ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ
Արժէքն ու սրբութիւնը իրենց բնոյթով կը բնորոշեն իրար, որ կարծէք երբ սրբութեան մը արժանի ըլլանք, արժէք կ’ունենանք ու մեր ինքնութիւնը այդ արժէքով կ’անմահացնենք:
Կեանքի մէջ շատ արժէքներ կան, որոնք գոյութիւն ունին ամէն գետնի վրայ, անոնք ըլլան տիեզերական բնոյթի արժէքներ, ընկերային, անհատական, բարոյական, նիւթական եւ այլն: »Արժէք« բառը ինքնին կը բնորոշէ ինքզինք, դառնալով նուիրական մէկ գոյութիւն: Երբ անձ մը կամ հաւաքականութիւն մը զայն ձեռք բերեն, դժուար թէ անկէ հեռանան կամ իրենցմէ հեռացնեն: Գիտակից անձը կը պահէ այն արժէքը, որ իրեն տրուած ու յանձնուած է, եւ զայն լաւագոյնս խնամելով, տէր կը կանգնի այդ արժէքին:
Տիեզերական առումով շատ մը արժէքներու կողքին կը բնորոշուին երկու գլխաւոր արժէքներ, որոնց հանդէպ բաձարցակ ու անվիճելի յարգանք կը տածեն ժողովուրդներ ու հաւաքականութիւններ, անոնք են Կրօնքն ու Ազգութիւնը: Թէեւ իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն կամ կրօնական հատուած իրեն յատուկ ձեւն ու հասկացողութիւնը ունի, սակայն ինչ որ ալ ըլլան այդ հասկացողութիւնները, անոնք կը մնան նուիրական ու արժէքաւոր:
Հայ ժողովուրդը եւս, ըլլալով այս աշխարհի բազմաթիւ ազգերէն մին, իր դիրքով ու արժէքով շատ վեհ, ինք եւս ունի իրեն յատուկ ազգային ու կրօնական բնոյթ, որոնք այնպիսի արժէքներ եղած են, որոնք շաղկապուած են հայորդիներու արեան ու ողջ էութեան: Շատ յաճախ մահը նոյնիսկ անիմաստ դարձած է յարաբերաբար այս երկու արժէքներուն: Կարելի է ըսել, թէ հայ ազգը այն հազուագիւտ ազգերէն է, որ այսքան նուիրականացուցած եւ իր անձէն ու հոգիէն վեր դասած է իր եկեղեցին ու ազգը:
Պատմութիւնը վկայ է այս իրողութեան, ու իր էջերը շատ են նման երեւոյթ մը լաւապէս հասկնալի դարձնելու համար: Հայ անհատը իր անձը կը գտնէ իր հոգեւոր ու ազգային կեանքէն ներս, առանց որոնց իր կեանքը կը նկատուի անիմաստ ու դատարկ, զուրկ ամէն տեսակ համէ ու գունաւորումէ: Իր կեանքը միախառնելով իր եկեղեցական ու ազգային կեանքին, հոն կը գտնէ սրտի գոհունակութիւն ու հոգիի անփոխարինելի բաւարարութիւն:
Մեր ազգի կրած տառապանքներն ու ցաւերը, երաշխիքը դարձած են այսօրուան մեր անգին արժէքներուն ու սրբութեանց: Մեր արժէքները մեզ միացուցած ու զօրացուցած են, անոնք եղած են մխիթարութիւն ու կորով, այն բոլոր ժամանակներուն, երբ մեր հայկական ինքնութիւնը հարցականի տակ կը գտնուէր: Անոնք ներմուծած են աւիշ ու ներշնչած են սերունդներ, իրենց մեծութեամբ եւ վեհութեամբ:
Մեր արժէքներն ու սրբութիւնները միշտ եղած են իւրայատուկ, որոնք գիտակցութեան սերմեր ցանած են մեր ժողովուրդի զաւակներուն սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:
Ներկայ մեր հայկական գոյութեան իրականութիւնը, ինչպէս անցեալի ժամանակներուն, հրամայականներու դիմաց կը գտնէ ինքզինք, որ կը կոչենք ազգային եւ կրօնական պարտաւորութիւններ: Անոնք կը հանդիսանան լաւագոյնս պահելու եւ խնամելու մեր արժէքները: Պարտաւորութիւնը պէտք չէ հասկնալ լոկ իր չոր իմաստին մէջ, որ ինքնին պարտաւոր ու նեղ վիճակի մատնուելով բան մը կատարելու փիլիսոփայութիւնն է:
Արժէքներու եւ սրբութեանց պահպանման առաքելութեան մէջ գիտակցաբար պարտաւոր ըլլալն է, որ իր դրական արդիւնքը կ’ունենայ հաւաքական արժէքներու պահպանման ընթացքին մէջ: Երբ անհատ մը գիտակից է իր ինքնութեան ու համայնական գոյութեան, շատ դիւրաւ կրնայ ըմբռնել գիտակցաբար պարտաւոր զգալու եւ սիրով տանելու այն բոլորը, որ իրմէ կը պահանջուին:
Արժէք մը կամ սրբութիւն մը կը պահուի նախ եւ առաջ սիրայօժար մասնակցութեամբ տուեալ արժէքի պահպանման գործընթացին: Առանց մասնակցութեան արժէքը կը կորսնցնէ իր փայլքը ու հիննալով կը դառնայ անտէր: Մասնակցելով առաւել եւս կը ծանօթանանք մեր արժէքներուն եւ մեր բաժինը բերելով, այդ արժէքն ու սրբութիւնը կ’իմաստաւորենք, կ’երանգաւորենք ու կը թարգմանենք ներկայ մեր ապրած միջավայրին, որ իր մէջ կ’ընդգրկէ զանազան ընկերութիւններ, բարոյական արժէքներ, տէսակէտներ ու համոզումներ:
Պէտք է խոստովանիլ, որ ժամանակ առ ժամանակ կը տարբերի, կամ մեր ներկայ ժամանակներուն զգալի ձեւով կը տարբերի թիւը այն մարդոց, որոնք մեր նախնիներու գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ կը մօտենան արժէքներու պահպանման գործին: Անձերու կը հանդիպինք, որոնք կարծէք իրենք զիրենք կը զգան այնպիսիներ, որոնք ընելիք չունին մեր հայկական իրականութենէն ներս: Մարդիկ, որոնք առանց լաւատեղեակ ըլլալու մեր սուրբ արժէքներուն, գուցէ հետաքրքրութիւն անգամ չեն ցուցաբերեր այն արժէքներուն, որոնք կազմած են մեր ողջ ինքնութիւնն ու էութիւնը:
Մեր հայկական կեանքը իմաստ չունենար առանց համակ հայութեան մասնակցութեան, որ այդ կեանքին արիւն կը ջամբէ ու կենսունակութիւն կը պարգեւէ: Անկասկած բոլոր հայորդիներս ընելիք բան մը ունինք մեր հայ ազգային ու եկեղեցական մեծ ու երկար արշաւին մէջ: Առանց բացառութեան ու զատողութեան, ամէն մարդ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ եւ քիչ մըն ալ աւելի, հարկ է որ մասնակցի մեր ինքնութեան պահպանման ու բարոյական վերելքին:
Յիշելու համար մեր արժէքները, որոնք սրբութիւններ են մեզ համար, կրնանք ըսել, որ մեր Սուրբ եկեղեցին ու Աստուածընկալ Հայ ազգը, առաջին օրրաններն են մեզ համար, որպէս թանկագին արժէքներ: Անոնց ծիրէն ներս կ’իյնան նաեւ մեր մշակութային, պատմական, աւանդական ու բարոյական արժէքները, որոնք իրենց ակունքը ունին քրիստոնէական ու հայկական զօրաւոր հիմքեր: Իրար հետ ընդելուզուած ու իրար ամբողջացնող մեր կրօնքն ու ազգը, փաստերն են մեր միասնական գոյութեան ու այն արժէքներուն, որոնք հիացում պատճառած են համայն մարդկութեան:
Մեր ինքնութիւնը անխաթար կը պահենք ու մարդկային բարձրակէտը կը հասնինք այն ատեն, երբ կը պահենք մեր արժէքները, կը մասնակցինք անոնց ճոխացման ու բարեզարդման: Մեր ազգային ու եկեղեցական դարաւոր աւանդութիւնները, իրենց հնամեայ տարիքով ու վեհութեամբ, միշտ կը մնան մեր կեանքերը այժմէականացնող ու զարդարող: Մեր գեղեցիկ հայկական տոհմիկ սովորութիւնները կը բաւարարեն մեր ազգը միշտ նորութիւններով լեցնելու: Ուստի չվազենք այլ նորութեանց ետեւէն, որոնք ոչինչ են մեր սովորութիւններու սքանչելիութեան ու մեծութեան դիմաց: Սակայն պէտք է մօտենալ ու մասնակցիլ այդ արժէքներուն ու աւանդութիւններուն, պէտք է սորվիլ ու կարդալ զանոնք, պէտք է կիրարկել ու ներմուծել ներկայ մեր կեանքին մէջ, այդպիսով միայն կրնանք հասկնալ մեր ինքնութիւնը, թէ ո՞վ է հայ ազգը եւ ովքե՞ր են հայերը:
Այսօր խառնուելով օտար ազգերու մէջ, բաւական դժուար կը թուի այդ բոլորը պահելն ու կիրարկելը, սակայն երբեք անկարելի չէ եւ ոչ ալ անհնար, այլ պարզապէս գիտակցութիւնն ու սէրն է, որ կը ստիպեն մեզ տէր կանգնիլ մեր արժէքներու պահպանման:
Երբ տեղի կ’ունենան եկեղեցական եւ ազգային ձեռնարկներ կամ մատուցումներ, անոնք եւս նպատակ ունին պահել մեր արժէքները ու նոր սերունդին յիշեցնել, ուշքի հրաւիրել, արթնցնել ու հրամցնել այն, ինչ որ օգտակար է հայ անհատի մտաւոր, իմացական, հոգեկան ու բարոյական կազմուածքներուն:
Եկեղեցական արարողութիւններու ներկայ գտնուիլն ու մասնակցիլը էական անհրաժեշտութիւններ են, նախ փառք տալու Աստուծոյ, Իր բոլոր տուած պարգեւներուն համար, անգամ մը եւս մեր հաւատքը հաստատելու, հաղորդուելու Քրիստոսի Մարմնին ու Արեան, ըլլալու Աստուածային ներկայութեան մէջ, որ հոգեկան անհուն բաւարարութիւն կը պարգեւէ, աղօթելու, մասնակցելու մեր նախնիներու կողմէ հաստատուած աւանդութեանց, եկեղեցական մշակոյթին ու հաւատքի ուղղափառութեան: Սուրբ Պատարագներուն ներկայ գտնուիլը կը հաստատէ մեր հաւատքին հանդէպ ունեցած յարգանքն ու բծախնդրութիւնը: Եկեղեցական զանազան տօնախմբութիւններ, յիշատակութիւններ կամ, որոնց հետ միախառնուած են մեր ազգային բարքերն ու աւանդութիւնները: Այս բոլորը արժէք կ’ունենան ու կ’ըմբռնուին, միայն մօտենալով ու մասնակցելով:
Գալով ազգային ու համահայկական ելոյթներուն, անոնք ըլլան դասախօսութիւններ, ձեռնարկներ, յիշատակի ելոյթներ, զրոյցներ, հաւաքներ եւ այլն, նոյն նպատակը կը հետապնդեն ինչ էր պարագան եկեղեցւոյ: Առանց աւիշ ու սնունդ ստանալու, դժուար թէ պահուի մեր ինքնութիւնը: Մարդ արարածը միշտ կարիքը ունի նորոգուելու եւ քաջալերուելու, որպէսզի մնայ իր ինքնութեանը մէջ: Ամէն մէկ ելոյթ, ինչ բնութիւն ալ որ կրէ, նպատակ մը կը հետապնդէ, որ նախ եւ առաջ ջամբել ազգային առողջ կրթութիւն, գիտակցութիւն եւ յարատեւութեան կորով: Սակաւ առ սակաւ սկսած է նուազիլ այս գիտակցութեան ըմբռնումը մեր մէջ, որպէս ազգային գոյութիւն:
Կրօնքի ու ազգութեան հանդէպ մեր ունենալիք ակնածանքն ու սէրը պէտք է գերազանցէ ամէն տեսակ իրականութիւն ու արժէք: Շատ լաւ իմանալու ենք, որ այս աշխարհի վրայ չկայ ազգութիւն մը, որ հայ ազգի նման ուժեղ կրօնական ու ազգային հիմք ունի միաժամանակ: Սակայն մեր համահայկական մեծութիւնը կը յայտնաբերուի այն ատեն միայն, երբ կը մեծարուին մեր եկեղեցին ու ազգը, որոնց գոյութեան ի խնդիր շատ նահատակութիւններ եղած են:
Մեր արժէքներն ու սրբութիւնները մեզի համար այնպիսի զէնքեր են, որոնք դարեր շարունակ պաշտպանած են մեզ օտար ներմուծումներէ, այնպիսի վահաններ են, որոնց պողպատեայ նկարագրով մենք մեզ ապահով գտած ենք բոլոր նետնձգութիւններէն:
Սփիւռքի մէջ մեծ է կարիքը արժէքներու պահպանման եւ այդ զօրակցութիւնը կը կայանայ ամէն բանէ առաջ մասնակցութեան մէջ, մասնակցութիւն կ’ըլլայ երբ հետաքրքրութիւն ու բծախնդրութիւն կայ, մասնակցութիւն կ’ըլլայ երբ հայ անհատը ինքզինք մօտիկ կը զգայ իր եկեղեցիին ու ազգին: Այս հրամայականներով է, որ հայ ժողովուրդը իր հայեցի կեանքը կրնայ առողջ պահել:
Պահպանելու համար պահպանող է պէտք,
Աղօթելու համար աղօթող է պէտք,
Սկսելու համար սկսող է պէտք…: