Կիրակի, Փետրուար 14ին, հաճելի զուգադիպութեան մը հետեւանքով, երկու ձեռնարկներ միաձուլուեցան:
Ս. Լուս. Ամենօրեայ Վարժարանի աշակերտներուն կողմէ նախապէս ծրագրուած Վարդանանցի Տօնակատարութեան՝ եկաւ միանալու Արժ. Տէր Խորէն Աւագ Քհնյ. Հապէշեանի վերջերս հրատարակուած »Գիր կեանքի« գրքի՝ շնորհանդէսը: Այս ձեռնարկը համագործակցութեամբ Ս. Լուս. Եկեղեցւոյ եւ Նիւ Եորքի Համազգայինի: Ծրագրուած էր ներկայացնել հանրութեան, Փետրուար 11ի երեկոյեան Ուտսայտի Հայ Կեդրոնին մէջ, սակայն ձիւնամրրիկի հետեւանքով ձեռնարկը յետաձգուեցաւ Կիրակի, Փետրուար 14ին եւ տեղի ունեցաւ Ս. Լուս. Մայր Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, պատարագէն անմիջապէս ետք:
Եւ ուրեմն աշակերտները, արտասանութիւններով, ընթերցումներով, երգերով եւ թատերական ելոյթով, ներկաներուն փոխանցեցին, Վարդանանց պատմութիւնը, Տեառնընդառաջը, Բարեկենդանը եւ »Վալանթայնի օրը«: Պէտք է շեշտել որ բոլոր երեխաները անխտիր, հայերէնին կատարելապէս տիրապետած, հարազատ առոգանութեամբ եւ համարձակօրէն ելոյթ ունեցան, մեծապէս տպաւորելով ներկաները:
Ընկհ. Լիզա հրաւիրեց Ս. Լուս. եկեղեցւոյ Հովիւ, Արժ. Տէր Մեսրոպ քհնյ. Լաքիսեան որը ներկայացուց Արժ. Տէր Խորէն Աւագ Քհնյ. Հապէշեանի կենսագրականը- ‘‘Տէր Խորէն, աւազանի անունով՝ Յակոբ, ծնած է 1933ին, Մուսա Լեռ: Ընտանիքի ինը զաւակներէն անդրանիկն է: 1939ին Հայու ճակատագիրը Մուսա Լերան հայութիւնը նետեց Լիբանան, Այնճար: Տասնըչորս տարեկան Յակոբը Այնճարի Յառաջ վարժարանը աւարտելէ ետք, կþընդունուի Երուսաղէմի Ժառանգաւորացը, սակայն Պաղեստինի պատերազմի հետեւանքով իր ուսումը կը շարունակէ Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ, որն Աւարտելէ ետք, կը սկսի դասաւանդել Լիբանանի ազգային վարժարաններուն մէջ: Հետեւած է Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասընթացքներուն:1969ին Խորէն Ա. Կաթողիկոսի յորդորներով, կը ղրկուի Ամերիկա եւ քահանայ կը ձեռնադրուի նոյն տարին: Իր պարտականութիւններուն կողքին ան յաճախած է՝ Սատհըրն Իլինոյ Համալսարանը ապա՝ Քանքորտիա համալսարանը, ուրկէ վկայուած է մագիստրոսի վկայականով: Շրջան մըն ալ հետեւած է տոքթորայի դասընթացքներու: Ստանձնած է հովուական պաշտօններ եւ հանգստեան կոչուած 2004ին: Թէեւ յօդուածներ եւ բանաստեղծութիւններ հրատարակած է տարբեր թերթերու եւ պարբերականներու մէջ, սակայն ‘‘Գիր Կեանքի’’ գիրքը Տէր Խորէնի անդրանիկ հրատարակութիւնն է:’’
Ապա Ընկհ. Եսայեան բացատրեց որ օրուան դասախօսը՝ Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան քաղաքէն կը բացակայէր, այլ Սեմինարի մը դասախօսելուն համար: Եւ հրաւիրեց Գրական Յանձնախումբի անդամներէն Աւետիս Հաճեան, որը ընթերցեց Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի պատրաստած դասախօսութիւնը՝ »Գիր կեանքի« գրքի մասին: Ստորեւ հատուածներ Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի գրախօսականէն.- “Գիրքը իր ամբողջութեան մէջ կեանքը ցոլացնելու եւ կեանքի մասին խորհրդածելու առաջադրանք մըն է, կ’ըսէ Վ. Մ. եւ կը շարունակէ- Կրնանք սկսիլ վերնագիրէն՝ »Գիր կեանքի«:
»Գիր«ի մասին: Հեղինակը զայն կը սահմանէ երեք բառերու շղթայի մը մէջ՝ գիր ¬ բառ ¬ խօսք (էջ 310): Ու կը գրէ.
»ԳԻՐ՝ նախատարր, բջիջ: ԲԱՌ՝ բջիջային իմաստաւորեալ միաւոր, տարազաւոր իմաստայնութիւն, բաբախո’ւն միաւոր՝ ինքնարտայայտման կառոյցի, մտերիմ եւ մեղսակից հոգիին ու մտքին, ծնած՝ ժամանակին ու միջավայրին մէջ, իբրեւ հասունցած գիտակցութիւն, ճիշդ ժամանակին լոյս աշխարհ եկած ծնունդի մը պէս«: . . . »ԽՕՍՔ՝ մտածումի բջիջային արտայայտման կառաշար, որ իմաստի իր քաղցր բեռը կը տանի կարիքին, մարդկայինի թելադրանքի’ն«:
Գիրքը կը սկսի »Ծննդական«ով ու կը վերջանայ »Հաշտութիւն« վերնագրուած բաժնով, որ ըստ էութեան կեանքի վերջաւորութեան՝ մահուան գաղափարին դէմ յանդիման գալու եւ անոր հետ հաշտուելու փորձ մըն է: Ու թերեւս այստեղ կարելի է գտնել ենթավերնագրին մեկնաբանութիւններէն մէկը.¬ »Ես անծանօթն եմ, լոյսին եկած նոր ծանօթը«: Այսինքն՝ կեանքի բոլոր ելեւէջներուն, բոլոր վերիվայրումներուն տոկալէ ետք, տուեալ հանգրուանի մը կեանքը հասկցող, կեանքի լոյսը ճանչցող եւ նոր՝ հանդերձեալ կեանքի լոյսը դիմաւորելու պատրաստ էակը: Կը կարծենք, հեռուէ հեռու կը ներշնչուի եւ, միաժամանակ, հեռաւորութիւն կը պահէ իր »Գիր կեանքի«ին եւ հայ գրականութեան բարձրագոյն արտայայտութեան՝ »Մատեան ողբերգութեան«ի միջեւ: »Նարեկացին, իր աղօթասաց հոգիին ամբո’ղջ ցանկութեամբ, կ’ուզէ պատուաստուիլ Քրիստոսի՝ Անոր էութեամբ լեցուելու, կենսաւորուելո’ւ համար: Սովորաբար, ազնի’ւը կը պատուաստեն անազնիւին՝ պտուկով մը եւ կամ, միամեայ չաչով: Այս պարագային, սակայն, շրջուա’ծ է հասկացողութիւնը, անազնի’ւը ազնիւին պատուաստուած, եթէ ո’չ ազնիւէն կլանուելու, գոնէ անով լեցուելո’ւ, կենսաւորուելու ազնի’ւ ցանկութեամբ, արժեւորելու համար մարդկային իր կոչումը՝ կեանքի առաքելութեա’ն վերածելու, գտնելու մտահոգութեամբ իր կորսուած դիմագծութիւնը՝ բնական փայլով ու գեղով« (էջ 347):
Մարդկային ճամբան եղած է փուշ ու տատասկով լեցուն, բայց ասիկա պատճառ մը չէ, որ հեղինակը յոռետես ըլլայ կեանքի հանդէպ: Իր »Փոխան յառաջաբանի«ն կը բացուի հետեւեալ պարբերութեամբ.¬
»Կեանքի’ կոչուած ըլլալու երախտիքի եւ հրճուանքի արտայայտութիւն մըն է այս գիրքը, որ արտաբերուեցաւ հեւք առ հեւք՝ աղօթքի’ պէս, իբրեւ էութենական դրսեւորման խորհրդանիշ բոյր՝ սրտի տրոփի անծրագիր ու անկաշկա’նդ կշռոյթով՝ առ Արարիչն իմ, որ հաճեցաւ ոչինչէն զիս ապրելու հաճոյքի’ն բարձրացնել, հայրական անպարագրկելի սիրով մը ինքզի’նք վստահելով ինծի« (էջ 8):
Սի՞րտն է, թէ՞ միտքը, որ մեզի պիտի վերադարձնէ մեր անցած ու գացած օրերուն յիշատակները, որոնք մեզ պիտի հետապնդեն մինչեւ մեր կեանքին վերջը: Հաւաքական յիշողութիւնը ինչպէ՞ս պիտի կազմուի:
»Յուշ՝ մեռած կեանքի մաս, անցեալին իրողութեանց մշուշային ծուէն:
Ուստի, յիշել՝ վերադառնալ անցեալին եւ պրպտելո’վ յուշաթերթերը կուտակուած, աւազանին մէջէն մտքի, գտնել պատառի’կը ցանկալի դէպքի եւ բերել դուրս՝ ներկային, այն քաղցր թորա’նքը կեանքի, որ քեզմով եղաւ, քու էութենէն ծորած կեանքի շի’թ՝ խոհի, ապրումի, տագնապող յոյսի, որ հիմա, այլ թերթերու հետ անկեանք, կը մնայ անձէդ իբրեւ քաղցր մաս, քեզ վկայող փաստ՝ իրագործռւա’ծ ժամանակի խորութեան մէջ մտածումիդ աւազանին« (էջ 338):
Հեղինակը ճամբորդութեան մը ձեռնարկած է՝ մարդ էակի հետքերէն քալելով: Այդ ճամբորդութեան ընթացքին, ուղեւորը կրնայ ըսել, ինչպէս գրած է ամերիկացի բանաստեղծ Ռոպըրթ Ֆրոսթը. »Ես ընտրեցի նուազ կոխուած ճանապարհը, եւ ահա այդ էր ամբողջ տարբերութիւնը«:
»Խորէն աւագ քահանայ Հապէշեանի այս գիրքը այդ արժանիքը ունի -կþեզրակացնէ Վ.Մ.: Ան կ’անցնի նուազ կոխուած ճամբաներէ եւ ընթերցողի մտքին մէջ տարբեր զգացողութիւն մը կը ստեղծէ: Արժանապատիւ հեղինակը աշխատած է իր անդրադարձներուն ընդմէջէն խորհրդածութեան սերմը ձգել ընթերցողի մտքին մէջ՝ իր մասին իր խօսքը վերյիշելով, անազնիւը փորձած է ազնուութեան մերձենալ եւ ապա մեզ՝ անազնիւներս վարակել այդ շունչով«:
Ապա հրաւիրուեցաւ Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան իր խօսքը ըսելու եւ նշեց՝ ‘‘Կեանքի կոչուած ըլլալու երախտիքի ¢ հրճուանքի արտայայտութիւն մըն է այս գիրքը, որ արտաբերուեցաւ հեւք առ հեւք՝ աղօթքի’ պէս, իբրեւ էութենական դրսեւորումն խորհրդանիշ բոյր՝ սրտի տրոփի անծրագիր ու անկաշկանդ կշռոյթով՝ առ Արարի’չն իմ, որ հաճեցաւ ոչինչէն զիս ապրելու հաճոյքի’ն բարձրացնել, հայրական անպարագրելի սիրով մը ինքզի’նք վստահելով ինծի:
Մարդկային նկարագրային դրսեւորումի նշմարելի պարագայական յանդգնութիւնները՝ գիրքիս առաջին մասերուն մէջ, անձիս մէկ մասին՝ սովորական մարդուն հոգեվիճակներուն դրսերեւոյթ արտայայտութիւնն է, պարզապէս, ամէն դարու եւ կեանքի ամէ’ն դարձուածքի ինքզինք զգացնող՝ նախնականի անհաւասարակշիռ բնոյթով, որ, իմ կողմէ, գիտակցօրէ’ն արտայայտուեցաւ, սովորական մարդը իր հարազատութեան մէջ պահելու համար:
Սակայն եթէ կամքի ոյժով կարենաք ամբողջութեա’մբ ընթեռնուլ այս գիրքը, պիտիըմբռնէք, որ անոր սկիզբի մասը անձիս մէկ՝ հին մասն է միայն, իսկ ես իմ ամբողջութի’ւնն եմ, աւելի միւսը՝, նո’րը, բու’նը, որ, ինքն իր մէջէն գիտակից արշաւներու հետամտելով՝ մութ անցեալէն լոյսին բարձրացած գիտակցութի’ւն է արդէն, լուսեղինացած իրողութի’ւն:’’
Յայտագրի աւարտին, Ընկհ. Լիզան հրաւիրեց Նիւ Եորքի Համազգային Մասնաճիւղի ատենապետ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան փակման խօսքը ընելու:
Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան անդրադարձաւ ներկայացուած գիրքին, եւ օրուան երրեակ խորհուրդին՝ Վարդանանքի, Բարեկենդանի եւ Վալանթայնի տօնակատարութեան եւ յատկապէս Ս. Լուսաւորիչ Մայր Վարժարանին աշակերտներու մասնակցութեան: Ան ողջունեց Տէր Խորէնի անդրանիկ գիրքին հրատարակութիւնը եւ Մաղթեց որ Տէր Խորէնի այս գիրքը իր յաջորդները ունենայ: Ապա անդրադարձաւ Վարդանանքի՝ այսօրուա’ն խորհուրդին, եւ ըսաւ՝ »Միթէ այսօր տարբեր տեսակի »վարդանանքներ« չե՞նք ապրիր ազգովին: Տեղ մը մեզմէ մեր ապրելու եւ գոյատեւելու իրաւունքը կը պահանջուի, տեղ մը մեր պատմական իրաւունքները ոտնակոխ կþըլլան, տեղ մը մեր լեզուն եւ մեր ազգային սրբութիւնները օրըստօրէ կը տժգունին՝ մեր ապրած միջավայրերու ազդեցութիւններուն ներքեւ: Սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ, ուծացման դէմ պայքարելու վահանը, մեր արժէքներու նկատմամբ մեր գիտակցութի’ւնն է: Իսկ այդ գիտակցութեան հիմը, կը դրուի Հայկական Վարժարանին մէջ:þþ Դոկտ. Մարգարեան նշեց աշակերտներուն երգած Վարդանանցի նուիրուած այն խորիմաստ երգերը, որոնք դար մը առաջ գրուած ըլլալով հանդերձ , դեռ կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը: Վերջապէս ան նշեց թէ՝ Վալանթայնի առթիւ աշակերտները իրենց ներկայացումը աւարտեցին՝ ներկաներուն հանդէպ սիրոյ արտայայտութեամբ, եւ շեշտեց »այդ սէրը կրնա՞նք փոխադարձել Հայկական դպրոցին, աւելի զօրաւիգ կանգնելով«:
Ձեռնարկի աւարտին, հեղինակը մակագրեց վաճառուած գրքերը: Անսպասելի զուգադիպութամբ, այս երկու ձեռնարկներու միաձուլումը, իրապէս շատ հաճելի եւ դաստիարակչական օր մը եղաւ բոլորիս համար:
Ներկայ մը