ԹՐՔԱԿԱՆ ՏԱՏԱՄՍՈՒՄ ԵՒ ՊԱՊԱՆՁՈՒՄ

0 0
Read Time:3 Minute, 5 Second

Ուա­շինկ­թը­նի մօտ, Թուրք­իոյ նախ­կին դես­պան Նա­պի Սեն­սոյ, կտրուկ կշռոյ­թով ու զայ­րոյ­թով կ’ար­տա­յայտ­ուէր: Ան չէր կրցած իր պա­ղա­րիւ­նու­թիւնը պա­հել:

Ընդ­հա­կա­ռա­կը պրկուած ու ջղա­յին շար­ժում­նե­րով, ան կը փոր­ձէր ար­տա­յայտ­ուիլ:

Իր տա­տամ­սումն ու պա­պան­ձու­մը աւե­լի ճնշում կը բա­նեց­նէ­ին, այն­քան մը որ ան հա­սած էր մա­կար­դա­կի մը՝ ուր գրե­թէ կորսն­ցու­ցած էր իր տրա­մա­բա­նու­թիւնն ու առողջ մտա­ծե­լա­կեր­պը:

Այո’, փոր­ձա­ռու թղթա­կից – լրագ­րող Պոպ Սայ­մըն կրցած էր զինք նեղ կա­ցու­թեան մատ­նել: Եւ Սեն­սոյ, քա­նի մը վայրկ­եան­նե­րու ըն­թաց­քին, կա­տա­րեց ան­նե­րե­լի վեր­լու­ծում­ներ եւ հաս­տա­տում­ներ, ընդ­հան­րա­պէս ժխտա­կան տպա­ւո­րու­թիւն մը ձգե­լով, մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լող «Վաթ­սուն Վայրկ­եան»  (60 Minutes) յայ­տա­գի­րը հե­տե­ւող ամ­բո­խին վրայ:

Ար­դա­րեւ, այդ օր՝ Կի­րա­կի Փետր­ուար 28, 2010-ին, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին պատ­րաստ­ուած յայ­տագ­րին առ­թիւ, Պոպ Սայ­մըն կրցած էր քա­ռորդ ժամ­ուան ըն­թաց­քին ներ­կա­յաց­նել, ցայ­սօր թա­պու հան­դի­սա­ցող եւ մե­լան հո­սեց­նող նիւթ մը:

Տրա­մա­բա­նա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով, շի­նիչ հար­ցադ­րում­նե­րով եւ տե­ղին մատ­նան­շում­նե­րով, Սայ­մըն կրցաւ այս կարճ ու իրա­պաշտ վա­ւե­րագ­րա­կա­նով, ներ­կա­յաց­նել պա­տա­հած «ամօ­թա­լի արարք»ը, կտրուկ կեր­պով, պա­տաս­խա­նե­լով դես­պան Սեն­սո­յին թէ, տե­ղա­հա­նու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պե­լը ու­նի (…եւ պէտք է որ ու­նե­նայ) իր լուրջ դրդա­պատ­ճառ­նե­րը եւ աւե­լի’ն, ան­մեղ հա­յոր­դի­նե­րու տե­ղա­հա­նու­թիւնը կա­տար­ուած է դէ­պի տար­բեր ուղ­ղու­թիւն, տար­բեր եր­կիր…անա­պատ՝ մերկ անա­պատ:

Սայ­մըն այ­ցե­լե­լով Տէր Զօր, քա­ջա­տեղ­եակ եղած ու իր մոր­թին վրայ զգա­ցած էր թէ որ­քա¯ն ար­ցունք, անէծք, թա­խիծ, սրտաճմ­լիկ տե­սա­րան­ներ, սրտա­կե­ղէք դէպ­քեր պա­տա­հած էին, ցայ­սօր, տա­րի­նե­րու հետ անար­դա­րօ­րէն ան­պա­տիժ ձգե­լով այդ Եղեռ­նի ետին կե­ցող սադ­րիչ ու արիւ­նար­բու ձեռ­քե­րը:

Սայ­մըն դպած էր աճիւն­նե­րու, որոնք ի պա­տաս­խան դես­պան Սեն­սո­յի, կը պատ­կա­նին այդ օրե­րուն շա­րու­նակ մղոն­ներ քա­լած, կի­սա­մերկ ու բո­պիկ ան­մեղ հա­յոր­դի­նե­րուն:

Տէր Զօր եւ Մար­կա­տէի քա­րայր այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, Սայ­մըն իր կող­քին ու­նե­նա­լով Փի­թըր Պա­լագ­եա­նը, գի­տակ­ցած էր թէ այդ ահա­ւոր ար­հա­ւիր­քէն վե­րապ­րող հա­յորդիի մը հա­մար, որ­քա¯ն զար­հու­րե­լի եւ սահմռ­կե­ցու­ցիչ է պա­տա­հա­ծը եւ թէ որ­քա¯ն Սփիւռ­քա­ծին ձայ­ներ, փրկուած­նե­րու թոռ­ներ ու ծոռ­ներ կը պա­հան­ջեն ՀԱ­ՅՈՑ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ար­դար ու պատ­շաճ ճա­նա­չում:

»Հայ­րե­նիք« – 03/05/2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles