«ԴԺԲԱԽՏԱԲԱՐ…ԱՅՍՕՐ ՅԱՆՁՆՈՒԱԾԻ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ Է ՈՐ ԿԸ ՄՇԱԿՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» ԿԸ ՇԵՇՏԷ Հ.Յ.Դ. ԲիՒՐՈՅԻ ԱՆԴԱՄ ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 29 Second

Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններու գծով, անցուդարձերը            այնքան մը արագ կ՛ընթանան, որ զրոյց մը կամ կարծիքի փոխանցում մը    կրնայ, ակնթարթի մը մէջ ժամանակավրէպ ըլլալ: Բայց եւ այնպէս,  «ճանապարհային քարտէս»ն ու անոր ստեղծած կարեւորութիւնը, խիստ  հետաքրքրական ըլլալով, հարցազրոյց մը կատարեցինք Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի  անդամ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի հետ: Ստորեւ, սոյն հարցազրոյցը.-

Հարցում/ Ահաւասիկ, գրեթէ երկու ամիս անցած է Ցիւրիխի պաշտօնական  արձանագրութիւններէն: Ինչպէ՞ս կարելի է լուծել յառաջիկայ քանի մը ամիսներու  անցուդարձերն ու գործընթացը: Սահմանի բացման պարագային, տնտեսական  բնագաւառէն ներս, ինչպիսի՞ կացութիւն պիտի ստեղծուի:

Պատասխան.- Քաղաքականութեան մէջ գուշակութիւններ ընելը, վտանգաւոր բան  է, եւ յամենայնդէպս մեր գործը չէ: Մենք քանիցս ըսած ենք եւ զգուշացուցած թէ  որքան ալ որ տեսականօրէն ցանկալի պիտի ըլլայ տեսնել, որ Հայաստանը  հանգիստ եւ բնականոն յարաբերութիւններու մէջ ըլլայ իր բոլոր հարեւան  երկիրներուն հետ, այսուամենայնիւ Թուրքիան սովորական հարեւան չի կրնար  նկատուիլ: Եօթանասուն միլիոնանոց երկիր է, հզօր  բանակով եւ յարաբերաբար  հզօր տնտեսութեամբ, որ տասնամեակներու ընթացքին միշտ ալ թշնամական  հայեացքներ եւ վերաբերմունք ունեցած է հայութեան եւ Հայաստանի հանդէպ: Այս չի  նշանակէր, որ պէտք է կղզիանալ եւ երբեք չբացուիլ Թուրքիոյ առջեւ, սակայն  անպայման կը նշանակէ որ պէտք է հարկ եղած պատրաստութիւնները տեսնուին,  որ արագընթաց տնտեսական կախուածութիւն չառաջանայ եւ կամ առիթներ  չստեղծուին որ Թուրքիան անխափան գործադրէ իր ծրագիրները Հայաստանի եւ  հայութեան հանդէպ, եթէ պատահի որ ան շարունակէ երբեմնի իր վերաբերմունքը հայութեան հանդէպ:

Հ/ Նկատի ունենալով որ, Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը, գրեթէ նախորդներու ուղիին շարունակութիւնն է, կարելի՞ է կարճ ակնարկով մը, արժեւորել  հայ-թրքական յարաբերութիւնները անցեալէն մինչեւ այսօր:

Պ/ Անկասկած, որ էական նոյնութիւն մը կամ շարունակութիւն մը կայ իրերայաջորդ իշխանութիւններու քաղաքականութեան, բայց աւելի կարեւորը` տարածքային ռազմավարութեան եւ մանաւանդ Հայաստանի հանդէպ: Սակայն ասկէ անդին, պէտք է նաեւ հաշուի առնել, որ Թուրքիոյ ներկայի իշխանութիւնները որոշ արմատական հայեացքներ ունենալով հանդերձ, ոճային իմաստով լուրջ կերպարանափոխում մը ապրած են: Էութիւնը նոյնն է, սակայն տարազը ծրագրուած ձեւով աւելի ճկուն, աւելի մատչելի, նոյնիսկ աւելի չափաւորական  ցոյց տալու ճիգ մը կայ: Անշուշտ այս արտաքին երեւոյթը լուրջ բան չէ, եւ մանաւանդ  դէպի Հայաստան եւ դէպի հայութիւն գոյութիւն ունեցող թշնամանքին եւ կոշտութեան  գծով շատ բան չէ փոխուած: Վկայ մինչեւ վերջերս Հայկական Ցեղասպանութեան մէջ  իրենց մեղքի բաժինը յամառօրէն եւ մեթոտիք ձեւով դրժելու ընթացքը եւ աւելին` այս գծով հայութեան տարած աշխատանքներուն հակադրուիլը, հսկայական միջոցներ տրամադրելով այս վերջինի ճիգերուն: Ուստի, դժուար է հաւատալ, որ թրքական մերօրեայ իշխանութիւնները ինչ ձեւով որ հոգեփոխութիւն մը ապրած են, երբ էականը ու խորքայինը միեւնոյնն է ինչ որ անցեալին:

Հ/ Արագ ակնարկ մը նետելով, մօտիկ անցեալին, Փարիզի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Պէյրութի եւ մասամբ Երեւանի մէջ կատարուած «Ո՛չ»ի ցոյցերը, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ժամանուան առթիւ, որքանո՞վ ազդեցութիւն ունեցան եւ իբրեւ փորձաքար կարելի եղա՞ւ ազդեցութիւն բանեցնել:

Պ/ Կասկած չունիմ, որ նախագահը ինչ պատգամներ տարաւ իր հետ: Այսինքն, եթէ զինք շրջապատող խորհրդատուներ կամ Սփիւռքի մէջ ոչինչ ներկայացնող ինքնակոչ ջոջեր նախագահին կը փորձէին ցոյց տալ ու համոզել, որ սփիւռքահայութեան շատ փոքր մասն է, որհակադրուած է իր Թուրքիոյ հանդէպ զարգացուցած քաղաքականութեան, ապա ուրեմն շրջապտոյտը անպայման որ իր մօտ տարբեր կարծիք մը պէտք է որ յառաջացուցած ըլլար: Ցաւօք, ոչ մէկ տուեալ կայ այսօր կարծելու թէ Սերժ Սարգսեանը վերանայած է իր ընթացքը, հակառակ անոր որ «Փրոթոքոլ»ներու ստորագրութեան նախօրէին հայ ժողովուրդին ուղղուած իր ճառը ժամանակաւոր կերպով յոյսի որոշ պահեր ստեղծեց: Սակայն աւաղ, անոր յաջորդող ժամանակաշրջանը լի է փաստերով թէ նախագահի մօտ շօշափելի ոչինչ փոխուած է:

Եւ ուստի, ամէն հանգրուանի, որքան արմատանայ եւ աճի նախագահի կործանպաստ քաղաքականութեան ծրագիրը, այդքան կը թեքանայ մեր պայքարի որակը:

Հ/ Հայաստանի պետութեան արտաքին քաղաքական յարաբերութիւններու բնագաւառէն ներս, նոր հորիզոններ կարելի՞ է ակնկալել:

Պ/ Նոր հորիզոններ դժուար որ կարելի է ակնկալել: Մօտաւորապէս եւ դժբախտաբար «յանձնուած»ի հոգեբանութեամբ է որ կը մշակուի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը այսօր: Որքան ալ որ նախագահն ու Արտգործի նախարարը ճիգ կը թափեն ձեւացնելու թէ իրենք են որ կը մշակեն ուղղութիւնը եւ կը գործադրեն ըստ ինքնուրոյն ծրագրի, դժբախտաբար ոչինչ կայ ինքնուրոյն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Շատ ժամանակաւոր շահերու համար կը մսխուին լուրջ միջոցներ եւ կը վտանգուին կարեւոր արժէքներ:

Հ/ Արցախ եւ արձանագրութիւններ… Ի՞նչ իրադարձութիւններ կրնան պատահիլ, մանաւանդ որ ազերիներն ալ խանդավառ չեն այսստեղծուած կացութիւնով:

Պ/ Ես վստահ չեմ թէ ի՞նչ խոստացուած է Ազերիներուն, բայց շատ յստակ է որ Ազերիներու  դժգոհութիւնները հանդէպ«Արձանագրութիւնները» այդքան ալ ծաւալուն չեն: Կը թուի թէ Եահկևի  համանախագահ պետութեանց ճնշումները  Արցախի հարցով եւս կը կեդրոնանան Հայաստանի  վրայ, պարզապէս որովհետեւ այս վերջինի իշխանութիւնները արդէն ցոյց տուած են իրենց  թուլութիւնը: Դժբախտաբար իշխանութիւնները չեն հասկցած, որ թուլութիւնը ճկունութիւն չէ, իսկ  ճկունութիւնն ալ իրատեսութիւն չէ:

Հ/ Թուրքիոյ կողմէ, վերջին ամիսներուն գործի լծուած լոպիինկի նախարարութեան  գործունէութիւնը, որքա՞ն ազդեցութիւն պիտի ունենայ եւ արձանագրութիւններու գծով,  հակաքարոզչական աշխատանքը ինչպէ՞ս կարելի է արժեւորել:

Պ/ Վերջին տասնամեակի ընթացքին հայկական լոպիինկի հրաշալի յաջողութիւններուն ի տես,  Թուրքիոյ իշխանութիւնները արդէն մի քանի տարիներէ ի վեր մեծ ճիգ եւ ընդարձակ միջոցներ կը  տրամադրեն Արեւմուտքի մէջ, յատկապէս Ա.Մ.Ն.ի մէջ թրքական լոպիինկ զարգացնել: Հարցն այն է  որ որքան ալ որ նիւթական եւ այլ միջոցներ տրամադրուին թրքական լոպիինկի ճիգերուն, այս  վերջինի յաջողութիւնը շատ սահմանափակ կրնայ ըլլալ հայկական լոպիինկի յարաբերակցութեամբ,  նախ որովհետեւ հայկական լոպին, հայութեան լինելութեան պայքարն է որ յառաջ կը տանի, ի տարբերութիւն թրքականին, որ զուրկ է նպատակային լիցքէ, իսկ երկրորդ` որովհետեւ Հայ Դատի զինուորագրեալներու նուիրումն ու կարգապահութիւնը իւրայատուկ է:

Հ/ Կարելի՞ է այնպիսի կացութիւն մը ստեղծել, որ վերադառնանք Ֆութպոլային քաղաքականութենէն կամ ճանապարհային քարտէսի ստեղծուած իրավիճակէն  առաջ տիրող պայմաններուն:

Պ/ Եթէ խօսքը Հայ եւ Թուրք յարաբերութիւններու մասին է, կրկնեմ որ մեզ մօտ ճիգ չկայ յարաբերութիւնները անելի տանելու, որովհետեւ ինչպէս քիչ առաջ ըսի, մենք սկզբունքով համաձայն ենք երկխօսութեան եւ բանակցութեանց: Բայց նաեւ, մենք վճռակամ ենք նախագահ Սերժ Սարգսեանի որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ անոնցմէ բխող «արձանագրութիւններ»ը տապալել, ձախողցնել: Գուցէ այս ճիգերը ժամանակ խլեն եւ միջոցներ խլեն մեզմէ, այսուհանդերձ մեր յաջողութիւնը կասկածէ վեր է:

“ՀԱՅՐԵՆԻՔ” ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԲԱՑԱՌԻԿ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles