ՀԻՆ ԷՋԵՐ ԵՒ ՉՄՏԱՀՈԳՈՂ ԲԱՅՑ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ՝ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՈՎ

0 0
Read Time:5 Minute, 56 Second

Յ. Պալեան

Քառորդ դար առաջ, Ֆրանսայի Հ.Յ.Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ անցեալ դարձած ԿԱՄՔ-ի մէջ, 13-14 Դեկտեմբեր 1993-ի համարով, գրած էի խմբագրական մը «Հայ մտաւորականութեան սով» խորագրով (կարդալ վարը): Ընկերային, քաղաքական, քաղաքակրթական եւ մշակութային հոլովոյթը կանգ չէ առած աշխարհի եւ հայ կեանքի մէջ: Այդ էջերուն մէջ արծարծած հարցս աւելի սուր բնոյթ ունի այսօր, մանաւանդ սփիւռք(ներ)ի մէջ:
Ինչ որ գրած էի ուշադրութեամբ կարդացի:
Ոեւէ ժամանակէ աւելի մեծ թիւով ուսումնական հայածնունդ մարդիկ կան այսօր, բայց անոնց միտքին խորքի պաստառը հազուադէպօրէն հայկական է: Երբ կը խօսին եւ կը գրեն, իրենց ըմբռնումները, արժեչափերը հարկատու են այլ մշակոյթներու, ընկերաքաղաքական այլ տեսութիւններու:
Օրինակ, Հայաստանէն տեղի ունեցած արտագաղթը կը դիտուի համաշխարհայնացման հետեւանք գաղթերու շրջանակին մէջ, առանց մտածելու որ Միացեալ Նահանգներ հասնող մեծաթիւ չինացիները եւ հնդիկները իրենց ժողովուրդին բաղդատած չնչին տոկոս կը կազմեն, անոնց արտագաղթը չ’ամայացներ իրենց հայրենիքը: Իսկ ի՞նչ է արտագաղթի հետեւանքը Հայաստանի համար: Կը մտածե՞նք բնաւ, որ առանց հայրենատէրի հայրենիք չ’ըլլար: Միթէ՞ մեծ քաղաքագէտ պէտք է ըլլալ հասկնալու համար, որ արտագաղթը կ’անապատացնէ ՝Հայաստանը: Սկսած եւ շարունակուող աղէտին պատասխանատուն «թշնամի»ն չէ եւ այդ պատասխանատուութիւնը վերագրել ուրիշներու եւ կացութիւններու անպատասխանատուութիւն է: Բայց ո՞վ է այդ թշնամին:
Ի՞նչ կրնայ ընել եւ չ’ըներ հայ մտաւորականութիւնը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Խօսիլ ժողովուրդին, առաջնորդուելով ազգային գաղափարախօսութեամբ, պարզ իմաստութեամբ, որ ինքնութեան պաշտպանութիւն է՝ հայրենատիրութեամբ, տալով նաեւ անձին օրինակը: Ո՞ր հայրենասիրութեան, հայ մշակոյթի եւ արուեստի մասին կարելի է խօսիլ, արտագաղթելէ ետք, ընտանիքը այլ երկինքներու տակ «ապահովելէ» ետք, Հայաստան երթալ-գալով եւ խելք բաժնելով:
Մտաւորականին պարտականութիւնը սոսկ լրատուութիւն չէ :
Մտաւորականը պարտի ներկայ կացութեան «ընթերցում»ը ընել, հրապարակել «թիւր»ն ու «թերի»ն, առանց հաճոյակատարական տուրք տալու նահանջները տնտեսողներուն եւ մարդորսական ճապկումներով պարելու:
Մտաւորականը պարտի ըլլալ ազգի լինելութեան ճամբացոյցը:
Գեղագիտական մարզանքները, վարչարարական իմաստութիւնները կամ իմաստակութիւնները, «եղածը փրկելու» անշահ ղեկավարումը, մտաւորականի առաքինութեան անյարիր են:
Ո՞ւր կանգնած է այսօր մտաւորականութիւնը:
Ան զանազան եղանակներով կը հնչեցնէ ցեղասպանութիւնը ճանչցնելու կարգախօսը, զայն պարպած ըլլալով իր խորքային էականութենէն՝ որ հայրենատիրութիւնն է:
Հայրենատիրութիւնը չշերտուող տիրութիւնն է հողին, ինքնութեան, լեզուին, մշակոյթին, համրանքին:
Հայ իրաւ մտաւորականութիւնը դիրք պէտք է ճշդէ եւ չի ճշդեր, քայլ կը պահէ նահանջները տնտեսող ղեկավարութեան հետ, որ հողէն բացակայութեան դարմանի, արտագաղթի կանխարգիլման, զիջումներու դէմ ըլլալու օրակարգ չունի, սա կամ նա ձեւով կը հանդուրժէ եւ երբեմն ալ կ’արդարացնէ լքումները: Ինքնութիւն աղճատող բոլոր ձեւերուն եւ խարխափումներուն, օտարախօսութեան եւ օտար լեզուներով ներազգային հաղորդակցական միջոցներուն, օտարալեզու «հայ» գրականութեան եւ օտարաբարբառ «հայ» երգին վնասակար բնոյթը հասարակական կարծիք չի դարձներ՝ անորակ մարդորսութեան համար, ընթերցող եւ լսող զանգուած (audimat) ունենալու համար:
Ինչո՞ւ պիտի աղմկենք հայածնունդ օտարագիր հեղինակի երկին համար: Ինչո՞ւ, օրինակ, Հայաստան օտարալեզու երգով պիտի ներկայանայ միզազգային մրցոյթին: Կը պատահի՞ որ ֆրանսացին, ամերիկացին կամ զանզիպարցին հայաբարբառ երգով մասնակցին այդ մրցոյթին: Այս թեթեւսոլիկութիւնը չի քննադատուիր ոչ Հայաստանի եւ ոչ ալ սփիւռք(ներ)ի կողմէ: Այդ վերաբերումով ի՞նչ կը շահի ազգը, բացի …տնանկի սնապարծութենէ: Ինչպէ՞ս բացատրել մտաւորականութեան լռութիւնը:
Քառորդ դարէ ի վեր տեղի ունեցող աղէտ-արտագաղթին առաջքը չ’առնուիր ղեկավարութեան կողմէ, սփիւռք(ներ)ը դատարկ հայասիրութեամբ կը հանդուրժէ եւ անուղղակիօրէն կը քաջալերէ, եւ մտաւորականութիւնը հրապարակ չի գար քննադատութեամբ եւ կանխարգիլելու միտող առաջարկներով:
Նոյնպէս, ազատութիւն, անկախութիւն, զանազան ստեղնաշարերու հայասիրութիւն եւ հայրենասիրութեան քարոզներ կարդալէ եւ լսելէ ետք, Արարատ եւ Էջմիածին բանաստեղծութիւն եւ երգ կրկնելէ ետք, սփիւռքը որպէս օրակարգ չունի հայրենադարձութիւնը, որ հայրենատիրութեան առաջին եւ էական քայլն է: Օժանդակութիւն օտարն էլ կրնայ ընել, իսկ հայը պարտէր հայրենատիրութիւն ընել, որ «դուք հոն մենք հոս»ով չ’ըլլար:
Հարազատ մտաւորականութեան սով կայ, քանի որ ուսումնական «հայածնունդ» մտաւորականներուն կը պակսի Մեսրոպի, Մամիկոնեաններու, Մեղապարտ Յակոբի, Րաֆֆիի, Մանթաշեւի, Խրիմեանի, «ամբոխային տրամաբանութեան» դէմ գացող Քրիստափորի, Արցախի մերօրեայ հերոսներու «հայրենատիրական» գիտակցուած ապրումը:
Մեր հայասիրական եւ հայրենասիրական «զգացում»ները նստեցուցած ենք իրենց գլխուն վրայ:
Հայ մտաւորականութիւնը, դառնալով մղիչ առաքինի ուժը ղեկավարութեան, մերժելով վարձու ինքնութիւնները եւ վարձու գաղափարները, հայասիրութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը պիտի կանգնեցնէ իրենց ոտքերուն վրայ, որպէսզի անոնք չզիկզակեն եւ հոլի պէս կլոր-կլոր չդառնան եւ իրականացնեն հայրենատիրութիւնը:
Այսօ՛ր: Վաղը միշտ երազանք է:

 

ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՈՎ

«Խօսքը չի վերաբերիր ընդհանրապէս հայածնունդ մտաւորականութեան, այլ՝ հայ մտաւորականութեան»:
1974 Մայիս 30: Յատկանշական օր մը, որ պատմութեան մէջ չէ արձանագրուած, բայց լուսաւորած է իմ ճամբաս: «Յուսաբեր»ի* խմբագրատունն ենք, որ աւելի տպարան էր քան խմբագրատուն: Հաւատաւոր ընկերներ կային, կ’աշխատէին: Բացին սենեակի մը դուռը: Ըսին, որ հոն չեն մտներ: Դրուած էր սեղան մը, որուն երկու կողմը կարելի էր նստիլ եւ գրել: Ըսին, որ «Յուսաբեր»ի լաւ օրերուն, Թաշեան եւ Լազեան դէմ դիմաց կը նստէին եւ կը գրէին: Այդպէս է. թերթը գրողով կ’ապրի – նաեւ՝ դրամով, որ այլ ցաւ է: Թերթը խմբագիր չունէր, փոքրացած էր: Խմբագրատուն չկար, անունը կար:
Վերջին տասնամեակին հայերէն թերթերու լեզուական որակը տեղի տուած է: Նկատի չունիմ միայն տօնավաճառի թերթերը, ուր լեզուական բարբարոսութիւնները սրբագրելի անգամ չեն: Նկատի ունիմ նաեւ այն թերթերը, որոնք միշտ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերած են: Հայերէն գիտցող խմբագիրներու եւ յօդուածագիրներու թիւը նուազած է, լեզուական այլանդակութիւնները կ’ողողեն հայ մամուլը: Ժամանակին, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի»ն սիւնակ մը ունէր՝ «Արշակաւան»: Այսօր անտիրութիւնը հասած է հոն, ուր սրբագրութիւնն ալ մեղանչում կը համարուի, մինչդեռ խմբագրին պարտականութիւնն է սրբագրել լեզուն, առանց ձեռք տալու կարծիքի ազատութեան:
Հայածնունդ մտաւորականներ կան, մեծ թիւով: Երբեմն նոյնիսկ՝ հայախօս: Անոնց կը պակսի ազգային հիմնականը: Չեն գիտեր մեր լեզուն բաւարար չափով որպէսզի Աբովեան կարդացած ըլլան, կամ Ալիշան, Վարուժան, Դեմիրջեան, Վիգէն Խեչումեան, եւ դեռ՝ Զաւարեան, Քրիստափոր, Ահարոնեան, Ուլուբաբեան, Հրանտ Մաթեւոսեան: Այս հայածնունդ մտաւորականները հայ մտաւորականներ չեն, նոյնիսկ երբ ազգասէր կամ հայասէր են: Կը խօսին, կ’արտայայտուին, բայց իրենց ռեֆէրանսը, հայութիւնը չէ, հայկական չէ: Թող ոչ ոք խորհի, որ ոչ-հայ արժէքներու ծանօթացումը, անոնց իւրացումը, անոնցմով հարստացումը սխալ կը համարենք, բայց կը համարենք անբաւարար, թերի, երբ չեն պատուաստուիր ազգային հիմնականին վրայ:
Մեր ազգային տեղատուութիւններուն արդիւնքն են օտար լեզուներով լոյս տեսնող հայ թերթերը: Հայաստան եւ Սփիւռք: Նկատի չունինք այն թերթերը, որոնք տեղական լեզուներով լոյս կը տեսնեն – կը տեսնէին նաեւ անցեալին – օտար շրջանակներու մօտ քարոզչութիւն ընելու նպատակով: Այժմ, օտար լեզուներով հայկական թերթեր լոյս կը տեսնեն… հայերուն համար, անոնց կ’աշխատակցին ոչ-հայեր – հետեւաբար առանց հայկական ռեֆէրանսի – եւ հայ մշակոյթի, հայ լեզուի, գրականութեան, պատմութեան մասին մակերեսային – եւ այսքանն ալ յաճախ չափազանցութիւն է – տեղեկութիւն ունեցողներ: Իսկ տեղատուութեան մէջ գտնուող հաւաքականութիւնները գոհ են, կը մխիթարուին, քանի որ իրենց վիճակը մշակութային արտայայտութիւն կը գտնէ: Օտարումի ընթացքին մէջ գտնուող հաւաքականութիւնը բնական կը գտնէ իր կացութեան պատշաճող այս երեւոյթը, կը կառչի մակերեսայնութեան, հաճելի կը գտնէ որ օտար մը, կամ գրեթէ օտարացած հայ մը երկու աղուոր խօսք ըսէ իր ծագման մասին:
Հակառակ բարեսիրութեամբ արթնցող հայրենասիրութեան, օտարացումը ընթացքի մէջ է, հսկայաքայլ, եւ ամէն անգամ որ մենք կը դիմենք օտար լեզուներու, մեր ներքին հաղորդակցութեան համար, քիչ մը աւելի տեղի կու տանք, վերականգնումի միջոցը կը դարձնենք նպատակ:
Հայ մտաւորականութեան սով կայ:
Թէ ի՞նչ կ’ընէ ազգային վաւերական ղեկավարութիւնը, շատ ալ որոշ չէ: Կարծէք ան ալ տեղի կու տայ, ոչ թէ համոզումով, այլ ազդեցութեան գօտիներ պահպանելու ձգտումով:
Մեր հաւաքականութիւնները տեղի տուած են: Դեռ շատեր կ’ուզեն տեղեակ ըլլալ, առանց յանձնառութիւններու տեղեկանալու ցանկութիւն մը: Այսինքն՝ հանդիսատեսի հետաքրքրութիւն: Հայ մտաւորականները, վաւերականները, կը լռեն չամբաստանուելու համար նեղմտութեան մեղքով, կամ՝ արեւելքցիութեամբ: Եւ սովը կը շեշտուի:
Շատ բան կրնար ընել անկախացած հայրենի պետութիւնը: Չ’ըներ, չի կրնար, դժբախտաբա՛ր: Իշխանութեան համար մղուող բուռն պայքարները, պատերազմական վիճակը եւ ընկերատնտեսական պայմանները կը հրահրեն կիրքերը, ամբոխավարութիւնը: Այդ իրարանցումին մէջ շատ քիչ տեղ կը մնայ մտաւորականութեան:
Հարցեր կան, առայժմ լուծումներ չկան: Եթէ հայկական հաւա-քականութիւնները չանդրադառնան այս բարդ կացութեան, չյաջողին ուշագրաւը եւ յարդի բոցը զատել ազգային-էականէն, եթէ ազգային վաւերական ղեկավարութիւնը չառաջնրդէ այդ ճիգը, հայ մտաւորականութեան ամայութեան կը հասնինք: Մեծ երեւակայութեան կարիք չկայ երեւակայելու համար յաջորդ հանգրուանը»:

* Եգիպտոս լոյս տեսնող Հ.Յ.Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles