Միշիկընի Լաւագոյն Կրթական Պատասխանատուներէն՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» Վարժարանի Տնօրէն Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանը

0 0
Read Time:1 Minute, 25 Second

ՏԻԹՐՈՅԹ.- Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Միշիկընի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» վարժարանը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ տնօրէն դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանը (ձախէն երկրորդը) արժանացած է շրջանի լաւագոյն կրթական պատասխանատուի տիտղոսին, չորս այլ տնօրէններու կողքին:
Այս գծով, յատուկ յայտարարութիւն մը հրապարակեց Միշիկընի պետական «չարթըր» դպրոցներու ընդհանուր նախագահ Տան Քուիզթնպըրին: Ան յայտարարեց հինգ տնօրէններուն անունները, որոնք ճանչցուած են իբր Միշիկընի լաւագոյն կրթական պատասխանատուները: «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» վարժարանի տնօրէն Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանը մէկն էր այդ հինգէն:
Ընտրութիւնը կատարուած էր հարիւրաւոր ընտրեալ թեկնածուներու ցանկէն:
Վկայագիրներու յանձման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 26-ին, Միշիկընի մայրաքաղաք Լենսինկի խորհրդարանին մէջ: Ներկայ էին նահանգի կրթական պատասախանատուները, Ծերակուտական եւ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներն ու «չարթըր» դպրոցներու ղեկավարներ: Այս արարողութեան նախորդած էր Միշիկընի պետական «չարթըր» դպրոցներու հիմնարկին կողմէ պատրաստուած հինգ վայրկեան տեւողութիւն ունեցող տեսաներիզը (https://youtu.be/JXfmVsG0q-U) նուիրուած «Մանուկեան» վարժարանի յաջողութիւններուն:
Անշուշտ այս յաջողութիւնները հաւաքական աշխատանքի արդիւնք են: Ծնողք-աշակերտ-ուսուցիչ-հոգաբարձութիւն-տնօրէնութիւն տարիներու համակարգուած գործակցութիւնը իր արդիւնքները կու տայ:
Վերոյիշեալ օղակներէն կարեւորագոյնը տնօրէնութեան դերն է: Տնօրէնն է որ ամէնօրեայ տքնաջան հետեւողականութեամբ պիտի հսկէ ուսումնական բարձր մակարդակի ապահովման գործընթացը: Ի վերջոյ, երկրորդական վարժարանի յաջողութիւնները կը չափուին նաեւ պետական քննութիւններով եւ շրջանաւարտներու հեղինակաւոր համալսարաններ ընդունման թիւով:
Տնօրէն դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանի մանկավարժական հմտութիւնները մեծապէս կ՚արդիւնաւորուին: Ան ոչ միայն արդիւնաւէտ ղեկավար է, այլ նաեւ Central Michigan University-ի մանկավարժական ղեկավարման կեդրոնի դասախօս է:
Այս գծով, 35-րդ ընտրական շրջանի նահանգային ներկայացուցիչ Ճերեմի Մոսը յատուկ գրութեամբ շնորհաւորեց դոկտ. Թորոսեանը:
«Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» վարժարանի յաջողութիւնները կը գնահատուին նաեւ հայկական համայնքէն դուրս: Այս փաստին լաւագոյն օրինակն է արդէն օտար համայնքներէն այս կրթօճախը յաճախող աշակերտներուն զգալի թիւը: Հայ թէ օտար աշակերտներ, կը խօսին հայերէն, նաեւ կ՛երգեն ու ոտանաւորներ կ՚արտասանեն: Նաեւ կը սերտեն հայոց պատմութիւնն ու հայ գրականութիւնը, հայոց լեզուն եւ հայ մշակոյթը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles