22 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ…ՓԵՏՐՈՒԱՐ 27-29-ԻՆ ՊԱՏԱՀԱԾ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՍՊԱՆԴԸ

0 0
Read Time:10 Minute, 48 Second

Սում­կա­յի­թի մէջ ին­կած ան­մեղ զո­հե­րը այ­սօր՝ սպան­դէն 22 տա­րի ետք, յա­տուկ պատ­գամ մը ու­նին փո­խան­ցե­լիք: Ար­դա­րեւ, 22 տա­րի առաջ, այս օրե­րուն, Ատր­պէյ­ճա­նի Սում­կա­յիթ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նի հա­յու­թեան ջար­դը: Ար­ցա­խը Հա­յաս­տա­նի վե­րամ­ի­աց­նե­լու Ար­ցա­խի եւ հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դին ար­դար- խա­ղաղ եւ քա­ղա­քա­կան դի­մա­գի­ծով ար­տա­յայտ­ուած պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը իր դէմ գտաւ ար­դա­րու­թիւնը սպան­դով եւ բռնի ու­ժով լռու­թեան մատ­նե­լու ազե­րի ամ­բո­խին մո­լուց­քը:

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի, Փետր­ուար 23, 2010-ի նիս­տին ըն­թաց­քին Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան քար­տու­ղար Ար­տա­շէս Շահ­պազ­եան խօսք առ­նե­լով, յայտ­նեց  թէ.- »Փետր­ուար 27-29, 1988-ի Ատր­պէյ­ճա­նի Սում­կա­յիթ քա­ղա­քում իրա­կա­նաց­ուեց եղեռ­նա­գոր­ծու­թիւն տե­ղի հայ բնակ­չու­թեան նկատ­մամբ: Ատր­պէյ­ճա­նը եղեռ­նա­գոր­ծու­թեամբ պա­տաս­խա­նեց ղա­րա­բա­ղա­հա­յու­թեան ինք­նո­րոշ­ուե­լու, ազատ ապ­րե­լու խա­ղաղ եւ օրի­նա­կան ձգտու­մին, պա­տաս­խա­նեց պե­տա­կան ահա­բեկ­չու­թեամբ՝ նա­խա­պէս ցու­ցա­կագ­րե­լով քա­ղա­քում ապ­րող հա­յե­րի եւ նրանց բնա­կա­րան­նե­րի հաս­ցէ­նե­րը, ծրագ­րե­լով գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը եւ 20-րդ դա­րա­վեր­ջի բար­բա­րոս­նե­րի հա­մար ապա­հո­վե­լով ան­կաշ­կանդ գոր­ծե­լու ժա­մա­նակ ու հնա­րա­ւո­րու­թիւն: Այս չա­րա­գոր­ծու­թիւնը կազ­մա­կերպ­ուեց հա­յու­թեան մի հատ­ուա­ծի նկատ­մամբ, որը ոչ մի առն­չու­թիւն չու­նէր Ղա­րա­բա­ղում տե­ղի ու­նե­ցող իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րի հետ: Ըստ ամե­նայ­նի, սա պա­տա­հա­կա­նու­թիւն չէր, այլ նպա­տակ էր հե­տապն­դում ապա­ցու­ցե­լու, որ ազե­րի­նե­րի հա­մար հա­յե­րի հար­ցում տար­բե­րու­թիւն­ներ չկան, նրանք ատում են բո­լոր հա­յե­րին եւ պատ­րաստ են սպան­նել, թա­լա­նել բո­լո­րին: Ասա­ծիս վկա­յու­թիւնը ոչ միայն դա­րասկզ­բի յայտ­նի իրա­դար­ձու­թիւն­ներն են, այ­լեւ Սում­կա­յի­թը, նրան նա­խոր­դած ու յա­ջոր­դած Կի­րո­վա­պա­տը, Պա­քուն, Դաշ­տա­յին ու Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի բազ­մա­թիւ բնա­կա­վայ­րե­րը: Աս­ուա­ծի վառ վկա­յու­թիւնն է Պու­տա­փեշ­թի դէպ­քը, երբ ազե­րի զի­նուո­րա­կա­նը կաց­նի բազ­մա­թիւ հար­ուած­նե­րով սպան­նեց քնած հայ գոր­ծըն­կե­րո­ջը՝ Գուր­գէն Մար­գար­եա­նին, եւ այդ արար­քի հա­մար իր երկ­րում հռչակ­ուեց ազ­գա­յին հե­րոս: Տե­ղի ու­նե­ցա­ծի ամե­նա­կա­րե­ւոր դասն այն է, որ հայ­կա­կան տար­րը եր­բեք չի կա­րող ապա­հո­վու­թիւն ու­նե­նալ ոխե­րիմ հա­րե­ւան­նե­րի մի­ջա­վայ­րում: Ար­ցա­խի ժո­ղովր­դին ան­կա­խու­թիւ­նից ցածր որե­ւէ այլ կար­գա­վի­ճակ պար­տադ­րել կամ նրան անվ­տան­գու­թեան ձե­ւա­ւոր­ուած երաշ­խիք­նե­րից զրկել՝ նշա­նա­կում է վեր­ջի­նիս դա­տա­պար­տել կոր­ծան­ման, այ­սինքն՝ դառ­նալ գա­լիք եղեռ­նա­գոր­ծու­թիւն­նե­րի մեղ­սա­կից«:

Նշենք թէ Հա­կա­հայ խռո­վու­թիւն­նե­րը սկսած էին, երբ շրջա­նին Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցան Ար­ցա­խի գծով հա­յու­թեան պա­հան­ջին դէմ բո­ղո­քի ցոյ­ցեր: Նոյն օրը քա­ղա­քին մէջ տա­րած­ուե­ցան չա­փա­զանց­ուած լու­րեր եւ զրոյց­ներ, իբր թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ սպանն­ուած են բազ­մա­թիւ ազե­րի­ներ: Զայ­րա­ցած ամ­բո­խըՓետր­ուար 27-ի գի­շե­րը յար­ձա­կե­ցաւ հա­յոց խա­նութ­նե­րուն վրայ, եւ կո­ղո­պտեց ու այ­րեց զա­նոնք: Փետր­ուար 28-ի առա­ւօ­տուն ամ­բո­խը հա­ւաք­ուե­ցաւ Սում­կա­յի­թի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կը: Ոս­տի­կան ու­ժե­րը եւ յա­տուկ ջո­կա­տը, իբր թէ փոր­ձե­ցին ցրուել ժո­ղո­վուր­դը, բայց հան­դի­պե­ցան ժո­ղո­վուր­դի ընդ­դի­մու­թեան եւ բի­րե­րով ու քա­րե­րով յար­ձա­կում­նե­րուն: Կարգ ու կա­նոն հաս­տա­տող ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժերն ու յա­տուկ ջո­կատ­նե­րը, քաշ­ուե­ցան քա­ղա­քին Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նին շէն­քը, շրջա­նին հայ ժո­ղո­վուր­դը ան­պաշտ­պան ձգե­լով ոճ­րա­գործ­նե­րու խմբակ­նե­րուն առ­ջեւ:

Այդ  օրե­րուն, Փետրուար 27-29 Պաք­ուի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն թոյլ­տուու­թեամբ, ազե­րի ամ­բո­խը յար­ձա­կե­ցաւ Սում­կա­յի­թի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րուն վրայ եւ օր ցե­րե­կով կազ­մա­կեր­պեց ջարդ, կո­ղո­պուտ եւ թա­լան: Ազե­րի­նե­րու նո­րա­գոյն մո­լուց­քին զոհ­ուած ան­մեղ հա­յե­րը ա°յս իմաս­տով կþամ­բող­ջաց­նեն շար­քը ապ­րիլ­եան մեր նա­հա­տակ­նե­րուն:

Մթնո­լոր­տը վատ­թա­րա­ցաւ նոր ու շին­ծու տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու եւ սուտ լու­րե­րու պատ­ճա­ռով: Հա­յե­րու բնա­կա­րան­նե­րուն վրայ սկսան երեւ­նալ շրջա­նը ձգե­լու սպառ­նա­կան գրու­թիւն­ներ, ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ: Կա­ցու­թիւնը պայ­թե­ցաւ եւ խու­ժա­նին զայ­րոյ­թը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ Փետր­ուար 29-ի առա­ւօ­տուն:

Շրջա­նի մը մէջ, քա­նի մը ակն­թար­թի ըն­թաց­քին, հա­զար հո­գի­նոց խու­ժա­նը կա­ցի­նի հար­ուած­նե­րուն տակ սպան­նեց հայ ըն­տա­նի­քի մը հայ­րը, անոր քոյ­րը պաշտ­պա­նել փոր­ձող ըն­տա­նի­քին մեծ որ­դին, փախ­չող հայ աղջ­կան վրայ քա­րիւղ թափ­ուե­ցաւ եւ ողջ-ողջ հրկիզ­ուե­ցաւ, սպանն­ուե­ցաւ նա­եւ ըն­տա­նի­քին երկ­րորդ որ­դին: Հա­զիւ քա­նի մը գա­րուն­ներ բո­լո­րած հայ մա­նուկ­ներ շէն­քե­րու պա­տու­հան­նե­րէն դուրս նետ­ուե­ցան, իսկ փո­ղոց­նե­րուն մէջ ինք­նա­շարժ­նե­րէն վար առն­ուե­ցան հայ ան­հատ­ներ եւ բի­րե­րու ու դա­շոյ­նի հար­ուած­նե­րու տակ  սպանն­ուե­ցան:

Այս­պէս, ազե­րի ամ­բո­խը օրէն­քի անու­նով տա­պա­լեց հա­յե­րու բնա­կա­րան­նե­րուն դռնե­րը, բնա­կիչ­նե­րը քարշ տա­լով փո­ղոց հա­նեց, բնա­կա­րան­նե­րուն իրե­րը դուրս թա­փե­լով հրկի­զեց եւ այդ խա­րոյ­կին մէջ յա­ճախ այ­րեց նա­եւ իր զո­հե­րը, որոնք ար­դէն իսկ սպանն­ուած էին կա­ցի­նի կամ եր­կա­թէ ձո­ղե­րու հար­ուած­նե­րուն տակ: Եր­կու օր­ուան մէջ քանդ­ուե­ցան ու հրոյ ճա­րակ դար­ձան եր­կու հա­րիւ­րէ աւե­լի բնա­կա­րան­ներ, յի­սուն խա­նութ, տասն­եակ­նե­րով ինք­նա­շարժ­ներ, վնաս­ուե­ցան հան­րա­յին յի­սուն շէն­քեր, սպանն­ուե­ցան ու վի­րա­ւոր­ուե­ցան հա­րիւ­րա­ւոր հա­յեր: Քա­ղա­քէն խոյս տուին հա­զա­րա­ւոր հայ ըն­տա­նիք­ներ: Եր­կու օր­ուան սպա­նու­թիւն­նե­րէն ու թա­լա­նէն ետք է միայն, որ ոս­տի­կա­նա­կան եւ զի­նուո­րա­կան ու­ժե­րը կա­տա­րե­ցին ազ­դու մի­ջամ­տու­թիւն եւ կը կեց­նեն ամ­բո­խին խժդժու­թիւն­նե­րը:

Դէպ­քե­րու աւար­տէն ետք, Պաք­ուի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը փու­թա­ցին յայ­տա­րա­րե­լու, որ Սում­կա­յի­թի հա­կա­հայ բռնա­բա­րու­թիւն­նե­րը հե­տե­ւանք էին այն տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն, որոնք հրա­պա­րակ նետ­ուե­ցան Հա­յաս­տա­նի եւ յատ­կա­պէս Ատր­պէ­ճա­նի սահ­մա­նին մօտ գտնուող Ղա­փան քա­ղա­քէն խոյս տուած ազե­րի թուր­քե­րուն կող­մէ: Իսկ դէպ­քե­րուն գլխա­ւոր հե­ղի­նակ­նե­րը եղան »խու­լի­կան­ներ«, ինչ­պէս նա­եւ՝ նախ­կին ոճ­րա­գործ­ներ, որոնք բան­տէն ար­ձակ­ուե­լէն ետք Սում­կա­յիթ ղրկուած էին, քա­րիւ­ղի հան­քե­րուն մէջ աշ­խա­տե­լու հա­մար:

Մոսկ­ուա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը Սում­կա­յիթ առա­քե­ցին քննիչ­ներ, որոնք  հար­ցաքն­նե­ցին եօթ հա­րիւր ան­ձեր: 430-ը դա­տա­պարտ­ուե­ցաւ մէկ կամ եր­կու շաբթ­ուան բան­տար­կու­թեան: Պաք­ուի պաշ­տօ­նա­կան մա­մու­լը խոս­տո­վա­նե­ցաւ, թէ գրգռու­թիւն­նե­րը եւ արիւ­նա­հե­ղու­թիւն­նե­րը հե­տե­ւանք են Հա­յաս­տա­նէն ան­տե­ղի կեր­պով խոյս տուած թուրք գաղ­թա­կան­նե­րու հրա­պա­րակ նե­տած տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն: Օրին, Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թիւնը հրա­տա­րա­կած էր մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, որ թարգ­մա­նը կը հան­դի­սա­նայ բո­վան­դակ հա­յու­թեան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն եւ պատ­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը կը դնէ իրենց առա­քե­լու­թեանց դէմ յան­դի­ման: 

ՇԱԲԹ­ՈՒԱՆ ԽՕՍ­ՔԸ 

«Յար­գե­լի° գոր­ծըն­կեր­ներ, Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւն խմբակ­ցու­թեան առա­ջար­կի հի­ման վրայ՝ 2005 թուա­կա­նին Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը լրա­ցում է կա­տա­րել °°Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նե­րի եւ յի­շա­տա­կի օրե­րի մա­սին°° Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան օրէն­քում, ըստ որի՝ Փետր­ուա­րի 28-ը նշւում է որ­պէս ատր­պէյ­ճա­նա­կան խորհր­դա­յին հան­րա­պե­տու­թիւ­նում կազ­մա­կերպ­ուած ջար­դե­րի զո­հե­րի յի­շա­տա­կի եւ բռնա­գաղ­թած հայ բնակ­չու­թեան իրա­ւունք­նե­րի պաշտ­պա­նու­թեան օր: Աւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, այս տա­րի եւս Սում­կա­յի­թից բռնա­գաղ­թած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րի հետ մենք կը բարձ­րա­նանք Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի բար­ձունք՝ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րի յի­շա­տա­կին: Ցան­կա­նում եմ տեղ­եակ պա­հել, որ ար­տերկ­րի տար­բեր գա­ղութ­նե­րում եւս նոյն օրը կը կազ­մա­կերպ­ուեն զա­նա­զան մի­ջո­ցա­ռում­ներ: Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Փետր­ուա­րի 28-ը պե­տա­կա­նօ­րէն հաս­տատ­ուած է որ­պէս յի­շա­տա­կի օր, կոչ կþանէի, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւնը՝ ի դէմս խորհր­դա­րա­նա­կան ու­ժե­րի եւ կա­ռա­վա­րու­թեան, մաս­նակ­ցէր այս մի­ջո­ցառ­մա­նը: Մի­աս­նա­կա­նօ­րէն նշե­լով յի­շա­տա­կի օրը՝ մենք փաս­տած կը լի­նենք, որ չենք մո­ռա­ցել դե­ռեւս իր գնա­հա­տա­կա­նին չար­ժա­նա­ցած ոճի­րը, կþապա­ցու­ցենք ազ­գա­յին կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդիր­նե­րի պաշտ­պա­նու­թեան եւ հե­տապնդ­ման հար­ցե­րում քա­ղա­քա­կան բո­լոր ու­ժե­րի եւ ողջ հա­յու­թեան մի­ա­կա­մու­թիւնը»,- ըսաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի, Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան քար­տու­ղար Ար­տա­շէս Շահ­պազ­եան:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles