Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ ԳԵՐՇ. Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻ Ս. ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ.- ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲԵՐ

0 0
Read Time:4 Minute, 14 Second

 

Armenian Icon«Երբ Պետրոս դուրսը՝ գաւիթը նստած էր, աղախին մը եկաւ անոր եւ ըսաւ. “Դո՛ւն ալ Գալիլեացի Յիսուսի հետ էիր”։ Բայց ան ուրացաւ բոլորին դիմաց՝ ըսելով. “Չեմ գիտեր ի՛նչ կը խօսիս” … Քիչ ետք՝ հոն գտնուողները ըսին Պետրոսին. “Իրապէս դուն ալ անոնցմէ մէկն ես, որովհետեւ խօսքերդ կը մատնեն քեզ”։ Այն ատեն սկսաւ նզովել ու երդում ընել՝ ըսելով. “Ես չեմ ճանչնար այդ մարդը”։ Իսկոյն աքաղաղը կանչեց։ Պետրոս յիշեց Յիսուսի խօսքը՝ որ իրեն ըսած էր. “Աքաղաղը չկանչած՝ երե՛ք անգամ պիտի ուրանաս զիս”. Եւ դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ»։ (Մատթէսոս ԻԶ 69-75)

 

ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿԸ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԴԷՊՔՆ  Է, մեր յաղթանակին գրաւականը։ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեամբ մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ սէրը զգետնեց մարդուն դարաւոր թշնամիները՝ մեղքն եւ մահը, եւ այդ յաղթանակին մասնակից դառնալու խոստումը տրուեցաւ հաւատացեալներուն։

Սակայն Աւետարանները կարդալով մարդ կ՛ապշի  Յարութեան պատմութեան մասնակից դէմքերու կողմէ պարզուած ձախողութեան ոգի մը, որ կը համակէ ։ Քննե՛նք Պետրոս առաքեալի կացութիւնը։ Որոշման գերագոյն պահուն, ան կը ստէ՝ որ կը ճանչնայ Յիսուսը՝ իր ուսուցիչը, որուն հետևած եղած էր երեք ամբոռջ տարին: Ասիկա դաստիարակութեան ձախողանքն է, եւ տակաւին վատագոյնը՝ բարեկամութեան։ Թէեւ Պետրոս անսկզբունք  կամ չար մէկը չէր, ան պարզապէս կÿընէր այն՝ ինչ որ ոևէ մէկը պիտի ընէր նոյնպիսի պարագայի մը։ Պետրոսի ձախողութիւնը պարզապէս կը փաստէ, թէ ինչպիսի սովորական մէկն էր ան։

Սովորական դասակարգի պատկանող  այս աշակերտը բազմաթիւ բախտակիցներ ունի Զատկական պատմութեան մէջ։ Պետրոսի ուրացումին զուգահեռ՝ ականատես կÿըլլանք գերեզմանի դրան առջեւ Մարիամ Մագդաղենացիի արտասուախառն յուսահատութեան, Էմմաուսի ճանապարհին աշակերտներու յուսալքութեան , Թովմասի թերահաւատութեան, վերնատան մէջ առաքեալներու հիմնական խումբի ահ ու սարսափին։ Այս բոլորին ի տես՝ կը տարուինք հետեւեալ հարցումը ընել. «Արդեօք ինչո՞ւ այս պատմութիւնները տեղ գտած են Աւետարանին մէջ»։

Աստուածաշունչը ուղղակի չի պատասխաներ այս հարցումին, սակայն մեզի խորհրդածելու առիթ կու տայ։ Յոյսի, փրկագործութեան և նոր կեանքի Զատկական պատգամը Քրիստոսի մեծագոյն ընծան է աշխարհին։ Եւ աշխարհի մէջ՝ Յիսուս իր աւանդը սերունդէ սերունդ փոխանցելու պաշտօնը վստահեցաւ  այսպիսի թերի և երկչոտ, յուսահատ եւ թերահաւատ անձերու։ Պարզ մարդիկ, որոնց միակ տարբերութիւնն այն էր, որ անոնք ականտես  վկաներն էին մարդկային միտքէն ու հասկացողութենէն  վեր  իրողութեան մը։

Որքա՜ն յատկանշական է անդրադառնալ՝ թէ ասոնք էին անդրանիկ քրիստոնեայ  սուրբերը։ Պետրոս և միւսները դարձան Քրիստոսի նահատակ վկաները։ Անոնք բացառիկ կարողութեան տէր անհատներ չէին։ Սակայն Տիրոջ Յարութեան լոյսին շնորհիւ անոնք տոգորուեցան ներքին ուժականութեամբ մը կանգնելու Անոր կողքին և ոչ թէ զԱյն ուրանալու։ Այսպիսի մարդիկ մենք կոչած ենք «սուրբեր»։

Սրբութիւնը վերջին շրջանին Հայ Եկեղեցւոյ մէջ դարձեալ հետաքրքրութեան առարկայ դարձած է։ Զատիկին յաջորդող ամսուն պիտի նշենք սրբադասման տարեդարձը մեր  Սուրբ Նահատակներուն՝ վերջին հարիւրամեակներու ընթացքին սրբադասուած առաջին հայ սուրբերուն։ Սրբադասումը մեծ հանգրուան մըն էր մեր ազգին համար, բայց ինչպէս ամէն  ծանրակշիռ բարոյական հարցի մը պարագային՝ այս անգամ եւս եղան առարկութիւններ։ Բարեմիտ և լուրջ մարդիկ հարցուցին թէ արդեօք հնարաւո՞ր էր մէկ անգամէն բազմաթիւ մարդոց խումբ մը հռչակել որպէս եկեղեցւոյ սուրբեր։ Յիրաւի՝ կարելի է ըսել, թէ Ցեղասպանութեան նահատակներուն մեծ մասը (անձեր՝ զորս մենք այսօր սուրբեր կը նկատենք),  թերութիւններ ունէին, կամ աննշան մարդիկ էին իրենց կեանքին մէջ, նկատի չառնելով անոնց սրբութեան հանգամանքները։

Սակայն այժմ՝ Սուրբ Զատիկի օրերուն, այս «նոր» վկաներու գոյութեան իրազեկ ըլլալու գիտակցութեամբ  տարի մը ապրելէ ետք, մեզի թերեւս  ուղղութիւն եւ առաջնորդութիւն կրնան տալ Աւետարանին մէջ յիշուած  Յիսուսի Յարութեան ականատեսները։

Յիրաւի՝ սուրբերը պարզ մարդիկ էին։ Սակայն անոնք մեր հասկացողութիւնը չեն խոչընդոտեր, այլ անոնց պարզութիւնը զիրենք օրինակելի եւ ներշնչումի աղբիւր կը դարձնէ: Եթէ անոնք գերբնական էակներ ըլլային՝ անթերի ու առաքինի կեանքով, մենք պիտի սքանչանայինք անոնց վրայ, սակայն նոյն ատեն պիտի չկարենայինք հետեւիլ անոնց օրինակին՝  պատրուակներ փնտռելով։ Այն գիտակցութիւնը թէ անոնք պարզ մարդիկ էին – մեզի պէս այրեր ու կիներ – մեր ուսերուն վրայ կը դնէ պատասխանատուութիւնը սրբակեաց կեանք ապրելու ։

Այս գիտակցութիւնը անկասկած բարոյական մեծագոյն յեղափողութիւնն է, զոր Քրիստոնէութիւնը բերաւ աշխարհին։ Քրիստոսի օրերու կայսերական հեթանոսական աշխարհին մէջ , հերոսները չաստուածներու սերունդն էին, ինքնին անհասանելի գերմարդկային վիճակ մը։ Հերոսներու կրած տառապանքներու նկարագրութիւնը, այսինքն՝  ողբերգութիւնը մարդիկ սարսափեց-նելու նպատակ կը հետապնդէր, որպէս զի անոնք գոհանային մահկանացուի իրենց վիճակէն, քանի որ անհոգ հեթանոս չաստուածներու ուշադրութեան արժանի չէին կրնար նկատուիլ։

Ասիկա բաղդատեցէք պարագային հետ քրիստոնեայ սուրբերուն, որոնք կու գան կեանքի այլ եւ այլ բնագաւառներէն և յաճախ, մինչեւ ճգնաժամի պահը ճանաչում չեն գտած որպէս բացառիկ անհատներ։ Անոնց վարքերը կը բացայայտեն զիրենք շրջապատող աշխարհի նենգութիւնն ու անարդարութիւնը, եւ կ՛ընդհատեն մեզ, որպէս զի ինքնագոհ գնահատանք շռայլենք մեզ շրջապատող աշխարհին: Անոնց չարչարանքը հերոսական է, ո՛չ անոր համար, որ գլուխ կը վերցնէ անզգայ չաստուածներու դէմ, այլ որովհետեւ ան կ՛օրինակէ փորձառութիւնը Աստուածորդւոյն, որ Իր զաւակներուն սիրոյն համար ապրեցաւ, զգաց եւ չարչարուեցաւ՝ անոնց կողքին։

Սուրբ Զատկուան հրաշքը այն աւանդն է, որուն փարեցան բոլո՛ր սուրբերը։ Որքան ալ որ անոնց կեանքը պարզ եղած էր, Քրիստոսի Յարութիւնը կրելով իրենց սիրտերու մէջ՝ անոնք փառաւորուեցան։ Եւ երբ կողմնորոշման ժամանակը հասաւ՝ ինչպէս  առաքելական դարուն, 1915-ին կամ տակաւին այսօր,  անոնք մերժեցին իրենց Տէրը ուրանալ։

Մենք պարտինք ընդունիլ մեր դերը այս կարեւոր իրադարձութեան մէջ։ Ինչպէս Զատկական պատումութիւնը ցոյց կու տայ, Յիսուս Իր հաւատքին, սիրոյն և փրկագործութեան պատգամը փոխանձեց անձերու, որոնք տարբեր չէին մեզմէ։ Այս պատգամը իրերայաջորդ սերունդներուն փոխանցելը եղած է առաքելութիւնը տասնեակ, հարիւրաւոր, միլիոնաւոր հաւատացեալներու, անոնց կարգին նաեւ մեր նախնեաց։ Այժմ մեր ձեռքերուն մէջն է այդ աւանդը, որ սերունդէ սերունդ փոխանցելը  մեր պարտականութիւնն է։ Թող այդ մտածումը առաջնորդէ մեզ այս Սուրբ Զատկուան շրջանին, երբ առաջին անգամ ըլլալով կը դիմաւորենք Քրիստոսի Յարութիւնը Ցեղասպանութեան մեր Սուրբերուն հետ և անոնց հետ միասին կը հաստատենք սոյն անմահ խօսքին ճշմարտացիութիւնը, թէ՝

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ.

Ս. Զատիկ 2016

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles