» (1993) եւ Եուկոսլաւիոյ բաժանումը նկարագրող «Անտըրկրաունտ»ը (1995):
Կիթառահար Քուսթուրիցա, տարիներէ ի վեր ելոյթ կ’ունենայ իր խումբին հետ, նաեւ լոյս ընծայած է կարգ մը խտասալիկներ:
Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի