ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Մարտ 15, 2016
Տեղին է հարցադրել թէ պատահածը ռուսական անուակի (russian roulette) կիրարկո՞ւմ է թէ, պարզապէս առաքելութեան աւարտ:
Պատասխանը.- Իւրայատուկ Փութինեան ոճ, որոշում կամ աւելի ճիշտը՝ քաղաքական մարտավարութիւն:
Այսպէս,Սուրիոյ պատերազմի հնգամեակի օրն իսկ, Ռուսաստան անակնկալի բերաւ դէտերը, պաշտօնապէս տեղեկացնելով թէ Սուրիոյ մէջ առաքելութիւնը աւարտած է եւ նախագահ Պաշար Ասատի ղեկավարութիւնը տապալելու փորձերը փարատած:
Զօրքն ու ծանր հրետանին սկսաւ վերադառնալ Ռուսաստան, անշուշտ պահելով կարեւոր ընտրանի մը, իբրեւ կորիզ, մօտէն հետեւելու եւ շտապօրէն միջամտելու հրամայականով: Այս գծով, յստակօրէն կը պարզաբանէ Քրեմլի պատասխանատուներէն՝ Սերգէյ Իվանով, նշելով թէ.- «Այս կատարուածը նահանջ չէ, այլ ընդհակառակը, եթէ կարիքը կայ, պիտի կրկնապատկենք մեր միջամտութիւնները: Բան մը, որուն համար մնացող ընտրանին բաւարար է»:
Այս արագ որոշումով, Փութին անակնկալի բերաւ արեւմուտքը:
Արեւմուտք մը, որ նոյնչափ անկնկալի եկած էր, երբ քանի մը ամիս առաջ Ռուսաստանի զօրքը պաշտօնապէս, յաւելեալ ուժերով մուք գործած էր Սուրիա:
Արեւմուտք մը, որուն միջամտութիւնները միշտ ալ տեւած են տարիներ եւ բազմիցս աւարտած են տարբեր ճակատագրերով:
Նոյեմբեր 6, 2015-ին յետ ահաբեկչական արարքի ,ռուսական ճամբորդատար օդանաւի մը ջախջախումը պատճառ հանդիսացած էր որ, քանի մը օր ետք, կատարուի այս ներխուժումը:
Ներխուժում մը, որ իր ռազմական գործընթացով եղաւ կատաղի եւ գեր-կատարելագործուած: Քանի մը ամիս ետք, Դամասկոսի, Հալէպի եւ հիւսիս-արեւմտեան շրջաններու վտանգաւոր գօտիները կարելի եղաւ ձերբազատել Տահէշէն: Հաւանաբար, ամենէն աւելի անկիւնադարձային իրադարձութիւնը, այս քանի մը ամսուայ միջամտութեան ընթացքին, ռուսական օդուժի էմկ «Սուխոյ»ին վար առնուիլն էր Թուրքիոյ սահմանէն, որ ցայսօր ստեղծած է քաղաքական տագնապ մը, երկու երկիրներուն միջեւ:
Անշուշտ ռուսական այս անկնկալ քայլը, նաեւ ունի իր տնտեսական եւ ընկերային դրդատատճառները: Վառելանիւթի սակի անկումն ու ընդհանրապէս երկրէն ներս տնտեսական դժուար պայմանները, առաւել երկար կեցութեան պարագային յաւելեալ բանակային զոհերու վտանգը, որ կրնայ խոր դժգոհութիւն ստեղծել:
Հաւանաբար անտեղի պիտի ըլլայ մանկամտօրէն հարցադրելը թէ արդեօք այս որոշումը առնուած է առանց տեղեկացնելու եւ ուսումնասիրելու Ասատի ղեկավարութեան հետ:
Դեռ քանի մը օր առաջ, վարչապետ Մուալեմի այն խօսքը թէ.- «Սուրիացին ինք պիտի ընտրէ իր ղեկավարութիւնը», պատասխանն է այդ գործընթացին:
Կարկինը յաւելեալ նեղցնելով եւ հայորդիի աչքով «դիտելով» այս կացութիւնը, հոս հետաքրքրական է նշել թէ ռուսական օդանաւի ջախջախումէն եւ ռուսական ներխուժումի օրերուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւը Ռուսաստանիյ խորհրդարանին ներկայացուած էր: Հարցը ամենայն մանրամասնութեամբ արծարծուեցաւ Քրեմլէն ներս: Մինչդեռ, Սուրիայէն «հեռանալու» որոշումէն քանի մը օր առաջ, Ռուսաստանի բարձրագոյն դատարանը բացասական հակազդեցութիւնով մը մերժեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումին համար քրէական պատասխանատուութիւն նախատեսող բանաձեւը:
Read Time:1 Minute, 50 Second