ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Ուրբաթ, Մարտ 11-ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող ցոյց մը տեղի ունեցաւ Շուէտի խորհրդարանին մօտակայ տարածքին մէջ:
Այս ցոյցին հակադարձելու համար, նոյն վայրին մէջ հաւաք մը կազմակերպեց Շուէտի Հ.Յ.Դ.-ի կառոյցը, գործակցաբար Շուէտի Երիտասարդական Միութեան եւ Հայկական Ընկերակցական Միութեան հետ եւ պաշտպանեց խորհրդարանի ողջունելի որոշումը՝ նեցուկ կանգնելու Հայոց Ցեղասպանութեան:
Այս ցոյցին ընթացքին հայ երիտասարդներու կողքին հանդէս եկան, նաեւ տասնեակ մը ասորի եւ քիւրտ ցուցարարներ:
Նշենք, թէ Շուէտի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած` Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը Շուէտի իշխանութիւններէն կը պահանջէր գործակցիլ Մ.Ա.Կ.-ի, Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ հետ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ:
Read Time:28 Second