ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Մայիս 17, 2017
Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողան, ան բիւրաւորներու շարքին է որ հարցադրումներու տակ առած է Տոնըլտ Թրամփի գործունէութիւնը, աւելի քան հարիւր օրերէ ի վեր նախագահական պաշտօն ստանձնելէն ետք:
Հաւանաբար իր գործունէութեան մօտէն հետեւողն ու վստահաբար քննադատողը, իր կարգին կը հարցադրէ թէ.- «Նայեցէ՛ք…Այդ ալ ո՞վ է խօսողը»:
Բոլորովին տարբեր նիւթ մըն է Թուրքիոյ Սպիտակ Տան՝ «Աք Սարայ»ին վարձակալին մասին խօսիլը, որ Մայիս 16-ին ժամանեց Ուաշինկթընի Սպիտակ Տուն եւ յատուկ առաքելութիւն, գործողութիւն եւ ուղեցոյց պահանջեց յատկապէս ձուաձեւ սեղանին շուրջ նստող քաղաքական, զինուորական եւ գաղտնի սպասարկութեան համար գործող պաշտօնավարներէն:
Էրտողանի համար, Սպիտակ Տան նախկին վարձակալը, հակառակ վերջին ամիսներուն կատարուած յայտարարութիւններուն եւ խոստումներուն, բաւական մը հեռու մնացած էր Թուրքիոյ Սպիտակ Տան վարձակալէն…կամ աւելի ճիշտը՝ սեփականատիրոջ, նկատի ունենալով իր երկարաշունջ պաշտօնավարութիւնը:
Մարդկային իրաւունքներու դէմ պայքարելու եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան գծով, անցեալ Ապրիլ 24-ին Թրամփին լուսանցքային յայտարարութիւնները, բաւարար էին, որ Էրտողան յատկապէս ծանրանար Սուրիոյ հիմնահարցին վրայ:
Հակառակ անոր հնչեցուցած ահազանգներուն, Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն օժանդակել Սուրիոյ մէջ գործող քիւրտ փեշմերկաներուն, որոնք կը նկատուին Իսլամական Պետութեան որջը նկատուող Ռաքքայի ազատագրման համար բանալի ոյժ մը:
Անշուշտ Էրտողանի համար, այս քրտական ուժերը, սուրիական թեւն են Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններէն ներս պայքարող քիւրտ զինեալներուն, որոնք Անգարայի համար կը նկատուին ոչ թէ միայն անբաղձալի տարրեր, այլ ահաբեկիչներ:
Ռաքքայի դէմ յարձակման առնչութեամբ, Էրտողան թէ՛ իր դեսպանատան գործիչներու եւ թէ՛ զինուորական կցորդներու ճամբով, Սպիտակ Տան նոր անձնակազմին տեղեակ պահած էր թէ թրքական բանակը պատրաստ է ամէն գնով գործակցելու, այնքան մը կարիքն իսկ պիտի չըլլայ քիւրտ փեշմերկաներուն:
Այս գծով Էրտողան կը կարծէր թէ դիւրութեամբ պիտի համոզէր Թրամփը, մանաւանդ շարունակ շեշտելով թէ, իր նախկին «թշնամի» պաշտօնակիցին մէկ «սխալ»ն էր քիւրտերը զինելն ու անոնց շատ բան վստահիլը տարածաշրջանէն ներս:
Սակայն ցայսօր, անոր խնդրանքն ու աղերսանքը կը մնան «ձայն բարբառոյ յանապատի», մանաւանդ որ դեռ վերջերս Փենթակոնը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, վերստին հաստատեց թէ միակ ոյժը որ կրնայ գրաւել Ռաքքան, այդ ալ քիւրտերն են, որոնք մեծամասնութիւնը կը կազմեն Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութիւնը վայելող Սուրիական Ժողովրդավարական ուժերուն:
Դեռ այլ կնճռոտ ու խրթին թնճուկային հարց մըն ալ կայ, որ Էրտողան – Թրամփ դէմ առ դէմ անդրանիկ խօսակցութեան առիւծի բաժինը կրնայ խլել, այդ ալ Ուաշինկթնէն ոչ շատ հեռու, տարիներէ ի վեր Փենսիլվանիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած Էրտողանի ոխերիմ թշնամի Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի թղթածրարն է:
Յատկապէս, անցեալ Յունիսին կատարուած պետական հարուածի ձախող փորձէն ետք, Էրտողան բազմիցս կը պահանջէ այս այլախոհին յանձնումը Անգարային:
Վերջին շաբաթներուն, Էրտողան կը շեշտէր թէ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը փոխանցման շրջանի մը մէջն է եւ Թուրքիա, այս գծով, պէտք է մօտէն հետեւի եւ քայլ պահէ անցուդարձերուն:
Յիշատակելի եւ անկիւնադարձային զրոյցներ չկատարուեցան Սպիտակ Տան մէջ, այլ պարզապէս ծանօթացման հանդիպում մըն է որ կատարուեցաւ: