ՆՇՄԱՐ.- ՀԻՄԱ ՋԱՐԴՈՒԵԼՈՒ ԿԱՐԳԸ ԱՖՂԱՆՆԵՐՈՒՆՆ Է

0 0
Read Time:2 Minute, 29 Second

Աֆղանիստանի մէջ« ընդդիմադիրներ ու ահաբեկիչներ հետապնդելու նպատակով« ՆԱԹՕի դաշնակից ուժերը տարեսկիզբին կանաչ լոյս ստացան սաստկացնելու »Թալեպան«ներուն դէմ ռազմական գործողութիւնները: Փետրուարի կէսերուն« գործադրութեան դրուեցաւ »Մուշթարաք« անունով գործողութիւն մը« որուն առաջին թիրախն է հարաւային Հելմանտ նահանգի Մարժահ շրջանը: Այս գործողութիւնը« ինչպէս հռչակուեցաւ« նախամուտն է Քանտահարի դէմ գլխաւոր գործողութեան: Քանտահարը կը հանդիսանայ »Թալեպան«ներու գլխաւոր խարիսխը:

            Աֆղանիստանի մէջ պատերազմական գործողութեանց սաստկացումը սպասելի էր« որովհետեւ նախագահ Օպամա« ընտրապայքարի շրջանէն իսկ« ուրիշներու պէս« սուր քննադատութիւններ ուղղած էր նախագահ Ճորճ Պուշի հասցէին« ըսելով« որ ան թողած է Սեպտեմբեր 9ի բուն յանցագործները եւ երկիրը մխրճած է Իրաքի պատերազմին մէջ: Իր թեզը հետապնդելու համար« Օպամա հրահանգեց բարձրացնել Աֆղանիստան ղրկուած ամերիկեան ուժերուն թիւը: Հիմա« աւելի քան 100«000 ամերիկացի զինուոր մաս կը կազմեն ՆԱԹՕի շուրջ 120«000 ուժերուն« աւելի քան 100«000 մըն ալ պէտք է աւելցնել այս թիւին վրայ« իբրեւ անդամներ՝ կառավարութեան հետ զանազան պայմանագրութիւններ ունեցող ընկերութիւններու. պարզ բառերով զանոնք կարելի է կոչել բաւական սուղ վարձկաններ:

            Ռազմական գործողութիւններու սաստկացման գինը առաջին վճարողներէն եղան… պարզ քաղաքայիններ՝ կիներ« մանուկներ եւ պատահական մարդիկ: Մէկ շաբթուան ընթացքին« սխալմունքի հետեւանք յարձակումներու եւ ռմբակոծումներու հետեւանքով« արձանագրուեցան շուրջ 50 զոհ ու աւելի մեծ թիւով վիրաւորներ: Զոհերու այսքան մեծ թիւ ընդվզումի ու դժգոհութեան ալիք մը բարձրացուց մինչեւ իսկ Ուաշինկթընի ենթակայ (չըսելու համար դրածոյ) Աֆղանիստանի պետական շրջանակներուն մէջ: Դաշնակից ուժերու հրամանատարութիւնը առաջին հերթին մերժեց մեղադրանք ընդունիլ« սակայն դառն իրականութիւններու փաստացի բացայայտումէն ետք« ՆԱԹՕի շրջանի ուժերուն հրամանատարը՝ Զօր. Սթէնլի Մաքալիսթըր« պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մը« ներողութիւն խնդրեց անմեղ զոհերուն համար:

            Նոյն զօրավարը յայտարարած է« որ »Թալեպան«ները ջախջախելու համար արձակուած գործողութիւնը կրնայ երկարիլ 12էն 18 ամիսներու վրայ: Մտաբերելով իրաքեան նախընթացը« դժուար չէ հետեւցնել« որ հաւաքաբար ջարդուելու կարգը հիմա աֆղաններունն է:

            Իրաքեան պատերազմին ամերիկեան բանակներու զոհերուն թիւը անցած է չորս հազարը« ինչ որ կը շեփորահարուի ամերիկեան տեղեկատուական որոշ աղբիւրներւո կողմէ: Երբեմն ակնարկութիւն կþըլլայ նաեւ իրաքցի զոհերու թիւին մասին« կը խօսուի հարիւր հազարաւոր սպանեալներու մասին…: Աֆղանիստանի նոր էջին բացումը լուսարձակի տակ բերաւ այդ երկիրն մէջ ՆԱԹՕի զոհերուն թիւը« որ արդէն անցած է հազարը« իսկ թէ աֆղանները ի՞նչ զոհ տուած են« յայտնապէս ոչ ոք հետաքրքրուած է« իբրեւ թէ շատ բնական բան ըլլար խեղճ քաղաքայիններու սպանդը:

            Պէտք է նշել« սակայն« որ պատահական՝ »քովընտի« զոհերու արձանագրումը ընդվզումով կը դիմաւորուի նաեւ արեւմտեան ուժերու անդամ երկիրներու մէջ: Հոլանտայի մէջ« մինչեւ իսկ կառավարական տագնապ մը ստեղծուեցաւ Աֆղանիստանի մէջ ծառայող ուժերուն պատճառով« ու կը սպասուի« որ հոլանտական զօրաբաժինը հեռանայ Աֆղանիստանէն: Գերմանիա« որ կը պատրաստուի աւելցնել իր զինուորներուն թիւը (ներկայիս 4«300)« իր կարգին խլրտումներու դիմաց կը գտնուի. Շաբաթ« 20 Փետրուարին« Պերլինի մէջ ցոյցի ելած բողոքողներ հարց տուին« որ գերմանացիք կամ ուրիշներ ինչո՞ւ պէտք է աւելի ու աւելի շահատուրք վճարեն »ամերիկացիներու պատերազմ«ին համար:

            Հարցին էութիւնը« նաեւ ողբերգութեան կիզակէտը այն է« որ բռնատէրներ կամ ահաբեկիչներ հետապնդելու բարի նպատակներով արձակուող ռազմական գործողութիւններ ահաւոր վնասներ կը պատճառեն զանգուածներու« քար ու քանդ կþընեն երկիրներ« իսկ անդին« զինուորական մարզին մէջ գործողներ ու անոնց վարձկանները կþապահովեն հսկայական շահեր (ըստ հաւաստի հաշուարկի մը« Աֆղանիստանի մէջ ծառայող ամերիկացի իւրաքանչիւր զինուորի համար տարեկան մէկ միլիոն տոլար կը ծախսուի: Վճարողը գիտենք թէ ով է…):

            …Այս ողբերգութիւններուն դիմաց« կարելի՞ է մխիթարուիլ« փիլիսոփայելով« որ նման զարգացումներ մարդկութեան պատմութեան չափ հին են: 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Փետրուար 23 , 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles