Խոստանալն Ու Խոստումը Յարգելը Երկու Տարբեր Յատկանիշներ Են…
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ռիչմընտ – Վըրճինիա
Մարդկութիւնը յուզող համաշխարհային բազմապիսի տագնապներու խորքին եկաւ անսպասելի դէպք մըն ալ աւելնալու՝ Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւնները եւ իրենց բոլորովին չսպասուած, անակնկալ արդիւնքով ու հետեւանքներով:
Կարելի է անվարան ըսել, թէ դեմոկրատները իրե՛նք բուն յանցաւորները հանդիսացան կատարուածին, նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու նշանակելով Պայտընի խառնածին ու ժպտերես փոխնախագահ՝ Քամալա Հերիսը, զոր ժամանակին, երգիծախառն հպումով՝ Քարամէլ կոչած էինք: Շատ չանցած, համովիկ այդ քարամէլն ալ կոկորդնիս պիտի մնար… Այո՛, դեմոկրատներս մեր տխմարութեան գինը վճարեցինք, նախագահութեան աթոռի կողքին, վրայ տալով Ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու տունը, փոխանակ Քալիֆորնիայի կառավարիչ՝ Կեւըն Նիւսըմի կամ ալ ծերակուտական Պըրնի Սենտըրզի նման թեկնածուներ նշանակելու: Այո, զլացանք մեր պարտականութեան մէջ անմակարդակ անձ մը նախագահական պաշտօնի թեկնածու նշանակելով: Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավարութիւնը պէտք էր վաղուց իմացած ըլլար, թէ Ամերիկայի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը նիւթապաշտ է ու Տանըլտ Թարմփի կողքին կայնած Իլան Մասքը, Ճեֆ Պեզոսը, Պիլ Կէյցը, Վիվեք Ռամասվանին ու Մարք Զաքըպըրկը իտէալացուցած ու իր պաշամունքին առարկան դարձուցած է եւ որ այս վերջիններու հմայքէն տարուելով, միլիոնատէր Թրամփին քուէարկեց, հակառակ անոր դէմ գոյութիւն ունեցող մեղադրանքներուն ու դատական հայցերուն: Մէկ խօսքով, հասարակ ամերիկացին, իր նիւթա-մամոնապաշտութեան տուրքը վճարեց, եթէ խորքին մէջ իր բուն առումով, նիւթապաշտ ալ չէ ան:
Այդ իրողութենէն մեկնելով, երկրագունդի ամէնէն հարուստ, մարդամօտ ու ժպտերես երիտասարդը՝ Իլան Մասքը, եթէ Միացեալ Նահանգներ ծնած ըլլար, փոխանակ Հարաւային Ափրիկէի մայրաքաղաք՝ Փրեթորիա, ուր հաստատուած էին անոր եւրոպացի ծնողները, վստահօրէն տարիքը առած Թրամփին փոխարէն, Ամերիկայի նախագահ ալ ընտրուէր…
Այո՛, միաձայնութեամբ զինք նախագահ կ՛ընտրէինք, իսկ անոր կողքին կայնած միւս միլիառատէրերն ալ հաւանաբար՝ նախարար…
Ներկայիս տիրող համաշխարհային դրոյթը, ամէն րոպէ մեզի կը յիշեցնէ աշխատաւոր դասակարգի բարեկամ ՝զտարիւն նախագահցու, Պըրնի Սենտըրզի ցաւագին հաստատումներն ու ցաւի ճիչերը, թէ Ամերիկայի բնակչութեան մէկ տոկոսը նիւթական այնքան հարստութիւն դիզած է, ինչքան բնակչութեան 165 միլիոնը միասին առած:
Աստուած իմ այս ի՜նչ անարդարութիւն է… Ի՜նչ անխղճութիւն: Եթէ համալսարանական ուսում ստացած զոյգ մը, էրիկ կնիկ «փարչա» կտոր չըլլան իրենց տան ծախսերը հոգալու կամ ալ ամէն կողմէ տեղացող մուրհակները վճարելու, շուտով կը սնանկանան ու տուն տեղ կը կորսնցնեն: Իսկ անդին միլիառատէրը, իմա՝ ժողովուրդին չնչին մէկ տոկոսը, կը լողայ հարստութեան մէջ ու մեր իմաստուն նախագահին հրաւէրով, կառավարական պաշտօններու ալ կը տիրանայ… փոխանակ իր ունեցած նիւթական կարողութեան քանի մը տոկոսը մարդկութեան ի սպաս դնելու եւ Ամերիկայի փողոցները վխտացող անտունիներուն օգտակար դառնալու, անոնց երդիկ ապահովելով եւ տառապանքը մեղմելով:
Ի տես հետզհետէ խորացող անարդարութիւններու, մարդ ակամայ հարց պիտի տար՝ ինչո՞ւ երկրագունդի չորս ծագերուն շեշտուող ունեւորի ու չունեւորի այս տարբերութիւնները: Ինչո՜ւ բուռ մը ընտրեալներու մօտ տիրող եսի պաշտամունքը: Ի տես ներկայիս բեմադրուող միլիառատէրերու «սատիզտիք» եսամոլ կեցուածքին, եթէ վաղը դարձեալ նախագահական ընտրութիւններ կայանային, առանց րոպէ մը տատամսելու, քուէս Պըրնի Սենտըրզին կու տայի, սանձելու համար միլիառատէր «աղաներու» սանձարձակութիւնները ու որպէս ատոնց արդիւնք՝ մարդկութեան գահավէժ ընթացք դէպի խորտակում, կամ ալ մասսայական ըմբոստացումը տիրող կարգերու դէմ…
Այնպէս կը թուի թէ հեռու չէ այդ օրը…
Դժբախտաբար, միջազգային հոգեւոր դասէն ալ կարելի չէ որեւէ օգուտ սպասել. անոնք ալ, մեծ մասամբ, մինչեւ կոկորդը խրած են նիւթապաշտութեան տիղմին մէջ: Այնպէս կը թուի թէ անոնք ալ մեզի նման միսէ ոսկորէ շինուած մարդ էակներ են ու մենք զմեզ չխաբենք, թեւաւոր հրեշտակներ բնաւ չեն…
Այստեղ տեղին է յիշել, թէ ի տարբերութիւն հանրապետականներուn, դեմոկրատները որոշած են առայժմ լռել եւ չքննադատել նորընտիր նախագահը, առիթ տալով անոր պահելու, առատօրէն շռայլած նախընտրական իր խոստումները: Ինչպէս մեր այս գրութեան մուտքին շեշտեցինք՝ «խոստում տալը ու տրուած խոստումը յարգելը երկու տարբեր շնորհներ են…» Այդ կը թելադրէ մեր նախահայրերէն մեզի հասած իմաստութիւնը: Սպասենք ու տեսնենք, թէ մեր սրբացուցած միլիառատէրերը ի՜նչ «օյուններ» (խաղեր) պիտի խաղան ու արհաւիրքներ սարքեն մարդկութեան գլխուն…
Գալով հայութեան բաժին ինկած դժբախտութիւններուն, մեզի անդադրում, խոր ցաւ կը պատճառէ, իրենց հողն ու երդիկը կորսնցուցած ղարաբաղցիներու ապրած առօրեայ դժոխքը, ու քաղաքական հայ բանտարկեալներու բաժին ինկած անյոյս վիճակն ու տառապանքը: Մեր եկեղեցական պետերը անտեսեցին մեր կատարած թախանձագին այն կոչը, թէ յոյժ օգտակար ու նպատակայարմար պիտի ըլլար, Ֆրանսիսկոս պապին հետ հանդիպում մը ունենալ եւ անկէ խնդրել, որ Ալիեւի հետ ունեցած այնպէս կոչուած «բարեկամական կապերը» գործի դնելով, միջամտէ, Ղարաբաղի հարցին արդար լուծման ու հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման ուղղութեամբ: Տակաւին ուշ չէ, ինչո՜ւ չփորձել…