Այս «Օր»-ը, սկսած աւելի քան մէկ դար առաջ, Մարտ 8-ին կը համախմբէր քաղաքակիրթ աշխարհի կիները, միաձայ՛ն լսելի դարձնելու իրենց ձայնը՝ կնոջ համահաւասար իրաւունքներու օրինական ճանաչման միջազգային դրօշի մը ներքեւ։
Այս ուղղութեամբ, Համաշխարհային Առաջին պատերազմէն 6 տարի առաջ, 1908-ի Մարտ ՙ-ին, Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, շուրջ 1500 պահանջատէր կիներ, ցուցատախտակներ պարզած կը քալէին՝ ի խնդիր անբաւարար ռոճիկներու յաւելման, աշխատանքի երկարատեւ ժամերու կրճատման, ու իրենց, մինչ այդ զլացուած, քուէարկելու՛ քաղաքացիական իրաւունքին։
Այս աննախընթաց երեւոյթը կը պարզուէր Նոր աշխարհի նոյ՛ն այդ քաղաքին մէջ, ուր հազիւ երկու տարի անց, Դաշնակցական գործիչ Ակնունին կեանքի պիտի կոչէր հայ կիներու կու՛ռ կազմակերպութիւն մը՝ որուն ներկայ աշխարհատարած կառոյցը ծանօթ է որպէս Հայ Օգնութեան Միութիւն։
Եւրոպայի եւ Ամերիկեան ցամաքամասի յառաջադէմ երկիրներուն մէջ, կիներու միջազգային այս «Հ.Օ.Մ.»ը, համընթաց ընթանալով Միջազգային ընկերվարութեան յարաճուն շարժման հետ, համաշխարհային ճանաչում պիտի ստանար, տարիներու ընթացքին սատարելով կիներու մարդկային, ընկերային ու քաղաքացիական իրաւունքներու օրինականացման համար մղուող պայքարին։
Հոս, հպարտօրէն կարող ենք նշել, թէ այդ շատ մը քաղաքակիրթ երկիրներէն առաջ, 1918 թուին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը արդէն կը հաստատէր սեռերու հաւասարութեան սկզբունքը՝ քուէարկելու, ընտրելու եւ ընտրուելու անկապտելի իրաւունքներու գործադրմամբ։
Ցաւալի է նշել, թէ հակառակ որոշ մարզերէ ներս ցարդ արձանագրուած յառաջդիմութեան, երկար ճանապարհ կայ կտրելիք՝ հասնելու համար օրինականացած իրաւունքներու իսկակա՛ն ու համատարած գործադրման՝ ըլլայ՛ ընկերային ու տնտեսական, ըլլայ՛ քաղաքական մարզերէ ներս։
Կիներու անկապտելի իրաւունքները, մինչեւ օրս, կը մնան յաճախ անտեսուած՝ տարիներու ընթացքին մղելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կիներու Իրավիճակի յանձնաժողովը (CSW) — որուն Տնտեսական եւ Ընկերային Յանձնաժողովին (ECOSOC) կ՛անդամակցի Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որ ամէ՛ն տարի կազմակերպէ Կիներու Իրավիճեակի Քննարկման ու բարելաւման միջազգային համաժողով մը՝ որուն իր գործնական մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը։
Այս առթիւ, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր ընկերակցական մաղթանքները կը յղէ իր աշխարհասփիւռ միաւորներուն, Սփիւռքի թէ Հայրենի ոստաններու ժրաջան եւ անաղմուկ աշխատանքի լծուած հայ մայրերուն, քոյրերուն եւ դուստրերուն, միաժամանակ մղելով զանոնք մնալու պայքարի դիրքերու վրայ՝ յանուն մեր անխտրականօրէն համախումբ ժողովուրդին ու պետականութեան արդարամէտ ու յառաջադէմ ընթացքին՝ դէպի բարգաւաճ ապագայ։
Read Time:1 Minute, 35 Second