Բռնատիրական եւ մենատիրական երկիրներու մէջ կուսակցութիւնները ազատ չեն եւ երբ անուանապէս կան, անոնք իշխանութեան, իշխանաւորին կամ խմբակներու լծակ են, գործիք, շպար: Այդպէս կ’ըլլան անոնք նաեւ ազատ աշխարհի մէջ, երբ կը բացակայի ժողովրդական հակակշիռը:
Իրաւ եւ չաղարտուած ժողովրդավարական համակարգերու մէջ կուսակցութիւնները վիճարկումներու, ծրագիրներու մշակման եւ հերթափոխութեան խմորման վայրեր են կամ պէտք է ըլլան: Անոնք իշխանութեան քննադատութեամբ աւելի լաւին ու արդարին նախապատրաստութեան գործօններ են: Այս սկզբունքն է, մինչեւ այն ատեն երբ կուսակցութիւնները կը դառնան անհատի մը, խմբակի մը շահերը կամ փառասիրութիւնը բաւարարելու համար իշխանութեան նուաճման միջոցներ, խաթարուելով եւ ստեղծելով անվստահութեան կամ մերժումի մթնոլորտ: Երբ քաղաքացին կը տեսնէ, որ այդ կազմակերպութիւններու գագաթին կը գտնուին նոյն կամ նոյնանման անձեր, անփոփոխ, ինքնաշնորհելով անփոխարինելիութեան լուսապսակ, կամ կը պոռթկայ կամ կը դառնայ անտարբեր, կը մարին հետաքրքրութիւնը եւ մասնակցութիւնը:
Կարգ մը կուսակցութիւններ քայլ չկարենալով պահել ժամանակի պահանջներուն հետ, չունենալով ժողովուրդի նեցուկ, կամ իրենց անցեալի ծանրակշիռ սխալներուն պատճառով վարկաբեկուելով, կը տկարանան կամ նոյնիսկ կ’անհետանան բեմէն: Ժամանակակից քաղաքական կեանքի պատկերը շատ խօսուն է այս տեսակէտէն: Խորհրդային եւ արբանեակ երկիրներու միակուսակցական դրութիւնը վերջ գտաւ կայսրութեան փլուզումով, համայնավար կուսակցութիւնը կորսնցուց իր հզօրութիւնը, դադրեցաւ կեդրոնացեալ իշխանութիւնը, մասնատուեցաւ, շարունակուելով հանդերձ՝ փոքրացաւ:
Ժողովրդավարական երկիրներու խաղաղութեան պայմաններու մէջ գործող կուսակցութիւնները իշխանութեան տիրանալու մրցակցութեան հաստատութիւններ են, կը յառաջացնեն դասակարգեր, քաղաքական վերնախաւ՝ արհեստավարժներու ասպարէզ: Այդ վերնախաւը նոր դասակարգ է, ինչպէս որ էր անցեալին ազնուականութիւնը, որ յաւելեալ իրաւունքներ ունէր, նաեւ՝ ժառանգութեամբ, ծննդեան իրաւունքով, népotisme: Այդ վերնախաւը կը կազմուի մեծ դպրոցներու շրջանաւարտներով, դրամատէրերով, որոնք մեծաւ մասամբ կու գան բարեկեցիկ եւ քաղքենի շրջանակներէ, յաճախ վերնախաւի զաւակներ են: Ստեղծուած է իր անունը չըսող ժառանգական դրութիւն, որուն հետեւանքով կը հանդիպինք նոյն անուններուն, հայր եւ որդի, կին, ամուսին, խնամի եւ ծանօթ:
Ժողովրդավարական պիտակի տակ կը ստեղծուի դասակարգ, «էսթէպլիշմընթ», խաթարելով նոյնինքն ժողովրդավարութեան սկզբունքները, ընտրութեան ազատութիւնը սահմանափակելով ընտրելիներու շրջանակին մէջ, որոնք նախապէս կ’որոշուին կուսակցութիւններու վերնախաւին կողմէ, դիրքերը աւարի պէս կը բաժնուին որոշում կայացնողներու միջեւ: Այսինքն ընտրանի մը կը տիրապետէ համակարգին, որ վերջին հաշուով նորատեսակ մենատիրութիւն է: Որոշում կայացնողները առաջին հերթին դիրքերու վրայ կը տեղաւորեն իրենց ընտանիքի անդամները, բարեկամները եւ ծանօթները: Այսինքն ժողովրդավարական եւ ազատ ընտրութիւնը կը դառնայ դիմակաւոր նշանակում:
Ժողովրդավարութիւնը յարգելու ազնիւ որոշումներն անգամ երբեմն կը վերածուին ծաղրանկարի: Ֆրանսական յեղափոխութեան առաջին շրջանին ընտրուած «Սահմանադիր Ժողով»ը (Assemblée Constituante) օրինակելի որոշումը կայացուց, ըստ որուն իր անդամները ընտրելի չէին իրեն յաջորդելու կոչուած «Օրէնսդիր Ժողով»ին համար: Որոշումը գործադրուեցաւ, բայց ընտրուեցան անձեր, որոնք նախորդ ժողովի անդամները կը ներկայացնէին, եւ օրուան մամուլը կը գրէր, որ «թատրոնը կը խաղցուի փոխարինողներով» (la pièce est jouée par des doublures), ոչ թէ անկախ պատգամաւորներով: Երբեմն խոշորացոյցը պէտք է բռնել մեր ժամանակին եւ մեր շրջապատին վրայ:
Այս պայմաններուն մէջ «ժողովրդավարական իրաւունք քուէ»ն կը դառնայ թատրոն:
Այս եւ այլ կարգի խուսանաւումներ, յառաջդիմութեան ծրագրի բացակայութիւն, որակի անկում, յառաջացուցած են կուսակցութիւններու հանդէպ վերապահութիւն, որուն ակնբախ արտայայտութիւնները եղան Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնները: Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուեցաւ անձ մը, որ ասպարէզ չէր ըրած կուսակցութեան մը մէջ, իր տեղը գտնելու համար հանգրուաններէ չէր անցած, նոյնն է Ֆրանսայի պարագան, ուր թեկնածուն մեծերէն կամ իր նախորդներէն օրհնութիւն չէր ստացած, այսինքն չէին նշանակուած ընդունուած եւ սովորական եղանակով:
Գումարուած հակասութիւնները, կուսակցութիւններու մէջ անհատի մը կամ խմբակի տիրապետութիւնը կը յառաջացնեն վերապահութիւնները, զորս դիմագրաւելու համար անոնք կամ իրենք զիրենք պիտի թարմացնեն հեռանկարներով եւ որակով, կամ պիտի կծկուին՝ անհետանալէ առաջ: Հռետորական խօսքը փրկութիւն չի բերեր:
Ինչպէ՞ս յաղթահարել վերապահութիւնները: Այս հարցումին կարելի չէ պատասխանել օրէնքին տառով, «տիքթաթ»ով, այլ ազնիւ երկխօսութեամբ, արժէքներու վերականգնումով, եւ բարոյագիտութեան մէջ ուսուցուած «օրինակի արժէք»ով (la valeur de l’exemple):
Մեր «փոքրիկ ածու»ն, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), պիտի կարենա՞յ ժամանակակից պատմութենէն քաղել օգտակար դասը, թռիչք տալու համար համազգային վերականգնումի:
Թող ներուի ըսել, որ դասական, քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւնները շրջանցելով, վաւերական եւ «տիրոջ ձայն»ը չկրկնող մտաւորականութեան ուսերուն կը ծանրանայ այս հանգրուանին նոր հորիզոն բանալու պարտքը, կուրծք տալով խոչնդոտներու:
Պատմութեան դասը մտածումի օրինաչափութեան է քաաքականութեան համար: Ժամանակակից պատմութիւնը՝ քիչ մը աւելի:
Միշտ ի մտի ունենալով որ «վաղը միշտ ուշ է»:
Կրնա՞նք մեր ժամանակակիցներուն եւ յետնորդներուն խնայել «արդէն ուշ է» եզրակացնելու տխութիւնը: