Գոհաբանութեան օրուան առթիւ կատարուած նուիրատուութիւններու արդիւնքը կը փաստէ թէ, Սփիւռքեան այլ գաղթօճախներու նման, ամերիկահայութիւնն ալ կառչած մնացած էր Շուշիի վերաշինման գաղափարին, պարզ եւ մէկին Արցախի վարդին՝ Շուշիին, որուն համար յատկացուած էր այս տարուան դրամահաւաքը:
Ամերիկահայը մէկդի դնելով, վերջին տարիներուն զինք դժուարութեան մատնող եւ կրծող տնտեսական դժուարութիւնները, «անխնայե եղած էր Շուշիին հանդէպ:
Այո°, անկասկած, որ ան ‘’անխնայ’’ եղած էր, շռայլօրէն վերանորոգման եւ վերակառուցման ծառաւ՝ Շուշիին:
Իսկ, Հոկտեմբեր 10-ին, Ցիւրիխի մէջ կատարուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները, ոչ մէկ հարցադրումներ յառաջացուցած եւ արգելք հանդիսացած էին որպէսզի ամերիկահայը կատարէ իր տնտեսական արշաւը եւ սպասուածէն շատ աւելի ապահովէ այդ Սուրբ քաղաքին համար:
Արդարամիտ, ողջմիտ, առողջ եւ թափանցիկ մօտեցումով, ամերիկահայը տուայտանքի, երկմտանքի եւ նոյնիսկ խծբծանքի առիթ չստեղծեց: Ընդհակառակը, ան հմտօրէն գերադասեց ազգային պատկանելիութիւնն ու պետական շահերը:
Ի հեճուկս ամբողջ քաղաք մը վերակենդանացնելու եւ վերապրեցնելու տեսլականին, ամերիկահայը ամէնադոյզն կասկածն անգամ չունեցաւ հայրենիքի բարգաւաճման համար, իր ներդրման աշխատանքը կասեցնելու, մերթ երկրորդական, մերթ այսօրէական մութ հաշիւներու դիմելու եւ ընդհատելու օժանդակութիւնը:
Չկար որեւէ խոչընդոտ…Չկար դեռ քանի մը ամիս առաջ ծայր առած հակա-փրոթոքոլեան լայնատարած ‘’Ո°չ’’ շարժումն ու արտայայտութիւնը: Ընդհակառակը համընդհանուր «Այո°ե մըն էր…աւելին իւրայատուկ ձօն մը՝ «Քեզի համար՝ Շուշիե մը, որ կը վայելէր նոյնինքն Շուշին եւ այդ ալ առանց որեւէ բացառութեան, Սփիւռքեան բոլոր գաղթօճախներէն ներս:
Կը մնայ գործի լծուիլ եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու եւ անշուշտ առանց նախապայմանի… անցնիլ բոլորովին տարբեր, ջինջ ու զուլալ ճանապարհային քարտէսի մը՝ Շուշիի վերակառուցման աշխատանքին: