Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Պէյրութ
1966, ձմեռ, Կիրակի, արեւոտ օր մը, առաւօտ կանուխ մեր շէնքին առջեւ խառնիճաղանճ աղմուկ կը լսուէր:
Պատշգամ չունենալնուս պատճառով մայրս ու ես շէնքէն դուրս ելանք, տեսնելու թէ ի՞նչ է պատահեր:
Խումբ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, ամէն մէկուն ուսէն պայուսակ մը կախուած, իրարու հետ բարձրաձայն խօսելով, շուրջի բնակարաններուն բնակիչները խանգարելու չափ, անհամբեր հանրակառքի մը կը սպասէին, ձիւնագնացութեան նպատակով լեռներ բարձրանալու համար:
Նոյնիսկ ծնողներ եկած էին ճամբելու համար իրենց զաւակները, ուրախ Կիրակի մը անցընելու մաղթանքներ տեղացնելով երիտասարդներուն գլխուն:
Հանրակառքը ժամանեց, բոլորը բարձր տրամադրութեամբ բարձրացան, իրենց տեղերը գրաւելու համար: Պատասխանատու երիտասարդ մը, ձեռքը թուղթ ու գրիչ, ներկայութեան ստուգումը կատարեց եւ անկէ ետք, երբ անոնք կը պատրաստուէին ճամբայ ելլելու, ժպիտը դէմքերնուն, թաղեցի աղջիկներէն Լէյլան աճապարանօք հանրակառքէն վար իջաւ, վազեց մօրը հետ գրկախառնուեցաւ, համբուրեց ու ապա բարձրացաւ հանրակառք:
Հանրակառքին անիւները կամաց-կամաց ընթացք առնել սկսած էին եւ բոլորին ձեռքերը աղմուկով պատուհաններէն դուրս կը ճօճէին, վստահաբար իրենց ուրախութիւնը ցոյց տալով զիրենք ճամբու դնող ծնողներուն:
Մեր աչքերը դադրած էին տեսնելէ անհետացող հանրակառքը: Անոնք մեկնեցան: Ծնողները ուրախ տրամադրութեամբ սկսան վերադառնալ իրենց տուները: Հանրակառքին ուղղութեամբ սառած աչքերս մօրս ձեւով մը ստիպեցին խոստանալու հետեւեալը.
- Եկող Կիրակի եթէ արեւոտ ըլլայ՝ ես քեզ ձիւնի կը տանիմ, տղա՛ս,- ըսաւ ու ջերմ համբոյր դրոշմեց այտերուս:
Իսկ ես լաւ գիտէի թէ այդ խոստումը պիտի չկատարուէր, որով մայրս պտոյտի յատկացուելիք դրամ չէր կրնար մէկ կողմ դնել: Մօրս եկամուտով հազիւ կ’ապրէինք երկուքս:
Բանտախուց իջնելու պէս, ես ու մայրս լուռ տաս աստիճաններէն իջանք մեր չնաշխարհիկ տունը, «մեր Կիրակին» անցընելու համար:
Մեր բնակած տան մէջ արեւուն նշոյլն իսկ չէր յայտնուեր, նոյնիսկ տարուան չորս եղանակներուն:
Կիրակի օրուան բոլոր ժամերը ինծի համար ձանձրացուցիչ էին: Յետմիջօրէին միայն մէկ այցելու ունեցանք, ան ալ Տիկին Վարդանոյշն էր, որ եկած էր մայրս տեսնելու, եւ քաղաքավարութեան համար միայն ինծի կարճ ակնարկ մը ու կեղծ ժպիտ մը նետած էր: Անոնք նստան ու զիրենք հետաքրքրող լուրերը սկսան փոխանցել իրարու:
Մօրս աչքերուս մէջ նայիլը զիս անմիջապէս խոհանոց առաջնորդած էր, Տիկին Վարդանոյշին համար սուրճ եփելու: Եօթը տարեկան էի: Եղեր մեր շէնքին լաւագոյն սուրճ եփողն էի, ըստ մօրս, որուն իմ մասիս արտայայտած «սուտ» խօսքերէն եւ բաշխած բարենիշներէն մէկն էր այս մէկը եւս: Գիտեմ որ զիս քաջալերելու համար կ’ըսէր, որպէսզի առանց տրտնջալու սուրճ եփէի մեր տուն յաճախող հիւրերուն: Չար բախտէս, բոլոր սուրճ սիրող տիկինները մեր տուն կը թափէին, զիս սուրճ եփելու արարողութենէն գանեցնելու աստիճան:
Սուրճ խմելու պահուն նիւթը անմիջապէս բամբասանքի կը վերածուէր:
Ինչ-ինչ անհեթեթ ու տարօրինակ բամբասանքներ լսած ու մտքիս մէջ ծիծաղած եմ, նոյնիսկ մօրս վրայ (Աստուած մեղք թող չհամարէ): Անոնց խօսակցութիւնը կը զարգանար զիս բոլորովին չհետաքրքրող նիւթերով: Իսկ ես փոքր գնդակը օդը նետելով կը խաղայի: Երբեմն գնդակը պատին կը շպռտէի, ապա կը բռնէի, ուրախութիւնս այդ խաղին մէջ ստեղծելով: Մէյ մըն ալ, չար բախտէս, արձակած գնդակս Տիկին Վարդանոյշին սուրճի գաւաթին դպնալով չթափի՞… գնդակը Տիկին Վարդանոյշին կարմիր հագուստին վրայ «ձմերուկի կուտեր» յայտնաբերեց…:
Մայրս անմիջապէս թաց լաթ մը բերելով Տիկին Վարդանոյշին «կուտերը» կը ջանար ջնջել, երբեմն ընդհատելով իր գործը եւ ծուռ-ծուռ յանդիմանական նայուածք մը նետելով վրաս, մեղմացնելով Տիկին Վարդանոյշին վիճակը:
- Հոգ չէ, Տալիտա, հիմա տուն կ’երթամ ու լուացքի կը դնեմ:
Տիկին Վարդանոյշը մինչեւ ժամը հինգ մեր տունը մնաց, սպասեց որ մթնի, աչքերէ հեռու պահելու համար իմ գծագրած ձմերուկի կուտերը:
Հասաւ ժամանակը ու ան շոգիացաւ մեր տունէն, վստահաբար սրդողած: Ինծի ուղղուած իր նայուածքը այդ կ’ապացուցէր:
Տիկինը իր կեղծ ժպիտին պատիժը առած էր ինձմէ…:
Մայրս անմիջապէս խոհանոց մտաւ, սուրճի գաւաթները լուալու ու մեր ընթրիքը պատրաստելու համար: Դուրսը յանկարծակի լացուկոծի եւ ողբի ձայները զիս ու մայրս դուրս նետած էին տունէն: Անմիջապէս հասկցանք մեր դրացի Ժորժէթէն, թէ մեր դրացի Լէյլան լեռը ձիւներուն մէջ արկած մը ունեցած էր ու մահացած, իր մօր խելագարութեան պատճառ դառնալով…:
- Աղջիկս բերէ՜ք, աղջիկս կ’ուզեմ,- ըսելով կը պոռար, բոլոր ներկաներուն սրտերը ճմլելով:
Մութին մէջ, ձիւնի գացողները հետիոտն տուն կը վերադառնային: Հաւանաբար վարիչը մերժած էր թաղը մտնել, մօր վիճակը չտեսնելու համար եւ բոլորը իջեցուցած էր մեր թաղէն քիչ մը հեռու:
- Այս ի՜նչ սեւ Կիրակի է, այս ի՜նչ սեւ լուրեր հնչեցին մեր տան հեռախօսէն: Աղջիկս ինչո՞ւ ձեզի հետ չվերադարձաւ,- ըսելով կու լար ու կը փաթթուէր Լէյլային ընկերուհիներուն:
Մանրամասնութիւնները պատմել անհեթեթ ու աւելորդ կը գտնեմ, միայն կ’ըսեմ յիսուն տարի ետք այդ դէպքէն՝ 17 գարուն ապրած կեանքի մը վրայ ձիւն իջաւ այդ օր: