Կազմակերպութեամբ, Ուաշինկթընի շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Անի» մասնաճիւղին եւ Ամերիկայի Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդական կազմակերպութեան, անցեալ շաբաթավերջին, ցոյց մը կատարուեցաւ Ատրպէյճանի դեսպանատան մուտքին, իբրեւ բողոք, 22 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ կատարուած սպանդին:
Ցոյցին մասնակցողները, լոզունքներով նշեցին Սումկայիթի նահատակներուն յիշատակը, եւ նշեցին թէ պատահածը ազերի բարբարոսութիւններուն մէկ մասնիկն էր:
Պաստառներուն վրայ գրուած էին.- «Ճշմարտութիւն` Սումկայիթի ոճրագործութեան հարցով», «Սումկայիթի ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ», «Սումկայիթի ոճրագործները ցարդ կը մնան անպատիժ», «Ազատութիւն Արցախին»:
Այս առթիւ, Ուաշինկթընի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս քհնյ. Ագթաւուգեան յայտնեց, որ կազմակերպուած ցոյցով կը պահանջուի Ատրպէյճանէն` ընդունիլ Արցախի ազատագրումը, ինչպէս նաեւ իր կազմակերպած ոճիրը, որ թրքական ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է:
«Այս շատ կարեւոր դէպք մըն է որ պէտք է յիշենք, եւ մեր յարգանքները փոխանցենք զոհերուն, որոնց միակ մեղքը` հայ ըլլալն էր: Մենք չենք կրնար արտօնել որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մոռնայ իր այս ոճիրը անմեղ մարդոց դէմ: Յոյսով ենք որ մեր ջանքերուն արդիւնք` անցեալի այս դէպքերը լուսանցքի տակ առնուին, որպէսզի ապագային ոչ մէկ ուրիշ ազգ կամ կրօն նման ոճիրներու զոհ ըլլայ…», յայտնեց շրջանի Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդական կազմակերպութեան ատենապետուհի Մեկան Քարանֆիլ:
Իսկ Հ.Ե.Դ.-ի “ԱՆԻ” մասնաճիւղի ատենապետ Յակոբ Սիմոնեան, իր կարգին խօսք առնելով յայտնեց.- «1991-էն ի վեր, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ժրաջանօրէն աշխատած է որպէսզի ժողովրդավարութիւն եւ խաղաղութիւն կերտէ, նոյնիսկ Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն շուքին տակ: Մենք պիտի շարունակենք Արցախի ժողովուրդին հետ ձեռք-ձեռքի բռնած աշխատիլ, պահպանելու եւ ուրճացնելու համար մեր այդ ձգտումները»: