ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի հակամարտ ուժերու շփման գիծէն ներս թէժ մարտեր կը կատարուին: Արդարեւ, Ապրիլ 2-ի վաղ առաւօտեան, ազերի բանակայիններ յարձակումներ կատարեցին, սահամանմերձ զանազան շրջաններէ ներս:
Տուեալներ ցուց կու տան թէ այս մարտական գործողութիւններու ընթացքին, ատրպէյճանական բանակը ունեցած է երկու հարիւրէ աւելի կորուստ: Միայն Թալիշի ուղղութեամբ ոչնչացուած է ատպէյճանական յատուկ նշանակութեան ջոկատի առնուազն երեսուն զինուոր: Հայրենի ուժերը կրցած են փճացնել երկու հրասայլ՝ Մարտակերտի ուղղութեամբ, երկու անօդաչու թռչող սարք, իսկ հիւսիսային ուղղութեամբ` մէկ ուղղաթիռ:
Ատրպէյճան կը ռմբակոծէ ոչ թէ միայն սահմանամերձ դիրքեր, այլ նաեւ գիւղեր: