Read Time:2 Minute, 8 Second
“Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ,
զուր է մեր քարոզութիւնը եւ
զուր է նաեւ ձեր հաւատքը”։ (Ա. Կր 15.14)
Մեծ Պահքի քառասուն օրերու աւարտին, քրիստոնեայ աշխարհը կը պատրաստուի տօնելու Եկեղեցւոյ մեծագոյն տօնը եւ քրիստոնէական հաւատքի խարիսխը եղող Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը: Առանց այս հաւատքին, քրիստոնէութեան ամբողջ քարոզութիւնը կը խախտի ու կը կործանի. առանց այս հաւատքին, քրիստոնեայ անհատին ապրած կեանքը իր իմաստէն կը պարպուի, քանի կեանքի մեր օրերը զսպանակուած են գալիք կեանքին յոյսով եւ ամրապնդուած՝ առանց կասկածի հաւատքով:
Յարութեան դէպքը հաստատ վկայութեամբ արձանագրուած է Աւետարաններուն մէջ, այն անձերուն կողմէ, որոնք Քրիստոսի յարութենէն ետք ապրեցան Տիրոջ հետ, ստացան իրենց առաքելութեան պատգամը, լեցուեցան հոգեկան զարմանահրաշ կորովով եւ իրենց կեանքին իսկ գնով վկայեցին յարութեան կեանքին, եւ այդ յարութեան առաջին պտուղը եւ կատարեալ ապահովութիւնը տեսան իրենց Վարդապետին՝ Քրիստոսի մէջ: Տակաւին, Պօղոս Առաքեալ, որ հալածողն էր Քրիստոսի հետեւորդներուն, Քրիստոսի հետ հրաշալի իր հանդիպումէն ետք դարձաւ անխոնջ ու հաւատարիմ քարոզիչը քրիստոնէութեան, Տիրոջ հետ իր հանդիպումը ունենալով որպէս յարութեան անսակարկ վկայութիւն: Պօղոս Առաքեալ այնքան վստահ է իր յայտարարութեան ճշմարտութեան, այսինքն յարութեան գաղափարին եւ իրականութեան, որ կը համարձակի նոյնիսկ ըսել, թէ իր ամբողջ քարոզութիւնը անիմաստ է, ի զուր է, եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած:
Քրիստոնեայ Եկեղեցին յարութեան վրայ հիմնեց իր ամբողջ հաւատքը: Յարութիւնը չմնաց պարզապէս պատմական դէպքի մը արձանագրութիւնը, այլ դարձաւ առաքեալներուն եւ եկեղեցւոյ հսկայական ուժականութիւնը, դարձաւ նպատակը քրիստոնեային կեանքին եւ ապրելակերպին: Եկեղեցւոյ կենսունակութիւնը յարութեան հաւատքով խարսխուեցաւ, որուն զօրութեամբ ապրեցաւ՝ հակառակ դարերու ընթացքին իր դէմ սարքուած բոլոր հալածանքներուն: Նոյն այդ զօրութեամբ Եկեղեցին կ՛ապրի ու պիտի շարունակէ ապրիլ՝ հակառակ իր դէմ արձակուած թշնամական բոլոր նետերուն:
Հայ Եկեղեցին, հաւատարիմ քրիստոնէական ընդհանրական Եկեղեցւոյ վարդապետութեան, ունեցաւ նոյն հաւատարմութիւնը, եւ նոյնիսկ աւելիով քարոզելով ու ապրելով յարութեան գաղափարն ու ճշմարտութիւնը: Այնքան, որ որպէս Եկեղեցի եւ ժողովուրդ, մեր յարութիւնը դարձաւ մեր գոյատեւումի հրաշքը, որ մահուան սարսափէն եւ ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք, մեզի տուաւ ոյժ եւ կամք՝ մեր մահով մահուան վրայ յաղթանակ տանելու, ճիշդ մեր Տիրոջ նման, որ իր «մահով մահը սպաննեց եւ իր յարութեամբ մեզի նոր կեանք պարգեւեց» (Ժամագիրք):
***
Անցեալ տարի մեր Եկեղեցին եւ ժողովուրդը ունեցաւ իր հաւատարմութեան եւ նուիրումին վարձատրութիւնը, երբ սրբադասուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակները եւ արժանաւորապէս յիշեցինք եւ յիշեցուցինք անոնց թափած արեան արդար դատը: Յարութեան շունչն է, որ կը սաւառնի իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ: Այդ շունչը սովորական ապրումէ անդին անհրաժեշտ է, որ դառնայ պատգամ եւ պարտաւորութիւն, որպէսզի մեր ազգին յարութիւնը ըլլայ վկայութիւնը Քրիստոսի յարութեան մեր հաւատքին եւ արտայայտութիւնը յաւիտենական մեր հաւատարմութեան՝ հանդէպ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի:
Եւ ինչպէս բոլոր դարերու ընթացքին, այժմ եւ յաւիտեան յարութիւնը թող ըլլայ եւ մնայ ուժականութիւնը մեր գոյատեւումին եւ մղիչ ու շինիչ ոյժը Հայ Եկեղեցւոյ, Հայ ժողովուրդին եւ Հայրենիքին պայծառութեան:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Այո՛, ճշմարտապէս յարուցեալ է մեր Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս:
Սուրբ Յարութիւն,
27 Մարտ, 2016