Գերլորձնահոսութիւն (sialorrhea, hypersalivation, ptyalism) կը նշանակէ լորձունքի առատ արտադրութիւնը լորձնագեղձրու կողմէ: Ան կը յառաջանայ զանազան հիւանդութիւններու կամ ախտապատճառներու հետեւանքով:
Գերլորձնահոսութեան մասին խօսելէ առաջ ամփոփ ձեւով անդրադառնալու ենք լորձնագեղձերու եւ լորձունքի արտադրութեան մասին:
Լորձունքը կ՛արտադրուի լորձնագեղձերու մէջ: Բնական պայմաններու մէջ ան շարունակ կ’արտադրուի եւ ապա կը հոսի բերնին մէջ: Մենք տեւաբար եւ անգիտակցաբար կը կլլենք բերնին մէջ գտնուած լորձունքը:
Լորձունքը կը պարունակէ ամիլէյզ (amylase) կոչուած խմորիչը (enzymu), որ կ՛օգնէ հացահատիկներու-օսլայի (starch) լուծումին բերնին մէջ, ինչպէս նաեւ կրածին եւ ֆոսֆոր, որոնք կարեւոր են ակռաներու կառոյցին եւ առողջութեան.
Լորձնագեղձերը կը գտնուին բերնին մէջ: Այս գեղձերը երկու տեսակ են՝ հիմնական եւ երկրորդական լորձնագեղձեր:
Հիմնական լորձնագեղձերը մեծ են չափով: Այս խմբաւորումին մաս կը կազմեն ունկնա-լորձնագեղձերը/ունկնագեղձերը (parotid glands), ենթածնօտային լորձնագեղձերը (submaxillary glands) եւ ենթալեզուային լորձնագեղձերը (sublingual glands):
Ունկնա-լորձնագեղձերը երկու հատ են, իւրաքանչիւրը կը գտնուի դէմքին մէկ կողմը, ականջի յառաջամասին եւ ծնօտին վրայ:
Ենթածնօտային լորձնագեղձերը դարձեալ երկու հատ են, իւրաքանչիւրը կը գտնուի լեզուին տակը, աջ եւ ձախ կողմերը եւ ծնօտին ետեւն ու տակը:
Ենթալեզուային լորձնագեղձերը բազմաթիւ են եւ կը գտնուին լեզուի տակը:
Երկրորդական մանր լորձնագեղձերը բազմաթիւ են եւ կը գտնուին քիմքի ամբողջ տարածքին։
Լորձունքը ունի հիմնական դերեր՝
- Ան կ’օգնէ մարսողութեան: Նախնական մարսողութիւնը կը սկսի բերնին մէջ լորձունքին մէջ գտնուող ամիլէյզ խմորիչի միջոցաւ:
- Ան կակուղ, լպրծուն եւ սահուն կը պահէ ամբողջ բերնի լորձնաթաղանթը (mucous membrane) եւ արգելք կը հանդիսանայ բերնի չորութեան: Այս մէկը կարեւոր է, որպէսզի դիւրաւ խօսինք, ծամենք եւ կլլենք:
- Կը չէզոքացնէ բերնին մէջ գտնուող մանրէները, սունկերը եւ աւելորդ հիւթերը.
- Կը պաշտպանէ ակռաները փտումէ (decay).
- Կը վնասազերծէ (neutralize) բերնի թթուն.
- Կ՛օգնէ բերնի վէրքերուն շուտափոյթ ախտահարման եւ բերնի մակերեսի վերակազմութեան (regenerate).
Գերլորձնահոսութիւն կը յառաջանայ հիմնական եւ երկրորդական ախտապատճառներով:
Հիմնական ախտապատճառներն են՝
- Լորձնագեղձերու սուր եւ երկարատեւ-մնայուն մանրէական եւ ժահրային բորբոքում.
- Լորձնագեղձերու գերծաւալում՝ անորոշ պատճառներով:
Երկրորդական ախտապատճառներն են՝
- Գրգռիչ պատճառներ՝
– Երկարատեւ ծամոնի գործածութիւն.
– Որոշ կերակուրներու համը եւ հոտը.
– Որոշ դեղեր.
– Թունաւոր մետաղներ՝ սնթիկ, կապար եւ զարիկ (arsenic).
– Միջատասպան թոյներ.
– Լինդաբորբ (gingivitis) եւ բերնի զանազան բորբոքումներ-խոցեր:
Այս բոլորը կը գրգռեն լորձնագեղձերը եւ պատճառ կը դառնան լորձունքի
առատ արտադրութեան:
- Յղութիւն.
- Կարգ մը հիւանդութիւններ, օրինակ՝ կատղախտ (rabies) եւ լուսնոտութիւն (epilepsy):
Լորձունքը արտաթորուելէ ետք լորձնագեղձերու մէջ կը հոսի լորձնագեղձերու ծորաններէն եւ կը հասնի բերան: Սովորաբար եւ անգիտակցաբար բերնին մէջ գտնուած լորձունքը մենք կը կլլենք: Յաճախ լորձունքը կը կուտակուի բերնին մէջ: Այս տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ ախտապատճառներով եւ հիւանդութիւններով՝
1.Կլլելու դժուարութիւն, որուն պատճառներն են՝
– Նշկաբորբ (tonsillitis), որկրաբորբ (esophagitis), ըմբանաբորբ (pharyngitis), մակալեզուակի բորբոքում (epiglotitis).
– Բերնի քիմիադարմանում(chemotherapy).
– Նեարդային որոշ հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ բարքինսընս-ի հիւանդութիւն (parkinson’s disease), զօրաւոր մկանաթուլութիւն (myasthenia gravis).
– Որկորի ընդոծին խցում եւկերակրափողի լաւորակ ու վատորակ ուռեր.
- Ծնօտի կոտրուածք եւ վնաս.
- Դէմքի անդամալուծութիւն (facial paralysis):
Լորձունքի բերնէն դուրս հոսիլը կը կոչուի բերանալորձնավազք կամ բերանալորձնահոսք (drooling): Այս կը յառաջանայ հետեւեալ հիւանդագին եւ անբնական երեւոյթներով՝
1.Գերլորձնահուսութիւն, որուն մասին վերը խօսեցանք.
2.Բերնին մէջ լորձունքը պահելու դժուարութիւն, որուն պատճառներն են՝
– Շրթունքներու մկանային տկարութիւն,
– Դէմքի մկաններու տկարութիւն եւ անդամալուծութիւն.
– Լեզուի շարժումներու նուազում եւ անդամալուծութիւն.
– Ընդոծին (congenital) եւ ոչ-ընդոծին լեզուի գերծաւաում.
– Ակռաներու յոռի նստուածք (malocclusion).
– Քիթի խցում.
Այս հինգ պատճառներով բերանը մշտապէս կը մնայ բաց եւ հոն կուտակուած լորձունքը կը հոսի բերնէն դուրս:
– Ուղեղային թերաճութիւն,
– Նեարդային կեդրոնական համակարգի որոշ հիւանադութիւններ.
– Ուղեղային կաթուած, (stroke):
Լորձունքի կուտակումը բերնին մէջ կրնայ յառաջացնել լորձունքի ներխժում խռչափողէն ներս եւ հոնկէ թոքեր ինչպէս նաեւ թոքատապ.
Երկարատեւ բերանալորձնաւազքի հետեւանքով տեղի կ՛ունենան կարգ մը բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝
- Շրթունքներու եւ բերնի շուրջի մորթի մաշում եւ բորբոքում.
- Մարմնական ընդհանուր ջրանուազում.
- Բերնի գարշահոտութիւն.
- Հոգեբանական-զգացական խանգարումներ՝ ամօթխածութիւն, ընկճուածութիւն, առանձնութիւն եւ ընկերային կեանքի խզում:
Գերլորձնահոսութեան, բերնին մէջ լորձունքի կուտակման եւ բերանալորձնավազքի ախտաճանաչումը ինքնին բացայայտ է: Սակայն ախտաճանաչուելու է անոնց ախտապատճառները, որպէսզի յարմարագոյն դարմանումի ձեւը որդեգրուի
Գերլորձնահոսութեան, բերնին մէջ լորձունքի կուտակման եւ բերանալորձնավազքի դարմանումը տեղի կ՛ունենայ դարմանելով անոնց ախտապատճառները: Սակայն մինչեւ ախտապատճառներուն ախտաճանաչումը գոյութիւն ունին կարգ մը դարմանամիջոցներ, որոնք կրնան օգտակար դառնալ, ինչպէս՝
- Որոշ դեղեր որոնք կը նուազեցնեն լորձունքի արտադրութիւնը լորձնագեղձերու մէջ.
- Գերգործող լորձնագեղձերու Ք ճառագայթային դարմանում.
- Լորձնագեղձերու վիրահատում եւ կամ անոնց ծորաններու (tubes) մասնակի ծորանակապում (tube ligation):
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան