ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ ՊՈՍԹԸՆԻ

0 0
Read Time:6 Minute, 5 Second
Կը կատարուի Տեառնընդառաջի հրավառութիւնը

Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի հնա­ւանդ եւ ազ­գա­յին շունչ ու­նե­ցող տօ­նա­կա­տա­րու­թիւնը, կը հան­դի­սա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի կրօ­նա-ժո­ղովր­դա­կան սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն մին, որուն գոր­ծադ­րու­թեան սո­վո­րու­թիւնը դա­րե­րու պատ­մու­թիւն մը կ’են­թադ­րէ:

Տեառ­նըն­դա­ռաջ ար­տա­յայ­տու­թիւնը կը տրուի Քրիս­տո­սի քա­ռաս­նօր­եայ տա­ճար ըն­ծայ­ուե­լու իրո­ղու­թեան յի­շա­տա­կին: Տի­րոջ առ­ջեւ եր­թա­լու եւ Տի­րոջ ըն­ծայ­ուե­լու օրի­նա­կը ինք՝ Քրիս­տոս մե­զի տուաւ, որ­պէս մարդ­կա­յին կեան­քի առա­քե­լու­թիւն:

Այս տօ­նը հայ եկե­ղե­ցին կցած է թէ­եւ ոչ ուղ­ղա­կի քրիս­տոնէ­ա­կան տօ­նի մը միա­յա­ժա­մա­նակ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան, որ հին հե­թա­նո­սա­կան տօ­նե­րէն՝ Տիր աս­տու­ծոյ ի պա­տիւ տօ­ն մը եղած է, որ փոխ­ուած է Տեառն անու­նով »Ելա­նել ընդ առաջ Տեառն« ու Տէ­րը դի­մա­ւո­րե­լու բա­ցատ­րու­թեան: Տեառ­նըն­դա­ռա­ջը ժո­ղովր­դա­կան լեզ­ուին մէջ կը կոչ­ուի »Տէ­րըն­տէս«, »Տը­րըն­դէզ«, եր­բեմն նա­եւ կոչ­ուած է »Մէ­լէտ«:

Տեառ­նըն­դա­ռա­ջը կը տօ­նախմբ­ուի Փետր­ուար 14-ին, որ­պէս ան­շարժ տօ­նի թուա­կան: Նա­խորդ օր­ուան երե­կոյ­եան կը կա­տար­ուի նա­խա­տօ­նա­կի հան­դի­սա­ւոր արա­րո­ղու­թիւնը՝ Ժա­մեր­գու­թիւն, փոք­րիկ­նե­րու ըն­ծա­յում, հրա­վա­ռու­թիւն եւ տօ­նին յա­տուկ եր­գեր ու աւան­դու­թիւն­ներ:

Հե­տե­ւե­լով այս աւան­դու­թեան, այս տա­րի Պո­սթը­նի Հայ Առա­քե­լա­կան Ս. Ստե­փա­նոս եկե­ղե­ցին մեծ շու­քով ու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ յի­շատ­կեց այս տօ­նի նա­խա­տօ­նա­կը: Նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եկե­ղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հովիւին, հո­գա­բար­ձու­թեան եւ յա­րա­կից մար­մին­նե­րուն, առա­ւել, գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թեամբ »Ամարաս« գե­ղար­ուես­տա­կան միու­թեան, յի­շա­տակ­ուե­ցաւ այս տօ­նը:

Օր­ուան արա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց Գերշ. Տ. Անու­շա­ւան Եպս. Դանի­էլ­եան՝ Առաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ, ներ­կայ հո­գե­ւո­րա­կան­ներն էին.- Արժ. Տ. Անդ­րա­նիկ Ա. Քա­հա­նայ Պալճ­եան՝ եկե­ղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հո­վիւ, Արժ. Տ. Ար­շակ Ա. Քա­հա­նայ Տաղլ­եան, Արժ. Տ. Վազ­գէն Ա. Քա­հա­նայ Պէ­քար­եան, Արժ. Տ. Կո­մի­տաս Քա­հա­նայ Պաղ­սար­եան (Փրո­վի­տէնս) եւ Արժ. Տ. Գա­րե­գին Քա­հա­նայ Պե­տուր­եան: Ներ­կայ էին նա­եւ եկե­ղեց­ւոյ դպրա­պե­տը, Սար­կա­ւագ­ներ, Կի­սա­սար­կա­ւագ­ներ ու դպիր­ներ:

Նա­խա­տօ­նա­կի եկե­ղե­ցա­կան արա­րո­ղու­թեան աւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­նուկ­նե­րու ըն­ծա­յում, բո­լոր մա­նուկ­նե­րը եկե­ղեց­ւոյ դա­սին մէջ հա­ւաք­ուե­ցան, առա­ւել կա­տար­ուե­ցաւ խո­րան ըն­ծա­յում, որ­մէ ետք խո­րա­նէն մոմ մը առն­ուե­լով վար բեր­ուե­ցաւ դա­սին մէջ ուր զե­տեղ­ուած էր մեծ մոմ մը եւ Սրբա­զա­նին ձեռ­քով վառ­ուե­ցաւ, որ­մէ ետք բո­լո­րը իրենց մո­մե­րը վա­ռե­ցին կեդ­րո­նը զե­տեղ­ուած մո­մէն:

«Ամարաս»ի երգչախումբը ղեկավարութեամբ Քարէն Տէմիրճեանի

Անոնց յա­ջոր­դեց Սրբա­զա­նին պատ­գա­մը, ուր կա­րե­ւո­րու­թեան նշեց այս տե­սակ աւան­դա­կան տօ­նե­րու յի­շա­տա­կու­մը մեր եկե­ղե­ցա­կան ու ազ­գա­յին կեան­քէն ներս, որ­պէս հա­ւատք եւ կապ­ուա­ծու­թիւն ներշն­չող երե­ւոյթ­ներ: Ան բա­ցատ­րեց օր­ուան խոր­հուրդն ու իմաս­տը վեր առ­նե­լով այն իրա­կա­նու­թիւնը, որ հետզ­հե­տէ սկսած ենք հե­ռա­նալ մեր աւան­դու­թիւն­նե­րէն, ուս­տի պահն է այ­լեւս վե­րա­դառ­նա­լու ու կապ­ուա­ծու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու մեր աւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ սո­վո­րու­թեանց:

Սրբա­զա­նը նա­եւ գնա­հա­տեց եկ­եղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հովիւը, հո­գե­բար­ձու­նե­րը եւ բո­լոր աշ­խա­տող եւ օժան­դակ ձեռ­քե­րը, մաղ­թե­լով յա­րա­տե­ւու­թիւն:

Պատ­գա­մէն ետք բո­լոր ժո­ղո­վուր­դը եկեղ­ե­ցա­կան­նե­րուն առաջ­նոր­դու­թեամբ ուղղ­ուե­ցան եկե­ղեցի­էն դուրս՝ Ար­ցախ փո­ղոց, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ հրա­վա­ռու­թիւն: Ներ­կայ էին հա­րիւր յի­սու­նէ աւե­լի հա­ւա­տաց­եա­լներ, որոնք մե­ծա­պէս տպա­ւոր­ուե­ցան այդ խոր­հուր­դով: Կրա­կին շուրջ երգ­ուե­ցան ազ­գա­յին ու մա­նա­ւանդ Վար­դա­նա­շունչ եր­գեր, որոնց աւար­տին Կի­լիկիա մաղ­թեր­գով վերջ գտաւ եկե­ղե­ցա­կան արա­րո­ղու­թիւնը:

Ան­կէ ան­մի­ջա­պէս ետք բո­լո­րը ուղղ­ուե­ցան եկե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րահ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ աւան­դա­կան Հե­րի­սա­յի ճա­շա­կում եւ կո­կիկ գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գիր: Նախ­քան Մեծ պա­հոց շրջան մուտք գոր­ծե­լը, ներ­կա­նե­րը հա­մեղ կե­րա­կուր­նե­րով օժտ­ուե­ցան ու վա­յե­լե­ցին Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի խոր­հուր­դը, որ այս տա­րի Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի օր­ուան հետ զու­գա­դի­պե­ցաւ:

Յայ­տագ­րին իրենց գործ­նա­կան մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին »Ամարաս« գե­ղար­ուես­տա­կան միու­թիւնը, իրենց եր­գե­րով ու պա­րե­րով, որոնք ճո­խա­ցու­ցին օր­ուան մթնո­լոր­տը, իրենց հա­յա­շունչ ներ­կա­յա­ցում­նե­րով: Եկե­ղեց­ւոյ երգ­չա­խում­բէն եւ այլ երի­տա­սարդ եր­գող­նե­րու կող­մէ հրամց­ուե­ցաւ փունջ մը ան­գին հայ­կա­կան եր­գեր:

Հան­դի­սութ­իւնը շա­րու­նակ­ու­եցաւ մտեր­միկ մթնոլոր­տով: 

Տեառ­նըն­դա­ռաջն ու այլ աւան­դու­թիւն­ներ, մե­ծա­պէս ազ­դակ­ներն են մեր եկե­ղե­ցա­կան եւ ազ­գա­յին տո­կու­նու­թեան եւ աւե­լի զօ­րաց­ման: Մեր եկե­ղե­ցա­կան եւ ազ­գա­յին պատ­մու­թիւնը լե­ցուն է նման տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րով, որոնք կը ծաղ­կեց­նեն ու կը վե­րա­նո­րո­գեն մեր կեան­քե­րը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles