ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ.- Ի՞ՆՉՈՒ
1950ական թուականներու վերջերը, երբ ես հազիւ 5-6 տարեկան էի, լաւ կը յիշեմ, որ առաջին անգամ ըլլալով, ընտրեալ եւ առանձնաշնորհեալ անձնաւորութիւններ, որ որոշ կուսակցութեան կը պատկանէին Հալէպէն Հայաստան գացին շոգենաւով: Հրաշք էր: Ան որ Հալէպէն է, վստահ եմ որ գիտէ, որ ամէն ընտանիք սնտուկներ ունէր մէջը հագուստի կտորներ, ներքնազգեստ եւ զանազան այլ նոր իրեր պահելու: Երբ ծանօթ մը պիտի երթար, անմիջապէս սնտուկները կը բացուէին եւ այր մարդու հագուստի կտոր, ինքնահոս, ժամացոյց եւ կարմիր ոսկի կը ղրկուէր: Որքան երանելի էին այն ընտրեալ անձերը, որ իրաւունք ունէին եւ պիտի երթային եւ իրենց աչքերովը տեսնէին հայրենիքը: Հայաստանէն եկած ծխախոտները եւ աւելի վերջ տուրմը, սրբութեան պէս կը բաժնուէր: Մինչեւ այսօր ես 70ական թուականներէն մնացած ծխախոտ ունիմ: Ես, որ կու գամ ազգասէր ընտանիքէ, եւ նախակրթութիւնս ստացած եմ ազգային վարժարաններու մէջ, առաջին սէրս եղած է Արարատը: Վստահ եմ, որ Հալէպ, Զաւարեան Վարժարանին մէջ, եթէ ոչ հայկական անուն ունէիր, արդէն դպրոցէն ներս անունդ փոխուած էր հայկական անունի մը: Տարիներ անցան եւ առանձնաշնորհեալ խումբերու թիւը բազմացան, կրկին Հայաստանի հետ մօտ կապեր ունենալու համար որոշ կուսակցութիւններու պիտի պատկանէիր: Մենք, որ մեր մանկութիւնը, պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը եՄիացեալ եւ Անկախ Հայաստան«ի երազներով կ’անցնէինք, Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճէն ներս,եքացկեղի դեղը կը գտնէինք Հայաստանի անկախութեան հետ փոխելու« եւ կամ նամակներ կը գրէինք Կաղանդ Պապային Հայաստանի անկախութիւնը խնդրելու (որուն ուսուցչուհին կը պատասխանէր.- ”Սիրելի Նայիրի, երազներով մի ապրիր, Հայաստանը անկախ չ’ըլլար”), կամ Մայիս 28ը ըսելուս համար դպրոցէն կախակայուելու վտանգները կ°ապրէի եւ բոլոր երկրորդական վարժարանի տարիներուս տիպար ըլլալէ ետք, այդ խօսքիս համար տիպարութենէ կ°ելլէի: Հայաստանը, Արարատն ու Եռագոյնը մեզի որպէս սրբութիւն կը պահէինք, բայց տ°ակաւին Հայաստանը առանձնաշնորհեալ խումբերու կը պատկանէր®
Հայաստան երբ անկախացաւ, վերջապէս մեր երազը մասամբ իրականացած էր: Ամէն առտու երբ Հայ Քոյրերու Վարժարանը, ուր կը պաշտօնավառէի, եռագոյնին առջեւ եՄեր Հայրենիքը« կ’երգէինք, ես կու լայի, որ ինչու իմ հայրս, որ 1984ին 57 տարեկան մահացած էր, քանի մը տարի աւելի ապրած չէր, որ Հայաստանի անկախութիւնը տեսնէր:
Վերջապէս Հայաստանը բոլոր Հայերուն կը պատկանէր: Անոնք, որոնց եռագոյնը պղծութիւն մըն էր, հիմա ամենաշատը իրենք կը ցուցադրէին զայն եւ կը յայտարարէին, որ գիտէք, եռագոյնը Հ.Յ.Դաշնակցութեան դրօշակը չէ: Ամէն կուսակցութիւններու մէջ ալ հայրենասէր անձեր եղած են եւ կան: Նոյնիսկ Սովետական շրջանին, շատ հայրենասէր ղեկավարներ ունեցած ենք, որոնց կը պարտինք Հայաստանի ծաղկումը: Տգէտներ էին, որոնց համար եռագոյնը պղծութիւն էր, ազգային երգերը անունկնդրելի էին ու որոշ եկեղեցիներ անկարելի էր որ մտնէին: Երբ հայրս մահացաւ, որոշ անձեր չեկան թաղման, եկեղեցիին պատճառաւ:
Ֆիլատելֆիոյ գաղութը ունի հինգ եկեղեցիներ, որոնք տարիներէ ի վեր ունին Միջ-համայնքային վարչութիւն եւ տարեկան երեք ձեռնարկներ միասնաբար կ’ընեն, եկեղեցիներու սրահներուն մէջ: Մեզի մեծ ուրախութիւն պատճառեց երբ Սփիւռքի նախարարութիւն հիմնուեցաւ եւ Տիկին Հրանուշ Յակոբեանը՝ նախարար: Վերջերս լսեցինք, որ Ֆիլատելֆիա ալ այցելած է եւ գաղութէն առանձնաշնորհեալ մէկու մը տունը հանդիպում ունեցած է գաղութիս զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ երեկոյթը նիւթապէս հովանաւորած է Դեսպանատունը: Գաղութ մը ամբողջ ընդվզած է եւ շատ շատեր ինծի հեռաձայնեցին, որ դեսպանին նամակ գրեմ, ստորագրութիւն հաւաքենք, որ երբ նախարար մը առաջին անգամ գաղութ մը կ’այցելէ, ոեւէ անհատի տուն պէտք չէ ըլլայ այդ հաւաքը, մասնաւորապէս Ֆիլատելֆիոյ հինգ եկեղեցիները սրահներ ունին եւ շատ դիւրութեամբ եւ անվճար կարելի է գործածել երբ հիւրը ազնուափայլ նախարար մըն է: Շատ ընդվզած եմ, որովհետեւ սերունդներ ապրած են անկախ Հայաստանի երազով: Բոլոր կեանքերնին դարձած է Հայաստանի ու հայութեան շուրջ եւ այսօր, անկախ Հայաստանը նորէն ունի առանձնաշնորհեալ անձեր, չեմ գիտեր ի՞նչու, արդեօք դրամական օգնութիւն հայթայթելնուն է Հայաստանի:
Հայաստանը բոլոր Հայութեան կը պատկանի: Ամէն մարդ իր կարողութեան չափով կը սատարէ Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդին: Այսպիսի դէպքեր մեզ յուսախաբ կ°ընեն: 56 տարի ես եւ ինծի պէս շատեր ապրած, սիրած, ծառայած ու երազած են Հայաստանի եւ Հայ Ժողովուրդին համար: Մեր ընտանիքներէն ու զաւակներէն կտրած ենք Հայաստանի նիւթապէս օգնելու մեր կարողութեան չափով: Մեր օգնութիւնները անհատապէս եղած են, մէկ Հայէ միւսին: Ջանացած ենք հայրենասէր ու ազգասէր սերունդներ պատրաստել, որպէսզի կրկին այսօր երկրորդ կարգի քաղաքացի հաշուի՞նք: Ոչ: Հիւրընկալող անձը ինծի ըսաւ, որ ինչ որ մտահոգութիւններ ունիս ինծի ըսէ, որ պատուարժան նախարարին փոխանցեմ, ես շատ մօտ եմ հետը, մէկ հեռաձայնով հետը կրնամ կապուիլ: Շնորհակալ եմ: Ուսուցիչ ըլլալուս եւ ամուսնոյս պաշտօնին պատճառաւ շատ կարեւոր բարեկամներ ունինք Հայաստան, որոնց կարքին նաեւ՝ փոխ-նախարար ազգական: Աւելի փափկանկատ ըլլալու է, մեր ազգին մէջ շատերու եես«ը շատ մեծ է, միշտ կը մտածեմ, որ առաջ մեր ազգը նշանաւոր էր իր քիթով, կ’ըսէին ”Քիթէն անդին չի տեսներ”, այսօր սակայն հայկական քիթերը փոխուած են, աւելի գեղեցիկ քիթեր ունինք, սակայն այսօր մեր աթոռներէն անդին չենք տեսներ եւ այս պարագային վնասողը մեր ազգն է:
Տէր, պահէ մեր ազգը, մեր առաջնորդներուն տուր իմաստութիւն եւ մեզի ալ՝ հաւատք եւ երազելու կարողութիւն:
ՆԱՅԻՐԻ ՊԱԼԱՆԵԱՆ
Ֆիլատելֆիա