Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը, կատարուած «Հայրենիք»ի խմբագրութեան կողմէ, Փարիզաբնակ երգիչ՝ Վիգէն Դարբինեանի հետ:
Հարցազրոյցը կատարուած է ե-նամակի դրութեամբ, եւ ընթերցողին համար նկատելի է թէ Դարբինեան որքան ժամանակ տրամադրած է եւ ամենայն բծախնդրութեամբ պատասխանած:
Հ.- «Վերադարձ»ը միայն խտասալիկ չէ, այլ բանաստեղծութիւններու եւ գրութիւններու փունջ մը: Բծախնդրութեամբ պատրաստուած գրութիւններ, որոնց համար պատրաստուած է փոքր գրքոյկ մը: Վիգէնին լոյս ընծայած այս պատրաստութիւնը իւրայատուկ է: Պարզ խտասալիկ մը չէ, այլ գիրք, երգ, երաժշտութիւն եւ տպաւորիչ ու նկարազարդ ալպոմ մը: Այս իւրայատկութեան մասին կարելի՞ է յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցել:
Պ.- Անձնական գոհացումս եղած է միշտ ըլլալ իսկական։ Իսկականս լման կը ներկայանայ ամէն ըրածներուս, գրածներուս, երգիս, խօսքիս եւ սիրոյս մէջ։
Աշխատանքս, գործս, միշտ ուզած եմ ըլլայ կատարեալ, մանրակրկիտ ուշադրութիւն կը դարձնեմ եւ կ՚ապրիմ հանգիստ, երբ լաւագոյնս տուած եմ։
Չեմ ուզեր, որ որեւէ բան պակաս մնայ, երբ կարողութիւնը ունիմ։ Նախ ինծի համար, ապա հրամցուցածիս։ Գոյնը, պատկերը, խօսքը, բառը, արտայայտութիւնը, դրսեւորումը միասին կ՚ըլլան ծաղկեփունջ մը, որուն ժապաւէնը կ՚ամբողջացնէ զայն…։
Այս եմ ես։
Հ.- Թերթատելով «Վերադարձ»ին էջերը, նկատելի է ներկայ է անցեալը, իր ամենայն կատարելութեամբ եւ գեղեցկութեամբ: Չկան համակարգչային եւ համացանցային կառոյցներ: Վիգէնը չէ նստած համակարգիչին առջեւ եւ ստեղնաշարով չի գրեր, այլ բնութեան գիրկին մէջ, նստած, թուղթ ու մատիտ բռնած ան կը գործէ: Մէկ խօսքով Բացակայ է այժմէականը եւ արդիականը: Ինչպէ՞ս բացատրել այս իրավիճակը:
Պ.- Ապրած եմ միշտ, արժէք տալով ամէն բանի։
Երէկուանը հին չէ՛ ինծի համար, երբ այսօր կը վայելեմ նորը։ Վաղուանը նոր չէ՛, երբ բանի արժէք չեմ տուած առջի օր։
Ո՛չ մէկ բան չի փոխարիներ ուրիշը եւ ամէն բան իր տեղը ունի, իր արժէքը, իր իմաստը։
Նորութեան զոհը չեմ ուզեր ըլլալ, պարզապէս նորէն խաբուելով։
Օրը նոր է նոյն արեւով։ Եղանակը նոր է իր անձրեւով, զեփիւռով, նոյն երկինքէն։ Նոր պտուղով նոյն ծառէն։ Այսպէս է իմ ապրումս հինին եւ նորին հետ շաղուած։
Թուղթը, մատիտը, գրիչը, շունչը կը մնան մտերիմ եւ միասին կը յղանանք սահուն տողեր, եղանակներ։ Երբ կը գրեմ, միտքս եւ զգացումս կ՚անցնին ձեռքիս մէջէն եւ գեղագրութեամբ կը սահին թուղթին վրայ, մինչ հայ գիրը կը հնչեցնէ եղանակը, զիս տանելով ուրիշ տեղ, զմայլելով բնութեան համերաշխութեան։
Արդի են երգերս, չտարուած արդիական կեղծիքներէն եւ վստահ ականջը կը զանազանէ այդ, առանց ջանքի։
Հ.- Նաեւ Իւրայատուկ է «Վերադարձ»ին մէջ օգտագործուած երաժշտութիւնը: Լաւապէս խնամուած կշռոյթներ եւ երանգներ, որոնք կը պատկանին տարբեր ճիւղի եւ բնագաւառի, սկսելով պարզ տառերգէն (chanson a texte) մինչեւ արժանթինեան թանկօ: Այս գծով կարելի՞ է յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցել:
Պ.- Այս մասը շատ կարեւոր է յատկապէս պարզեցնելով քանի մը մասերով՝
– Գրութիւնս
Միշտ գրած եմ եւ կը գրեմ մնալով պարզ, զգացումով՝ առօրեայ կեանքս, ապրումներս, ազդուած դէպքերէն, անցուդարձերէն, առանց վերլուծումներու եւ կամ փիլիսոփայութիւններու։
Ես մտաւորական չեմ խաղար, ոչ ալ կ՚ուզեմ հեռանալ կեանքի բեմէն։ Վիճակը կը նկարէ արկածը, կ՚ոգեւորէ գրելու, որուն հետ կու գայ եղանակը, կամ եղանակը կը գրէ երգը։
– Երաժշտութիւնը
Անհնարին է չընդունիլ, թէ այլեւայլ ազդեցութիւններ չենք ունեցած եւ հարստացած է մեր մշակոյթը։ Սակայն ինքնութիւնը պահելն է ուժը եւ պէտքը։ Որդեգրել, մնալով իւրայատուկ, հարստացնելով ներքինը եւ աշխատանքը։
Երգը ունկնդրելի եւ հաճելի է իր պարզութեան մէջ, հարստացնելով զուգակշիռ ընկերակցութիւնը միշտ եղած է ընտրութիւնս, ամբողջացնելու երգը։ Յարդարելու, ոչ թէ կեղծելու կամ ծածկելու պակաս մը։
Երգս կարելի է մեկնաբանել առանց նուագի ընկերակցութեան, իմաստը, գրութիւնը հաղորդել երգելով։
– Ազդեցութիւններ
Ինչպէս ըսի երաժշտութեան մասին։ Բնական է ազդեցութիւններ ունենալ բոլոր մշակոյթներէն։ Եւրոպա, Հիւսիսային Ամերիկա, Հարաւային Ամերիկա, Ասիա, Միջին Արեւելք, Ափրիկէ, Ռուսիա… համաշխարհային մեր ներկայութիւնը մեզի տուած է առաւելութիւն մը, հարստացնելով մեր պաշարը։
Սակայն կը յամառիմ մնալ հարազատ իմ լեզուիս եւ մշակոյթիս։ Արեւմտահայերէնը իմ լեզուս է, որքան արեւելահայերէնը օտար չէ ինծի։ Սակայն շատեր կը կարծեմ թէ մէկը միւսէն աւելի երաժշտական է։ Կը սխալին։ Երբ կ՚երգեմ Յովհաննէս Շիրազէն նոյն գոհունակութիւնը կը զգամ ինչպէս Վահան Թէքէեանին «Եկեղեցին Հայկական»ը, զոր երգի վերածեցի եւ կ՚ապրիմ լեզուին անուշութեան հետ։
Կ՚ուզեմ նաեւ հպարտութեամբ պատմել «Վերադարձ»ի երգերուն արձանագրութեան ժամանակ, երբ երաժիշտներուն հարիւր տոկոսը ոչ հայեր էին, բոլորը կը զմայլէին հայերէնի արտայայտիչ եւ խօսուն ըլլալուն, երաժշտական առոգանութեան։
Ուրեմն թանկօն ալ, ռոքը, ճազը, աշուղականն ու այլ գոյները կարելի է հայերէնով։ Մեր անուշ լեզուն, մայրենի լեզուն արեւելքէն արեւմուտք։ Երբ ուրիշ լեզուներով կ՚երգեմ չեմ կեղծեր։ Իսկ երբ հայերէն կ՚երգեմ ուրիշ գոյներու, ելեւէջներու կամ ձեւերու պէտք չունիմ։
Հ.- Ընդհանրապէս երգ-երաժշտութեան ներկայ մակարդակի ահաւոր անկումին դիմաց, ինչպէ՞ս կրցած է դիմանալ եւ դիմադրել Վիգէնը: Նաեւ ինչպէ՞ս կարելի է պայքար մղել եւ յատկապէս երիտասարդ ունկնդիրներ ներգրաւել:
Պ.- Խօսինք հայ երգին եւ երաժշտութեան մասին։ Այլապէս եթէ մտնենք համաշխարհային երաժշտութեան դաշտը կը տեւէ օրեր եւ կամ մէկ բառով՝ Աղէտ։ Համաշխարհայինն ալ մտահոգութիւն է անշուշտ ինծի համար, սակայն երբ հարուստը կը կորսնցնէ իր ունեցածին մէկ մասը, տակաւին ունի պահեստ, տեղ, երկիր եւ հարստութիւններ՝ հիմնուած դարերու հնութենէն, անդրդուելի տեւողութեամբ։
Հայուն պարագան շատ դիւրաբեկ է։
Ունինք մեծ անցեալ եւ կատարուած աշխատանքներ՝ դասական, եկեղեցական, աշուղական, ժողովրդային։
Այսօր դժուար է որոշել, թէ ո՞ւր ենք։
Քսաներորդ դարուն մեր եղեռնը կոտրեց մեր թափը, սակայն ըլլայ Սովետական Հայաստան, թէ Սփիւռք վերածնունդ ունեցանք։ Նեղ միջոցներով հայ արուեստը շարունակեց ապրիլ։
Ժողովրդական երգերու աշխարհը շատ լաւ կը յիշեմ, երբ մանուկ էի, եօթը տարեկան, սորված էի մանաւանդ Յ.Պատալեանէն երկու երգ՝ «Օտար ամայի ճամբէքի… կարաւան» եւ «Միայն թէ մայրս վիշտս չիմանայ»։ Մեծ մօրս հետ երբ այցելութեան կ՚երթայինք, իր շուրջը կէս թրքախօսներ էին, նոյնիսկ երգը, աղօթքը եւ ասացուածքները օտարալեզու։ Սակայն կ՚ուզէին, որ երգէի այդ երկու երգերը։ Յուզումէն աւելի ուրախ էին, որ պատանի հայ մը հայերէն կ՚երգէ։
Ունէինք անշուշտ դպրոցի, հայ դպրոցին եւ հայկական եկեղեցիին կրթութիւնը… Տունը երբ հայրս կ՚երգէր «Բարձր Սարեր»ը Անուշ օփերայէն, տուած էր արդէն մեր բոլորին, քոյր-եղբայր, հայ մեղեդիին ցոլացումը։
Հասաւ Եղեռնի յիսնամեակը, երբ պատերուն փակցուցին «թրքերէն խօսողին, հայերէն պատասխանէ»։ Զարթօնք մըն էր Միջին Արեւելքի հայ աշխարհին։ Հայաստանի, Թաթուլ Ալթունեանի երգի-պարի խումբէն զատ կային Լեւոն Գաթրճեան եւ Ատիս Հարմանտեան, որոնք հայ ժողովրդային եւ աշուղական երգը բերին հայ տուներէն ներս։
Նոյն շրջանին մենք երիտասարդ, պատանիներ, ստանալու սկսած էինք արեւմուտքէն եկող երաժշտական հոսանքն ու փոթորիկը։ Շատ տարուած էինք այդ ալիքէն։ Ես անձամբ կը գնահատէի հայ երգին մուտքը տուները, սակայն չէի համոզուած ձեւին եւ գոյնին։ Երբ ականջիս ու աշխարհիս մէջ ունիմ Կոմիտաս, Հայկական Պատարագ, գաւառային աննման պաշար, նոյն ժամանակ Մոցարթ, Տէպիւսի, Սայմըն Էնտ Կարֆանքըլ եւ այլ նորութիւններ։ Շրջան մը օտար երգերով կը գոհանայի, սակայն երկար չտեւեց, երբ բնական պահանջք մըն էր, մանաւանդ երբ աշխատած եմ Վարուժան Խտըշեանի Թատրոն 67-ին հետ, որ դպրոց մըն էր ինքնին, հայ թատրոն, լեզու եւ հայերէնով արտայայտուելու, մեր գեղեցիկ լեզուն վայելելու։
Այս բոլոր, երկար պատմածներս, դիմանալու եւ դիմադրելու իմ ուժս են։
Պայքարս կ՚ըլլայ, ինչպէս ըրի քառասուն տարիէն աւելի եւ կը շարունակեմ այսօր չյուսահատիլ։ Այսօրուան նոր սերունդը, ինձմէ երիտասարդը, կրնայ շուարիլ շրջան մը, սակայն վստահ եմ կը վերադառնայ իր ճիւղին, նոյն ծառին… եթէ չկորսնցնենք ծառը։
Մէկ իրականութիւն կայ, զոր կ՚ուզեմ յայտարարել այսօրուան հայ երգին, ժողովրդական երգին մասին։
Յիշեցնեմ։ Լեւոն Գաթրճեան եւ Ատիս Հարմանտեանէն ի վեր ո՛չ միայն նորութիւն չկայ համբաւ ունեցող «ճանչցուած» երգերուն մէջ, այլ՝ աղէտ կը տիրէ։ Ռապիզը եղած է հասարակ արեւելեան այլեւայլ ազդեցութիւններու եւ ելեւէջներու զուարճալի, յուզող հայերէնով երգուած անմշակ ժամանց։
Բարեբախտաբար կան բացառութիւններ, Ռուբէն Հախվերտեան, Արմէն Մովսիսեան եւ հաւանաբար անյայտ ուրիշներ, որոնք Զենիթներ չեն հրաւիրուած, ոչ իսկ ճանչցուած Հայաստան, թէ Սփիւռք։
Նայած եմ հրապուրուած…
Ուրիշներուն յայտարարելու միջոցներուն՝ համակարգիչ, հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ, սրահներ հազարաւոր հանդիսատեսներով, հրաւիրուած վայելելու արուեստի աշխատանք եւ իրագործումներ։
Բոլորը կազմակերպուած մասնագէտներու կողմէ, որոնք սերտած են երկրին, աշխարհին եւ շուկային պէտքն ու ծարաւը…
Նոյնիսկ ստեղծած են պահանջներ եւ փափաքներ, ինչպէս նաեւ «արհեստագործ» արհեստաւորներ արտադրելու «արուեստ»ի ապրանքներ։
Ես հոն չեմ։
Ոչ ալ կ՚ուզեմ ըլլալ։
Թէեւ շատ հեռու եմ նոյնի՛սկ գործնական նուազագոյնէն։
Չունիմ ծախող։
Չունիմ յարաբերութիւն հաստատող գործիչ։
Ունիմ ինքս եւ արուեստս։
Ձեր օգնութեամբ ներկայացնելու մեր ժողովուրդին… բոլորին։
Երիտասարդներուն մանաւանդ, որոնք անդադար կը ստանան ուրիշ մշակոյթներ։ Մեր երգը չկայ ցանկին վրայ։
Հ.- «Անկեղծ ընկերներ», «Գնա՛», «Մինակ», «Սասունցի Խաչիկ», «Երազ մըն ես», եւ այլ երգեր ընկերներու եւ ընկերութեան մասին: Ի՞նչ կը փնտռէ Վիգէնը ընկերութենէն, ընկերներէն, եւ ընդհանրապէս ընկերական միջավայրէն:
Պ.- Միշտ հաւատարմութիւն մը եղած է մէջս։ Ոչ միայն մտերմութեան, այլ ընդհանուր, արժէք ունեցած են բոլոր անոնք, որոնք ճանչցած եմ եւ տեղ մը ունեցած են կեանքիս մէջ։ Աներեւակայելի է ինծի համար մարդկային յարաբերութիւն չունենալը։ Ընկերային, սիրային, սեռային յարաբերութիւնները կ՚ընտրենք եւ կը մնանք միշտ մօտիկ եւ հաւատարիմ, նոյնիսկ եթէ հեռանանք անոնցմէ։
Երբ եղբայր, քոյր եւ զաւակ կը դառնանք ընկերներ, ես կը հարստանամ։
Բաժնուիլն ու հեռանալն է իմ տառապանքս։ Մանկութենէս այսօր շատ ու շատ փոխադրուած եմ, Միջին Արեւելքի սովորութիւնը դարձած է յիսունական թուականներէն մինչեւ այսօր։ Սակայն վերջին քառասուն տարիները, Լիբանանի պատերազմէն ասդին, կ՚ապրիմ Փարիզ։ Կարօտով միշտ։
Կը փնտռեմ անկեղծ ընկերներս։
Նոր ընկերներ կան, յարաբերութիւններ ստեղծուած են, սակայն նոյն միջավայրը չէ՛։ Մինակութիւնը արեւմտեան «որակ» մըն է, որ ինծի համար տառապանք է։ Մանկութեան, պատանեկութեան, դպրոցական, համալսարանի, թատրոնի… Վերջապէս, մինչեւ ուշ տարիք, երբ կեանքիս կարեւոր մասերը, մինչեւ քսանչորս տարեկան ապրած եմ ուրիշ աշխարհի մէջ։
Այն աշխարհը ուր երազը կեանք էր, նոյնիսկ երազելը առանձին չէր։ Համեմը կու տային այլեւայլ շրջաններէն միացածներ կազմելով համերաշխ գաղութներ եւ միութիւններ։
Մինակ չէի զգար։
Արգիլուած պտուղը մղում էր սիրահարուելու։
Արժեւորելու նայուածքը, համբոյրը, զրկանքն ու իղձը։
Նիւթականը անարժէք էր հոգեկան եւ գործունեայ որակումին հետ բաղդատած։
Յանցաւոր չեմ, եթէ խորհրդաւոր եմ, բայց մելամաղձոտ չեմ… կը սիրեմ կեանքը։
Կ՚ապրիմ ու կը գրեմ օրագիրս՝
Յիշատակներ, դէպքեր, ընկերներ,
Ընտանիքի անդամներ կ՚այցելեն,
Գրիչս մղելով գրելու օրագրի նման…
Դո՛ւն ալ ունիս յուշեր…
Պատկերներ շրջանակուած։
Ջահել հասակի սիրոյ արարներ։
Երազներով լեցուն գրուած նամակներ։
Գեղեցիկ, երջանիկ դիպուածներ։
Առանձնութիւն ու անսլաք մինակ ժամեր։
Հնչերանգներ, սիրային մղումներ։
Բաժանումներ, հանդիպումներ, անջատումներ…
Ծնողքի կարօտ։
Օտարութեան մելամաղձոտ անորոշ դարձուածքներ։
Անընդունելի իրականութիւններ…
Աւա՜ղ «յառաջդիմած» աշխարհին։
Անարդար եւ շարունակական աղէտներ մեր ժողովուրդին…
Հայուն, իր դրացի նոյն թշնամիէն, հալածուած դարերէ ի վեր։
Այսօր այդ նոյն թուրքը կը շարունակէ ջարդի յայտագիրը,
Ամբողջացնելու ի՛ր ծրագիրը… կը մեղանչեմ։
Դո՛ւն ալ, գիտեմ, կը տառապիս։
Դուն ալ ունիս այս օրագրիս նմանող տրցակուած էջեր,
Նամակներ մտքիդ մէջ, քու հետդ, մէջդ, սրտիդ եւ մտքիդ ցոլացումները։
Ես կ՚երգեմ զանոնք,
Քեզի կ՚ուղարկեմ քանի մը էջ…
Վերադառնալու, քեզ գտնելու ջանքով…
Հ.- Կը նշես թէ 35 տարի ետք պատրաստած ես 10-րդ խտասալիկդ: Այս տարիներուն ընդմէջէն, ի՞նչ փոփոխութիւններ կատարուած են ընդհանրապէս երգ-երաժշտութեան բնագաւառէն ներս:
Պ.- Ինչպէս յիշեցուցի արդէն։ ֆրանսա եկայ դէպի ուրիշ տեղ երթալու ճամբուն վրայ, սակայն մնացի։ Բաժնուեցայ ծննդավայրէս, երբ «Կարօտ»ը եղաւ առաջին երգը, զոր յարդարեցինք Յարութ Պէզճեանին հետ, իւրայատուկ արդիական գոյնով, մնալով հաւատարիմ եւ հարազատ։ Այդ սկզբունքը պահած եմ մինչեւ այսօր։ «Յարդար» խտասալիկէն ետք շարունակեցի նոյն հաճոյքով եւ նպատակով՝ հրամցնել միշտ լաւագոյնս, մնալով ունկնդրելի բոլորին, բոլոր տարիքներուն, նոյնիսկ ոչ հայերուն… ինչպէս Շարլ Ազնաւոր նշած եւ յայտարարած էր իմ մասիս ֆրանսական հեռատեսիլէն։
Անցեալի երգերը մշակելու եւ նորոգուած հրամցնելու աշխատանքիս միացաւ ֆրանսացի Փաթրիս Փէյրիէրասը՝ երաժիշտ, դաշնակահար եւ արձանագրութեան մասնագէտ։ Մինչեւ այսօր կը շարունակենք նոյն համերաշխութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ։ «Երազ»էն սկսեալ մինչեւ «Վերադարձ»ը այսօր։ Ինծի համար, ինչպէս ըսի, ներդաշնակութիւնը, երաժշտական դասաւորումն ու ընկերակցութիւնը միշտ կարեւոր բնազդ մը եղած է ամբողջացնելու երգը եւ մեկնաբանութիւնը երգին իմաստին։ Ինքնաբուխ, մնացած եմ հայ մեղեդիին սիրահար եւ հաւատարիմ։
Լեզուն, հայերէն լեզուն կ՚երգեմ պահելով իր արժէքն ու պարզութիւնը։
Շատ մը նոր երգեր, որ գրած եմ եւ յօրինած, ունկնդրողները նմանցուցած են, կամ կարծած, թէ անցեալի երգերէն են։ Պարոյր Սեւակէն ազդուած եւ ոգեւորուած «Բարեւ» երգը, «Բարեւ» խտասալիկին մէջ, ուր բոլորը նոր երգեր են, ինչպէս «Եկեղեցին Հայկական»ը, շատեր կը հաւատան, թէ անոնք անցեալի երգեր ըլլան։ Սակայն նոր յօրինուած եւ նոր գրուած երգերս հոն սկսան։ Այդ շփոթը կը նշանակէ, թէ մեղեդիները, որոնք կը հիւսուին գրած երգերուս, կը մնան ինքնատիպ, ազդուած իմ պաշարէս, հայ երաժշտութենէն։
Անշուշտ ներկայացնելու կամ մեկնաբանելու գոյնն ու ձեւը կը մնայ հարազատ Վիգէնին, իր նորոգուած փոփոխութիւններով, նոր երգերով։
Հ.- Սփիւռքահայու մը լուռ ցաւերն է որ կը ներկայացնես: Արդեօք սփիւռքահայ զանազան գաղութներ սկսա՞ծ են հետաքրքրութիւն տալ այս լուրջ գրութիւններուդ եւ երգերուդ:
Պ.- Սփիւռքահայը եւ հայաստանահայը ունին իրենց տարբեր մօտեցումները նոյն ցաւին։ Հայաստանահայը եթէ կը հաւատայ իր երկրին եւ տանելիք աշխատանքին կը մնայ հոն։ Սփիւռքահայը կորսուած է գոյատեւման եւ պայքարին մէջ։
Երկուքը ինծի համար լրացուցիչներ են մնալով գործնական եւ արտադրիչ։ Մեր տարբերութիւնները շատ բնական են, ընդունելի եւ հարստութիւն են։ Ես կը վայելեմ հայերէնի երկու տարբերակները չմոռցած գրաբարը։
Ինչո՞ւ շատեր, եթէ ոչ մեծամասնութիւնը կը կարծեն թէ արեւելահայերէնը աւելի երաժշտական է։ Արեւմտահայերէնն ալ նոյն որակը ունի։ Թող մտիկ ընեն նոր երգերս եւ առաջուան գրածներս, եւ կը նկատեն թէ տարբերութիւն չկայ, երբ կը մնանք յստակ, յարգելով առոգանութիւնն ու պարզութիւնը, առանց չափազանցելու եւ խառնելու ուրիշ ազդեցութիւններ։
Այս բոլորը կ՚ըսեմ ես ինծի։
Արդեօք միութիւնները ու մեր մշակոյթին համար աշխատողները կամ մտահոգուողները որքան կարեւորութիւն կու տան այլեւայլ մարզերու մէջ արտադրող արուեստագէտներուն։ Բացի քանի մը բարերար ունեցողներէ, որոնք կը հետաքրքրեն որոշ միութիւններու պատասխանատուները, որոնք նոյնիսկ չեն գիտեր թէ ով է ան, ինչ կը հրամցնէ… զայն կը սեպեն մշակոյթ։
Այսպիսով, ժողովուրդը կը ստանայ ինչ որ հրամցուած է, ու կը դառնայ սովորութիւն եւ «արուեստ»։
Իսկ չներկայացուածը կը մնայ շուքի մէջ։ Արուեստս չեմ կրնար թէ՛ ստեղծել եւ թէ վաճառել, մինակս, անձամբ։
Հ.- Վերջին երգը «Աւա՜ղ, Աղէտ, Աւա՜ր» ազդեցիկ եւ աղէտալի է: Ինչո՞ւ նմանօրինակ յուսախաբութիւն, յոռետեսութիւն: Ի վերջոյ խտասալիկին անունը «Վերադարձ» է: Իսկ նախավերջին գործն ալ.- «Վերադարձ նոյն ծառի ճիւղին»: Ինչո՞ւ այսպիսի աւարտ:
Պ.- Այդ օրը…
Երբ լուրը ունեցանք Աղէտին։
Քեսապը, Կիլիկիայէն միակ մնացած մեր ժառանգը, նոյն թշնամին ուզեց քանդել։
Մանկութենէս մինչեւ այսօր անդադար կ՚ապրիմ նոյն ցաւը, ըլլալ թափառական, մնալով միշտ ծառայող ուրիշին հողին։ Հեռատեսութիւն կը պակսի մեր ժողովուրդին։ Ինչպէ՞ս կարելի է գոյատեւել, մնալ հայ, բառին բուն իմաստով։
Այսօր կը շարունակուի Միջին Արեւելքի մեր ջարդն ու տեղահանումը։
Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեզ, եթէ ոչ մենք ինքներս միայն։
Աղէտները պիտի չպակսին։
Պատրա՞ստ ենք։
Մեր ունեցած փոքր անկախ մասը, Հայաստանն ու Արցախը իսկ վտանգի տակ են։
Աւա՜ղ, Աղէտ, Աւար։
Երբ կը զմայլիմ բնութեան եւ կը դիտեմ ծառ ընկերս…
Կը նախանձիմ իր վեհանձնութեան։ Կ՚ուզեմ ես ալ ըլլալ թռչուն։
Թռչիմ երկրէ-երկիր, լուր տամ թէ մեր ծառը ո՞ւր է, մեր բոյնը ուր կրնանք շինել, ապրիլ, մեր հացը օժտուած պայքարով եւ հպարտութեամբ վայելել։
Խօսիմ իմ լեզուս, երգեմ իմ երգս թառելով պատուհանէ-պատուհան, օրօրելով կամ զարթնեցնելով ամէն մէկ հայ։
«Աւա՜ղ, Աղէտ, Աւար»ը զարթնումի պոռթկում մըն է։
Վերադարձը իրականութիւն մըն է։
Ո՛չ յուսախաբութիւն,
Ո՛չ յոռետեսութիւն…
Օրագիրս է, որ կ՚ապրիմ եւ կ՚ուզեմ բաժնեկցիլ…
Դո՛ւն ալ ունիս պատմելիք։
Տեսնուինք,
Շարունակենք խօսիլ միասին։
Պատմեմ ես քեզի,
Նոյնպէս դուն ինծի։
Վիգէն
16 փետրուար 16, 2017
Փարիզ