ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Ամերիկահայ երիտասարդ սերունդին գրական աշխարհին լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է Նիւ Եորքաբնակ Այտա Զիլելեան: Հասակ առած գրասէր ընտանիքի մը յարկին մէջ եւ իր բնատուր գրական ճաշակով արդէն մաս կը կազմէ այլապէս հարուստ ազգային մեր գրական նիւ եորքեան ընտանիքին:
«Կորսուած Աշխարհի Կտակ»ը մենք պիտի ըսէինք իր հեղինակած գիրքին որպէս անուն. հաւանաբար աւելի պիտի յարմարէր այդ խորագիրը վէպին, ուր կը տողանցեն մեր ազգային բարքերն ու սովորութիւնները: The Legacy of Lost Things գրքին շապիկին արձանագրութիւնը Այտան ընտրած ըլլալով հանդերձ վէպը ամբողջութեամբ կու տայ հին աշխարհէն նոր աշխարհ գաղթած ընտանիքներու առօրեան իրենց նիստ ու կացով ու հոգեմտածողութեամբ:
Վէպին հերոսուհին Արաքսին կը կորսուի Նիւ Եորքի այս «անտառ»ին մէջ: Ան ծնունդն է աւանդական հայ ընտանիքին, որ գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, իր հետ բերելով երեք սերունդներու ազգային աւանդութիւնները: Ան պատմութիւնն է ամերիկահայ ընտանիքի մը անդամներուն՝ մարդ ու կին ու շրջապատի մը կեանքի փորձառութեան, իր տխուր ու աղուոր պահերով … ու մանաւանդ մարդկային ցաւերովը: Դժուարութիւններովը յարմարելու այս նոր երկրի ընկերային պայմաններուն: Արաքսին անդրանիկ զաւակն է Լեւոնին ու Թամարին:
Կեանքն է կորսուած աղջկան՝ Արաքսիին ծնողքին ամուսնութեան … որմէ ետք աշխարհ եկած դստեր յամրօրէն այդ ընտանեկան բոյնէն փախուստը: Պէյրութէն Ռումանիա ծնողաց ծննդավայրէն մինչեւ Ամերիկա քալող կեանք մըն է, որ սկիզբ առաւ 19րդ դարու աւարտէն՝ յատկապէս Խարբերդէն եւ որ կը շարունակուի այսօր դարձեալ նոյն յոյզերով ու երազներով, հայրենիքէն մինչեւ այս անգամ Ցեղասպանութեամբ ծնունդ առած հայկական գաղթավայրերէն:
Աւանդական սիրոյ, կարօտի, յոյսի եւ գուրգուրանքի ճանապարհ մըն է այդ, որ ընդհանրապէս զիրար մօտ կը պահէ ընտանիքի մը անդամները, որոնք կ՚ուզեն ազգային կճէպէն դուրս ելլել ու այլեւս սիրել իրենց ապրած երկրին հասակակիցներուն նման:
Մարտ 2, 2016, Չորեքշաբթի օր երեկոյեան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիի ընդունարանին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքին շնորհահանդէսը: Այտան ինք անձամբ ներկայացուց գիրքն ու կատարեց ընթերցումներ: Ըսենք նաեւ որ ան ուսուցչուհի է ամերիկեան վարժարանէ մը ներս ու պատրաստութեան մէջ՝ նոր հատորի մը հրատարակութեան:
Բացի Բարեգործականէն այս գիրքին շնորհահանդէսի կազմակերպումին մաս կազմեցին այս մեծ ոստանի զոյգ մշակութային միութիւնները՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծն Նիւ Եորքի եւ Հայ Համազգային Կրթական ու Մշակութային Միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղերը, հաւասարապէս:
Կը սպասենք Այտային նոր գիրքին լոյս ընծայման:
Read Time:1 Minute, 40 Second