ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔՈՎ

0 0
Read Time:9 Minute, 13 Second

Հ. Ռափայէլ Վրդ. Անտոնեան

Հ. Ռափայէլ Վրդ. Անտոնեան

Հ. Ռափայէլ Վրդ. Անտոնեան, 1993-էն ի վեր հովիւն է Պելմոնթի (Մասաչուսէց) Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ: Նախապէս, տարիներ շարունակ պաշտօնավարած է Վենետիկի «Մուրատ Ռափայէլեան» (1968-1972) վարժարանէն ներս, իբրեւ ուսումնապետ եւ ապա` տեսուչ, ինչպէս նաեւ Փարիզի «Սամուէլ Մուրատեան» վարժարանէն ստանձնած միեւնոյն պաշտօնները 1973-1983, ան նաեւ եղած է խմբագիր` Վենետիկի «Մխիթարեան» միաբանութեան պաշտօնաթերթ «Բազմավէպ»ին:

Ներկայ ժամանակներուն, այս երեքհազարամեակի բնորոշիչ յատկանիշներէն է,  մէկ կողմէն եկեղեցական ինքնութեան համայնատարած նկարագրի գիտակցութեան առաւել աճումը եւ միւս կողմէ զարգացող համոզումը անոր էականութեան  որ, չէ երբեք կաղապարուած օրէնքներու յայտարարող մը, այլ երեւոյթներէն անդին, դէպի իր գոյութենական հիմքին առաջնորդող զօրութենական ընթացք մը լինելութեան, աստուածակեդրոն եւ քրիստոսակեդրոն բացուածքով, տալու համար նոր տարածականութիւն մը մարդու աստուածաստեղծ արարածային գոյութեան որ Քրիստոսի յայտնութեամբ կը ստանայ իր գոյութեան վախճանաբանական կոչումին լրիւ իմաստը:

Յատկապէս 1965-էն ասդին, Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովէն ետք, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի եկեղեցիներու միջեւ կատարուած փոխադարձ հանդիպումներն ու գիտաժողովները որոշ ենթահող մը պատրաստեցին արդիւնաբեր երկխօսութեան մը, որ իր հետեւողական ընթացքով եւ յարատեւութեամբ, միշտ աւելի նպաստեց լրջօրէն նկատելու եւ ուսումնասիրելու փոխադարձ եկեղեցաբանական ըմբռնումները, խորացնելու համար անոնց քրիստոսակեդրոն եւ առաքելական նկարագրի էական յատկանիշները, միշտ նկատի ունենալով նոյն եկեղեցիներու  աւանդական հարուստ պաշարը, ժառանգած` առաքելական շրջաններէ եւ զարգացած յաջորդաբար, սրբակրօն Առաջնորդներու եւ եկեղեցականներու կենցաղով եւ ներդրումներով:

Այս դրական եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան զուգահեռ, որոնք անտարակոյս նոր հորիզոններու դիմաց կը դնէին Քրիստոսի Եկեղեցին, իր աշխարհագրական քառաթեւ բացուածքով, սկիզբ առաւ Եկեղեցապետներու միջեւ փոխադարձ այցելութիւններու ուշագրաւ երեւոյթ մը որ, պարզ ու պատշաճողական կամ անձնական ձեռնարկ մը  ըլլալէ աւելի, խորհրդանշական հանդիպումներ էին եկեղեցիներու միջեւ, որոնք` սկզբնականօրէն մէկ, բայց յաջորդաբար բաժնուած իրարմէ, երբեմն դաւանաբանական բանաձեւումներու յարուցած տարակարծութիւններու հետեւանքով, բայց յատկապէս     փոխադարձ հասկացողութեան առաջնորդող երկխօսութեան մը բացակայութեան պատճառով, առանց սակայն խզելու Քրիստոսակեդրոն Հաւատքի միութիւնը, Առաքելաւանդ քարոզչութեամբ հիմնուած եւ հաստատուած իբրեւ հասարակաց   նշան ինքնութեան:

Հանդիպումներ հետեւաբար, փոխադարձ եղբայրական սիրոյ իբրեւ արտայայտութիւն եւ դրական քայլ  ու բացուածք դէպի հոգեւոր ամբողջական հաղորդութեան մը առաջնորդող, իրենց գոյութեան յատկանիշ հաւատքի էատարրերով, որոնք կը խարսխուին ու կ՛իմաստաւորուին Քրիստոսի խորհրդապաշտ մարմնի իրաւութեանբ, որուն` ամէնքով կը դաւանին ըլլալ գիտակից անդամները, մարտիրոսներու հոծ բազմութեամբ եւ արիւնով պատուաստուած:

Հանդիպումներ հետեւաբար որոնք կը կատարուին աւետարանական հոգիով, ոչ լոկ իբրեւ Եկեղեցապետներ այլ նաեւ եւ յատկապէս իբրեւ հոգեւոր անձեր, որոնք իրենց պատկան եկեղեցական ու ազգային հաւաքականութիւններու ընծայած փոխադարձ փորձառութիւններէն ու  յանձնառու պատասխանատուութիւններէն անդին, կ՛ապրին Քրիստոսի հետ ունեցած իրենց նաեւ անձնական հանդիպումի հարուստ փորձառութիւնը եւ ասոր առաջարկած հրամայականներու նուիրականութիւնը այնպէս ինչպէս կ՛ապրէր ու կը գործէր մեծ Առաքեալը Քրիստոսի Պօղոս, երբ կ՛արտայայտուէր ըսելով, ՛՛ Քրիստոսի սէրը կը ստիպէ մեզ՛՛: Այս կնիքն ու նկարագիրը ունեցող հանդիպումներու ընթացքին կը մաքրուին ու կը սրբագրուին պատմութեան աղօտ էջերը որոնք կը կրեն հնութեան թերութիւնները, եւ ուր դիմացինը կ՛ընկալուի իբրեւ այլ «ոմն Քրիստոս», ուր կը վերակազմուի, դարերու ընթացքին   հատումներու  ենթարկուած, անձեռագործ պատմուճանը Քրիստոսի իր վայելչութեամբ, որով կը շնչէ Քրիստոսի ՛՛խորհրդական մարմինը՛՛ եւ կը դառնայ կենսունակ ներշնչում, որպէսզի իր անդամները գործեն համերաշխօրէն եւ ներդաշնակ, գերազանցելով ամէն կարգի խութերն ու անհասկացողութիւնները, որոնք կը պահանջեն լուծումներ` տրուած`  աւետարանական հոգիով, այսօրուան մարդուն,  իբրեւ կատարեալ վկայութիւնը Քրիստոսի սիրոյն հետեւորդ եւ անոր կամքին գործադիր Եկեղեցիի մը:

Ահա այս հոգեւոր տեսլականով է որ այսօր կը կատարուին եկեղեցապետներու հանդիպումները եւ ասով կ՛իմաստաւորուին անոնց եկեղեցապատմական տարողութիւնն ու հանգամանքը: Ասով է որ գործնականօրէն խօսուն կը դառնայ աւետարանական “մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի”  կենցաղային պատգամը, որուն ծարաւի է այսօր մեր օրերու մարդը իր գոյութենական, անձնական ու ընկերային պահանջներու բոլոր մակարդակներու վրայ, որուն Քրիստոսի Եկեղեցին դերակատարն ու օրինակը պէտք է հանդիսանայ իր աստուածային կոչումով եւ Քրիստոսի աղօթքով  սրբագործուած  ՛՛Զի եղիցին մի՛՛, որպէսզի խաղաղութիւնը որ կը բաշխեն անոնք ժողովուրդին ըլլայ իրաւ խաղաղութիւնը Քրիստոսիþ. ՛՛Իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի՛՛, սիրոյ Աւետարանին հաշտարար հոգիի ընծայած խաղաղութիւնը, որով կ՛իրագործուի իւրաքանչիւր մարդու միջեւ փոխադարձ հաշտութիւնն ու միութիւնը Հօր Աստուծոյ հետ` միջնորդութեամբ Որդիին եւ աստուածաբուխ սիրոյ Հոգիին:

Ահա այս հոգիով եւ առաքելութեամբ է որ 1970 թուականներէն ասդին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսները կատարեցին Հովուապետական նշանակալից  եւ անկիւնադարձային այցելութիւններ զանազան Եկեղեցիներու հետ եւ յատկապէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քահանայապետներուն հետ, Հռոմի մէջ: Արդարեւ յետ Վատիկան Բ. Տիեզերական Ժողովին, ուր Սուրբ Հոգիի առատազեղ շնորհքներու հոսանքով նոր բացուածք առաջարկուեցաւ` երթալու դէպի այսօրուան մարդը, ընդգրկելու համար զինք Եկեղեցւոյ խորհուրդէն ներս եւ մօտենալու քոյր Եկեղեցիներուն, սիրոյ համամիութենական նոր տեսլականներով:

Այս տեսլականով ներշնչուած,1970-ի Մայիս ամիսին  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը սկզբնաւորէր պաշտօնապէս աւետարանական ու համամիութենական հոգիով եկեղեցական այցելութիւններու այս ընթացքը, հանդիպելով Պօղոս Զ. Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին. եւ 1996-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա.  իր կարգին եղբայրական  այցելութիւն կու տար Յովհաննէս Պօղոս Բ. ալեզարդ  Քահանայապետին որ տարի մը առաջ 1995-ին հրատարակած էր “Որպէսզի  մէկ ըլլան” (Ut unum sint), Համամիութենական (oecumenique) եւ Միջեկեղեցական  նոր հորիզոններ պարզող եւ առաջարկող  նշանակալից Շրջաբերականը:

1997-ի Յունուար ամիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր Կաթողիկոսը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.  նոյնպէս կը կատարէր Հովուապետական իր

Պենետիքթուս ժԶ. Պապը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի հետ
Պենետիքթուս ժԶ. Պապը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի հետ

պաշտօնական այցելութիւնը Հռոմ, եկեղեցական շքախումբով եւ աշխարհական պատուիրակութեամբ, հանդիպում ունենալու Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին հետ, եւ 2008-ի Նոյեմբեր ամիսին կը հանդիպէր այս անգամ Բենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետին, վերահաստատելով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը քրիստոնէական Եկեղեցւոյ առաքելական կառոյցներէն ներս թէ՛ իբրեւ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ թէ՛ իբրեւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Նախագահ:

2ՕՕՕ-ի Նոյեմբեր ամիսին, այս անգամ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. իր ընտրութենէն (Հոկտ. 1999) տարի մը ետք, եկեղեցական մեծ շուքով կու գայ Հռոմ հանդիպելու Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին, առաւելապէս ամրացնելու սիրոյ եւ եղբայրական յարաբերութիւնը,  որ սկզբնաւորած էին եւ ցուցաբերած`  զինք կանխող Սուրբ Էջմիածնի  հոգելոյս Հայրապետները, եւ առաջին անգամ ըլլալով նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ը, նոր սլացք ու աշխուժութիւն տալու Միջ-եկեղեցական եւ ասոր արդիւնք քոյր Եկեղեցիները դէպի ամբողջական հաղորդութեան լրումին առաջնորդող նախաձեռնութիւններուն: Այս առիթով իբրեւ խորհրդանիշ նոյն հանդիպումի եկեղեցադրոշմ հանգամանքին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը կը յանձնէր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի   սրբազան մասունքները, որոնք միջին դարերուն հասած էին իտալական ափերը եւ հուսկ ամփոփուած ու խնամքով պահուած Նափոլի քաղաքի կարմեղական կոյսերու վանքը: Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի այս սիրալիր արարքը գործնական արտայայտութիւնն էր եկեղեցական եղբայրութեան հաստատ համոզումներուն, հիմնուած` քրիստոնեայ եկեղեցիներու հասարակաց` քրիստոսադրոշմ Հաւատքին վրայ: Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Հայրապետի մասունքներու վերադարձը դէպի իր մայր հայրենիքը` Հայաստան, Յովհաննէս Պօղոս Սրբազան Քահանայապետը կը նկատէր կարեւոր քայլ մը դէպի ամբողջական հաղորդութիւն երկու Եկեղեցիներուն միջեւ, իբրեւ կատարումը Քրիստոսի աղօթքին «Զի իցեն մի` որպէս եւ մեք մի եմք»(Յովհ.Ժէ,22):

Սիրոյ փոխադարձ այս ջերմ յարաբերութիւնները կը մղեն Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը  որ իր կարգին   ճանապարհորդէ դէպի Հայաստան, 25  Սեպտեմբեր 2001-ին, այցելելու Հայոց Լուսաւորիչ Հայրապետի տեսիլին ծնունդ Միածնաէջ Խորանը լուսոյ եւ հանդիպելու նոյն Խորանին ծառայող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան 132րդ գահակալին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.-ի: Պատմականօրէն մեծ էր նշանակութիւնը այդ տիեզերահռչակ Քահանայապետին այցելութիւնը, առաջինը եւ ցարդ միակ Քահանայապետը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ  որ, հազիւ իջած հայոց հողին վրայ համբուրեց մարտիրոսներու արիւնով սրբացած այդ հողը եւ անվարան յայտարարեց ՛՛մեծ եղեռնը հայոց՛՛` ողբալի իրաւ ՛՛Ցեղասպանութիւն՛՛:

Նոյն սրբալոյս Քահանայապետը ընդառաջելով Կաթողիկէ Հայոց Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, մեծ գոհունակութեամբ ընդունեց, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանը գրաւէ իր պատուարժան վայրը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մայր Աթոռ Սուրբ Պետրոս Առաքեալի եկեղեցւոյ կողքին, իբրեւ յայտնի ապացոյց հայոց ուղղափառ հաւատքին եւ նշան յարգանքի հանդէպ հայոց Եկեղեցւոյ մեծ Հայրապետին, որ Թադէոս ու Բարթողիմէոս առաքեալներու քարոզչութեամբ սկզբնաւորուած Հայոց եկեղեցւոյ, կենսունակութիւն ու շունչ տուաւ, Ոգի Հայկազեան, որով  դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդը մշտապէս վերանորոգուեցաւ եւ եղաւ կենդանի վկայութիւնը` իր պատմութեամբ` անոր ճշմարտացիութեան թէ՛ իբրեւ Եկեղեցի եւ թէ՛ իբրեւ Հայ Ազգութիւն:

Պենետիքթուս ժԶ. Պապը` Ամէնայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ
Պենետիքթուս ժԶ. Պապը` Ամէնայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ

2008-ի Մայիսին անխոնջ ու հեռատես Ամենայն Հայոց Հայրապետը Գարեգին Բ. դարձեալ կու գար Հռոմ հանդիպելու համար այս անգամ Բենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին, որ 19 Ապրիլ 2005-ին կ՛ընտրուէր Քահանայապետ ( 265-րդ) Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, յաջորդելով Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին: Շնորհաւորական արտայայտութիւններէն անդին, Ամենայն Հայոց Հայրապետը հանդիպելով  նորընտիր Քահանայապետին կը վերանորոգէր հայոց Եկեղեցւոյ սիրոյ եւ եղբայրութեան կապերը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ, հետեւեալ խօսքերով.

«Սիրելի եղբայր Ի Քրիստոս ամենախնամ Աստուծոյ Աջին օրհնութեամբ այսօր ահա կողք կողքի կանգնած ենք ամրացնելու եւ վկայութիւն տալու մեր եկեղեցիներու միջեւ գոյացող եղբայրական սիրոյն: Հաւատարիմ Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն եւ անոնց կտակին, հակառակ մեր տարբերութիւններուն եւ իւրայատկութիւններուն,  հարկ է որ մենք առաւելապէս նկատի ունենանք եւ կարեւորութիւն տանք այն կէտերուն որոնք մեզ կը միացնեն իրարու: Յատկապէս հաճելի է մեզի հաստատել թէ սիրոյ հոգին եւ համագործակցութիւնը, Հայ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու միջեւ, կը գտնէ իր շօշափելի արտայայտութիւնը մեր օրերուն, համաձայն սաղմոսերգուին «Զի բարի կամ զի վայելուչ, զի բնակեն եղբարք ի միասին»(Սղմ. ՃԼԲ):

Արդարեւ Վատիկան Բ. Տիեզերական ժողովի ՛՛Համամիութեան՛՛ նուիրուած վճռագիրը  յստակօրէն կը հաստատէ թէ խիստ ու համատարած միաձեւութիւնը  խորթ է կաթողիկէութեան բնութեան իբրեւ այդ. եւ Հովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը իր կարգին, խօսելով առկայ եկեղեցական բաժանումներու եւ անոնց ունեցած տարբերութիւններու մասին, իր «Որպէսզի Մէկ ըլլան» : Շրջաբերականին մէջ այսպէս կը յայտարարէր թէ ՛՛Համամիտ Պօղոս Զ.-ի  կողմէ արտայայտուած  յոյսին, մեր բացայայտ նպատակն է վերահաստատել միասնաբար (այսինքն քոյր եկեղեցիներու հետ) ամբողջական միութիւն`  օրինաւորուած տարբերութիւններով՛՛. եւ ցոյց տալէ ետք թէ այդ տարբերութիւնը բան մը չէ որ դժուարահաճօրէն պէտք է թոյլատրուի այլ մանաւանդ թէ  խորքին մէջ ատիկա յատկութիւն մըն է որ, մեծապէս կը զօրացնէ Եկեղեցւոյ կենսունակութիւնն ու առաքելութիւնը, կ՛աւելցնէ. ՛՛Օրինաւոր տարբերութիւնը ոչ մէկ կերպով կը հակասէ Եկեղեցւոյ միութեան, մանաւանդ թէ աւելիով կը գեղեցկացնէ անոր պերճանքը եւ մեծապէս կը նպաստէ իր առաքելութեան լրումին՛՛ (անդ պրբր. 50):

Իր կարգին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ակնարկելէ ետք Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթողիկէ եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւններու մասին կը նշէր թէ ինչպէս Վազգէն Ա. եւ Գարեգին Ա. հոգելոյս Վեհափառ Հայրապետներով նոր էջ մը կը բացուէր  սիրոյ եւ եղբայրական յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան հոգիի, քոյր Եկեղեցիներու միջեւ,  եւ որ ահա այս  այցելութիւնը կ՛ուզէր ըլլալ անոնց շարունակութիւնն ու ամրապնդումը,  որովհետեւ կը յայտարարէր Գարեգին Բ. վեհափառը,  «Քոյր եկեղեցիներու համագործակցութիւնը մեր ժամանակներու հրամայականն է՛՛, եւ իր հայրապետական պատգամով ուղղուած Բենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետին, անոր եկեղեցական դասին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, հետեւեալ աղօթական խօսքերով  կը խորհրդանշէր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դիրքն ու դերը Քրիստոսահիմ Եկեղեցիէն ներս, որուն Հայրապետական այս այցելութիւնը խօսուն արտայայտութիւնն էր բարի կամքի եւ եղբայրական սիրոյ.  «Կ՛օրհնենք ու կը փառաբանենք Սուրբ Հոգին որ սկզբնաղբիւրն է միութեան եւ կը կերպարանափոխէ մեր քայլերը շնորհալիօրէն եղբայրութեան ուղիներու, քայլեր Աստուծոյ փառքին համար եւ Քրիստոսի սէրէն ծնունդ առած աշխարհի խաղաղութեան  եւ մարդկութեան բարեբեր կեանքի մը համար: Հակառակ մեր պատմական տարբեր փորձառութիւններուն, հակառակ դաւանաբանական ու մշակութային տարբերութիւններուն, մենք ամէնքս զաւակներն ենք մէկ Աստուծոյ եւ եղբայրներ ու քոյրեր իր Սուրբ Սիրոյն մէջ: Որովհետեւ մեր զանազանութիւններէն անդին մեր սիրոյ միութիւնն է որ հարազատօրէն կը վկայէ թէ` զաւակներ ենք Աստուծոյ»:

Անտարակոյս, եկեղեցական հանգամանք վայելող այս այցելութիւններն ու հանդիպումները կը ներպարունակեն նաեւ իրենց բնութեան յատուկ նպատակէտ մը որ, հանդիսական հանգամանք ներկայացնող երեւոյթներէն անդին, դարերու ընթացքին հետապնդուած  ցանկացուած տեսանելի ՛՛Միութիւնն՛՛ է եկեղեցիներու որ, այսօր յատկապէս յետ Վատիկան Բ. Տիեզերական Ժողովին,  կը բացատրուի առաւելապէս իբրեւ ամբողջական ու կատարեալ Հաղորդութիւն  եկեղեցիներու միջեւ: Որքան որ այս եզրին եկեղեցաբանական ընդգրկումները ենթակայ են յաջորդական վերլուծումներու եւ ճշտումներու, նոյնքան ալ ան կրնայ զարգանալ եւ ընդարձակուիլ, շնորհիւ փոխադարձ ծանօթութիւններու առաջնորդող` երկխօսութիւններով, գիտաշխատութիւններով  եւ միասնական աղօթքի ժամերով որոնց սկզբնաքայլերը կ՛առնուին արդէն այս փոխադարձ այցելութիւններու եւ հանդիպումներու ընթացքին ուր Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Հայրապետներու եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սրբազան Քահանայապետներու  կողմէ,  կատարուեցան ու կը կատարուին միատեղ դաւանաբանական ու եկեղեցաբանական միախոհ յայտարարութիւններ ուր կը փարատին անցեալէն ժառանգուած նախապաշարումներ եւ կը յստակուի, միշտ աւելի պայծառ` հաւատքը Քրիստոսի եկեղեցիներուն. եւ անձեռագործ պատմուճանը Քրիստոսի կը վերագտնէ ներդաշնակ ու հաշտարար իր խորհրդական մարմինը ուր ամէն անդամ կը դառնայ գործօն, կենդանի պահելու համար քրիստոսահիմն, առաքելական ու Կաթողիկէ մէկ Եկեղեցին, որուն գլուխը ինքն է Քրիստոս:

“ՀԱՅՐԵՆԻՔ” ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԲԱՑԱՌԻԿ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles