Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կարդալով Ստեփան Փանոսեանի »Կեանք մը իր հանգրուաններով ու խոհերով« հատորը« ընթերցողը կը տարուի հետեւեալ մտածումով.- իւրաքանչիւր մարդ արարածի կեանքը գիրք մըն է անկասկած. ոմանք կը գրուին« ուրիշներ կը մնան անհատներու եւ անոնց անմիջական ծանօթներուն-հարազատներուն յիշողութեան մէջ ու շուտով կը կորսուին: Այս կեանքը գրուող տեսակին կը պատկանի:
Հրատարակուած է 2009ին« Թորոնթօ: Կը բացուի հեղինակին կողմէ շնորհակալիքով մը ու գիրքին մասին քանի մը գնահատական արտայայտութիւններով: Անկախ կենսագրական հակիրճ ծանօթութիւններէն (կեանքին մանրամասնութիւնները սփռուած են հատորին տարածքին)« հեղինակը ունի բացատրական մը. հատորը՝ կեանքի տարբեր հանգրուաններու արձանագրուած յուշեր ու գրական արտայայտութիւններ« նաեւ անտիպ էջեր« առաջին անգամ լոյս տեսած է Երեւան« սակայն հրատարակութեան որակը չէ գոհացուցած զինք« հետեւաբար« գիրքը ենթարկուած է որոշ վերախմբագրումի« սրբագրութիւններու« աւելցած են որոշ նիւթեր« եւ ահա կը ներկայանայ այս պատկերով:
Հիմնականին մէջ յուշագրական հատոր մըն է« որ սակայն ունի յուշագրականէն անդին գացող տարածք ու խորք:
Հատորը բացող էջերուն« կայ նաեւ ուշագրաւ բանաստեղծութիւն մը« որ խորքին մէջ կը բացատրէ կողքի նկարը: Դափնիի ծառի մը տերեւներն ու պտուղները կը զարդարեն կողքը« »հատուած« մը՝ հեղինակի ծննդավայրին՝ Քեսապի տան առջեւ բարձրացող ծառէն« որուն տակ անցած են Ս. Փանոսեանի կանուխ մանկութեան օրերը. ան երանութեամբ կը յիշէ այդ օրերը« թէեւ անոնք նաեւ ծանրաբեռնուած են եղած դառնութիւններով« անձկութիւններով ու ցաւերով« որոնց ընթերցողը քիչ ետք կը ծանօթանայ հատորին էջերուն մէջ:
Շուրջ չորս տասնեակ խորագիրներու տակ դասաւորուած նիւթերը բաժնուած են չորս խմբաւորումներու: Առաջին շարքը առաւելաբար յուշագրական է եւ որոշ չափով ունի ժամանակագրական զարգացում: Ճամբայ կ’ելլէ յետ-ցեղասպանութեան շրջանէն« ու կը զարգանայ հեղինակին ու ընտանիքին կեանքի պատմութեան զուգահեռ« բնականաբար երբեմն յետադարձ ակնարկներով կ’երթայ նաեւ նախա-եղեռնեան շրջանը« երբ յիշատակումներ կը կատարուին հեղինակին հօր ու սերնդակիցներու այլապէս արկածալի ու դժնդակ կեանքի պայմաններուն մասին« բռնագաղթի ու նահատակութեան« եւ վերապրողներու տունդարձէն ետք վերականգնումի առաջին քայլերուն:
Առաջին մակարդակով« հեղինակը դրուագներ ու մանրավէպեր ունի իր ընտանիքի անդամներուն« հարազատներու« բարեկամներու« ընկերներու եւ ուսուցիչներու մասին« սակայն ընթերցողը շուտով իրազեկ կը դառնայ« որ հատորը ունի քանի մը աստիճանաւորումով խորք. հոն կան Քեսապն ու իր կենցաղային-ֆոլքլորիք պատկերները« անցեալ դարու 20ական թուականներու եւ յաջորդ տասնամեակներու վաւերագրումը« աւանդութիւններ« աւելի ուշ՝ նաեւ ժողովրդային հաւատալիքներէ եւ առասպելներէ ծագած դրուագներ« երբեմն նաեւ քիչերու ծանօթ« ընդհանրապէս մոռացութեան դատապարտուած իրականութիւններ« եթէ չըլլային այս ու նմանօրինակ յուշագրութիւններ:
Հեղինակին ու ընտանիքի անդամներուն կեանքը չէ սահմանափակուած Քեսապով« ուրեմն« յուշերն ալ կը հետեւին տեղափոխութիւններուն« որոնք կը տարածուին դէպի Հալէպ« մօտակայ աւաններ« Պէյրութ եւ միջին արեւելեան այլ շրջանները: Թէեւ հեղինակին կեանքի նորագոյն եւ բաւական երկար մէկ մասը խարսխուած է Գանատայի մէջ« սակայն կեանքի այդ հատուածը միայն մանր յիշատակումներու արժանացած է այս հատորին մէջ:
Պատումն ու խորհրդածութիւններու տարազումը կատարուած են ներգրաւող ոճով ու հաղորդականութեամբ: Ընթերցողը պէտք չունի քեսապցի ըլլալու« որպէսզի շուտով համակուի հատորին էջերով« բաժնեկից դառնայ հեղինակին յոյզերուն ու ապրումներուն: Զուարթախոհութեան՝ հիւմըրի յաճախակի միջամտութիւնը մեծապէս կը նպաստէ հաղորդականութեան:
Խորքին մէջ« այս բաժինը կարելի է նկատել ձօն մը՝ հին ու զարգացող Քեսապին« հիւսուած՝ յուշերու ընդմէջէն« այն մղումով ու մօտեցումով« որոնցմէ ատենին բխած են գիւմրեցի Մկրտիչ Արմէնի »Հեղնար Աղբիւր«ը« վանեցի Մահարիին՝ »Այրուող Այգեստաններ«ը« ու տակաւին գրական այլ ստեղծագործութիւններ« բոլորն ալ ծննդավայրի որոշ մէկ ժամանակահատուածը եւ կեանքի մէկ հանգրուանը անմահացնելու տենդով: Այս նշումը չենք կատարեր Ս. Փանոսեանի հատորը գրական յիշեալ գործերուն բաղդատելու մօտեցումով« այլ նշելու՝ թէ այս գիրքին մէջ« Ստեփան Փանոսեան եթէ մէկ կողմէ կու տայ քեսապեան կեանքի լայն պատառիկներ ու պաստառներ« ան նաեւ կը փորձէ անմահացնել ծննդավայրն ու անոր երախտաւորները: Բարեբախտաբար ան միայնակ չէ այս ճիգին մէջ: Արա Աբէլեանի ու Յակոբ Չօլաքեանի պէս քեսապցիներ գրական-մտաւորական երախտիք ու վաստակ ունին այս կալուածին մէջ« տարատեսակ հատորներով:
Յաջորդ երեք բաժինները ունին իրենց ենթախորագիրները.- Առաջինը՝ »Հայաստանի Շուրջ«« յաջորդը՝ »Սփիւռքի վիճակ« եւ վերջինը՝ »Գրական մտորումներ«:
Թէեւ հեղինակը յուշագրական առաջին բաժինին մէջ աղուոր էջեր ունի Հայաստան իր առաջին այցելութեան մասին« այս բաժինը վերապահուած է վերանկախացած Հայաստանին ու հայութեան վերադարձած Արցախին իր տուած այցելութիւններուն« հոն տարած կուսակցական եւ այլ աշխատանքներուն« ինչպէս նաեւ երկրին նոր կացութիւններէն բխած խորհրդածութիւններուն: Յաջորդ բաժինը՝ Սփիւռքի մասին« հրապարակագրական յօդուածներու խորքով մատնանշումներ« քննարկումներ ու խորհրդածութիւններ են« ուր կ’արտացոլան հայրենիքով մտահոգ ու հպարտ հայ մարդու եւ դաշնակցական մտածողի յատկանիշները:
Վերջին բաժինը արդէն կը բացատրուի իր ենթախորագիրով՝ »Գրական Մտորումներ«: Հեղինակին նպատակը գրականութիւն մշակել չէ« այլ գրական ճաշակով կու տայ մանրավէպեր ու կեանքի էջերէն փրցուած պատահարներ. հոն կան հովուերգութիւն« արդի աշխարհի նորահնար կազմածներէն՝ համակարգիչին հետ մտերմանալու փորձառութիւն եւ« տակաւին« Ցեղասպանութեան դառն հետեւանքներէն ներշնչուած պատմութիւն մը« որ հեռաւոր արձագանգ մըն է հեղինակին համաքաղաքացի Գէորգ Աբէլեանի վաւերագրական հատորին՝ »Ցկեանս Նահատակութիւն«ի դրուագներուն: Հեղինակը« յետ գրութեամբ մը« կը նշէ« որ այլապէս յուզական եւ ահաւոր վիճակներ ներկայացնող տուեալ պատմութիւնը հնարովի է« սակայն խորքին մէջ մէկտեղումն է Ցեղասպանին պատճառած իրական դրուագներու եւ կացութիւններու:
Թէ’ յուշագրական եւ թէ հետեւող բաժիններուն մէջ« տիրական ներկայութիւն են հեղինակին վարակիչ հայրենասիրութիւնը« հայրենիքը ամէն բանէ վեր նկատելու անոր զգացումը եւ էական հարցերու մէջ միակամ ու միասնական ըլլալու չարենցեան ոգին: Ս. Փանոսեան հաւանաբար չունի այն մտածումը« թէ ընթերցողը բացարձակօրէն համակարծիք պիտի ըլլայ իր բոլոր խորհրդածութիւններուն ու մտածումներուն« սակայն կասկածէ վեր է« որ ծննդավայրին« հայրենիքին ու հայութեան հանդէպ իր զգացումներն ու յանձնառութիւնը վեր կը մնան ամէն տեսակի վէճերէ:
Այս տողերը չեն նպատակադրեր հատորը ներկայացնել իր բոլոր մանրամասնութիւններով (նման փորձ պիտի մատնուէր ձախողութեան՝ որեւէ հատորի ներկայացման պարագային)« այլ կը միտին ճաշակ մը տալու անոր բովանդակութեան մասին: Ինչպէս նշեցինք« հատորին համով էջերը կþընծայեն հաճելի« սակայն նաեւ հոգեխրով ընթերցում:
Այս բոլորէն ետք« պէտք է կատարենք նաեւ սրտցաւ նշում մը. հակառակ հատորի խմբագրման ու սրբագրումին մասնակցողներուն երախտաշատ ներդրումին (ինչպէս նշած է հեղինակը իր բացատրական էջին մէջ)« հատորը չէ կրցած ձերբազատիլ մեր մամուլին մէջ հետզհետէ աւելի շեշտուող՝ տպագրական« ուղղագրական եւ լեզուական »ախտ«էն« կէտ մը« որուն արժանի չէ նման բովանդակութեամբ գիրք մը: Ընթերցողին կը մնայ շրջանցել այս իրականութիւնը եւ թափանցել գիրքին էութեան« որ« ինչպէս նշեցինք՝ կեանքի մը ուրուագիծը կազմող՝ գրուած պատմութիւն է ըստ ամենայնի: