ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ (1897-1937)… «ԱՐԵՒԱՀԱՄ» ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԵՂԱՓՈԽԱՇՈՒՆՉ ԵՐԳԻՉԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 59 Second

p12a

Մարտ 13ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր բանաստեղծական հանճարին յեղափոխաշունչ ներկայացուցիչին՝ «Անուշ Հայաստանի արեւահամ բառը» բոլոր ժամանակներուն համար յաւերժացուցած անզուգական Եղիշէ Չարենցի։
Ինչպէս 1920ականներուն մեծն Յակոբ Օշական դիտել կուտար, Հայաստանի «արեւահամ» խորհուրդն ու յուզաշխարհը բանաձեւող ու անմահացնող իր յայտնատեսութեան համար իսկ, Չարենց արժանի էր ու իրաւա՛մբ արժանացաւ հայոց սերունդներու պաշտամունքին ու հպարտութեա՛ն։
Հայ ժողովուրդի բազմաչարչար պատմութեան, նոյնինքն 1915ի Արհաւիրքին ու 1918ի Յարութեան հանճարեղ երգիչին՝ Չարենցի ստեղծագործական յորդառատ հոսքին միայն սկզբնաւորումը եղաւ երիտասարդական տարիքի իր ստեղծագործած «Տաղարան»ը զարդարող «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը, ուր Հայաստան բառին «արեւահամ» խորհուրդին ընդմէջէն՝ ազգային մեր ինքնաճանաչողութիւնը խորացնող պատկերաւոր խոհերու եւ յոյզերու ամբողջ աշխարհ մը բացող իր յայտնագործումներով, Չարենց հարստացուց հայ ժողովուրդին հոգեմտաւոր գանձարանը.¬
Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում,
Մեր հին սազի ողբանուագ, լացակումած լարն եմ սիրում,
Արնանման ծաղիկների ու վարդերի բոյրը վառման,
Ու նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պա՛րն եմ սիրում։

Սիրում եմ մեր երկինքը մուգ, ջրերը ջինջ, լիճը լուսէ,
Արեւն ամրան ու ձմեռուայ վիշապաձայն բուքը վսեմ,
Մթում կորած խրճիթների անհիւրընկալ պատերը սեւ,
Ու հնամեայ քաղաքների հազարամեայ քա՛րն եմ սիրում։

Ո՛ւր էլ լինեմ ¬ չե՛մ մոռանայ ես ողբաձայն երգերը մեր,
Չե՜մ մոռանայ աղօթք դարձած երկաթագիր գրքերը մեր,
Ինչքան էլ սո՜ւր սիրտս խոցեն արիւնաքամ վէրքերը մեր ¬
Էլի՛ ես որբ ու արնավառ իմ Հայաստան¬եա՛րն եմ սիրում։

Իմ կարօտած սրտի համար ո՛չ մի ուրիշ հեքիաթ չկայ․
Նարեկացու, Քուչակի պէս լուսապսակ ճակատ չկայ․
Աշխա՜րհ անցի՛ր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ․
Ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ՝ ես իմ Մասիս սա՛րն եմ սիրում։

Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան Արհաւիրքին, ապա եւ փիւնիկի պէս աւերակներու մոխիրներէն յառնող հայոց Վերածնունդին արգասիքը եղաւ Չարենց, որ ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց աշխարհասասան Առաջին Աշխարհամարտի եւ Ռուսական Մեծ Յեղափոխութեան բարդ, այլեւ բորբ ժամանակաշրջանին մէջ։
Ինչպէս վայել է հանճարներուն, իր ստեղծագործական հազիւ քսանամեայ կեանքով՝ Չարենց կտրեց դարաշրջան բացող եւ հունաւորող դժուարին «ճանապարհ»՝ հայոց վերանորոգման շունչն ու թռիչքը, յեղափոխակա՛ն ոգին թեւաւորող գրական մեծարժէք ու բարձրարուեստ ժառանգութիւն մը կտակելով յաւերժի ճամբորդ իր ժողովուրդին։
Որքան մեծ թռիչքի, այնքան եւ ահաւոր անկումի պահերով յատկանշուեցաւ Չարենցի ուղին, որ երբ հասաւ «Գիրք Ճանապարհի»ն արարելու հասունութեան՝ խորհրդային գաղափարամոլութիւնը բրտօրէն կտրեց կեանքի թելը ազգային մեր հպարտութիւնը մարմնաւորող մեծ բանաստեղծին։
Եղիշէ Չարենց սիրուեցաւ մեր ժողովուրդին ամբողջութեան կողմէ, որովհետեւ ազգային մեր երթին դէմ ցցուած ծանրագոյն փորձութեանց պահերուն լուսաւորեց Հայաստանի ու հայութեան մութ ու խաւար ուղին եւ, ըստ ամենայնի, արժանաւորապէս համազգայի՛ն ներշնչման աղբիւր դարձաւ հայոց հետագայ սերունդներուն համար։
Կը բաւէ որեւէ օր կամ օրուան որեւէ ժամուն որեւէ էջ կարդալ Չարենցէն, որպէսզի մեր ապրած ժամանակն ու կեանքը դիտենք ու ընկալենք նոր լոյսի տակ՝ Չարենցի մարգարէական խոհերու եւ յոյզերու լուսարձակով։
Աւազանի անունով Եղիշէ Աբրահամի Սողոմոնեան՝ Չարենց ծնած է 1897ի Մարտ 13ին՝ Պարսկաստանի Մակու քաղաքէն Կարս հաստատուած բազմազաւակ հայ ընտանիքի յարկին տակ:
1908ին Չարենց ընդունուած է Կարսի հայոց թեմական վարժարանը, ուր դպրոցական «Գարուն» տարեգիրքին մէջ հրատարակուած են անոր վաղ շրջանի բանաստեղծութիւնները: Տարրական իր ուսման կողքին՝ Չարենց ինքնաշխատութեամբ զարկ տուած է գրական իր ընթերցումներուն։ 1914ին Կարսի մէջ լոյս տեսած է, «Չարենց» գրական ծածկանունով, «Տխուր ու գունատ աղջկայ 3 երգերը…» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:
Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարն ու Առաջին Աշխարհամարտը Եղիշէ Չարենցի մէջ սպաննեցին պատանեկան երազները: Ան կամաւոր արձանագրուեցաւ եւ միացաւ Արեւմտեան Հայաստանը ցեղասպաններու ձեռքէն փրկելու փութացող կամաւորական շարժման մարտիկներուն: Այդ տարիներուն Չարենց ստեղծեց իր լաւագոյն գործերէն մէկը` «Դանթէական առասպելը», ուր նկարագրուած են հայ ժողովուրդին բաժին հանուած ջարդերն ու սարսափելի հալածանքները։
1915ի վերջերուն Եղիշէ Չարենց կը մեկնի Մոսկուա` Շանյավսկիի Համալսարանին մէջ ուսումը շարունակելու նպատակով: 1919ին կը վերադառնայ Երեւան եւ կը սկսի դասաւանդելու դպրոցներու մէջ: Այդ տարի Թիֆլիսի մէջ լոյս կը տեսնէ Չարենցի «Ամբոխները խելագարուած» երկարաշունչ հանճարեղ բանաստեղծութիւնը:
1921ին Եղիշէ Չարենց կ՚ամուսնանայ Արփենիկ Տէր-Աստուածատրեանի հետ: Վերջինս ծանր յղութեան հետեւանքով 1927ին կը մահանայ: Կնոջ յիշատակին Չարենց գրած է բազում բանաստեղծութիւններ: 1931ին Չարենց դարձեալ կ՚ամուսնանայ: Շատ չանցած կինը` Իզաբելա Նիազովան, ծնունդ կու տայ իրենց դուստրին, որուն Արփենիկ անունը կուտան։ Իսկ 1935ին կը ծնի անոնց երկրորդ դուստրը՝ Անահիտը:
1936ի Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն կը սկսին հայ մտաւորականութեան ձերբակալութիւնները: Եղիշէ Չարենցին Սեպտեմբերին տնային կալանքի կ՚ենթարկեն` զայն մեղադրելով ահաբեկչութեան եւ ազգայնականութեան մէջ: Բոլոր գրախանութներէն կը վերցնեն անոր գիրքերը, իսկ նորերու հրատարակումը` կը դադրեցնեն: Կը սկսին ճնշումները նաեւ ընտանիքին հանդէպ:
Կարճ ժամանակ անց հանճարեղ բանաստեղծին կը ձերբակալեն եւ հակախորհրդային գործունէութիւն իրականացնելու շինծու մեղադրանքով՝ կը բանտարկեն: 1937ի Նոյեմբեր 27ին, Եղիշէ Չարենց կը վախճանի երեւանեան բանտերէն մէկուն հիւանդանոցին մէջ: Ըստ պաշտօնական վարկածի՝ դիահերձումը իբր ցոյց տուած է, որ մահուան պատճառը չափազանց տկարացած առողջական վիճակն է եղած…: Չարենցի գերեզմանը անյայտ է:
Ահա այսօրինակ ողբերգական վախճան ունեցաւ Եղիշէ Չարենց, որ հազիւ քսանամեայ երիտասարդ էր, երբ յաղթահասակ կանգնեցաւ հայ գրականութեան անդաստանին մէջ, իբրեւ բոլոր ժամանակներուն եւ սերունդներուն համար իր պատգամը ունեցող մեծ բանաստեղծի։
Չարենց կեանքը երգի վերածեց եւ երգեց այն, ինչ որ բոլոր ջիղերով զգաց ու ապրեցաւ։ Ինքնամփոփ բանաստեղծի տեսակն ու կեանքը անհաղորդ եւ անյարիր մնացին Չարենցին։
Չարենցի գրականութեան մէջ մնայուն յաճախանք եղաւ «Մահուան Տեսիլ»ը. այդ անունով մէկէ աւելի ստեղծագործութիւններ՝ քերթուածներ եւ երկարաշունչ բանաստեղծութիւն նուիրեց հայ ժողովուրդի բազմաչարչար ճակատագրին եւ, այլանուն քերթուածներու մէջ անգամ, յաճախակի կանգ առաւ հայ ժողովուրդի բաժին հանուած… մահուան տեսիլքին առջեւ։
Յատկապէս «Գիրք Ճանապարհի»ն խտացուց վերջին խօսքը հանճարեղ Չարենցին, որ Քերթողութեան «մեծ վարպետ»ին՝՝ Տանթէի առաջնորդութեամբ, կտրեց 19րդ դարու հայոց ազգային¬ազատագրական պայքարի դաժան ու մռայլ, այլեւ արեամբ ներկուած փառահեղ ճանապարհը, հասա՛ւ Հայաստանի անկախութեան կերտումին եւ հայ ժողովուրդի վերածնունդին ու հանգիստ շունչ քաշեց՝ «պայծառ գալիք»ի յոյսերով ու լաւատեսութեամբ ողջունելով… Կարմիր Յեղափոխութիւնը։
1933ին գրուած իր «Մահուան Տեսիլ»ին մէջ, երբ արդէն հիասթափուած էր համաշխարհային յեղափոխութենէն՝ Չարենց վերաժեւորումը կատարեց իր ուղիին, նորովի վերադարձաւ ու փարեցաւ իր ազգային ակունքներուն՝ ի շարս ազգային մեր հիմնարար արժէքներուն վերագնահատումը կատարելով մեր ժողովուրդին «քաղաքական անօթ»ը նուաճած գաղափարական մեծ շարժումին՝ հայ ազգային ազատագրական պայքարին եւ զայն առաջնորդող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, իբրեւ հայոց «արի այրերու տառապակոծ բանակ»ին, որուն տուաւ եւ «Հըդահի՜ւն» անուանումը եւ որուն ներշնչումով «Ազատութիւն կամ Մահ» նշանաբանը վերաիմաստաւորեց «Հայրենիք կամ Մահ» կարգախօսով։
Նոյն այդ ներշնչումով ալ, բանտային չարչարանքի տակ անգամ, Չարենց ամբողջական հաւատքով ու փարումով իր «Պատգամ» խորագրուած ծածկագիր կտակը գրեց եւ հայ ժողովուրդին պատգամեց՝
«Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»։
Որքան մեծ ու սրտաբուխ էին պոլշեւիկեան յեղափոխութեան նկատմամբ Չարենցի հիացմունքն ու հաւատքը, նոյնքան դառնահամ ու ծանրախոհ դարձաւ խորհրդային ամբողջատիրութենէն իր հիասթափութիւնը։
Չարենց իր կեանքով վճարեց ծանրագոյն գինը «Խելագարուած ամբոխներէն» իր հեռացումին, երբ «երկաթ»ն ու «պեթոն»ը ներբողելու իր խանդավառութեան վերջակէտ դրաւ ու կառչեցաւ «Գիրք Ճանապարհի»ի անանց դասերուն եւ պատգամներուն։
Կ՚անցնին ժամանակները, կու գան ու կ՚երթան ամէնէն ահեղ կայսրութիւններն անգամ, բայց անկորնչելի կը մնան ազգային ինքնաճանաչողութիւնն ու դարու ոգին մարմնաւորող իրա՛ւ մեծութիւնները, որոնք նաեւ այժմէական շունչ կը հաղորդեն իրենց յաւերժ ներկայութեան։
Չարենց այդ հսկաներէն է՝
Հայ քերթողութեան յեղափոխաշունչ հանճարն է, որ Հայաստան Աշխարհի համն ու հոտը, ինչպէս եւ ազգային մեր ահաւոր անկումներուն եւ վերանորոգման շունչն ու թռիչքը յաւերժին եւ անեզրին բացաւ իր հանճարեղ ստեղծագործութիւններով, նաեւ՝ ծով տառապանքէ ծնած իմաստուն պատգամներով.
– «Դո՛ւ ես միայն եւ միայն դու, ո՜վ պայքարող դու ոգի, որ յաւիտեան հուրհուրալով, ինչպէս խարոյկ մորմոքի, վառում ես միշտ ու բորբոքում իղձ ու տենչանք անյագուրդով եւ չե՛ս լինի դու երբեք մութ, որքան էլ մութը չոքի»։
– «Չի՛ շղթայուի մարդու ոգին ո՛չ մի կապով արտաքին, եթէ դարի, ժամանակի զրահ ունի իր հագին. կը բարձրանայ եւ կը կանգնի նա հաւատով անսասան եւ կը մնայ գալիք կեանքում՝ անխորտակ ու ահագին»։
– «Ամէն պոէտ՝ գալիս՝ իր հետ մի անտես նետ է բերում, եւ նետն առած, խոհակալած – որս է անում երգերում. բայց դառնում է պոէտ նա մեծ ոչ թէ նետի՛ մեծութեամբ, այլ նշանի՛ ահագնութեամբ, որ հանճարներ է սերում»։

Ն.

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles